ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԿԱՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ «ԴՐԱԽՏ»Ը
«Խիզախ» համարուած որոշումով մը Երուսաղէմի քրիստոնեայ երեք հոգեւոր պետերու որոշումով կը փակուէր Ս. Յարութեան տաճարի մայր դուռը: Վերջին տասնամեակներուն Երուսաղէմի մէջ նման դէպք չէր արձանագրուած: Ճիշդ է, որ տեղի ունեցած էին բազմաբնոյթ տեսակի բողոքի հաւաքներ, սակայն չէր պատահած, որ իրարու հանդէպ ոչ այնքան «բարեացակամ» կեցուածք ունեցող համայնքներու ղեկավարները իրարու մօտ գալով՝ որոշում ընդունէին փակել քրիստոնեայ աշխարհի ամենէն նշանակալից տաճարին դռները: Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը, յունաց պատրիարքը եւ ֆրանչիսքեան ուխտի մեծաւորը այս որոշումը առնելէ ետք չէին խօսիր յառաջիկայ քայլերուն կամ իրենց ընելիքներուն մասին: Անոնք այդ մօտեցումով «վառ» կը պահէին «էնթրիք»ը եւ այդպէսով գնդակը կը նետէին իսրայէլեան խաղադաշտ: Խնդիրն այն էր, որ Իսրայէլի քաղաքապետարանը ստանալով կառավարութեան «կանաչ լոյս»ը՝ Երուսաղէմի քրիստոնէական աղօթավայրերուն ու եկեղեցիներուն կապուած կը հրապարակէր որոշում մը, որուն հիմամբ այդ եկեղեցիներու պատկան մարմինները պարտաւոր էին ամսական դրութեամբ հարկեր վճարել Իսրայէլի կառավարութեան: Այստեղ հարկ է նշել, որ Իսրայէլի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած օրէնքի մը հիմամբ՝ քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները պարտաւոր են իրենց պատկանած ու վարձու տուած կալուածներուն համար «շահութաբեր ձեռնարկութեան» մը օրէնքին մէջ ինկող հարկերը փոխանցել: Հարկեր դնելու իսրայէլեան որոշումը կը կատարուէր ունենալով «յետին նպատակներ», որոնց հիմքով «շղթաներ» պիտի դրուէին քրիստոնեայ եկեղեցիներուն վրայ, այդպէսով ձեւով մը անդամալուծելու համար անոնց նախաձեռնութիւն մը իրականացնելու տրամադրութիւնները: Իսրայէլ պիտի փորձէր այդ քայլերը առնել անշուշտ հետապնդելով «հեռակայ» նպատակ մը, որուն հիմնական առանցքն էր Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմը հրէականացնել, «մաքրազտելով» քաղաքն ու անոր շրջակայ հատուածները իրենց բնիկ ժողովուրդներէն՝ ասորիներէն, արաբներէն, յոյներէն եւ... հայերէն: Գաղտնիք չէ, որ քրիստոնէական համայնքներուն համար Սուրբ Տեղեաց մէջ գոյատեւելու, «ապրելու» եւ առկայ «սթաթիւքօ»ն պահպանելու գլխաւոր «զէնք»ը նիւթական անկախութիւն մը ունենալն է։ Իբր այդ ալ, միջամուխ ըլլալով այդ եկեղեցիներու նիւթական աղբիւրներուն, Իսրայէլ պիտի զրկէր զանոնք իրենց դրամական աղբիւրներէն, հետեւաբար նաեւ անկախութենէն: Ու բնական է նաեւ, որ առանց դրամական եկամուտներ ունենալու կամ «կրճատ-ւած» եկամուտներ ունենալով այդ եկեղեցիները ամբողջապէս պիտի յայտնուէին «ողորմելի» վիճակի մը մէջ ու գլուխ պիտի «ծռէին» Նեթանիյահուի կառավարութեան առջեւ:
ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ «ԺԱՄԿԷՏ»Ը
Մեր ընթերցողները կը յիշեն, թէ ինչպիսի աղմուկ կը բարձրանար անցեալ Դեկտեմբերին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրապարակային «ճառ» մը արտասանելով «յուրախութիւն» աշխարհին կը յայտարարէր, որ Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ պիտի փոխադրուէր: Թրամփի կատարած յայտարարութիւնը «պայթում»ի մը հակազդեցութիւնը կ՚ունենար ու անոր որոշումին դէմ կ՚արտայայտուէին ո՛չ միայն արաբ պաղեստինցիները, այլ նաեւ՝ քրիստոնեայ աշխարհն ու Եւրոպայի ազդեցիկ երկիրները:
Որոշումը սոսկ շէնքի մը փոխադրման հարցը չէր, որ «կը բանար», այլ Երուսաղէմի «սուրբ քաղաք» մը ըլլալուն վերաբերեալ կարծիք, «հաւատարմութիւն» եւ վերաբերմունք ունեցող ժողովուրդներուն համար այդպիսի քայլ մը կը պարունակէր բազմաթիւ «մութ ծալքեր», որոնց հիմնական մասը կ՚առընչուէր 1967-ի պատերազմէն ետք Երուսաղէմի կարգավիճակի փոփոխութեան «մարտահրաւէր»ին: Այդ «սթաթիւքոյին» շնորհիւ էր, որ Երուսաղէմը կը շարունակէր «ապրիլ», որպէս երեք միաստուածեան կրօններու գլխաւոր քաղաքը: Ու այս բաւական «աղօտ» եւ հաւանական զարգացումներով «յղի» իրավիճակին մէջ Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պենիամին Նեթանիյահուի, որոշում կ՚առնէր Քնեսեթի քննարկումներու սեղանին վրայ դնել քրիստոնեայ եկեղեցիներուն դէմ հարկեր դնելու հարցը: Այլ խօսքով՝ Իսրայէլ ապահովելէ ետք Ամերիկայի ամբողջական նեցուկը, այս անգամ իր սլաքները պիտի ուղղէր քրիստոնեայ աշխարհին դէմ: Նպատակը անշուշտ Երուսաղէմի «իսրայէլացում»ը ապահովելն էր, որ պիտի կատարուէր դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով: Այս մօտեցումին վերաբերեալ շատ յաճախ կը հանդիպինք «հրէականացում» բառին, որ հիմնովին սխալ է. որովհետեւ բոլոր հրեաները համաձայն չեն Իսրայէլի վարած քաղաքականութեան. կան նաեւ ուղղափառ հրեաներ, որոնք ոչ միայն համաձայն չեն Իսրայէլի արարքներուն, այլ յաճախ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն երկրի կառավարութեան եւ անոր գործադրած քաղաքականութեան դէմ:
Վերադառնալով Իսրայէլի կառավարութեան հարկեր դնելու «առաջարկ»ին՝ ապա յստակ է, որ այս առաջարկ-որոշումը ունի քաղաքական խորք ու գաղտնիք չէ, որ ան կապ մը ունի Միացեալ Նահանգներու նախագահին «վճիռ»ին հետ: Քաղաքական կեանքի մէջ պատահականութեան ձգուած որոշումներ չկան, ալ ուր մնաց, երբ խօսքը կը վերաբերի Երուսաղէմին, որուն իւրաքանչիւր քարին տակ կայ քաղաքական պատում մը, քաղաքական անցեալ մը եւ ուժերու բախումներէն յառաջ եկած քաղաքական «պատգամ» մը:
Ճիշդ է, որ տակաւին վաղ է իրական գնահատականներ տալ եւ ընդունիլ, թէ Միացեալ Նահանգներու Թել Աւիւի դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրուիլը «վերջնականացած» որոշում մըն է, սակայն յստակ ու բացայայտ է, որ Երուսաղէմի համար գոյութիւն ունի «պատրաստի» ծրագիր մը, որուն առաջին արարին է, որ ականատես կ՚ըլլանք բոլորս:
ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ «ԴՐԱԽՏ»Ը
Երուսաղէմի հայկական համայնքի աշխոյժ անդամներէն Յակոբ Սեւանին կարծիքով՝ Պատրիարքարանը «կտրուած» է համայնքէն: Սեւան, որ Ս. Յարութեան տաճարի տագնապի օրերուն հարցազրոյցներ կու տար հայրենի շարք մը լրատուական կայքերուն, Իսրայէլի կառավարութեան տուած որոշումը կը համարէր մտահոգիչ, ինչպէս նաեւ նկատել կու տար, որ սաղիմահայութեան համար Պատրիարքարանը «փակ» տարածք մըն է ու այսօր աւելի քան մը-տահոգիչ է, որ համայնքին եւ պատրիարքութեան միջեւ «օրկանիք» կապ մը չկայ:
Իր կարգին, Երուսաղէմի հայկական համայնքի գործիչներէն Տիկին Ժորժէթ Աւագեան բաւական դիպուկ օրինակ մը տալով նկատել կու տար, որ Երուսաղէմի պատրիարքարանը ունեցած է մեծ հողատարածքներ, որոնցմէ շատեր 99 տարուան ժամկէտով վարձու տրուած են տարբեր կողմերու: «Մենք մեծ հողատարածք մը ունէինք Եաֆայի մէջ: Պատրիարքարանը այդ տարածքը 99 տարիով վարձու տուաւ ու այդ մասին այսօր ոչ ոք կը խօսի», կ՚ըսէ ան:
Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն պատկանող հսկայածաւալ հողատարածքներու մասին խօսելու պահուն ամենէն առաջ մեր մտքերուն կ՚ուրուագծուի Երուսաղէմի յունաց պատրիարքութեան պարագան: Խօսքը մասնաւորապէս Թէոֆիլոս Պատրիարքին մասին է, որ վերջին տարիներուն յայտնուած է բաւականին բարդ վիճակի մէջ:
Պարզ օրինակ մը տալու համար պէտք է յիշեցնել, որ Թէոֆիլոս Պատրիարք դժուար կացութեան մը առջեւ կը յայտնուէր, երբ անոր գլխաւորած թափօրը մուտք կը գործէր Բեթղեհէմ քաղաք, Ս. Ծննդեան պատարագը կատարելու համար:
Պատրիարքին դէմ ցայսօր ալ կան ծանր մեղադրանքներ, որոնց հիմքով յունաց պատրիարքը մեծ թիւով հողատարածքներ վաճառած է Իսրայէլի կառավարութեան կամ հրեայ մեծահարուստ գործարարներու: Այս մեղադրանքներուն կարեւոր մէկ մասին շուրջ գրած է Իսրայէլի ամենահեղինակաւոր պարբերականներէն համարուող «Հաարէթց»ը, սակայն այնուամենայնիւ անոնք կը կարօտին հիմնաւորումներու եւ տուեալներու:
Կայ նաեւ արաբ-պաղեստինցիներուն «պոռթկում»ն ու պահանջը, որուն հիմքով՝ Երուսաղէմի յունաց պատրիարքը պէտք է պատկանի արաբական համայնքին ու երեւելի է, որ պատմական խորութիւն ունեցող այս տարակարծութիւնը «մէկ օրէն միւսը» լուծուելիք հարց մը չէ եւ ունի ներպաղեստինեան հարթութիւն:
Ամէն պարագայի տակ այս տուեալները եւ յունաց պատրիարքին հող ծախել-չծախելու մասին լսելի դարձած խօսակցութիւնները ցոյց կու տան, որ բացի Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Երուսաղէմը «բռնի» կերպով «իսրայէլականացնելու» մօտեցումներէն եւ յայտնի ու գաղտնի ծրագիրներէն, Երուսաղէմը ունի նաեւ «ներքին թշնամիներ», որոնց համար հիմնական նպատակն ու թիրախը դրամ ապահովելու հարցն է:
Նոյն մեղադրանքները չենք կրնար ուղղել Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին ու պատրիարքին հանդէպ, որովհետեւ հայապատկան հող ծախել-չծախելու մասին ալ յստակ ու «բաց» տուեալներ չկան:
Գաղտնիք չէ, որ Երուսաղէմի Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը «դժուար» պատրիարք մը ըլլալու բոլոր «տուեալներ»ը հեշտութեամբ իւրացուց. ունեցաւ բաւական լարուած յարաբերութիւններ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին ու անոր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Այս բոլորէն անդին այսօր ալ այնքան ալ «ընդունուած» պատրիարք մը չէ իր համայնքի զաւակներուն կողմէ:
Միշտ չէ, որ մեր կրօնական առաջնորդներուն հանդէպ ժողովրդային խաւերու կողմէ հնչած գնահատականները արդարացի կ՚ըլլան, սակայն բացայայտ է, որ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը եւ յատկապէս ինք՝ ամենապատիւ պատրիարքը վերատեսութեան պէտք է ենթարկեն իրենց աշխատելաոճը, մասնաւորապէս աւելի «հասարակայնացնել»ով պատրիարքութեան ընդհանուր դրոյթները եւ անկեղծօրէն հայ ժողովուրդին հետ կիսուելով նուիրապետական այդ Սուրբ Աթոռին դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները:
Երուսաղէմի համար «վարդագոյն» օրերու չեն սպասուիր… Իբր այդ ալ հայութիւնը եւ Հայաստանը պատրաստ պէտք է ըլլան սրացումներու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան