ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԺՈՂՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի Եւրոպայի տարածքաշրջանային բաժանմունքներու նախագահներուն համաժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Պատուիրակութեան անդամները երէկ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, անոնք ընդունուեցան Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Հիւր խորհրդարանականներուն հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն հայ ժողովուրդի հետ «այլեւս երբեք»ի կոչ պիտի հնչեցնեն բազմաթիւ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ։
Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման դէմ պայ-քարը կը շարունակէ մնալ հրամայական մը։