ԳՈՐԾԻՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾԱԾՈՂԸ

Մարդ, ամբողջ պատմութեան ընթացքին, իր կեանքը դիւրացնելու համար գործիքներ, առարկաներ հնարած է, որոնք իրապէս դիւրատար ըրած են կեանքը։ Եւ դարձեալ մարդ, ժամանակի ընթացքին գործիքները, առարկաները դասաւորած է եւ մանաւանդ բաժնած է երկու գլխաւոր մասերու՝ բարի գործի ծառայող գործիքներ եւ չար գործի ծառայող գործիքներ։ Բայց մարդ երբ այդ դասաւորումը ըրած է, չէ խորհած, թէ բոլոր գործիքները ինք է հնարած, եւ կերպով մը խոստովանած է, որ ինք ինչպէս բարութեան, բայց նոյնպէս ալ չարութեան ծառայած է։

Բայց ընդհանրապէս, քանի որ գործիքները հնարուած են կեանքը դիւրացնելու համար, ապա ուրեմն անոնց բոլորին սկզբնական նպատակը բարի՛ է։ Մարդ կարելի չէ հնարէ գործիք մը՝ որ վնաս պատճառէ, կամ վնաս պատճառելու համար հնարէ, ի՛նչ որ կը նշանակէ, թէ որպէս սկզբունք չկա՛յ որեւէ գործիք, որ չար նպատակով հնարուած ըլլայ։

Նպատակը մի՛շտ բարի է ամէն գործիքի։

Եւ ուրեմն, ասկէ կը հետեւի, թէ ո՛չ թէ գործիքը, այլ գործածողը չարամիտ է, եւ այդ պատճառով իսկ գործիք մը «չարագործ» եւ վնասակար կը համարուի։ Ուստի, որեւէ գործիք զայն գործածողին նկարագրին եւ համոզումներուն համաձայն որակ կը ստանայ։

Արդարեւ, գործիքին եւ զայն գործածողին նկարագրին համեմատութիւնը կամ համաձայնութիւնն է, որ կը նպաստէ նպատակայարմար գործածութեան մը։ Ի՛նչ որ օգտակար եւ բարի գործիք մըն է մէկուն համար, վնասակար եւ չա՛ր կրնայ ըլլալ միւսին համար։ Եւ դարձեալ մէկուն համար կարեւոր եւ լուրջ գործածութեան մը ծառայող գործիք մը, առարկայ մը, ուրիշի մը համար կրնայ աննշան եւ մինչեւ իսկ ծիծաղելի ըլլալ։ Ուրեմն գործիքի մը, որեւէ առարկայի մը տրուած արժէքը յարաբերական է, փոփոխակա՛ն։ Ասիկա ո՛չ միայն ֆիզիքական գործիք եւ առարկաներու համար, այլ բարոյական բարձր արժէքներու համար ալ նո՛յնն է. զոր օրինակ, ի՛նչ որ մէկը հաւատարմութիւն կը դաւանի, ուրիշ մը «անմտութիւն» կրնայ թարգմանել նոյն վիճակը։ Մէկուն համար ճշմարտախօսութիւնը առաքինութիւն է՝ բարձրագոյն գաղափար, ուրիշ մէկուն համար նախապաշարում է, աւելորդապաշտութի՛ւն։ Մէկուն համար նուիրական եւ սրբազան համարուող արժէք մը, կրնայ ուրիշին համար արգե՛լք համարուի յաջողութեան կամ յառաջդիմութեան, եւ նախամեծար սեպուի սուտը եւ խարդախութիւնը՝ որպէս յաջողութեան անհրաժեշտ պայմա՛ն։ Բարոյական արժէքներու յարաբերականութեան օրինակները կարելի է բազմացնել. զոր օրինակ, անպատշաճութիւնը եւ թեթեւաբարոյութիւնը ոմանց համար կրնայ «ընկերային կեանքի պահանջ» նկատուի եւ սովորական համարուի, իսկ բարեպաշտութիւնը, համեստութիւնը՝ ժամանակավրէպ, անտեղի եւ անիմաստ վարմունքներ։ Այլապէս ի՞նչ կարելի է սպասել ընդհանուր մտայնութենէ մը՝ որ «բարի»ն, «օգտակար»ը, «չար»ը, «վնասակար»ը ստոյգ հիմերու վրայ չէ՛ կրցած հաստատել, անոնց տրուած արժէքը չէ՛ կրցած որոշ գիծի մը պահպանել։

Արդարեւ, հոն՝ ո՛ւր չարամտութիւնը ճարպիկութեան եւ հմտութեան հետ կը շփոթուի, այլեւս աւելորդ է խօսիլ բարիին մասին։

Հոս պէտք է շեշտել «ողջամիտ», «պատուաւոր», «պարկեշտ», «պատուախնդիր», «ճշմարտասէր», «ուղղամիտ» բառերը։

Այս բառերուն տրուած արժէքը չափանի՛շ մըն է մարդոց նկարագրին, կեանքի ըմբռնումին եւ կենցաղավարութեան։

Այն որ լուրջ կը նկատէ կեանքը՝ ակնկալութիւն մը, նպատակ մը ունի կեանք կոչուած ընթացքին նկատմամբ, կեանքին իմաստը հաստատ հիմերու վրայ՝ հաւատարմութեան, ողորմութեան եւ արդարութեան վեհ գաղափարներուն վրայ կը տեսնէ, ա՛ն է որ իրեն տրուած առիթները՝ «ֆիզիքական» կամ «բարոյական» գործիք, միջոց եւ առարկաները բարի նպատակներու համար կ՚օգտագործէ։ Եւ ա՛ն է որ գործիքը պատշաճ եւ նպատակայարմար կը գործածէ, կ՚օգտագործէ։ Անոնք որ առաքինութեամբ, բարձր արժէքներու եւ սկզբունքներու՝ արդարութեան, հաւատարմութեան եւ ողորմութեան ճամբաներէն անշեղօրէն՝ հաստատամտութեամբ կը յառաջանան, անգին ծառայութիւն մը կը մատուցանեն իրենց պատկանած ընկերութեան, եւ ինչու չէ՝ համայն մարդկութեան։ Միւս կողմէ ամէն առիթ, ամէն միջոց, ամէն առարկայ շահագործող ծանծաղ, անմիտ, անձնասէր, թեթեւաբարոյ, փոփոխամիտ անձեր իրենց անխորհուրդ նախընտրութեամբ կը չարագործեն «բարի»ն։ Անոնց կասկածելի կենցաղը միշտ վատ օրինակ կ՚ըլլայ մարդոց եւ դժբախտութեան կը մատնուին անոնք՝ որ կը հետեւին անոնց օրինակին։

Արդարեւ մարդ չարամիտ եւ չարագործ կրնայ ըլլալ, բայց անոր չարամտութիւնը եւ չարագործութիւնը կը բազմապատկուի երբ իր չար օրինակով ուրիշներու ալ չարագործ ըլլալուն պատճառ կ՚ըլլայ։

Այս մասին է որ Յիսուս կ՚ըսէ.

«Վա՜յ աշխարհին, քանի որ գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայմա՛ն պիտի պատահին, բայց վա՛յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան…», (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։

Չար օրինակ եղողներ, ուրիշներու կեանքը կը խաթարեն, յուսախաբ եւ հիասթափ ընելով իրենց իմաստութեան, նկարագրին եւ վարքին մասին, եւ այսպէս կորսնցնելով անոնց յարգանքը եւ սէրը, վստահութիւնը, եւ ապա իրենց ծուռ եւ վտանգաւոր շաւիղներուն հաւատարի՛մ հետեւորդներ ընելով, եւ շեղեցնելով իրենց կեանքին էակա՛ն նպատակը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 11, 2018, Իսթանպուլ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2018