ՎԱՐԴԱԳՈՅՆԻՆ ԵՏԻՆ
-Աղջի՛կ ճան, էդ երեխու ձէնը կտրի, էլի՛:
«Աղջի՛կ ճան»ը «Սատկելի՛ք»ի պէս կը հնչէ, մանաւանդ երբ այս վանկերը կը լսես առտուան ժամը ութին, վարձած տանդ կողքի բնակիչներէն: Խօսողը, այլ՝ դժգոհողը, տան հարսին կեսուրն է, աս ալ իմացած եմ ամէնօրեայ իրենց բարձրաձայն զրոյցները ակամայ ունկնդրելով, տանդ մէջ կը բնակին կարծես, ամէն ինչի մասին կը տեղեկանաս: Ձմեռը ինչ լաւ էր այս առումով, գոնէ դուռ ու պատուհան կը գոցուէր, ու բան լսելու պարտաւոր չէիր ըլլար: Ինչ որ է, ելլեմ, արդէն ամբողջ գիշերը անհանգիստ քնացած եմ, ժամը մէյ մը կ՚արթննայի սարսափելի երազներու ազդեցութենէն, բարին կատարուի...:
-Միլէ՛ն, արի բալէս:
Հարսն է, որ կը կանչէ իր դստրիկը: Է՛հ, ե՞րբ Միլէնը հայու անուն եղած է: Ամուսինը Ռուսաստան մեկնած է, ինչպէս գրեթէ բոլոր նոր ընտանիքներուն հայրերը: Մանուկը հասակ կ՚առնէ առանց հօր խնամքին, դաստիարակութեան, սիրոյն, գուրգուրանքին, գիրկընդխառնումին, որոնք շատ էական են անոր առողջ աճման համար: Բայց ի՞նչ ընէ մարդը, ընտանիք պահելը դիւրին չէ, մանաւանդ այս երկրին մէջ, սիրեր է մէյ մը ու սիրոյ պտուղն ալ շուտով աշխարհ բերեր, միայն թէ գացած տեղը սէրը չբորբոքի ու նոր պտուղներ աշխարհ չգան:
Օդը անուշ է, իջնեմ գնումներս ընեմ, մաքուր օդն ալ շնչեմ ու մաքրեմ այս մտածումները ներսէս: Կանաչեղէնի խանութներուն կողքէն կ՚անցնիմ, գետնախնձորի պէտք ունիմ, քիչ մըն ալ՝ թարմ կանաչիներու: Մենք ծննդավայրը գետնախնձորին բաթաթէս կ՚ըսէինք արաբերէնի ազդեցութեամբ, հոս եթէ բաթաթէս խնդրեմ՝ «արի, քեզ մի լաւ փաթաթեմ», ըսէ թերեւս վաճառողը:
Քայլերս կը յառաջանան առանց համամտութեանս, կ՚առաջնորդեն զիս, դէպի ո՞ւր: Կ՚անցնիմ նեղլիկ փողոցներէ, օձապտոյտ արահետներէ. ահա շքեղ առանձնատուն մը, ով գիտէ որո՞ւ կը պատկանի, բայց շուրջի բնակավայրերը շատ ողորմելի վիճակ ունին, ճահիճին մէջէն ծաղիկի մը պէս գլուխը ցցած է շքեղ ապարանքը: Հասայ «Յաղթանակի այգի», «Մայր Հայաստան»ի արձանին կողմէն: Զոյգեր՝ երիտասարդ, պատանի, միջին տարիքի, եկած կ՚ըմբոշխնեն կլիման, սիրուտուք մըն ալ կը դրոշմեն իրենց անցած այս ուղիին վրայ: Գունեղ կարուսելն ու խաղալիքները կ՚երեւին ծառերուն մերկ ու չոր ճիւղերուն ընդմէջէն: Լիճը խոր քունի մէջ է տակաւին, կղզեակը բարձի պէս գիրկը առած. շուրջի ճաշարանները փակ են, ծառերը տխուր, սգոյ սրահի մէջ կանգնածներու նման կողք կողքի շարուած են, կը թաղեն ձմեռը: Ամիս մը ետք հոս դրախտային գեղեցկութիւն մը կը սփռուի, ծառերու ճիւղերուն կանաչութեամբ, նոր ու թարմ ծնունդով: Կեանքն ալ այդպէս չէ՞ միթէ, նոր ծնունդներով կը քաղցրանայ ու մահերով կը տժգունի:
Պարսիկ, հնդիկ, նոյնիսկ քիւրտ երիտասարդ ուսանողներ կ՚երեւին այգիին մէջ: Կը յիշեմ նախորդ վարձակալած տունս, որուն վարձուորները քիւրտ երիտասարդ ուսանողներ են հիմա, սորանի քիւրտեր, Իրաք-Պարսկաստանի սահմանաբնակ քիւրտերէն, հայրս պատմած էր անոնց մասին, երբ շինարարական աշխատանքի մը համար Իրաք կը գտնուէր 1980-ականներուն, հաղորդակցած էր անոնց հետ, սորված լեզուն:
Երբ նախորդ վարձակալած տանս մէջ էինք, հայրս ու մայրս ալ քովս էին, հայրս որքան ուրախացաւ երբ քիւրտերը տեսաւ, որոնք եկած էին տեսնելու բնակարանը, խօսեցաւ անոնց հետ իրենց լեզուով, աչքերը փայլեցան մարդուն, երիտասարդացաւ ալ անոնց հետ, սակայն իսկոյն թախիծ մը պատեց զայն, երբ նկատեց տանտիրոջ գեղեցիկ աղջկան անոնց հետ հաղորդակցիլը, աղջիկը քիչ մը պարսկերէն իմանալուն համար անոնց հետ պայմանագիր ստորագրեց ու իր հեռաձայնի թիւը փոխանցեց անոնց: Եկուր ալ հօրս հասկցուր, որ ասիկա պիզնէս է, ինչ ընեն մարդիկը եթէ լեզու չեն գիտեր, լաւ որ աղջիկը գիտէ, հակառակ պարագային յաջող պիզնէս մը պիտի չըլլար: Արեւելքցի ու տարիքը առած մարդու մը համար դժուար է հասկնալը, մանաւանդ երբ կը տեսնէ քիւրտ երիտասարդներուն փայլուն ու սեւեռուն աչքերը ուղղուած գեղուհիին՝ հայուն:
Մարդը որքա՜ն կը վրդովէր. ամէն անգամ, որ այգիէն գար կը լսէինք իր գանգատները՝ «Երիտասարդներ, չեն ամչնար եկեր ինձմէ ծխախոտ ու օղի գնելու համար դրամ կը մուրան...», կ՚ըսէր: Օր մըն ալ եկաւ վրան-գլուխը փոշեծածկ, ու՝ «Խեղճ ու տարեց հաւաքարար կնոջ մը օգնեցի, աւելը ձեռքէն առի ու լաւ մը իր գործը կատարեցի, այսօր հանգիստ ըրաւ գոնէ», ըսաւ գոհունակութեամբ: Սակայն մարդը չդիմացաւ իր իմացածին ու տեսածին հակադրութիւններուն ու վերադարձաւ ծննդավայր:
Կը վերադառնամ Ազատութեան պողոտայէն: Լայն պողոտաներուն վրայ տալան կոչուածները կան, որոնք կը նմանին մուկերու բոյներուն, յանկարծ չփորձուիս ծակէ մը մտնել, կը քալես, կը քալես, կը յոգնիս, կը տքնիս մինչեւ այլ ծակ մը գտնես, կ՚ելլես ու չես գիտեր ո՞ր պողոտան դէմդ կ՚ելլէ: Պողոտաներուն գեղեցիկ շէնքերուն ետին գոյացող այս տարածութեանց մէջ յաճախ կը հանդիպիս փլատակ տուներու, հին, շատ հին շէնքերու, որոնց կողքէն անցնելով աղբին զգլխիչ բոյրը կը մխրճուի ռունգերուդ: Կան նաեւ գողտրիկ այգիներ, ուրկէ կու գան շատ ուրախ ու հրճուալից ճիչեր, սիրահար զոյգերու սէրերէն արձակուած, անոնք եւս Միլէնին հօրն ու մօրը նման կը սիրեն զիրար: Միայարկ թիթեղածածկ տուներ ալ կը նշմարուին, ուրկէ եւս կը լսուին առտուան զիս արթնցնող հնչիւններուն նմանակները: Անկանոն կառոյցներ կը թուին բոլորը, ոչ մէկը միւսին կը նմանի: Որքան աշխատանք պէտք է այս քաղաքին նորի տեսք հաղորդելու:
Երեւա՜ն, Երեւա՜ն, «վարդագո՛յն քաղաք»: Քարերուն գոյնէն առած այս կոչումին ետին ինչ թաքուն գոյներ կան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ