Սպասուած պատասխանը եւ հնազանդութիւն
Եւ ահա՛, ի վերջոյ եկաւ պետութենէն սպասուած պատասխանը։ Պատրիարքական ընտրութեան տագնապը արդէն թեւակոխած է նոր փուլ մը։ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ երէկ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնական նամակը ունի շատ կարեւոր բնոյթ։ Մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր Պատրիարքական Աթոռի եւ պետական պատկան իշխանութիւններու միջեւ ստեղծուած է ծայր աստիճան անհաղորդ կացութիւն մը։ Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնը յամառօրէն չհասկնալ ձեւացուց պաշտօնական մարմիններուն կողմէ փոխանցուած պատգամները։
Այս վերջին շուրջ մէկ տարին իսկապէս ունի պատմականօրէն ուսումնասիրելի բնոյթ։ Երբ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պաշտօնի ձեռնարկեց շատ փխրուն հաւասարակշռութիւններու մթնոլորտին մէջ, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու իւրաքանչիւր քայլափոխին ահազանգ հնչեցնել սկսաւ զանազան զգուշացումներով։ Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնը ի պատասխան յայտնեց, որ առանց միջնորդի շփուիլ կը փափաքէր պետութեան հետ։ Անցաւ որոշ ժամանակ մը, նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին պետութեան կողմէ առա՛նց միջնորդի, ուղղակիօրէն փոխանցուեցան զանազան պատգամներ։ Այդ փուլին ալ Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ ոչ թէ բանաւոր պատգամներու, այլ պաշտօնական գրութիւններու կարիքը կը զգար։ Դիտումնաւորութի՞ւն էր, թ՞է համբակութիւն՝ տակաւին պիտի երեւայ ժամանակի ընթացքին։ Արդարեւ, Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնը մէկ կողմէ գրեթէ հնարաւորութիւն չունէր պետութեան հետ պաշտօնապէս շփուելու, որովհետեւ չէր նկատուեր որպէս երկխօս, իսկ միւս կողմէ կը սահմանափակէր իր իսկ մարտավարութեան դաշտը։ Շաբաթները իրարու յաջորդեցին, անցան ամիսներ։ Եկաւ-անցաւ մանաւանդ պատրիարքական ընտրութեան համար հրապարակուած թուականը։ Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնը մեր համայնքէն ներս հասունցած պատրիարքական ընտրութեան պահանջը արդէն աստիճանաբար սկսած էր որպէս խաղաքարտ օգտագործել պետութեան դէմ։ Սա Գումգաբուի մէջ քաոսէ մը անդին անիշխանականութեան ապացոյցն էր։ Արդարեւ, եթէ ղեկավարութիւն մը չի կրնար կառավարելի սահմաններու մէջ պահել տուեալ հաւաքականութեան ակնկալութիւնները եւ որդեգրել նպատակասլաց ուղի մը՝ ապա առաջին առթիւ անխուսափելիօրէն հարցականի տակ կը մնայ իր ղեկավարման ընդունակութիւնը։ Պատրիարքարանի այժմու «կաղ» ղեկավարութիւնը դժբախտաբար խորացուց այդ ընթացքը։
Համայնքի վերապահ շրջանակները միշտ հանդէս եկան զգուշացումներով՝ որպէսզի պաշտօնական ընթացակարգերով նախատես-ւած հունին մէջ, համակարգուած, առողջ աշխատանք մը տարուի պետութեան հետ։ Սա էր միակ ձեւը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը ի կատար ածելու համար։ Պետութիւնը գործօն մըն է այս գործընթացին մէջ, ճիշդ է, որ միակ գործօնը չէ, բայց անշրջադարձելի գործօն մըն է եւ առանց այդ հարթութեան վրայ ներդաշնակութեան հասնելու՝ դժուար, թէ կարելի ըլլայ երաշխաւորել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի աւարտին հասնիլը։ Դժբախտաբար, մեր համայնքին մէջ կարգ մը շրջանակներ թիրախ դարձուցին այդ ներդաշնակութեան հետամուտները։ Աւելի՛ն եւ ամենաողբերգականը՝ տեղապահին գլխաւորութեամբ Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնն ալ փորձեց գործել անոնց մտայնութիւնով։ Կարճ խօսքով, Պատրիարքարանի այժմու ղեկավարութիւնը գիտակցաբար փորձեց հակադրել պետական ընթացակարգերով պայմանաւորուած ստիպողութիւններն ու մեր եկեղեցական կարգ ու կանոնները։
Պետութեան հետ ստեղծուած անհաղորդ վիճակի պայմաններուն ներքեւ արդէն համայնքային շրջանակներէն ներս մտահոգութիւններ յառաջացան, որ անհեռանկար յամառութեան հետեւանքով կացութիւնը կրնայ աւելի վատթարանալ եւ Պատրիարքական Աթոռը կրնայ դէմ յանդիման մնալ՝ անվերապահօրէն հրահանգներ գործադրելու վտանգին։ Այսօր, դժբախտաբար նման իրավիճակի մը մէջ յայտնուած է մեր համայնքը։ Կուսակալութենէն երէկ Գումգաբու հասած նամակը կը համարուի «ֆորս-մաժէօռ» մը։ Սա ձեւով մը վերջնագիր մըն է պատկան իշխանութիւններուն կողմէ, որու ծանր հետեւանքները պիտի դիմագրաւուին Պատրիարքական Աթոռին եւ մեր համայնքին կողմէ։ Եսակեդրոն անզսպելի կիրքերով առնուած քայլերը պատմական ձախողում մը բերած են մեր համայնքին։ Այս փուլին նոյնիսկ վտանգուած է պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը։
Եթէ կարգ մը մարդիկ իրենց վիճակած պատասխանատուութեամբ վարուէին, զոհողութեան ոգիով առաջնորդուէին ու մանաւանդ յաջողէին մնալ իրենց բարձրութեան վրայ՝ ապա Պատրիարքարանն ու մեր համայնքը հնարաւորութիւն պիտի ունենային առանց որեւէ ճնշումի, արժանապատիւ ձեւով պատկան իշխանութիւններու հետ աշխատելու եւ ի կատար ածելու պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Բայց քանի որ անոնք աժան հերոսութիւնը գերադասեցին արժանապատիւ համատեղ աշխատանքէն, ապա այսօր դէմ յանդիման են հնազանդութեան ստիպողութեամբ։ Արդեօք ո՞ր մէկը աւելի նսեմացուցիչ է։
Ափսոս, հազար ափսոս, որ մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռն ու մերազն համայնքը մատնուած են այս վիճակին, որովհետեւ անոնք իսկապէս արժանի չեն այսքան վատ, այսքան անիրատես եւ այսքան անհեռատես ղեկավարութեան։
Այժմ պարզ է, որ նոր փուլ մը կը սկսի մեր համայնքին համար եւ այդ նոր փուլը շատ աւելի բարդ հարցականներով ծանրաբեռնուած պիտի ըլլայ՝ նախորդներուն բաղդատմամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ