ԿԱՆԱՅԻ ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ

«Ի՛նչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք», (ՅՈՎՀ. Բ 5)։

Կանայի հարսանիքին, Յիսուս կատարեց իր առաջին հրաշքը՝ որ ըստ աւետարանի վկայութեան, իր առաջին հրաշքն էր. «Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ», (ՅՈՎՀ. Բ 11)։ Բայց Յիսուսի այս եւ յաջորդ հրաշքներու մասին խորհրդածելէ առաջ, պէտք է ուսումնասիրել եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ է հրաշքը ընդհանրապէս։

Հրաշքը սերտօրէն կապուած է հաւատքի հետ։

Ուստի, հաւատալու շարժառիթը, ճշմարտութիւններու, մարդկային բանականութեան լոյսին տակ մարդուս «ճշմարիտ» եւ «հասկնալի» երեւիլը չէ՛։ Արդարեւ, մարդ կը հաւատայ, Աստուծոյ հեղինակութեան պատճառով՝ որ չի՛ կրնար սխալիլ՝ ո՛չ կը մոլորի եւ ո՛չ իսկ կը մոլորեցնէ։

Հրաշքը՝ Աստուծոյ ամենակարողութեան հաւատա՛լ կը նշանակէ։ Սակայն, Աստուած կ՚ուզէ իր «ամենակարողութիւն»ը փաստել մարդոց՝ իրենց խելքին եւ մտածողութեան համապատասխան՝ մասամբ հասկնալի, տեսանելի փաստարկումներ ներկայացնելով։ Աստուած կը փափաքի Իր ամենակարողութեան եւ եզական հեղինակութեան փաստերը ցոյց տալ մարդուն, որպէսզի փարատի անոր կասկածները ճշմարտութեան մասին։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, թէ՛ Քրիստոսի եւ թէ կարգ մը ներշնչեալ սուրբերու կատարած հրաշքները, մարգարէութիւնները՝ համայն մարդկութեան իմացականութեան եւ ըմբռնումին յարմարող պատշաճ եւ ստոյգ նշաններ են ճշմարտութեան Յայտնութեան, եւ պատճառներ՝ հաւատքը ամրացնելու եւ հաստատ հիմերու վրայ հաստատելո՛ւ։ Հրաշքները ազդակներ, գործօններ են՝ շարժառիթներ աստուածային ճշմարտութեան հաւատալիութեան՝ որոնք ցոյց կու տան թէ՝ «հաւատքը երբե՛ք մտքի կոյր մղում» մը չէ՛, ինչպէս հրամայականոն դրութիւն մը, որ ընդհանրապէս նախապաշարումներով եւ կանխակալութիւններով կը ձեւաւորուի, եւ ո՛չ ալ ձեւապաշտութիւն մը սնամէջ եւ անիմաստ…։

Հաւատքը, արդարեւ, ունի դրական, տեսանելի եւ զգալի փաստեր եւ ապացո՛յցներ։ Ուստի, «հաւատք»ը աներկբա՛յ է, անկասկածելի, ստոյգ եւ ապահո՛վ։ Յիսուս երբ կը քարոզէր, իր խօսքերուն կ՚ընկերանային բազմաթիւ հրաշքներ, ուրիշ խօսքով, խօսքին համընթաց էր գործը՝ նշաններ եւ զօրութիւններ՝ որոնք կը վկայեն, թէ Ան Աստուածորդի է՝ Աստուծմէ Աստուած՝ Լոյսէն Լո՛յս։ Խօսք եւ գործ, ահաւասիկ, կը հաստատեն Ճշմարտութեան էութիւնը։

«Հրաշք»ը, ուրեմն կը հաստատեն եւ աւելի հասկնալի, աւելի տեսանելի, եւ իրական կը դարձնեն Ճշմարտութիւնը եւ կը հաստատեն, թէ ան երեւակայական եւ մտացածին գաղափար մը չէ՛ այլ կեա՛նք, որ կենդանութեան խորհրդանի՛շն է։ Կենդանի Աստուած, Ինքզինք կը յայտնէ հրաշքներով եւ նշաններով։

Այս իմաստով, Կանայի մէջ «գինիի փոխուած ջուր»ին հրաշքը արդէն իսկ կ՚աւետէ Յիսուսի փառաւորումին Ժա՛մը. կը յայտնէ «հարսանեկան Ընթրիք»ին իրագործումը Հօր Արքայութեան մէջ՝ ո՛ւր ճշմարիտ հաւատացեալները պիտի ըմպեն եւ վայելեն Քրիստոսի Արեան փոխուած նո՜ր գինին։

Կանայի հրաշքը նախապատրաստութիւնն է եւ նախանշանը՝ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ Իր ինքնազոհութեան՝ խաչի վրայ թափելով իր անմեղ Արիւնը։

Եւ երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած», (ՅՈՎՀ. Բ 4), այս ըսել կ՚ուզէ, բայց հնազանդութեան օրինակ մը տալով՝ չի մերժեր Մայրը, կը կատարէ իր առաջին հրաշքը՝ ջուրը փոխելով գինիի, այսինքն ցոյց տալով իր չարչարանքներու, խաչելութեան եւ ինքնազոհութեան նախանշանները։

Ուստի, «ջուր»ը հին կեանքն է, որ փոխուելով «գինի»ի նոր կեա՛նքի կը բարեփոխուի։

Հրաշքները, ըսինք, միջոցներ են ցոյց տալու ճշմարտութիւնը՝ զայն վերացական ըլլալէ, իրական, տեսանելի, նիւթական վիճակի մը վերածելով։ Եւ հրաշքները աստուածահաստատ բնական օրէնքներու բացառութիւններ են։

Արդարեւ, Աստուած Ի՛նք ալ կը հպատակի եւ հաւատարիմ կը մնայ իր իսկ հաստատած օրէնքներուն, բայց երբեմն, եթէ պէտք զգայ, բացառութիւններ կ՚ընէ, ի նպաստ ճշմարտութեան յայտնութեան։ Եւ ահաւասիկ այս իսկ պատճառով է, որ գերման մեծ միտք, հանճար Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէ, կ՚ըսէ, թէ՝ հրաշքները բնութեան օրէնքներուն բացառութիւննե՛րն են։

Իսկ David Hume կ՚ըսէ, թէ՝ բանականութեամբ օժտուած մարդուն, հրաշքի մը պարագային, խաբէականութենէն ստեղծուած աւելի մեծ հրաշք մը եթէ չպատահի, այդ հրաշքին չհաւատալը աւելի բնական պէտք է նկատուի։ Ուստի հրաշքի մը վկայողին խաբէական կամ սխալական ըլլալու, եւ ասիկա ընդունելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է, եւ նոյնիսկ անկարելի՛։

Մ. Ա. Վոլթէր այս մասին կ՚ըսէ, թէ՝ հրաշքները բնական երեւոյթներ են, քանի որ բնութիւնը ամբողջութեամբ հրա՛շք մըն է արդէն։ Եւ իրապէս, «հրաշք» ըսուածը՝ ամենակարող եւ ամենակալ Աստուծոյ համար բնական է, հրաշքը մարդուն համար անբնական է եւ տարօրինակ, եւ ուրեմն «հրաշք» կոչուածը մարդուս համար հրա՛շք է եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ համար։ Հրաշքը՝ Աստուծոյ համար պարզապէս «բացառութիւն» մըն է իր հաստատած բնական օրէնքին գործադրութեան, քանի որ Աստուած Ի՛նքն ալ հաւատարիմ եւ հնազանդ է Իր իսկ հաստատած Օրէնքին։ Արդարեւ, հրաշքները միշտ անբնական եւ անհաւանական երեւոյթներ են, բայց քանի որ Աստուծոյ համար անկարելի եւ անհաւանական ո՛չինչ կայ, ուրեմն «հրաշք»ը միա՛յն մարդուս տեսանկիւնէն անբնական եւ անհաւանական դէպք մըն է եւ կը ծառայէ Ճշմարտութեան յայտնութեանը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 2, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018