ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ (Ա.)

Խօսիլ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ շարականներու մասին, կը նշանակէ խօսիլ հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման մասին, հայ հոգեւոր ապրումին մասին, աւելին՝ կը նշանակէ խօսիլ մեր նախահայրերու կեանքին ու Քրիստոսի սիրոյն նահատակուելուն մասին, անոնց ապրած ու զգացած յոյզերուն ու հաւատքին մասին։

Ա) Ի՞ՆՉ Է ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Երաժշտութիւնը մարդու հոգիին ու սրտին զգացման արձագանգն ու զեղումն է, որուն ծնունդը, սկիզբը կ՚երկարի մինչեւ մարդկութեան ծագումը։ Մարդը, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան երաժշտական ազդեցութեան ենթակայ է եղած։ Այսպէս, օրօրոցին մէջ երաժշտութեամբ կը ննջէ, ուրախութեան ժամանակ՝ անո՛վ կը զուարճանայ, տխրութեան ժամանակ՝ անով կը սփոփուի, մահուան քունի ժամանակ՝ անոր տխուր մրմունջներով երկինք կ՚առաջնորդուի…։ Երգն ու երաժշտութիւնը թէ՛ եկեղեցական-կրօնական պաշտամունքի, թէ՛ ընկերային հաւաքոյթներու կամ տօնախմբութեանց «զարդ»ը եղած են։ Եւ այս ո՛չ միայն կը տեսնենք մեր մարդկային կեանքին մէջ, այլ նոյնիսկ ոգեղէն աշխարհին՝ հրեշտականերուն մօտ, որոնք մնայուն օրհնութեամբ եւ «ալէլուիա»ներով կը փառաւորեն Փառաց Տէրը։

Իւրաքանչիւր ազգ ստեղծած է իրե՛ն յատուկ երաժշտութիւնը, որովհետեւ, երաժշտութիւնը ըլլալով հոգիի զեղումը եւ սրտի զգացման արձագանգը, իւրաքանչիւր ազգ իր հոգեվիճակին մէջ՝ ուրախ թէ տխուր, ստեղծած է իրե՛ն յատուկ երաժշտութիւնը։ Այնպէս որ, ազգ մը որ կիրթ ճաշակ, փափուկ զգացում եւ վառ երեւակայութիւն ունեցած է, նոյնչափ ալ բարձրաճաշակ ու գեղեցիկ երաժշտութիւն ունեցած է։ Եւ ճիշդ հակառակը՝ ազգ մը, որ մեղկ ու թոյլ, անզգայ ու կոշտ եղած է, այնքան անդաշնակ ու խեղճ երաժշտութիւն է ունեցած։ Հետեւաբար, եզրակացնելով կրնանք ըսել, որ երաժշտութիւնը ազգի մը հոգիին ու զգացումներուն հայելին ու պատկերն է։

Հայ երաժշտութիւնը ճիշդ է, որ անցեալին ունեցած է իր աշխարհիկ, ժողովրդական ժանրը, ինչպիսիք էին օրինակ Գողթն գաւառի երգերը, որոնցմէ դժբախտաբար պատառիկներ հասած են մեզի, սակայն Եկեղեցիէն դուրս մեր ազգային եղանակները դժբախտաբար կորսուած են։ Բայց միւս կողմէ, մանաւանդ հայոց քրիստոնէացումէն ետք, երբ ունեցանք անկախ Եկեղեցի ու սեփական գիր-գրականութիւն, մեր երա-ժըշտութիւնը զարգացաւ եկեղեցական շարականին մէջ, ուր կը գտնենք բաւական ճոխ եղանակներու փունջ մը, որոնք թէպէտ արեւելեան եղանակի մէկ ճիւղը կը կազմեն, բայց իրենց դարձուածքներով, վերջաւորութեամբ եւ այլ յատկութիւններով յատուկ են հայերու։

Եղիա Մ. Տնտեսեան երաժշտութեան մասին հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ. «Մարդուս հոգիին ու սրտին վրայ երաժշտութեան ըրած ներգործութիւնը, թէ՛ ըստ եղանակին, եւ թէ՛ առաւելապէս ըստ իմաստի երգին եւ զգացման երգողին, երկու տեսակի կը բաժնուի։ Առաջին՝ պարզ ու վսեմ, որ մարդուս սիրտը կը կրթէ եւ կ՚ազնուացնէ, եւ այս նպատակին միայն պէտք է ծառայէ նաեւ եկեղեցական երաժշտութիւնը, ինչպէս կը սահմանէ ե՛ւ Լամբրոնացին. «Եղանակաց վայելուչ քաղցրութեամբ, երաժշտական նուագաց ազդերումբ, հեշտալուր երգերով հեռացնել լսողներուն մտքէն սատանայական խորհրդոց արկածները, մարմնական զբաղմանց յիշատակները։ Քանզի կ՚ըսէ Լամբրոնացին,- «Չկայ բան մը, որ երգերու ձայնին չափ կարող ըլլայ յեղաշրջել մեր կամքը յուրախութիւն կամ ի տրտմութիւն, երբ պէտք եղածին պէս ըլլայ, եւ Եկեղեցին անո՛ր համար ընդունած է երաժշտութիւնը։ Այսպիսի երգերու հնչումները ունին զօրութիւն, որ կրնան ընդոստ արթնցնել ու մաքրել-պատրաստել մեր միտքը առ բարձրագոյն տեսութիւնս, առ ի տենչումն շնորհին, եւ յափշտակեալ զբաղեցուցանել յաստուածայինս». (տե՛ս մանրամասն Լամբր. Մեկն. Պատրգի, տպ.՝ Յերուսաղէմ, Էջ 33. 157, 159)»։ Երկրորդ՝ թոյլ եւ մեղկ, որ կա՛մ կը մեղկացնէ մարդս եւ կա՛մ բարքը մոլեգին կ՚ընէ, ինչպէս կը նկարագրէ Ֆենելոն. «Եբարձ մենտոր եւ զերաժշտութիւն թոյլ եւ մեղկ, որ ապականէրն զմանկտին, ըստ նմին օրինակի եւ զսպանդարմետական նուագան արգել խստիւ, որ ոչինչ անընդհատ ի գինւոյ արբեցուցանէ եւ լիրբ եւ մոլեգին զբարս գործէ. եւ ամփոփեաց զերաժշտութիւնն ի մեհեանս եւ ի տօնախմբութիւնս դից եւ դիւցազանց, որք չքնաղ առաքինութեանց կածին օրինակք» (Տնտեսեան Եղիա Մ., Նկարագիր Երգոց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, Կ. Պոլիս, 1933, էջ 44)։

Բ) ՇԱՐԱԿԱՆ ԲԱՌԻ ԾԱԳՈՒՄԸ

Շարական բառը փորձած են զանազան ձեւերով բացատրել՝ պարսկերէն կամ ասորերէն բառերէն, սակայն ընդունուած կարծիքը այն է, թէ շարական բառը հայերէնով կազմուած բառ է՝ «շար» արմատով եւ «ական» վերջածանցով, որ պարզապէս շարք, երգերու շարք կը նշանակէ։ Պէտք է յիշել, որ ԺԲ. դարէն առաջ շարական բառը չէ գործածուած մեր մէջ, այլ ԺԲ. դարէն ետքն է, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը գործածած է զայն։ Ոմանք փորձած են ստուգաբանել շարական բառը եւ այն որոշումին յանգած են, թէ ան ծագում առած է «շէր» կամ «շայիր» բառերէն, որ կը նշանակէ բանաստեղծութիւն կամ երգ։ Մանուկ Աբեղեան իր կարգին ենթադրութիւն մը կը կատարէ. «Այս բառը (շարականը) իր կազմութեամբ այնպիսին է, որ կարող է նաեւ հաւաքական նշանակութեամբ իբրեւ յոգնակի գործածուիլ, ինչպէս, օրինակ, նոյն կազմութիւնն ունեցող «գեղական», «բազմական» եւ այլ բառերը։ Այս պատճառով «շարական» բառը նշանակում է ոչ միայն նոյն շարքին պատկանող մի հատ երգը, այլեւ յաճախ հաւաքական նշանակութեամբ՝ շարականներու ժողովածու, շարականոց…» (Աբեղեան Մ., Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն, Ա. Հատոր, Անթիլիաս, 2004, էջ 512)։ 

Ըստ «Մալխասեանց» բառարանին, շարական կը նշանակէ «եկեղեցական երգերու շարք, որ կ՚երգուին եկեղեցւոյ մէջ ըստ աւուր պատշաճի, նաեւ կը կոչուի կանոն» (Մալխասեանց Ս., Հայերէն Բացատրական Բառարան, Գ. Հատոր, Պէյրութ, 1983, էջ 504)։ Իսկ ըստ «Աճառեան» բառարանին՝ շարական կը նշանակէ «եկեղեցական երգ, երգերու հաւաքածոյ, երգարան…։ Շարական բառը կազմուած է հայերէն շար(ք) բառէն եւ անոր աւելցուած է «ական» մասնիկը։ Շարական բառը  չի կրնար արաբերէն  «Շաըր»  բառէն յառաջ եկած ըլլալ, եւ երկրորդ՝ կրօնական բառ մը չի կրնար յառաջ եկած ըլլալ արաբերէն բառէ մը, այլ ընդհակառակը շարական բառը ասորերէն «սահրա» (հսկում, նաեւ հսկման երգ) յառաջ եկած է» (Աճառեան Հ., Հայերէն Արմատական Բառարան, Գ. Հատոր, Երեւան, 1977, էջ 501-502)։

Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան շատ գեղեցիկ ձեւով հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ հայ շարական բառին ծագման մասին. «Ոմանք,- կ՚ըսէ,- արաբերէն «Շաըր» (երգ, քերթուած) բառէն կ՚ածանցեն զայն, բայց այդ պարագային՝ բառին ձեւը շիրական պէտք էր ըլլար եւ ոչ թէ շարական։ Ոմանք ալ հայեցի ձեւ մը կ՚ուզեն տալ բառին մեկնելով զայն իբրեւ շար ականց, որմէ եւ գիրքն ալ շարակնոց կոչուած. եւ կամ շար, շարել հայերէն բառերը՝ արձակ ոճով գրուածներ շարադրել հասկնալով։ Կան նաեւ ուրիշներ, որ աւելի բացառիկ ծագում մը կ՚ենթադրեն շարականը մերձեցնելով «սարակինոս» անունին, զոր լատինները կու տային միջին դարու արաբներուն՝ արեւելցի նշանակութեամբ, եւ «շարգի» (արեւելեան երգ) բառն ալ նոյնին մէկ ծանօթ ձեւը նկատելով։ Այս բախտացի ստուգաբանութիւններէն թերեւս հաւանագոյնը համարուի շիրէն (հայերէն շէր) կամ աւելի ճիշդ նոյն բառին «շաէր» քերթող ձեւէն ածանցումը, որով շարականը, «քերթողական» գրուածներու նշանակութիւնը կրնայ արդարացնել» (Դուրեան Ե. Արք., Պատմութիւն Հայ Մատենագրութեան, Երուսաղէմ, 1933, էջ 51)։  

Գ) ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄԸ

Ի՞նչ կը հասկնանք շարական ըսելով. երեք բան։

- Եկեղեցական կամ հոգեւոր երգ, բանաստեղծութիւն,

- Երգերու շարք,

- Գիրք, հոգեւոր երգերու ժողովածու՝ Շարականոց։

Բոլոր պատմագիրներու եւ ուսումնասէրներու կարծիքը մեծաւ մասամբ այն է, թէ շարականները սկսած են Ե. դարէն մինչեւ ԺԲ. դարու սկիզբները, կոչուած են հոգեւոր երգ, ապա ԺԲ. դարէն ետք սկսած են կոչուիլ՝ շարական։

Այստեղ հարկ կը սեպենք կարգ մը նշանաւոր հեղինակներու շարականներու ծագման մասին կատարած բացատրութիւններն ու վկայութիւնները յիշել.

Դուրեան Պատրիարքը կ՚ըսէ. «Շարականներու սկզբնաւորումը թերեւս Զ. դարու համար նուազ տարակուսական դառնայ պատմական վկայութեան մը համաձայն, որ սակայն շա՜տ ուշ յիշատակուած ըլլալով մեր պատմիչներէն, կեղակարծ կը մնայ դարձեալ» (Պատմութիւն Հայ Մատենագրութեան, անդ՝ էջ 46)։

Յարութիւն Մկրտիչեան հետեւեալը կ՚ըսէ. «Այսօր գործածութեան մէջ եղող Ե. դարուն գրուած շարականներու թիւը շատ ցանցառ է, անորոշ է, գրեթէ չկայ։ Եթէ Ե. դարը բաղդատենք յետագայ դարերուն գրուած շարականներու հետ - այսօրուան համար - շատ ամուլ պիտի գտնենք» («Լոյս»՝ Եկեղեցագիտական Շաբաթաթերթ, Ա. Հատոր (1905), Անթիլիաս, 1987, էջ 987)։ Այլ յօդուածի մը մէջ ան դարձեալ կը բնորոշէ ըսելով. «Յայտնի իրողութիւն մըն է, թէ հայերէն գիրերու գիւտէն առաջ չենք ունեցած շարականններ եւ հետեւաբար Հայ Եկեղեցին իր առաջին օրերուն մէջ շատ պարզ եղած է։ Անկարելի է գիտնալ նաեւ՝ թէ Եկեղեցին իր առաջին օրերուն մէջ ինչպիսի ժամակարգութեան կը հետեւէր։ Հայ Եկեղեցին Լուսաւորչի օրով միայն ստացաւ ինքնուրոյն կերպարան մը, եւ հետեւաբար, Լուսաւորչէ կը սկսի ժամասացութիւնը, որ միայն սաղմոսերգութիւն պէտք է եղած ըլլայ» («Լոյս»՝ Եկեղեցագիտական Շաբաթաթերթ, Բ. Հատոր (1906), Անթիլիաս, 1987, էջ 396)։

Մանուկ Աբեղեան կ՚ըսէ. «Մեր հոգեւոր երգի սկիզբը 5-րդ դարում դնելով հանդերձ՝ անհաւանական է կարծել, թէ այդ դարում մեծ օրհներգութիւններ գրուած լինեն…» (Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն, անդ՝ էջ 504)։

Գ. Յակոբեան իր ուսումնասիրութեան մէջ հետեւեալ որոշումին յանգած է, որուն մէջ կը հաստատէ. «Գիրերու գիւտէն եւ մեր ազգային գրականութեան հիմը դրուելէն ետք, Հայ Եկեղեցւոյ ժամակարգութեան մէջ ընդունուած ու երգուող սաղմոսները աստիճանաբար փոխարինուեցան, նոր, փոքրիկ, ազգային հոգեւոր երգերով…» (Յակոբեան Գ., Ներսէս Շնորհալի,  Երեւան, 1964, էջ 99)։

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր վարդապետական թեզին մէջ շարականներու մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Հարկ է ընդունիլ որ հայ եկեղեցական երգը կամ շարականը, իր սկիզբը կ՚առնէ Ե. դարուն, հայ դպրութեան սկզբնաւորման շրջանին, որովհետեւ բնական ու նոյնիսկ անհրաժեշտ տարր մըն էր դարձած ան այլեւս եկեղեցւոյ պաշտամունքին մէջ…» (Սարգիսեան Գ. Ա. Կաթողիկոս, Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, Գանատա, 2003, էջ 60)։

6) Հայր Գաբրիէլ Աւետիքեան իր հսկայածաւալ գրքի յառաջաբանին մէջ հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ շարականներու ծագումը. «Եկեղեցական բարեկարգութիւնք որպէս յայլ ազգս քրիստոնէից, նոյնպէս ի մերում ազգի առաւելապէս պայծառացան ի չորրորդ եւ ի հինգերորդ դարուն. ըստ նմին եւ երաժշտական երգոց սկիզբն եղեւ ի նոյն ժամանակս աշխատասիրութեամբ նոցին իսկ վարդապետաց, որ պաշտամունս Եկեղեղցւոյ բարեզարդեցին, այս ինքն է Սրբոյն Սահակայ Պարթեւի եւ Սրբոյն Մեսրոպայ, եւ ընտրելոց աշակերտաց նոցին» (Աւետիքեան Հ. Գ., Բացատրութիւն Շարականաց, Վենետիկ, 1814, էջ 6)։

Երբ քրիստոնէութիւնը տակաւին նոր մուտք գործած էր ի Հայաստան աշխարհ, հայ անհատը ամբողջովին ծանօթ չէր Ս. Գրքին եւ նոր կրօնքին։ Սա կը նշանակէր, թէ ան ամբողջականօրէն քրիստոնեայ չէր դարձած, այլ տակաւին իր նախկին հեթանոս կրօնքին յարած կը մնար։ Այդ ժամանակ, արդեօք ո՞վ պիտի առաջնորդէր հայ ժողովուրդը հեթանոսութենէն դէպի Ճշմարիտն եւ Արդարը։ Որո՞նք պիտի փոխարինէին հայ քուրմերը։ Որո՞նք քրիստոնէական առաջին հունտերը պիտի սերմանէին եւ Քրիստոսն ու քրիստոնէութիւնը ճանաչելի պիտի դարձնէին նոր անուանապէս քրիստոնէացած ժողովուրդին։ Վստահաբար վերոյիշեալ պարտականութիւնները հայ եկեղեցականը պիտի ստանձնէր եւ զանազան ճամբաներով քրիստոնէութիւնը աւելի եւս պիտի մօտեցնէր հայ քրիստոնեային։ Նիկոլ Աղբալեան շատ գեղեցկօրէն կը ներկայացնէ այս երեւոյթը՝ ըսելով. «Լաւապէս պայքարելու համար հին կենցաղի եւ մտայնութեան դէմ, հայոց հոգեւոր դասը դիմած էր նաեւ հոգեւոր երգի գործակցութեան, որով կը ձգտէր եւ նոր գաղափարներու եւ նոր զգացումներու վարժեցնել իր հօտը» (Աղբալեան Նիկոլ, Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան, Պէյրութ, 1970, էջ 415)։ Իսկ Մանուկ Աբեղեան շեշտակիօրէն կը վկայէ՝ ըսելով. «Հոգեւոր երգն էլ, սակայն, վերջին հաշուով նոյն մաքառման միջոցներից մէկն էր։ Նա ժողովուրդի մէջ զօրացնում էր քրիստոնէութիւնը՝ ոչ հաւատացող այլազգների հանդէպ» (Հայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն, անդ՝ էջ 501)։

Սկզբնական շրջանին, ինչպէս Աւետարանը ինք կը վկայէ, թէ առաջին եկեղեցին՝ քրիստոնեաները իրենց պաշատմունքը սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով կը կատարէին (Հմմտ. Եփ 5.19)։ Նոյնպէս ալ, երբ քրիստոնէութիւնը նոր սկսած օր տարածուիլ Հայաստանի մէջ, նոր հաւատացեալները Դաւիթ Մարգարէի սաղմոսներները կ՚ընթերցէին, մարգարէական փառաբանական օրհներգութիւններէն ընթերցումներ կը կատարէին, ինչպէս նաեւ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Ս. Գիրքէն որոշ բառեր կամ խօսքեր ցնծութեամբ երգելով՝ «Ալէլուիա, ամէն, շնորհեա Տէր, Յիսուս Քրիստոս Տէ՛ր մեր, կեցո՛ Տէ՛ր, կեցո՛ եւ ողորմեա, Տէ՛ր ողորմեա՛, քեզ Տեառնդ յանձն եղիցուք, առաջի քո Տէր…»։

Սակայն Եկեղեցին չէր կրնար իր միօրինակ պաշտամունքին վրայ մնալ, այս իսկ պատճառաւ սկսան տարբեր մարդոց կողմէ երգեր յօրինուիլ, բայց այդ հոգեւոր երգերը կ՚երգուէին Սաղմոսներէ ետք։ «Այս երգերը սկզբնական շրջանին կը կոչուէին կցորդ, որովհետեւ կ՚երգուէին սաղմոսներէն անմիջապէս յետոյ՝ որպէս սաղմոսներուն կցուած մէկ մասը։ Ահա այդ կցորդ կոչուած երգերու հիմքի վրայ է, որ յառաջացան ու զարգացան մեր հոգեւոր երգերը» (Ներսէս Շնորհալի, անդ՝ էջ 99)։ Կցորդները ընդհանրապէս փոքրածաւալ, 3 կամ 4 տուներէ բաղակացած պարզ երգեր էին, որոնք «սաղմոսներէն առնուած տուներու նոր խմբաւորում եւ նոր դասաւորութիւն են։ Այլ խօսքով՝ կցորդները մանր փոփոխութեամբ եւ մեկնաբանական յարմարացումով Եկեղեցւոյ գաղափարին պատշաճեցուած երգեր են» (Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան, անդ՝ էջ 417)։

Կցորդները անկախ երգեր չեն եղած, այլ Ս. Գրքի երգերու մէկ յարասութիւնն էին՝ զանազան օրհներգութեանց կցուած։ Սկզբնական շրջանին աղօթող հաւատացեալը երկիւղածութեամբ մօտեցած է Ս. Գրքի բնագրին՝ իր կողմէ ոչ մէկ բառ աւելցնելով սաղմոսի բնագրին մէջ, բաւականացած է միայն տուներու մէջ ընտրութիւն կատարել, եւ ընտրած է այնպիսի տուներ կամ այնպիսի հատուածներ, որոնց բովանդակութիւնը յարմարած է օրուան խորհուրդին կամ տօնին հետ։ Օրինակ, Ապաշխարութեան ԱՁ երեկոյեան «համբարձի»ն այսպէս է.

- «Ինձ օգնութիւն ի Տեառնէ Աստուծոյ Իսրայէլի եկեսցէ.

- Եւ որ պահեն զԻսրայէլ աջովն իւրով. ինձ օգնութիւն ի Տեառնէ Աստուծոյ Իսրայէլի եկեսցէ.

- Զի նա է տէր տէրանց եւ Աստուած յաւիտենից. ինձ օգնութիւն ի Տեառնէ Աստուծոյ Իսրայէլի եկեսցէ»։

Այս երգը պարզապէս վերախմբագրութիւն, յարասութիւնն է «Համբարձի զաչս իմ ի լերինս, ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն։ Օգնութիւն ինձ ի Տեառնէ եկեսցէ» սաղմոսին։ Մեր շարականներուն մէջ նմանօրինակ յարասութիւններու շատ կը հանդիպինք։

Նշենք, թէ նախքան հոգեւոր երգեր յօրինուիլը, հոգեւոր երգը «նախ օգտագործուեցաւ առաջին անգամ աղանդաւորներու կողմէ իբր միջոց իրենց վարդապետութեան արագ եւ լայն տարածումին» (Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութիւնը Ըստ Հայ Շարականներու, անդ՝ էջ 57)։ Առաջին անգամ այս մէկը գործադրեց Բարդածանը (Գնոստիկեան մեծ եւ հռչակաւոր աղանդաւոր), որ յօրինած էր աւելի քան 150 երգեր, զորս կ՚օգտագործէր իր գաղափարներն ու սխալ եւ յոռի ուսուցումները տարածման համար։ Իրեն ժամանակակից Մեծն Ս. Եփրեմ Ասորի իր այս ոչ ուղղափառ ուսուցումներուն հակազդելու համար, նոյնինքն Բարդածանի յօրինած եղանակներով կը յօրինէ այլ հոգեւոր երգեր, որոնք թարգմանուած ու ներմուծուած են Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ «Շարականոց»ին մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2018