ՓԵՆԹԱԿՈՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկուեցան Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները։ Օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան թէ՛ կառավարութեան եւ թէ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստերը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը տեւեց մօտաւորապէս 4.5 ժամ։ Նիստի աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ հիւսիսին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ստեղծուիլը նախատեսուած՝ սահմանային անվտանգութեան զօրքին։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ զօրքի ողնայարը պիտի կազմեն ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի ահաբեկիչները եւ այս պատճառով Թուրքիա ցոյց կու տայ բուռն հակազդեցութիւն։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ ընդգծուեցաւ, որ ահաբեկչական նրբանցքի մը ստեղծուելուն դէմ նախազգուշական միջոցներ ձեռք պիտի առնուին եւ այդ ահաբեկչական բանակի ստեղծուելուն թոյլ պիտի չտրուի։

Նախարարաց խորհուրդի նիստէն վերջ ալ կատարուեցան նման շեշտով յայտարարութիւններ։ Կառավարութեան բանբերը՝ Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, որ Թուրքիոյ համբերութիւնը սպառելու վրայ է։ Երկիրը երաշխաւորելու համար, ըստ Պոզտաղի, մեծ ռիսքեր պիտի առնուին։ Սպառնալիքները ոչնչացնելու համար առանց վարանումի քայլերու պիտի ձեռնարկուին։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց Թուրքիոյ վերջին օրերու խտացեալ բողոքներուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտնեց, որ Թուրքիոյ՝ ՓՔՔ-ական ահաբեկիչներու վերաբերեալ մտահոգութիւնները անպայման նկատի պիտի առնեն։ Փենթակոնի աղբիւրներն ալ երէկ անդրադարձան հիւսիսային Սուրիոյ վերջին խմորումներուն։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ հետ ամբողջովին թափանցիկ յարաբերութիւն մը յառաջ պիտի տանին։ Փենթակոնի բանբերներէն մին ընդգծեց, որ Թուրքիոյ անվտանգութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը համարուին օրինական եւ ամերիկեան կողմը դիրք պիտի գրաւէ իր ՆԱԹՕ-ի դաշնակցի կողքին։

Միւս կողմէ, Փենթակոնի աղբիւրներու երէկուան հաղորդումներով, Սուրիոյ հիւսիսին ստեղծուիլը նախատեսուած սահմանային անվտանգութեան զօրքը կամ բանակը պիտի ունենայ բոլորովին տարբեր անուանում մը։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը մատնանշեն, որ ամերիկեան կողմը այս փուլին գոնէ իր սկիզբին նախատեսած անունը փոփոխութեան ենթարկելու յօժարած է։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018