ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայ­սրու­թեան մէջ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Հե­տա­զօ­տու­թեան 100 տա­րի» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը շա­բա­թա­վեր­ջին եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի մեծ դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած նիս­տով։ Հա­մա­պար­փակ վեր­լու­ծու­մի մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ գի­տա­ժո­ղո­վի եզ­րա­փա­կիչ նիս­տը, զոր վա­րեց քա­ղա­քա­գէտ ու լրագ­րող Կայծ Մի­նա­սեան։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­մա­բան­ներ՝ Ռայ­մոն Գէո­րգեան, Թա­նէր Աք­չամ, Է­րիք-Եան Զիւր­քէր, Ռի­չըրտ Յով­հան­նէ­սեան, ինչ­պէս նաեւ ի­րա­ւա­պաշտ­պան Նի­քո­լա Քում­ճեան եւ հրա­տա­րա­կիչ Ռա­կըփ Զա­րա­քո­լու։

Մինչ Ռայ­մոն Գէոր­գեան հան­դէս ե­կաւ գի­տա­ժո­ղո­վի ամ­փո­փու­մով, Թա­նէր Աք­չամ կանգ ա­ռաւ 1915-ի եւ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռին վրայ։ Է­րիք-Եան Զիւր­քէր թրքա­կան ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան եւ թու­րա­նա­կա­նու­թեան շուրջ խօ­սե­ցաւ, իսկ Ռի­չըրտ Յով­հան­նէ­սեա­նի նիւթն էր՝ «Ար­դի ժխտո­ղա­կա­նու­թիւնն ու ա­նոր պաշտ­պան­նե­րը»։ Նի­քո­լա Քում­ճեան խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­րաւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տե­սան­կիւ­նով պայ­մա­նա­ւո­րուած հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Իր կար­գին Ռա­կըփ Զա­րա­քո­լուն ալ փո­խան­ցեց փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը՝ «Թուր­քիոյ մէջ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին հե­տա­զօ­տու­թիւն հրա­տա­րա­կե­լու» կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Եզ­րա­փա­կիչ նիս­տէն ա­ռաջ, գի­տա­ժո­ղո­վի վեր­ջին օ­րուան ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէր նաեւ ե­րեք նիս­տեր։ «Յի­շո­ղու­թիւն, փո­խան­ցում, պատ­մու­թիւն, ժխտում» խո­րագ­րեալ նիս­տը վա­րեց Ան­րի Ռու­սօ։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Մարկ Նշա­նեան, Այ­շէ Կիւլ Ալ­թը­նայ, Ալ­պան Փերէն, Պիւշ­րա Էր­սան­լը եւ Հի­րա Քայ­նար։ Որ­պէս վի­ճար­կող գի­տա­կան նիս­տին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ պատ­մա­բան Քլոտ Մու­թա­ֆեան։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2015