ՅԱՅՏՆԻ ԼՐԱԳՐՈՂ ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «Գերմանական Կվինտետ» անուն գիրքը, որու հեղինակն է յայտնի քաղաքական մեկնաբան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեան։ Լրագրող ըլլալու առընթեր, հեղինակը միեւնոյն ժամանակ երաժշտագէտ է եւ արուեստագիտութեան թեկնածու։ Գիրքին մէջ ան կ՚անդրադառնայ 19-րդ դարու գերմանական մշակոյթը ներկայացնող հինգ մեծանուն երգահաններու՝ Պեթոհովենի, Շուպերթի, Շումանի, Պրամսի եւ Պրուքների կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն։ Հեղինակը այս գործը նուիրած է խմբավար Դաւիթ Խանճեանի յիշատակին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախընթաց օր այս գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ։ Հինգ մասէ բաղկացած է գիրքը եւ այդ մասերէն իւրաքանչիւրը նուիրուած՝ յիշեալ ժամանակաշրջանի երաժշտական մեծութեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին Արամ Աբրահամեան ըսաւ. «Աշխատանքը այնուամենայնիւ, մեծաւ մասամբ լրագրական էր։ Ի՞նչ է լրագրութիւնը։ Հետաքրքրական պատմութիւն մը պատմելու արուեստն է։ Հետաքրքրական ձեւով կարելի է պատմել ամէն ինչի մասին՝ օրկանական քիմիայի, քուանթումի ֆիզիքի եւ այլն։ Ես հինգ տարի երաժշտութիւն ուսումնասիրած եմ Խորհրդային Միութեան լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն՝ Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցին մէջ։ «Սենֆոնիք փարթիթիւրներու ընթերցում» առարկան կը դասաւանդէր Դաւիթ Խանճեան, որուն նուիրուած է այս գիրքը։ Երբ դուն պարզապէս կը լսես, տարբեր բան մըն է, իսկ բոլորովին տարբեր բան մըն է, երբ դուն կը պատկերացնես ամբողջ փարթիթիւրը։ Սա մեծ երջանկութիւն էր, զոր ինծի պարգեւած է այդ հրաշալի խմբավարը», ըսաւ Արամ Աբրահամեան։
Հեղինակը գիրքին մէջ ընդգծած է, որ մեծ հաշուով կամայականօրէն ընտրած է վերոյիշեալ հինգ գերման երգահանները։ Ըստ իրեն, 19-րդ դարու գերմանական երաժշտական մշակոյթը ներկայացուած է նաեւ Վեպերի, Մենտելսոնի, Վակների եւ գուցէ այլ շարք մը պատկառելի անուններով, սակայն այդ նշանաւոր արուեստագէտներուն երաժշտութիւնը իրեն հոգեհարազատ չէ եւ ինքը չի կրնար անոնց գործունէութեան միջոցաւ բացայայտել զինքը հետաքրքրող նիւթը՝ մարդու «կռիւը» միջավայրի մը։
Շնորհանդէսի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի դասախօս ու երաժշտագէտ Սեդա Շէյրանեան, որ միեւնոն ժամանակ գիրքի խմբագիրն է։ Ըստ իրեն, այս գործին մէջ իր աշխատանքը բաւական քիչ է։ Արհեստավարժ լրագրողի մը, խմբագրի մը հեղինակած գիրքը խմբագրել շատ շնորհակալ գործ մըն է։ «Այս գիրքը շատ կարեւոր է, որովհետեւ համաշխարհային երաժշտութիւնը ներկայացնող մեծամեծներուն նուիրուած հայալեզու քիչ գրականութիւն կայ։ Սա դասագիրք մը չէ, վերլուծական գիրք մը չէ, երաժշտական ուսումնասիրութիւն չէ, սա շատ խելացի, զարգացած, մեծ մտահորիզոն ունեցող մարդու մը ազատ մտորումները կ՚արտայայտէ այս երգահաններու մասին», նշեց Սեդա Շէյրանեան։