ԸՆՏԱՆԻՔ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Ա.)
Երկնքի ու երկրի ստեղծումէն ետք, տակաւին բուսական ու կենդանական աշխարհը գոյութեան չեկած, Աստուծոյ առաջին արարքը կ՚ըլլայ մարդը ստեղծել։ Ադամամարդի ստեղծումէն ետք, Աստուած չ՚ուզեր մարդը լքել եդեմին մէջ, այլ կ՚ուզէ անոր օգնական արարածներ տալ։ Հետեւաբար, կնոջ ստեղծումէն առաջ կենդանիներ կը ստեղծէ։ Բայց բազմատեսակ այդ անասուններուն մէջ չկար մէկը, որ Ադամի օգնական ըլլար ու հասկնար զինք։ Աստուած այս տեսնելով՝ կ՚որոշէ ստեղծել Ադամին նման այլ արարած մը, որ իր մարմինէն մարմին պիտի ըլլար։ Ուստի, Աստուած խորունկ քուն մը կը բերէ Ադամին վրայ եւ ան կը ննջէ։ Եւ Աստուած անոր կողոսկորներէն մէկը առնելով՝ նոր արարած մը կը ստեղծէ։ Այս բոլորէն ետք Աստուած կ՚ըսէ. «Աճեցէ՛ք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծն 1.28)։ Աստուած կը հոգայ անոնց բոլոր պահանջքները եւ Իր հեղինակութենէն մաս մը կու տայ՝ իշխելու համար երկրի բոլոր արարածներուն վրայ։ Ինչպէս քնարերգակ Դաւիթ մարգարէ պիտի ըսէր. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ՚ընես։ Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա. ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր» (Սղ 8.5)։
Այսպիսով Աստուած Ադամ Եւայով կը հաստատէ ամուսնութեան նուիրականութիւնը եւ կատարեալ յարաբերութիւնը Իրեն հետ։ Վերջապէս, մարդ արարածը բոլոր ստեղծագործութեանց մէջ միակն էր, որ ստեղծուած էր Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեանը համաձայն։ Այս իսկ պատճառաւ, ան միակն է, որ կրնար Աստուծոյ գիտութեան հասնիլ եւ ապրիլ բարոյական արժէքներու ու հոգեկան ճշմարտութեանց համապատասխան կեանք մը։
Ի՞ՆՉ Է ԸՆՏԱՆԻՔԸ
Մարդ արարածին առաջին ընկերային շրջանակը եղաւ իր իսկ ընտանիքը, իր լայն իմաստով։ Ան սկիզբէն իսկ մտածեց ու կարիքը զգաց ընտանիքի կազմութեան, այսինքն՝ քանի մը բաղկացած էակներէ, որոնք պիտի ապրէին մէկ երդիքի տակ ու միասին գործէին։
Ընտանիքի հիմնադիրն ու հաստատիչը նոյնինքն Աստուած է։ Աստուած երբ առաջին ընտանիքի սկիզբն ու հիմը դրաւ, միաժամանակ ճշդեց այդ ընտանիքի առաքելութիւնը։ Աստուածաստեղծ ընտանիքը երկու հիմնական առաքելութիւն եւ պարտականութիւն ունէր։ Նախ՝ իբրեւ աստուածային հաստատութիւն կոչուած էր անաղարտ պահել Աստուծոյ պատկերը եւ երկրորդ՝ Աստուծոյ գործակից ըլլալ աշխարհի ստեղծագործութիւնը շարունակելով՝ իր աճումով ու բազմացումով։
Մարդ արարածը իր ստեղծագործութեան օրէն իսկ իր էութեամբ ստեղծուած է ընտանիք կազմելու համար։ Այն անձը, որ կ՚ամուսնանայ՝ խորքին մէջ Աստուծոյ կա՛մքն է, որ կատարած կ՚ըլլայ։ Ընտանիքը Աստուծոյ սիրոյն եւ հայրական գուրգուրանքի արտայայտութիւնն է։ Ահա թէ ինչո՛ւ աստուածային հրամանին համաձայն այր մարդն ու կին արարածը աստուածային օրհնութեամբ օծուն՝ կը կազմեն Սուրբ միութիւն։ Աստուածային պատուիրանը կ՚ըսէ. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան» (Ծն 2.24)։ «Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց» (Մտ 19.6)։
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ամուսնանալ կը նշանակէ այր եւ կնոջ մերձեցում, միաւորում։ Ըստ Մալխասեանց բառարանին, ամուսնութիւն կը նշանակէ այր եւ կնոջ օրինական միութիւն՝ կենակցութեան եւ որդեծնութեան նպատակով։ Իսկ ըստ Աստուածաշունչին, ամուսնութիւն կը նշանակէ այր եւ կնոջ միջեւ կատարուած ուխտ։
Սկզբանական շրջանին մարդկային ընկերութեան մշակոյթին մաս կը կազմէր բազմակնութիւնը։ Թէ՛ հեթանոսներուն մէջ եւ թէ հրեաներուն մէջ բազմակնութիւնը հասարակաց եւ բնական սովորութիւն մըն էր, որուն պատճառաւ գերդաստանի մը ճիւղը աւելի եւս կ՚ընդարձակուէր։ Բազմաթիւ բազմակնութեան պատումներ կը գտնենք Աստուածաշուչին մէջ։ Անոնցմէ կրնանք յիշել կարեւոր դէմքերու օրինակները. Աբրահամ Հագարը իրեն կնութեան առաւ, որպէսզի անորմէ զաւակ ունենայ (Հմմտ. Ծն 16.3)։ Յակոբ նոյնպէս ունեցաւ երկու կիներ՝ Լիան եւ Ռաքէլը, որոնց համար 14 տարի շարունակ ծառայեց իր մօրեղբօր՝ Լաբանին (Հմմտ. Ծն 29.18, 30)։ Դաւիթ թագաւոր ալ ունէր կիներ եւ հարճեր, որոնցմէ զաւակներ ունեցաւ (Հմմտ. Ծն Բ.Թգ 5.13)։ Սողոմոն թագաւոր նոյնպէս ունէր 700 իշխանազուն կին եւ 300 հարճ (Հմմտ. Գ.Թգ 11.3)։
Իսրայէլացիներուն մէջ նաեւ տեղ գտած էր արտամուսնութիւնը (Exogamy) եւ ներամուսնութիւնը (Endogamy)։ Արտամուսնութիւն կը նշանակէ ուրիշ համայնքի մը կամ ազգի մը ներկայացուցիչի հետ կնքուած ամուսնութիւն։ Ներամուսնութիւն կը նշանակէ նոյն ազգի ներկայացուցիչի հետ կնքուած ամուսնութիւն։ Արտամուսնութեան օրինակներ արձանագրուած կը գտնենք Ծննդոց գրքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէս Եսաւ 40 տարեկանին ամուսնացաւ քետացի Բէերիի աղջկան՝ Յուդիկի հետ (Հմմտ. Ծն 26.34)։ Նաեւ ներամուսնութեան օրինակներու կը հանդիպինք Աստուածաշունչ մատեանին մէջ, օրինակ՝ Աբրահամ իր սպասաւորը՝ Եղիազարը ղրկեց Միջագետք Նաբովրի քաղաքը, որպէսզի այնտեղէն իր ազգակիցներէն իր որդւոյն՝ Իսահակին համար կին գտնէ (Հմմտ. Ծն 24.4-10)։
Մովսիսական օրէնքի ճամբով, թէեւ այս ընթացքը ամբողջականօրէն չդադրեցաւ, սակայն նուազագոյնի յանգեցաւ։ Մովսիսական օրէնքը քանանացիներու հետ ամուսնութիւնը կ՚արգիլէր։ Այն երկրացիներուն հետ, որոնց երկիրը Իսրայէլի ժողովուրդին որպէս ժառանգութիւն պիտի տրուէր (Հմմտ. Ել 34.15-16։ Բ.Օր 7.3-4)։ Իսրայէլացիներ կրնային ամուսնանալ ամմոնացիներու կամ մովաբացիներու կիներու հետ (Հմմտ. Հռթ 1.4), սակայն իսրայէլացի կիներ չէին կրնար ամուսնանալ ամմոնացի եւ մովաբացի այրերու հետ։ Սակայն միւս կողմէ կը տեսնենք, որ Եսթեր թագուհի մովսիսական օրէնքը գիտնալով հանդերձ, իր ազգը աւելի հանգիստ պայմաններու տակ ձգելու եւ ազատագրելու համար, կ՚ամուսնանայ Ասուերոս թագաւորին հետ (Հմմտ. Եսթ 2.9)։
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԸՍՏ ՄՈՎՍԻՍԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻՆ
Թէեւ Հին Կտակարանին մէջ ուղղակիօրէն ամուսնութեան օրէնքներու չենք հանդիպիր, բայց Աստուած բազմիցս խօսած է ընտանիքի սրբութեան եւ ամուսնական բարոյական սկզբունքներու մասին։ Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Ան որ երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ, անոր տունը մահուան պիտի տանի ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։ Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր» (Առ 2.17-19)։
Օրէնքը չէր թոյլատրեր, որ մարմնովին տկար եւ անկար մարդիկ ամուսնանային եւ ընտանիք կազմէին (Հմմտ. Բ.Օր 23.1), որովհետեւ ամուսնութեան բուն նպատակը որդեծնութիւնն էր։
Մովսէս յատուկ օրէնք մը չէր սահմանած ամուսնութեան տարիքին կապուած։ Երբ հրեաներէն մէկը ուզէր ամուսնանալ, տղան պէտք է առնուազն 13 տարեկան թեւակոխած ըլլար, իսկ աղջիկը՝ 12։ Եթէ տղամարդ ամուսնանալու փափաք յայտնէր, պէտք է իր ապագայ աներոջ որոշ գումար մը վճարէր (Հմմտ. Ծն 34.12)։ Պէտք է նշել, որ հայրերը իրենք էին, որոնք իրենց զաւակներուն կիներ կ՚ընտրէին (Հմմտ. Ծն 24.1-9, Բ.Օր 7.3, Նէ 13.23-25)։
Ըստ մովսիսական օրէնքին՝ իսրայէլացիներուն արգիլուած էր ամուսնանալ իրենց ազգականներուն հետ (Հմմտ. Ղւ 18. 6-8), այսինքն՝ անոնք պէտք չէ ամուսնանային ո՛չ իրենց մօր կամ խորթ մօր հետ (Հմմտ. Բ.Օր 27.20,) ո՛չ իրենց քրոջ (Հմմտ. Բ.Օր 27.21), եւ որդւոյն կնոջ եւ եղբօր կնոջ հետ (Ղւ 20.21), եւ ո՛չ ալ իրենց մօրաքրոջ կամ հօրաքրոջը հետ (Ղւ 20.19)։
Եթէ մէկու մը կինը իրեն հաճոյ չթուէր եւ կամ ամուսինը զանիկա այլեւս չսիրէր, կրնար իր կնոջ ապահարզանի թուղթը տալով արձակել (Հմմտ. Բ.Օր 24.1-4), իսկ արձակուած կինը կրնար ուրիշ ամուսին մը ունենալ։ Բայց երբ իր երկրորդ ամուսինն ալ զայն արձակէր, այն ատեն առաջին ամուսինը, որ զայն արձակեր էր, չէր կրնար զինք վերստին կնութեան առնել (Հմմտ. Բ.Օր 24.14)։ Իսկ քահանաներուն պարագային, անոնց արգիլուած էր արձակուած, որբեւայրի եւ պղծուած կին առնել, այլ անոնք իրենց ժողովուրդէն կոյս աղջիկ մը պէտք է ընտրէին (Հմմտ. Ղւ 21.14)։
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԵԱՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հրեաներ ընդհանրապէս իրենց նշանտուքը կը կատարէին խնջոյքի ընթացքին, իսկ մեծահարուստներ իրենց նշանածին մատանի կ՚անցընէին (Հմմտ. Ել 35.22, Ես. 3.2)։ Նշենք, թէ այդ ժամանակ մատանին հաւատարմութեան խորհրդանիշ էր։
Նախնագոյն շրջանին, բոլոր մարդիկ իրենց ամուսնութեան վճարումը կատարելէ անմիջապէս ետք, իրենց կինը առնելով իրենց հետ տուն կը տանէին (Հմմտ. Ծն 24.63-67)։ Սակայն հետզհետէ այս սովորութեան փոխարէն, ամուսնութեան արարողութիւններն ու տօնախմբութիւնները սկսան աւելի հանդիսաւոր ձեւով տեղի ունենալ։ Փեսային շքեղ հագուստ մը կը հագցնէին, իսկ անոր գլխուն ծաղկեպսակ մը կը դնէին (Հմմտ. Ես 61.10) կամ թագ մը (Հմմտ. Երգ 3.11)։ Այս բոլորէն ետք բարեկամներու (Հմմտ. Դտ 14.11), երաժիշտներու (Հմմտ. Եր 7.34, 16.9, Ծն 31.27), եւ ջահակիրներու (Հմմտ. Մտ 25.7, Եր 25.10, Յյտ 18.23) հետ միասին հարսի տուն կ՚ուղղուէին։ Երբ հարսին տուն կը հասնէին, փեսան իր կինը առնելով՝ իր սեփական տունը կ՚ուղղուէր։ Յիշենք, որ այդ ամուսնութեան տօնակատարութիւնը 7 կամ 14 օր կը տեւէր (Հմմտ. Դտ 14.12)։
ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
Հին Կտակարանին մէջ կը տեսնենք, որ կին արարածը իր ամուսնոյն նեղութեանց ու տրտմութեանց օրերուն անոր մխիթարութիւնն ու ողբակիցն էր (Հմմտ. Յվ 1.8)։ Աստուած առաքինի կիներուն մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Առաքինի կիները իրենց ամուսիններուն պսակն են» (Առ 14.1) եւ «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կիները զանոնք իրենց ձեռքովը կը փլցնեն» (Առ 14.1)։ Իսկ Առակաց գրքի հեղինակը շատ գեղեցիկ եւ բնորոշիչ կերպով կը խօսի ազնիւ ու առաքինի կնոջ մը ներկայութիւնը տան մէջ, երբ կ՚ըսէ. «Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ ու Տիրոջմէն շնորհք կը ստանայ»։
Նախքան մովսիսական օրէնքը կիներ խիստ օրէնքներու չէին ենթարկուած։ Կիներ կրնային իրենց երեսը չքօղարկել ու դուրս ելլել այդպէս, անոնք ըլլային կոյս կամ ամուսնացած կիներ (Հմմտ. Ծն 12.14, 24.1, 16, 65, 29.11, Ա.Թգ 1.13)։ Նոյնիսկ հանրային տեղերը, փողոցը կը խօսէին այր մարդոց հետ (Հմմտ. Ծն 24.24-25, 45-47, 29.9-12, Ա.Թգ 9. 11-13)։ Տակաւին, կիներ քաղաքին մէջ կրնային առանց իրենց ամուսնոյն շրջիլ եւ նոյնիսկ դատարան ներկայանալ (Հմմտ. Թւ 27.1-2)։ Մէկ խօսքով՝ կիներ մեծ ազատութիւն ու ազդեցութիւն ունէին իրենց ընտանիքներուն մէջ։ Անոնք կրնային իրենց անձնական հիւրերը ունենալ (Հմմտ. Բ.Թգ 4.8), նոյնիսկ իրենց ամուսնոյն բացակայութեան (Հմմտ. Դտ 4.18)։
Երբ Ծննդոց գիրքը թերթատենք, հոն պիտի տեսնենք, թէ Սառա ինչպէս իր ամուսնոյն՝ Աբրահամը «Տէր» կը կոչէ։ Սա նշանակ է, թէ կիներ որքան յարգանք կը տածէին իրենց ամուսիններուն նկատմամբ եւ նոյնիսկ կը պատկառէին անոնցմէ։ Անոնք ամէն բանի մէջ պէտք է հնազանդէին իրենց ամուսիններուն։ Թէպէտ Հին Կտակարանին մէջ կինը մեզի կը ներկայանայ որպէս իր ամուսնոյն սեփականութիւնը, սակայն միւս կողմէ օրէնքը կը պարտադրէր ամուսիններուն իրենց կիները սիրել իրենց սեփական մարմնին պէս (Հմմտ. Եփ 5.28)։ Սակայն հոս պէտք է յիշեցնել, որ Աստուածաշունչին մէջ կը հանդիպինք մայրիշխանական ամուսնութեան, որուն մէջ մայրն էր հեղինակաւոր եւ դերակատար անձնաւորութիւնը։ Մեկնիչներ ասկէ մեկնելով, եզրակացուցած են, թէ մայրիշխանական ամուսնութիւնը իր մէջ ունի երկու բաժանումներ՝ «Beena» եւ «Mota»։ «Beena» կը կոչէին այն ամուսնութիւնը, ըստ որուն ամուսին մը իր կնոջ տան մէջ կը բնակէր։ Օրինակ, Յակոբ (Հմմտ. Ծն 25.15-30) եւ Մովսէս (Հմմտ. Ծն 2.16-21) իրենց կիներուն հօրենական տան մէջ կը բնակէին։ Իսկ «Mota» կը կոչէին այն ամուսնութիւնը, ըստ որուն ամուսին եւ կին պարբերաբար կը յարաբերէին իրարու հետ, ինչպէս էր Սամսոնի պարագան (Հմմտ. Դտ 15.1)։
Իսրայէլացիներուն մէջ ընդհանրացած սովորութիւն մը կար, ըստ որուն իսրայէլացիներ իրենց աղջիկները որպէս ստրուկ կը վաճառէին։ Եւ այդ վաճառուած աղախինները ժամանակի ընթացքին իրենց տիրոջ կամ տիրոջ զաւակին հետ կ՚ամուսնանային։ Այս պարագային, աղջիկ ստրուկը կը վայելէր որոշ իրաւունքներ։ Մովսիսական օրէնքը այր մարդուն (տիրոջ) կը պարտադրէր հետեւեալները.
1) Եթէ ստրուկը հաճելի չթուէր իր տիրոջ, պէտք է անոր փրկագինը վճարէր (Հմմտ. Ել 21.8), եւ պէտք չէ զայն օտարականի ծախէր։
2) Եթէ ստրուկը իր տիրոջ տղուն հետ ամուսնանար, տէրը պէտք է հարսին հետ իր հարազատ աղջիկին պէս վերաբերէր (Հմմտ. Ել 21.9)։
3) Եթէ իր տիրոջ որդին ուրիշ կնոջ մը հետ ամուսնանար, պէտք է իր առաջին կնոջ ուտելիք եւ հանդերձ հայթայթէր, եւ անոր հետ մերձաւորութիւնը չի դադրեցներ (Հմմտ. Ել 21.10)։
«Մի՛ շնար» (Ել 20.14, Բ.Օր 5.18)
Աստուած քառասուն տարիներ շարունակ Սինայի անապատին մէջ դաստիարակեց իր ընտրեալ ժողովուրդը՝ Իսրայէլը։ Ան Մովսէս մարգարէին ձեռամբ Իսրայէլի ժողովուրդին բազմաթիւ օրէնքներ տուաւ, որոնց շնորհիւ Իսրայէլի ազգը ուրիշ ազգերէ պիտի զանազանուէր ու իր ինքնուրոյն եւ անջատ գոյութիւնը պահէր։ Այս օրէնքներուն կարեւորագոյնն ու էականը Տասնաբանեայ Պատուիրաններն էին։
Տասնաբանեայ Պատուիրաններուն մէջ Աստուած կը հրահանգէ իր ժողովուրդին՝ ըսելով. «Մի՛ շնար» (Հմմտ. Ել 20.14։ Բ.Օր 5.18)։
Նախքան շնութեան օրէնքներու մասին խօսիլը, պէտք է զանազանութիւն դնել պոռնկութեան եւ շնութեան միջեւ։ Երբ ամուսնութեան յարաբերութենէն դուրս կապի մասին կը խօսուի, չամուսնացած անձերու համար, զայն կը կոչենք պոռնկութիւն։ Իսկ երբ նոյն արարքը կը վերաբերի ամուսնացած զոյգերու, այդ պարագային զայն կը կոչենք շնութիւն։ Յովհաննէս Երզնկացի շնութեան եւ պոռնկութեան մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Պոռնկութիւնը երեք ձեւով կ՚ըլլայ՝ այրի կնոջ կամ տան աղախնին կամ պոռնիկներու հետ յարաբերելով։ Պոռնիկ կը կոչուի այնպիսին, որ այլեւայլ տեղեր կը կենակցի՝ այր ըլլայ թէ կին։ Իսկ շուն է ան, որ այլ մարդու կնկան եւ կամ կին մը այլ կնոջ մարդուն հետ կը մեղանչէ... »։
Աստուած կ՚արգիլէ ամուսնացած եւ կոյս այրերուն կենակցիլ ու յարաբերիլ պոռնիկներու հետ, որովհետեւ անոնք ընտանիք քանդող, մարդուս հոգին աղարտող եւ զայն դէպի խորխորատ առաջնորդող տարրեր են։ Աստուած կը զգուշացնէ մեզ օտար կիներէ՝ ըսելով. «Օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի… սակայն անոր ոտքերը մահուան կը տանին» (Առ 5.3,5)։ Իսկ եթէ կին մը իր ամուսինէն զատ ուրիշ մարդու հետ յարաբերէր, մովսիսական օրէնքը կը թելադրէր շնացող կինը մահուան ենթարկել եւ կամ քարերու տարափին տակ սպաննել (Հմմտ. Ղւ 20.10։ Բ.Օր 22.22, 13-19։ Եզ 16.38-41)։
Եթէ ամուսինը նոյնիսկ կասկածէր, որ իր կինը անբարոյութիւն կատարած է, զինք անմիջապէս պէտք է տանէր քահանային մօտ։ Այն ատեն քահանան կնոջ լեղի ջուր կը խմցնէր (Հմմտ. Թւ 5.12-31), իսկ եթէ կինը իսկապէս բան մը ըրած էր՝ իսկոյն կը մեռնէր, իսկ եթէ արդար էր՝ լեղի ջուրը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենար անոր վրայ։
Եթէ կոյս աղջիկ մը նշանուած էր եւ մարդ քաղաքին մէջ գտնելով աղջիկը՝ անոր հետ կենակցէր, երկուքն ալ քաղաքին դուռը պէտք է հանուէին ու քարկոծուելով սպաննուէին։ Աղջիկը պէտք է սպաննուէր, որովհետեւ քաղաքին մէջ գտնուելով մէկու մը օգնութիւնը չէր խնդրած, իսկ ամուսինը՝ որովհետեւ ուրիշին նշանածը լլկած էր (Հմմտ. Բ.Օր 22.23-24)։
Իսկ Քրիստոս ո՛չ միայն այս ախտի մարմնական իրագործումը շնութիւն անուանեց, այլեւ՝ մտքով ցանկութիւն յայտնելն իսկ։ «Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ» (Մտ 5.27-28)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ ամուսնութեան մասին խօսելով՝ կը յորդորէ. «Բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ Աստուած կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները» (Եբր 13.4)։ «Պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք։ Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ» (Ա.Կր 6.18)։ «Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ։ Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս…» (Ա.Թս 4.3-5)։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ