ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՕՏԱՐԱՑԱԾՆԵՐ…

Յաճախ կը լսուի դժգոհութեան, գանգատի ձայներ. «Երիտասարդ սերունդը եկեղեցի չի յաճախեր, օտարացած է իր եկեղեցիին, պաշտամունքի…»։ Բայց գանգատողներ չեն պրպտեր, թէ ի՞նչ է պատճառը այդ օտարացման, թէ երիտասարդ սերունդը ինչո՞ւ հեռացած է եւ հետզհետէ կը հեռանայ եկեղեցիէն։ Եւ չեն խորհիր գանգատողներ, թէ նոյնինքն իրենք ալ կրնան պատճառներէն մի՛ն ըլլալ այդ օտարացման եւ երիտասարդներուն հեռու մնալուն եկեղեցիէն։

Անցեալները ստիպուեցանք անցնիլ Սանուց Միութեան մը հաւաքատեղիին մէջէն, եկեղեցւոյ արարողութեան աւարտին։ Եկեղեցին տարեց հաւատացեալներով լեցուած էր՝ մինչդեռ մեր հաւաքատեղին՝ ուրկէ անցնիլ ստիպուեցանք, շատ աւելի լեցուն էր երիտասարդնե՛րով։

Տեսարանը շատ պարզ էր՝ երիտասարդներ եւ տարեցներ իրենց ընտրութիւնը կատարած էին՝ մին սանուց միութեան հաւաքատեղին, եւ միւսը՝ եկեղեցի՛ն։ Բայց հետաքրքրականը այն էր, որ հաւաքատեղին եւ եկեղեցին իրարու շատ մօտ էին եւ հաւաքուած ժամերն ալ գրեթէ նո՛յն ժամերը։

Բայց փոխանակ գանգատելու, աւելի արդիւնաւոր եւ աւելի՛ նպատակայարմար պիտի ըլլար սորվիլ պատճառը, թէ երիտասարդները ինչո՞ւ նախընտրած չեն նոյն ժամուն եկեղեցի երթալ։ Բացարձակապէս մեղադրելի չէ երիտասարդներու այդ նախընտրութիւնը, քանի որ անոնք չեն հեռացած իրենց մշակոյթէն, իրենց միջավայրէն, իրենց սեփական արժէքները չեն թողած, բայց միայն նախընտրած են աւելի աշխարհայինը, աւելի «տեսանելի»ն եւ աւելի այն՝ որ զիրենք աւելի կը հրապուրէ, իրենց աւելի սիրելի եւ համակրելի է։ Եւ ո՛չ ոք կարելի է մեղադրել իրենց արդա՛ր ընտրութեանը համար։ Բայց չենք կրնար զանց առնել հարցում մը, մենք մեզի ուղղուած՝ թէ ինչո՞ւ այդ նախընտրութիւնը։ Ինչո՞ւ երիտասարդ սերունդը ընդհանրապէս նախընտրութիւնը կ՚ընէ աւելի «աշխարհային»ի նկատմամբ, քան թէ՝ «հոգեւոր»ին։ Արդարեւ, երիտասարդներու այդ բազմութեան մէջ ալ չկա՛ր տարեց ոեւէ անձ, եւ ուրեմն անոնք ալ իրենց նախընտրութիւնը ըրած էին «հոգեւոր»ին կողմէ։

Առաջին հարցը սա պէտք է ըլլայ ուրեմն. այս նախընտրութիւնը անհատակա՞ն հարց մըն է, թէ՝ ընկերային։ Ինչո՞ւ հաւասար կերպով բաժանուած են սերունդները՝ երիտասարդներ եւ տարեցներ։

Երբ տեսանք այդ սերունդներու բաժանումը, արագ մտածումով հարցուցինք մենք մեզի, թէ արդեօք այդ նախընտրութեան պատճառը գուցէ մե՞նք էինք։ «Հոգեւոր»ին կարեւորութիւնը չէինք կրցած ներկայացնել այդ երիտասարդներուն, երիտասարդ սերունդին, թերեւս բաւարար «օրինակ» չէինք կրցած ըլլալ, թերեւս բաւական չէինք կրցած մօտենալ, կապ հաստատել, համակրական հասկացողութեամբ չէինք դիմաւորած երիտասարդները։

Արդարեւ, քննադատել, դժգոհութիւն յայտնել, գանգատ բարձրացնել շատ դիւրին է, իսկ դժուարը՝ քննադատուած որեւէ հարցի լուծում գտնելն է, պատճառները ուշադրութեամբ պրպտել, ուսումնասիրել եւ հարցը լուծե՛լ։

Երբեք մեղադրելի չէր երիտասարդներուն այդ նախընտրութիւնը, քանի որ այդ նախընտրութեան մէջ մե՛նք ալ ժխտական, բացասական դեր մը ունէինք եւ աւելի եւս թերացած էինք մեր պարտականութեանը մէջ, չէինք կրցած բաւական չափով հրապուրիչ դարձնել «հոգեւոր» զբաղումները, չէինք կրցած այդ մոգական կապը հաստատել անոնց հետ։

Իսկ տարեցնե՞րը։ Անոնք ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով նախընտրած էին եկեղեցին։

Արդար ըլլանք, անոնց ալ յատուկ հետաքրքրութիւն մը չէինք ցոյց տուած, բայց անոնք նախընտրած էին եկեղեցին։

Այս բոլորը ցոյց կու տայ սերունդներու միջեւ զգալի անջատումը։ Թերեւս տարինե՜ր վերջ, երբ այսօրուան երիտասարդները «տարեց սերունդ» դառնան, անոնք ալ պիտի նախընտրեն եկեղեցին՝ հոգեւոր զբաղումը։ Չէ՞ որ ֆրանսացիներ կ՚ըսեն. «Երիտասարդներ կամենային, տարեցներ կարողանային…»։

Ուրեմն, այս սերունդներու անջատումը մեզի յատուկ ե՛րեւոյթ մը չէ, կեանքի բնական տեսարան մըն է. կամեցողութեան եւ կարողութեան հարց մը, կամ կեանքի հասկացողութեան հետեւանք մը, որ կախում ունի ո՛չ թէ անհատներէ, այլ անոնց ներկայ ընդհանուր հոգեվիճակէն։

Բայց պէ՛տք է անկեղծութեամբ եւ քաջութեամբ խոստովանիլ, թէ առաջնորդի կամ գլխաւորի դիրքին վրայ գտնուողներն ալ կարեւոր դեր կը խաղան այս հարցին նկատմամբ, մանաւանդ «տիպար» ըլլալու, կարենալ հրապուրելու տեսակէտէ մանաւանդ երիտասարդ սերունդի պատկանող ապագայ տարեցները…։ Եւ ուրեմն հարցը պէտք է դիտել երկկողմանի կերպով։ Ո՛չ միայն քննադատել, ո՛չ միայն մեղադրել, այլ քննադատուելու եւ մեղադրանքներու պատրաստ ըլլալ, գոնէ ինքնիրեն հարցնել. «Արդեօք այս թերութեան մէջ իմ դերս ի՞նչ է, թերութեան մէջ իմ բաժինս ո՞րքան է, քանի որ ասիկա միակողմանի չէ՛»։

Արդարեւ, մարդ երբ կը քննադատէ որեւէ բան կամ ոեւէ անձ, գանգատ յայտնէ որեւէ բանի մասին, նախ պէ՛տք է խորհի, թէ ինք, երբ նոյն դիրքին մէջ ըլլար, ի՞նչպէս պիտի վարուէր, եւ կամ քննադատուած գործին մէջ, ինք՝ քննադատողը բնաւ բաժին չունի՞, բնաւ մասնակից չէ՞ եղած այդ գործին՝ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով։ Ուստի, մանաւանդ հաւաքականութեան մէջ, ամէն արարքի, ամէն գործադրութեան, առաւել կամ պակաս, շատ կամ քիչ, մասնակցութիւն եւ ուրեմն պատասխանատուութիւն ունին այդ հաւաքականութիւնը կազմող ամէն մէկ անհատ, ամէն մէկ անդամ։

Եւ խոստովանիմ, որ տարեցներու եւ երիտասարդներու այդ անջատումէն եւ նախընտրութենէն, ես ինքս պատասխանատու եւ, յանցաւո՛ր նկատեցի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 22, 2018, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2018