ՀԱԳՈՒՍՏԸ
-Մա՛մ, որքա՛ն գեղեցիկ էիր, երբ երիտասարդ էիր:
Մայր ու աղջիկ նստած հին լուսանկարներու ծրարները կը թերթէին, երբ պատանուհին տեսաւ մօրը երիտասարդութեան լուսանկարը: Իրմէ քիչ մը աւելի մեծ ըլլալու էր մայրը այն ատեն: Բնականաբար հիմակուան ներկուած մազերը չունէր, բայց հիմա ալ պահած է իր այտերուն ցցունութիւնը, անոնց վրայ՝ խոր ու գեղեցիկ փոսիկները, որ ժառանգաբար անցած են աղջկան, աչքերուն շուրջի մանր կնճիռները աչքերուն մեծութիւնը կծկած են, մազերուն խտութիւնը՝ թեթեւցած, տարիներ սահած են կարծես ու կեանքի հեւքէն դէմքին փայլքը խամրած: Մինչ լուսանկարին մէջ նկատելի են մօր վառվռուն, փայլուն ու մեծ աչքերը՝ կամար յօնքերով երիզուած, սլացիկ հասակն ու բարեձեւ մարմինը, որուն գեղեցիկ իգական մանրամասնութիւնները կը ճառագայթեն վայելուչ, կարճ հագուստին տեսքէն:
Մայրը գլխով շարժում մը կ՚ընէ տեսնելով լուսանկարը, կարծես միտքերու մէջ կը խորասուզուի, բայց, պահու մը համար, չ՚ուզեր նկատել տալ:
-Մա՛մ, հարցում մը կրնա՞մ հարցնել:
Տատամսոտ կը կմկմայ աղջիկը լուսանկարը տակաւին ձեռքը պահելով: Մայրը կ՚ակնկալէ աղջկան հարցնելիքը. ինք ալ եղած է անոր տարիքին, գիտէ այդ ապրումները, որ տաքարիւն պատանուհիի մը մէջը կը գալարին, որ հանգիստ չեն տար իրեն, որ սիրել ու սիրուելու տարիք մըն է, կեանքը այդպիսով հասկնալու...: Աղջիկն ալ կարծես առիթ մը կ՚որոնէր իր ներսէն պարոյկները դուրս թափելու, կեանքը հարազատի մը փորձառութեամբ ընկալելու, միթէ մօրմէն աւելի հարազատը կա՞յ:
-Հարկա՛ւ, հարցո՛ւր, աղջիկս:
-Մա՛մ, դուն այս նկարին մէջ պապային հետ ամուսնացած չէիր, չէ՞:
-Ո՛չ, աղջիկս:
-Դուն պապայէն առաջ մէկու մը հանդիպե՞ր ես:
Ու կը պարէր ան ա՛յն հագուստով, ա՛յն օրը, երիտասարդի մը հետ: Կը թռչկոտէր անոր թեւերուն մէջ հրեշտակային թեթեւութեամբ, հայեացքներու փոխանակումով: Հայեացքներ, որոնք կը մեկուսացնէին պարող զոյգը բազմութեան մէջ, կ՚արթնցնէին իրենց մէջ ջերմ բան մը, երկու երիտասարդ սրտերու բաբախը կը լսուէր միայն որպէս նուագ ու անոր հնչիւններուն վրայ է, որ անոնք կը շարժէին...: Որքան գեղեցիկ էր այն պահը, այո՛, ինք զգացած էր այդ ջերմութիւնը, ապրած էր այդ վայրկեանները, շա՜տ փափաքած էր անոնց վերջ չգտնելը, բայց միայն այդքան էր տեւողութիւնը, այս էր իր միակ փորձառութիւնը ամուսնութենէն առաջ: Փայլուն աչքերով կը յիշէր ան այս պահերը, աղջիկը, դէմը նստած, կը նկատէր մօրը վերապրումը, կարծես անձայն զրոյց մը կ՚ընթանար անոնց միջեւ, անձայն..., բայց.
-Մա՛մ, գեղեցի՞կ էր:
-Այդ պա՛հը գեղեցիկ էր, աղջի՛կս,- հնչիւն առ հնչիւն կը քակուին մօր այդ ակնթարթներու ապրումները,- պարահանդէսի մը ներկայ էի ընկերուհիներով: Հեռուն կեցած կը դիտէի երիտասարդի մը վայելուչ հասակը, պարի հմտութիւնը: Պարել շատ կը սիրէի, ու յաճախ սենեակիս մէջ նուագներու ընկերակցութեամբ կը պարէի, բաներ մը կրցած էի սորվիլ այդպէս: Ու ահա այդ նոյն երիտասարդը եկաւ եւ պարի հրաւիրեց զիս: Աչքերուս չհաւատացի, բայց չէի կրնար, այլ չէի ուզեր մերժել այդ առիթը, որ իսկոյն ներկայացաւ: Պարեցի անոր հետ, շատ լաւ կը պարէր, մարմինս կը դարձնէր ու իր քայլերուն համապատասխան կ՚ոլորէր քայլերս: Փետուրի պէս թեթեւ էի, ճկուն ալ՝ թերեւս, այն աստիճան որ մէկ պարը եղաւ երկու, երեք. աշխարհը իմս էր այդ վայրկեաններուն: Փափաք մըն էր, որ իրականութեան վերածուեցաւ, բայց միայն այդքան: Մի քանի անգամ տեսնուեցանք անկէ ետք, բայց համոզուեցայ, որ այդ երիտասարդը միայն հմուտ պարող մըն է, ուրիշ ոչինչ. համոզուեցայ նաեւ, որ կեանքը միայն պար չէ, միայն երազ մըն էր, որ իրականացուցի այդ երիտասարդին միջոցաւ ու շուտով հօրդ հետ ծանօթացայ... դուն աշխարհ եկար:
-Մա՛մ, այդ հագուստդ պահա՞ծ ես:
-Աչուկներուդ մէջ բաներ մը կը տեսնեմ, ի՞նչ կայ, մէ՞կը...
-Ո՛չ, մա՛մ, վաղը ընկերուհիներով պարային մթնոլորտի մը ներկայ պիտի գտնուինք, կ՚ուզեմ քու հագուստդ հագուիլ:
Պահած եմ, եկո՛ւր հանենք:
Ու շարունակուեցաւ անոնց խանդավառ զրոյցը, պարոյկները մէկիկ-մէկիկ չքացան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ