«ԱՆՄԵՂ» ԴԷՊՔԵ՞Ր ԿԱՄ «ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» ՄԸ ՍԿԻԶԲԸ
Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը աւարտեցան: Իրանեան տարբեր քաղաքներու (ըստ «Ռէօյթըրզ»ի, իրանեան աւելի քան քառասուն քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցերը) մէջ եղած ցոյցերուն ընթացքին բախումներու հետեւանքով զոհերուն թիւը հասաւ 21-ի եւ ցոյցերուն մասնակցելու եւ խռովութիւններ ընելու պատճառով ձերբակալեալներունը՝ 3700-ի:
Բողոքներու «մարում»էն ետք Թեհրանի գլխաւոր դատախազ՝ Ապպաս Ժաաֆարի Տաուլաթ Ապատի յայտարարեց, որ բանտերուն մէջ գտնուողներուն դատական ընթացքը պիտի ըլլայ շատ արագ եւ կարճ ժամանակի մը մէջ պիտի վճռուի անոնց ճակատագիրը: Իր կարգին, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյ դէպքերուն մասին խօսելով՝ շեշտեց, որ եղած դաւադրութիւնը ձախողեցաւ, վստահեցնելով, որ յառաջիկային ալ ըլլալիք նման որեւէ փորձ պիտի մատնուի ձախողութեան: Իրանի հոգեւոր առաջնորդը, որ առողջական լուրջ հարցեր ունի, նկատել տուաւ նաեւ, որ այս դէպքերը հրահրուած են դուրսէն ու կարգադրուած են Սէուտական Արաբիոյ, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու նեցուկով:
Արմատական մօտեցումներով եւ երկրի կրօնական-պահպանողական հիմնական առանցքը ներկայացնող Խամանէյի խօսքերը ակնկալելի էին: Հասկնալի էր անոր դիրքորոշումը ու նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հասցէին ուղղուած անոր խօսքերը՝ սպասելի: Իրանի դէպքերուն ուշի ուշով հետեւող եւ սիւննի աշխարհի «ենթակայութեան» տակ գտնուող մամուլի վերլուծաբանները արագ, յաճախ անհիմն ու անհեռանկար վերլուծականներ ստորագրեցին: Բոլորին համար «ուրախալի» համարուող այս դէպքերը սպասելի էին։ Աւելի՛ն. անոնցմէ բազմաթիւներ կը գրէին, որ եղածը ընդամէնը սկիզբ մըն է, որուն պիտի յաջորդեն շատ աւելի ցնցիչ եւ արագօրէն տարածուող բողոքի ցոյցեր, որոնք պիտի կարողանան Իրանի մէջ նոր շարժում մը ստեղծել եւ ի վերջոյ հասնիլ «սպասելի» նոր «յեղափոխութեան»:
Այդ տեսակէտներուն մէջ ամենէն աւելի ուշադրութիւնս գրաւեց «Ալ Հայաթ» պարբերականի յայտնի քրոնիկագիրներէն լիբանանցի Ժիհատ Խազէնի ստորագրութիւնը կրող մէկ յօդուածը, ուր ան առանց երկար-բարակ վերլուծումներ ընելու կը յայտնէր, թէ իրեն համար ամենաանսպասելին Խամանէյի կեցուածքն ու ըրած յայտարարութիւնները չեն, այլ իր զարմանքը կ՚առընչուի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի ըրած յայտարարութիւններուն։ Այս վերջինը ունենալով բաւականին խիստ եւ «կոշտ» դիրքորոշում մը, «ջուրը կը նետէր» իր նախընտրական բոլոր խոստումները՝ կապուած երկրին մէջ ազատ արտայայտուելու իրաւունքներու պաշտ-պանութեան եւ բողոքի «ազատ» ցոյցեր ընելու արդար իրաւունքին:
Այլ խօսքով, արաբական աշխարհի «ռիատեան թեւ»ին համար սպասելի ու նոյնիսկ «ողջունելի» պիտի ըլլար, որ իր հաւասարակշիռ եւ չափաւորական կեց-ւածքներով յայտնի Ռուհանին, այսպէս ըսած «մէկ կողմ նստէր» ու սպասէր, որ դէպքերը «աւելի տաքնան» ու տարածուին ամբողջ երկրին մէջ:
Ռուհանի, որ երկրորդ նստաշրջանով մը կ՚ընտրուէր երկրին նախագահը, այսօր կը համարուի «բարենորոգչական» շարժումի թիւ մէկ առաջնորդը: Մէկը, որուն արտաքին գերատեսչութեան ճարտարութեան շնորհիւ ստորագրուեցաւ Իրան եւ 5+1 կորիզային համաձայնութիւնը՝ հեշտ կերպով չհասաւ իշխանութեան գլուխ: Բացի արտաքին ազդակներէն, Ռուհանի նաեւ ունեցաւ զինք քննադատողներու մեծ փաղանգ մը, որուն հիմնական դժգոհութեան առանցքն էր այն, թէ ինչու «հզօր» Իրանը ընդունեց համաձայնութիւն մը ստորագրել աւելի քան 35 տարուան թշնամի համարուող Միացեալ Նահանգներու հետ: Ուրեմն բաւական ծանր եւ դժուար իրականացնելի բեռ մը իր ուսերուն շալկելով՝ Ռուհանի յաջողեցաւ «կոտրել» երկրէ ներս իր դէմ հիւսուող «ժխտական կեցուածքներ»ու մեծ պատը եւ արեւմտեան մամուլին կողմէ դրական գնահատական ստացած ընտրութիւններով շարունակել իր նախագահական պարտականութիւնները:
Ի լրումն այս բոլորին սակայն, Թրամփի Սպիտակ տուն հասնելէն ետք «խաղ»ը լրիւ կը փոխուէր։ Օր չէր անցներ, որ ամերիկացի նախագահը «ցնցիչ» յայտարարութիւն մը ընելով կամ «զգայացունց» թուիթ մը նետելով՝ կը փորձէր հրահրել մինչ այդ «սառած» վիճակ թեւակոխած Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւններու օրակարգը, որ կը ստանար «շիկացած երկաթ»ի տեսք։
ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ «ՏԵՍԱԿԷՏ»
Բոլորին համար յստակ է, որ միջինարեւելեան ընդհանուր տեսարանին մէջ բացի Թեհրանէն, ամենաազդու դերակատարներ կը համարուին Անգարան եւ Ռիատը: Մինչ Թեհրան կը շարունակէ իր ազդեցութեան գօտիները ծաւալել եւ «յառաջացած» կէտերու մէջ պարզել իր «դրօշակ»ը, անդին միւս երկու կարեւոր խաղացողներուն համար իրադրութիւնը այդքան ալ նպաստաւոր չէ: Ի բախտաւորութիւն շրջանի ժողովուրդներուն, Անգարա լաւապէս կ՚ըմբռնէ, որ Թեհրանի ունեցած դիրքորոշումները եւ ընդհանուր «խաղաոճ»ը դրական զօրութենական մը կանոններով է, որ կ՚առաջնորդուի: Ու այս առումով ալ մեծապէս կը յստականայ, որ ինչո՞ւ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ երկրի քաղաքական ոլորտի ամենատարբեր պատասխանատուներուն, բոլորն ալ «շտապելով» կը յայտնէին իրենց խոր մտահոգութիւնը Իրանի մէջ արձանագրուած դէպքերուն վերաբերեալ, միաժամանակ իրենց կասկածն ու մտավախութիւնը յայտնելով, որ եղած դէպքերը արդիւնքն են «արտաքին ուժեր»ու անուղղակի միջամտութեանց: Թուրք պաշտօնատարները նաեւ կը վստահեցնէին, որ Իրանի ներքին ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը կարեւոր ու առաջնահերթ են ոչ միայն Իրանի, այլ՝ ամբողջ տարածքաշրջանին համար:
Բաց աստի «քար լռութեան» մթնոլորտ մը կը տիրէր Ռիատի պարագային: Ու այս առումով պահուած լռութիւնը հասկնալի էր, եթէ նկատի ունենանք առնուազն վերջին հինգ տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ տիրող ոչ-բարենպաստ մթնոլորտն ու յարաբերութեանց մէջ առկայ լարուածութիւնը:
Ռիատի լռութենէն անդին երթալով կարգ մը յայտնի վերլուծաբաններ, որոնց մօտեցումին մասին յղում ըրած է լիբանանցի լրագրող Սարգիս Նահում «Ալ Նահար» հեղինակաւոր օրաթերթի իր սիւնակին մէջ, հարցադրում տուած են, թէ արդեօք Սէուտական Արաբիոյ այսօրուան «ամենաուժեղ մարդ»ը ռազմավարական նոր ծրագի՞ր մը մշակած է Իրանի հանդէպ: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Մուհամմէտ պին Սելման գահաժառանգին, որ արդեօք նպատակ ունի՞ Իրանի հետ բախումի մտնել, ոչ թէ իր երկրին կամ երկրի սահմաններէն մօտիկ շրջաններու, այլ նոյնինքն Իրանի մէջ: Մէկ խօսքով՝ Ռիատ-Թեհրան հակամարտութեան «օճախ»ը փոխադրել Իրանի ներսը եւ հոն «կրակ տալ» խժդժութիւններու այնպիսի ալիքի մը, որուն «շնորհիւ» ալ իրենց երկրի տնտեսական վիճակէն դժգոհ իրանցիները փողոց դուրս գան, սկսին փոքր քաղաքներու «գրաւում»ով ու հասնին մինչեւ մայրաքաղաք՝ Թեհրան:
Այս բոլորը մօտեցում մըն է, որուն մասին վերջնական գնահատական տալը դեռ վաղ է, որովհետեւ Իրանի դէպքերուն հետեւող ոչ մէկ վերլուծաբան, լրագրող կամ յօդուածագիր բողոքի ցոյցերու մասին ամբողջական տեղեկութիւններ ունի, այլ անոնց ունեցած տուեալները «հատուկենտ» ու յաճախ անորոշ են:
Անշուշտ Իրանի ղեկավարութեան համար ալ շատ կարեւոր է, որ տեղի ունենալիք դատավարութիւնները աւարտին ու անոնք կարողանան ի վերջոյ հաս-կնալ, թէ ի՛նչ էր եղածը:
ԱՒԱՐՏ ԵՒ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ
Ցոյցերուն համընթաց ու նաեւ անոնցմէ ետք ալ Թեհրանի մէկէ աւելի պատասխանատուներ նկատել տուին, որ դէպքերը անմիջական կապ ունին երկրին մէջ առկայ տնտեսական դժուարութիւններուն հետ: Իբր այդ ալ, ցուցարարներուն ու յատկապէս երկրին մէջ տարբեր հանգամանքներու բերումով «չէզոք» դիրք ընդունած ստուար տոկոսով հասարակութեան «վստահեցնելով», որ իրենք բացի Եմէնի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ առնուած գործնական քայլերէն եւ ուղեգիծէն, հետամուտ են երկիրը դնել նոր հունի մը վրայ, որ պիտի յատկանշուի տնտեսական իրական աճի մը փուլով: Այդ յայտարարութիւններու ամենաուշագրաւը Իրանի Ծրագրաւորման եւ պիւտճէի կազմակերպութեան նախագահ Մուհամմէտ Պաքէր Նոպախթին էր։ Ան կը յայտնէր, թէ կառավարութիւնը յանձն առած է երկրին մէջ ստեղծել 1 միլիոն 33 հազար աշխատատեղի։ Ան այս ձեւով կ՚ուզէր փարատել բոլոր այն մտահոգութիւնները, որոնց պատճառով ալ բազմաթիւ քաղաքացիներ փողոց իջան:
Իրանի դէմ դաւադրութիւններ նիւթելու մօտեցումը եւ այդ մօտեցումին մասին տեսակէտ մը յայտնելու համար պէտք է անպայման աչքի առջեւ ունենալ Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան դէմ այդ ցուցարարներուն լսելի դարձուցած կոչերով:
Եթէ նոյնիսկ ճիշդ է, որ իրանցիք տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ կ՚ապրին, սակայն «Կազզէն մեզի ինչ, Սուրիան մեզի ինչ, Պաղեստինն ու Լիբանանը մեզի ինչ ...» վանկարկողները շատ լաւ գիտեն, որ իրենց երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը չի յենուր «դրամ թափելու» կամ «դրամով մարդ գնել»ու քաղաքականութեան վրայ: Իրան «միս ու արիւն»ով կը մասնակցի շրջանին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն ու բաւական հաստատուն քայլերով կը փորձէ իրականացնել իր քաղաքական առաջադրանքները:
Բայց ըսել, որ Թեհրանի ղեկավարութիւնը իր քաղաքացիին բերնէն «հացը կտրելով» է, որ առաջադրանքներ կը կատարէ, առնուազն «միֆ» է:
Ու այս մթնոլորտին մէջ ալ ցոյցերուն տեսակը, մասնակիցներուն գործածած «զէնքեր»ը, կազմակերպողներուն «համատարած քաոս» ստեղծելու առաջադրանքը, ընկերային ցանցերու շնորհիւ քաղաքները ոտքի հանելու եւ ապա խաղէն քաշուելու մօտեցումները կը բացայայտեն, որ Իրանի վերջին դէպքերը «անմեղ» դէպքեր չեն ու անոնք ոչ միայն հրահրուած, այլ նախապատրաստուած են:
Իսկ ամենակարեւոր հարցումը, արդեօք այս դէպքերը կրնան կրկնուի՞լ, թէ՞ պատահարը միակ նախափորձն էր, որ առանց յաւելեալ ճիգի խեղդուեցաւ իր «թունաւոր սաղմ»ին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան