ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան առաջին հերթին Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Էրտողան եւ Փութին արժեւորեցին Աֆրինի եւ Իտլիպի վերջին իրադարձութիւնները։ Ռուհանիի հետ զրուցելու ընթացքին ալ հանրապետութեան նախագահը շօշափեց Աֆրինի հարցը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան Ռուհանիի հետ զրուցելու ընթացքին մանրամասն կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն շուրջ եւ ընդծգեց ահաբեկչական տարրերու դէմ պայքարի ճանապարհի համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Երկու ղեկավարները Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման առումով անդրադարձան նաեւ Աստանայի գործընթացին եւ Սոչիի համաժողովին։

Էրտողան-Փութին զրոյցին ալ ողնայարը կազմեցին Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցելու զուգահեռ՝ Էրտողան եւ իր ռուս պաշտօնակիցը ընդգծեցին տարածքաշրջանային նիւթերու պարագային անմիջական շփման մէջ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Երկու նախագահները վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շուրջ համագործակցութեան եւ համակարգման մէջ յառաջ ընթանալու առումով։ Իտլիպի մէջ, լարուածութեան նուազեցման գօտիէն ներս դիտարկման նոր կէտեր հաստատելու գործընթացին վերաբերեալ խնդիրներն ալ ուշադրութեան առարկայ դարձան Էրտողանի եւ Փութինի հեռախօսազրոյցին ընթացքին։

Միւս կողմէ, երէկ, Անգարայի մէջ, Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ Նախարարաց խորհուրդի նիստ։ Կառավարութեան բանբերը՝ փոխ-վարչապետ Պեքիր Պոզտաղ ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան տեղեկացուց, որ նիստի ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Պեքիր Պոզտաղ ընդգծեց, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, ըստ որոնց Սուրիոյ ղեկավարութեան ենթակայ զօրքերը մուտք պիտի գործեն Աֆրին։ Այդ լուրերը չեն վերահաստատուած պաշտօնական մարմիններու կողմէ եւ կապ չունին իրականութեան հետ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2018