ՎԱՐԴԵՆԻՆ

-Ի՛նչ անուշ բոյր մը կայ տանդ մէջ, նոր անուշահո՞տ գնած ես:

-Ո՛չ, ճանս, ի՞նչ անուշահոտ: Եկո՛ւր, տե՛ս, այս ծաղիկէն է, որ բոյրը կը տարածուի:

Նստասենեակի բազկաթոռներուն դիմաց, սեղանին վրայ, փոքրիկ թաղարի մը մէջի կռափուշին ծաղիկէն կը բուրէր զգլխիչ, անուշ բոյրը: Թաղարին կողքին կան նաեւ երկու նոյնանման կռափուշի թաղարներ, որոնք տակաւին չեն ծաղկած, անոնց կանաչ փնջիկները կը զարդարեն յատակի սպիտակ, ասեղնագործուած ծածկոցը: Այս բոյսերը մի քանի տարին անգամ մը միայն կը ծաղկին:

Յասմիկին տունը փոքրիկ պարտէզ մըն է: Երեք տարի առաջ, պատերազմի պատճառով, փոխադրուեցաւ Երեւան: Հալէպ իր «Վիլլաներ»ու թաղամասի տանը կից ունէր գողտրիկ պարտէզ մը, ուր ամբողջ ժամանակը կ՚անցընէր: Ամէն տեսակ բոյս ու ծաղիկ կ՚աճեցնէր հոն, տարուան բոլոր եղանակներուն հողին հետ կը հաղորդակցէր, պարարտանիւթեր կը բերէր, կը դեղէր ծառերն ու ծաղիկները: Որքան խնամք կը տանէր այդ շնչաւոր արարածներուն, կը գուրգուրար, կ՚երգէր, իսկ երբ առիթի մը համար հիւրեր ունենար, անպայման զանոնք իր պարտէզին մէջ կ՚ընդունէր: 

Երբ նոր եկած էր, սգաւորի պէս կը նստէր տան մէջ, չէր փափաքեր մէկը տեսնել: Կեանքը շատ դաժան վարուած էր իրեն հետ, իրերայաջորդ դժբախտութիւնները՝ տան ռմբակոծումը, ամուսնոյն մահը, զուարթ դէմքին ժպիտը խլած էին: Յաճախ կ՚այցելէի զայն ու երկու սգակիր հարազատներու նման սուրճերնիս կ՚ըմպէինք, քիչ մը, առ ի պարտականութիւն, բաներ մը կը ջանայինք խօսիլ:

Կը կարծէի, որ ան երբեք պիտի չվերագտնէ իր նախկին ժպիտը, խինդն ու ծիծաղը: Զինք միակ սփոփողը վարդին թուփը կ՚ըլլար, քանի որ միայն իր պարտէզի վարդենիէն ճիւղ մը բերած էր հետը ծննդավայրէն. անբաժանելի բան մը կար անոր մէջ, անբաժանելի այո՛, այդ վարդը լուսահոգի ամուսնոյն սիրոյ տօնի նուէրն էր իրեն, որ իր կանաչ ձեռքերովը աճեցուցեր ու վարդենիի վերածեր էր: Հիմա տան փոքրիկ պատշգամին մէկ անկիւնը դրուած է, բայց արդէն թուփը դարձած է վարդենի:

Յասմիկին ուսանող երիտասարդ աղջիկը, յաճախ հետը թուփ մը շալկած տուն կը բերէր: Գիտէր, որ իր մայրը միայն անոնցմով կը գտնէր իր սփոփանքը. այսպէսով, տարիներու ընթացքին, թուփերը վերածուեցան գեղեցիկ թաղարներու, ահա իր այս փոքրիկ տան մեծ պատուհանները զարդարուած են ծաղիկներով: Մէկ պատուհանին յատակին Յասմիկ տեղաւորած է մանիշակ, յակինթ, կակաչ ու նարկիզ: Միւսին յատակին՝ ծովեզերեայ երկիրներու ծաղիկներ՝ յասմիկ, կարտինիա, ֆիլլէ, որոնց ճիւղերը բերած են Լիբանանէն եկող իր բարեկամները, այս խումբը զարդարուած է ծովային ոստրէներով, մանր խիճերով ու խխունջներով, ինչպէս նաեւ պզտիկ ջրաման մը կայ հոն, որպէսզի միշտ սրսկուին տերեւները խոնաւ մնալու համար: Պատուհանի մը յատակին մագլցող բոյսեր տեղաւորած է, որոնց տերեւներուն վրայ գոյն-գոյն մանր ծաղիկներ կ՚երեւին:

Գարունը իր շլացուցիչ գոյներով այս տան մէջ է կարծես: Պատշգամը կողք-կողքի շարուած մեծ թաղարներու մէջ ծառատունկեր կան:

-Տե՛ս, Անի, ինչ աղուոր հասակ նետեր է լիմոնը: Գիտե՞ս ուրկէ բերած եմ՝ անցեալ տարի երբ Պէյրութ գացինք, Թռչնոց բոյնին դէմի ծառէն լիմոն մը քաղեցի, այդ լիմոնին կուտը ցանեցի, տե՛ս տարուան մը ընթացքին որքա՜ն մեծցաւ:

Թախիծը լրիւ ջնջուած է աչքերէն, փոխարէնը անոնք վերագտած են իրենց նախկին փայլքը: Այնպիսի ջերմութեամբ կը պատմէ իր ծաղիկներուն ու բոյսերուն մասին, կարծես անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր զաւակը ըլլայ, որքա՜ն խնամք ու հոգատարութիւն, որքա՜ն գգուանք ու շոյանք կայ զանոնք դիտող այս աչքերուն մէջ...

-Տե՛ս, աս ալ Լիբանանէն բերի, մանր նարինջներ կու տայ այս թուփը, բոյսը չգոյացած ի՜նչ գեղեցիկ ծաղիկներ կը բանայ, միայն տեսնես: Երբ բացուին ծաղիկները լուր կ՚ընեմ, որ գաս, տեսնես: Ահա՛, աս ալ արմաւենի է, Հալէպէն մէկը արմաւ բերած էր, կորիզը թաղեցի հողին մէջ ու ահա տունկի վերածուեցաւ. հահա, արդեօք արմաւ ալ կու տա՞յ:

Ու կը շարունակէ գունեղ ծաղիկներուն ու բոյսերուն մասին պատմել, կը զմայլիմ ի տես իր քաջութեան, համակերպումին, կեանքի հետ հաշտութեան: Ու.

-Եկո՛ւր, այս վարդենիին կոկոններն ալ տե՛ս. գիտցա՞ր, չէ՛, այս վարդենին,- ժպիտին թախծալի նշոյլ մը տալով կը հարցնէ Յասմիկ:

-Շատ գեղեցիկ են, տունդ գարնան վերածած ես:

Կ՚ըսեմ ու կը շրջանցեմ վարդենիին նիւթը, որուն ընդմէջէն անցեալն է որ կ՚երեւի՝ սէրը, ցաւը, կորուստը, թախիծը, որուն ընդմէջէն կը յստականայ կապը տակաւին անցեալի հետ, որ անքակտելի է, ժպիտներուն ետին թաքնուած: Պատշգամին անկիւնը մխրճուած այս վարդենիին մէջ է, որ ամբողջ անցեալը պահած է ան, անոր միջոցաւ է, որ ան թերեւս կը գոյատեւէ ու անոր կոկոններուն մէջ կը տեսնէ դէմքը տասնամեակներու իր կեանքի ընկերոջ, իւրաքանչիւր կոկոն յուշի մը էջը կը բանայ թերեւս, աւելին՝ հոգեկան կապ մը կարծես կը ստեղծէ կորուստը մարմնաւորողին հետ...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018