ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՆՈՒԷՐՆԵՐ ԳՆԵԼԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհի մէջ գրեթէ ամէն երկրէ ներս կը տօնուի Սիրահարներու օրը։ Այս տօնին առթիւ մարդիկ կը գնեն զանազան նուէրներ, իրենց սիրած անձերուն նուիրելու համար։

Այս տարի ամերիկացի սպառողները Ս. Վալընթայնի օրուան առթիւ նուէրներու ձեռքբերման համար ծախսերը աւելցուցած են մինչեւ մրցանշային մակարդակ։

Միագումար ծախսերը անցեալ տարուան բաղդատմամբ աճած են 1.7 տոկոսով եւ հասած՝ 20.1 միլիառ տոլարի։ Ինչպէս կը սպասուէր, Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր բնակիչ այս տարի միջին հաշուով գնած է 151.98 տոլար գումարի նուէրներ։ Աճը բացատրուած է բնակչութեան 1 հոգիի հաշուով եկամուտներու առկայ մակարդակի բարձրացմամբ, ինչ որ ամերիկացիներուն արտօնած է նուէրներու համար քիչ մը աւելի ծախսել, քան անցեալ տարի։

Այս տարի բաժինը այն անձերուն, որոնք ծրագրած են տօնել Սիրահարներու օրը, անցեալ տարուան 53.9 տոկոս մակարդակի համեմատութեամբ բարձրացած է մինչեւ 54.7 տոկոս, վկայած են Մանրածախ առեւտուրի ազգային դաշնակցութեան հարցուփորձի արդիւնքները։ Առաւել զգալիօրէն աճած են ոսկերչական ապրանքներու եւ քաղցրեղէններու ծախսերը՝ համապատասխանաբար 5.4 տոկոսով եւ 3.1 տոկոսով։ Մանրածախ առեւտուրի ազգային դաշնակցութեան տուեալներով՝ Սիրահարներու օրուան առթիւ ամենատարածուած նուէրներն են շաքարեղէնները եւ տուրմերը։ Հարցազրոյցի մասնակիցներու 55 տոկոսը ծրագրած է գնել զանոնք։

Բացի այդ, պահանջարկ վայելած են ռոմանթիք ուղեւորութիւնները, մշակութային միջոցառումներու տոմսերը, գեղեցկագիտական սրահներ այցելութիւնները եւ այլն։ Հարցախուզուողներու 42.3 տոկոսը փափաքած է նուէր ստանալ։ Սակայն նման անակնկալ կազմակերպելու մտադրութիւն ունեցած է Փետրուարի 14-ի այս օրը տօնելիք ամերիկացիներու ընդամէնը 23.7 տոկոսը։ Որովհետեւ ան դարձած է սպառողական շուկայի մեծ շահ ապահովող առիթ, անշուշտ շատեր կը զգան ասիկա…

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018