ԿԱՆԱՆՑ ՏՕՆ
Մարտ է, խենթ Մարտ: Քիչ առաջ պայծառ արեւուն ջերմ շողերը կը թափառէին, ահա սուրալով եկաւ մթամած ամպ մը, հրէշի պէս կուլ տուաւ շողերը ու փորը խոշոր դեւի կերպարանքով սկսաւ վերէն դիտել, հովուն սուլոցը լսուեցաւ չորս կողմէն, ցրտեց. հեռու չէ նաեւ անձրեւը, նոյնիսկ եթէ անձրեւէ, երկար չի տեւեր, արեւը կը շարունակէ մարտնչիլ ամպերուն հետ ու փոխնիփոխ յաղթանակ կը տանին, մինչ մենք՝ հանդիսատեսներս, մերթ կը թրջուինք, մերթ կը քրտնինք, մերթ հովը կը հարուածէ, կը չորցնէ թացութիւնը, որմէ ետք՝ պաղառութիւն, կրիփ...:
Մանաւանդ այսօր, փողոցը մարդ կը վխտայ, Հիւսիսային պողոտան գեղեցիկ ծաղկեկամարներով, գունեղ փունջերով զարդարուած է: Երիտասարդներ վարդի կոկոններ կը բաժնեն անցնող կիներուն եւ՝ «Ձեր տօնը շնորհաւոր»ը ժպիտներով կը բաշխուի վարդերուն հետ: Ոչ միայն քաղաքին կեդրոնը, այլ ընդհանրապէս վաճառախանութներուն, բանջարավաճառներուն պաշտօնեաները անխտիր կը շնորհաւորեն բոլոր կիները: Այսպիսով գոնէ տարին օր մը կամ ամիս մը կը մեծարուին ու կը յարգուին այս երկրի աշխատասէր, հայ կիները:
Փունջ մը հաւաքած կը վերադառնամ տուն, հա, չմոռցած դեղատուն մը մտնեմ ու դեղագիրիս պարունակութիւնը գնեմ, լաւ է, որ այլեւս դեղագիրով միայն դեղ կը վաճառեն, ու՝
-Աղջի՛կ ճան, դուք ինձ լաւ էք ճանաչում, սրանք իմ ճնշումի համար շատ են հարկաւոր, ես չեմ կարող տուփով վերցնել, ես ձեր հարեւանն եմ, ի՞նչ կը լինի, էսօր էլ մի հատ տուէք, վաղը դեղագիր կը բերեմ, կորցրել եմ, էլի՛,- կը խնդրէ տատիկ մը:
-Չենք կարող, տատի՛կ:
-Ես էլ չեմ կարող էսօր բերել դեղագիրը, ի՞նչ անեմ, մնամ առա՞նց դեղի, տեսէ՛ք ոնց եմ դողում:
-Չենք կարող, տատի՛կ. օրէնք է, չենք վաճառի առանց դեղագիրի:
Ձեռքիս փունջին նայեցայ պահ մը, ու դէմս կանգնած դողացող մամիկին, հը՛հ, ի՞նչ կանանց օր, ի՞նչ ճոխութիւն...: Իրապէս ինչպէ՞ս առնուած է այս օրէնքին որոշումը, ի՞նչ հիմքերու վրայ. առաջին անգամ չէ որ կը հանդիպիմ հատով դեղ գնողներու, ինչպէ՞ս գնէ խեղճ կինը, երբ կոպեկներ միայն թոշակ կը ստանայ, որ զաւկին ձեռք կը բանայ, եթէ ունի աշնուշտ. արդեօք նախ մեր մամիկներուն ու պապիկներուն կարգին թոշակ սահմանելու օրէնքը պէտք չէ՞ր հրապարակուեր..., միթէ պիտի հրապարակուի՞ նման օրէնք...:
Դուրսն եմ, ճամբաս կ՚երկարեմ, սփսփուելու, ցրելու միտքերս, ջնջելու քիչ առաջուան պատկերը, կը ջնջուի՞ միթէ: Ջնջուեցա՞ւ ինչու մի քանի ամիս առաջուան պատկերը, երբ մեր տան հանդիպակաց մայթին կրպակի ութսունը անց ծերունի տատիկը ցուրտէն կը դողար ու կ՚աղերսէր, որ անցորդները գնեն իր «թխուածք»ները եւ ինք կարողանայ տուն երթալ: Այսպիսիները շա՜տ են...:
Վերնիսաժի մէջ կը քալեմ, ամէն ինչ հայաբոյր է՝ երաժշտական գործիքները, արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, հին իրեր, հայկական նախշերով զարդարուն ձեռագործ գլխարկներ, պայուսակներ, մետաքսեայ շալեր..., նուռի գոյնը որքա՜ն անուշ է սպիտակ մետաքսին վրայ: Զոյգեր կ՚անցնին, սիրահարներ իրենց սիրուհիներուն նուէրներ կը գնեն՝ արծաթ, պղինձ, արժէքաւոր քարերով զարդարուն ձեռակերտեր: Այս զոյգը սփիւռքահայ ըլլալու է.
-Այս վզնոցը պղինձո՞վ շինուած է,- կը հարցնէ երիտասարդը վաճառող տարեց մարդուն:
-Պրոնզ ա, էլի՛,- կոշտ ձեւով կը պատասխանէ վաճառողը:
Քիչ անդին տատիկ մը ձեռքը վզնոց մը բռնած կը խօսի զոյգի մը հետ.
-Տես ի՛նչ լաւն ա, ո՛նց կը սազի մեր էս կէօզալ աղջկայ պարանոցին, մի հատ փորձի, համ էլ էսօր առանց նուէրի չես թողնելու նրան: Ես էլ եմ կին, բալէ՛ս, էս մի հատն ա մնացել մօտս, վերցրո՛ւ, ինձ էլ նուէր կը լինի, մի քիչ շուտ տուն կը գնամ, յարմար գնով էլ կը տամ:
Կը համոզուի երիտասարդը, կը գնէ ու սիրուհիին վիզը անցընելով համբոյր մըն ալ կը ստանայ իրմէ:
Կը տարուիմ պահ մը այս թաւշեայ սեւ պաստառներով, զորս վերջերս նկատած եմ, սեւին վրայ ճերմակ մի քանի վրձնահարուած ու սքանչելի գծապատկերներ ի յայտ եկած են, մէյ մը կնոջ իրանը, մէյ մը ձիու կողմնակի դիմապատկերը, մէյ մը Մասիսները հորիզոնին վրայ, գինիի գաւաթ մը..., հոն մէկը եւս հիացած կը դիտէ ու առձեռնով նկարելու անյաջող փորձ մը կ՚ընէ, արուեստագէտը չ՚արտօներ:
-Ո՛նց կը սազի մեր էս կէօզալ աղջկայ պարանոցին, էս մի հատն ա մնացել...:
Այ քեզ բա՜ն, քիչ առաջուան շրջուն վաճառող տատիկն է: Ես ալ հաւատացած էի, որ վերջին վզնոցը ծախեց ու տուն գնաց:
Տե՛ս դուն...:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 01/11/2025
- 01/11/2025