ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐ

Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեան դէպի Երեւան ձեռնարկած ուղեւորութեան ծիրէն ներս երէկ այցելեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Քեփենեքեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։

Ողջունելով քաղաքապետը՝ Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետարաններուն միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան յուշագիրը։ Նկատի ունենալով, որ Երեւան այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 2800-ամեակը՝ Հրանոյշ Յա եմժ Քեփենեքեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան նշեց, որ վերջին տասնամեակներուն Հայաստան յաղթահարած է շատ մը դժուարութիւններ եւ այդ ընթացքին սփիւռքը մշտապէս եղած է ներկայ։ «Նոր էջ մը բացուած է հայ-ֆրանսական համագործակցութեան պատմութեան մէջ եւ այս նոր շրջափուլին մենք պէտք է փորձենք գործել աւելի շահապաշտ ու գործնական, նպաստել մեր երկու քաղաքներու համագործակցութեան», ըսաւ Ժորժ Քեփենեքեան եւ ընդգծեց, որ իրեն ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուին մշակոյթի, կրթութեան, բժշկութեան, նորագոյն փորձագիտութիւններու, տնտեսութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ։ Նման հանդիպումներն ու քըն-նարկումները կը բանան համագործակցութեան դռներ ու կը ստեղծեն հեռանկարներ։ Անդրադառնալով ֆրանսախօսութեան ձեռնարկներուն՝ Ժորժ Քեփենեքեան նշեց, որ անոնք ոչ միայն կը ներկայացնեն ֆրանսերէնը, այլեւ ամբողջ մշակոյթ մը եւ արժեհամակարգ մը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանէ ներս որդեգրուած ներդրումային քաղաքականութեան ու գործարարութեան ոլորտին վերաբերեալ հարցերուն։ Այս կապակցութեամբ Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. «Մենք Եւրոպայի եւ Ասիոյ հատման խաչմերուկին վրայ ենք, սակայն հայ ժողովուրդը եւրոպական մշակոյթի կրողն է, մեծ կամուրջ մը երկու աշխարհամասերու միջեւ, ըսել է թէ՝ հնարաւորութիւններու երկիր»։

Միւս կողմէ, Ժորժ Քեփենեքեան երէկ այցելեց նաեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։ Բաց աստի, ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018