Տ. ՊԵՏՐՈՍ ԱՐՔ. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ. «ՀԱԼԷՊԸ ԴԱՆԴԱՂ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՆՑԵԱԼԻ ՌԻԹՄԻՆ»
Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան սուրիահայութեան ապրած տագնապին, կրած կորուստներուն եւ ապրած ոդիսականին մասին գրելու պահուն կարեւորագոյն լուսարձակը կը բացուի Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդներուն վրայ, որոնք շատ յաճախ անտեսելով պատերազմի ամենէն ծանր դէպքերն ու անտեսելով մահուան վտանգը՝ շարունակեցին որպէս հոգեւոր առաջնորդ իրենց առաքելութիւնը: Անոնցմէ է Բերիոյ թեմի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրաւէրով գերապայծառը կը գտնուէր Հայաստան, մասնակցելու համար էքիւմենիք ժողովի մը։ Այս առթիւ առիթն ունեցայ հանդիպելու գերապայծառին հետ եւ անոր հետ կատարելու շահեկան հարցազրոյց մը:
*
Հալէպի թեմի Հայ կաթողիկէ համայնքի պետ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան ծնած է 26 Փետրուար 1948-ին, Պահժաթ Նահում Մրիաթիի եւ Վիքթորիա Եուսէֆ Սապըհի կազմած ընտանիքին մէջ: Հասակ առած է «Շամփանիա» ուսումնարանէն ներս, որմէ ետք անցած է «Արծիւեան միաբանութեան» Զմմառու վանք եւ ապա ընդունուած՝ Հռոմի «Քանիսաթնէ» («Մեր եկեղեցին») ուսումնարանը: 4 Յուլիս 1971-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Հալէպի առաջնորդ Ճորճ Լաէքի:
Աւելի ուշ Ճորճ Լաէք գերապայծառ զինք կը նշանակէ դպրեվանքի տեսուչ, ապա պատասխանատու՝ «Ալ-Իյման» վարժարանին, որ հիմնադրուած էր 1973-ին:
Բերիոյ թեմի այդ օրերու Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Ճորճ Լաէքի վաճխանումէն ետք, Միրիաթեան եղած է Անտրէաս Պետօղլեանի օգնականը, որմէ ալ նշանակուած է Եուսէֆ Պասմաճիի փոխանորդը, կոչուելով թեմի փոխ-առաջնորդի պաշտօնին:
Միրիաթեան գերապայծառ ունենալով մեծ սէր մատենագրութեան ոլորտին հանդէպ, մասնաւորապէս Հալէպի մէջ հանդէս եկած է տասնեակ դասախօսութիւններով:
Գերապայծառը կը տիրապետէ արաբերէն, հայերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, անգլերէն եւ լատիներէն լեզուներուն: Մասնագիտացած է նաեւ հայ եւ արաբական գրականութեանց առընչութիւններու մասին:
Առաջնորդ Պասմաճիի վաճխանումէն ետք՝ 11 Դեկտեմբեր 1988-ին, Տ. Պետրոս Միրիաթեան եպիսկոպոսի փոխանորդ նշանակուած է, կատարելով օգտակար բարեփոխումներ եւ բարեկարգումներ Առաջնորդարանէն ներս:
1989-ի Օգոստոսին Հայ կաթողիկէ սինոդը զինք նշանակած է Բերիոյ թեմի առաջնորդ:
*
-Սրբազան հայր, գիտենք, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գտնուիք մասնակցելու համար էքիւմենիք ժողովի մը, գիտենք նաեւ, որ Հալէպէն է, որ Երեւան հասած էք: Ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ ներկայիս Հալէպի մէջ:
-Հալէպի իրավիճակը բարելաւուած է, որովհետեւ քաղաքը ազատագրուած է մոլեռանդ ահաբեկիչներէն, որոնք շրջանի մը համար գրաւած էին Հալէպի հին քաղաքի բաժինը: Կրնանք ըսել նաեւ, որ քաղաքը, համեմատաբար նախկին շրջանին՝ մաքուր վիճակի մը մէջ է եւ կը գտնուի յաւելեալ կերպով բարելաւման ճանապարհին վրայ: Սակայն չեմ կրնար ըսել, որ պատերազմը ամբողջութեամբ աւարտած է, որովհետեւ այն ահաբեկչական խմբակները, որոնց մասին քիչ առաջ կ՚ակնարկէի, շատ հեռու չեն Հալէպէն եւ անոնք կը գտնուին համարեայ 10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ ու այդ պատճառով ալ Հալէպ կրնայ թիրախ ըլլալ անոնց հրթիռներուն: Ինչպէս անցնող օրերուն ալ, Հալէպի կարգ մը շրջաններուն մէջ ահաբեկիչներու կողմէ արձակուած հրթիռներ ինկան, նոյնպէս՝ Հալէպի օդակայանը կրնայ թիրախ ըլլալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռարձակումներուն, որովհետեւ անոնք շատ արդիական հրթիռներ ունին եւ հետեւաբար կրնամ ըսել, որ Հալէպը տակաւին զերծ չէ այդ ահաբեկչական խմբաւորումներու սպառնալիքներէն եւ այդ պատճառով ալ մեր օդակայանը կը շարունակէ փակ մնալ: Ըսեմ նաեւ, որ մեր ժողովուդը կրնայ հոգեպէս ամբողջական հանգստանալ միայն այն ատեն, երբ Հալէպի օդակայանը վերաբացուի ու նաեւ Լիբանանը Հալէպին կապող ցամաքային ճանապարհը, որ ցարդ փակ է՝ վերաբացուի:
Ասոնք անշուշտ ժխտական նշաններ են՝ հակամարտութեան եւ Հալէպի դէմ առկայ սպառնալիքներուն վերաբերեալ, բայց այս ժխտական երեւոյթներուն կողքին կան նաեւ դրական երեւոյթներ, որոնք պէտք չէ անտեսենք. օրինակի համար, Հալէպի մէջ ելեկտրականութեան խնդիրը կրնամ ըսել, որ մասամբ լուծուած է, նոյնը կարելի է ըսել ջուրի, վառելանիւթի մասին, որոնք անցեալ փուլին գլխաւոր խնդիրներն էին մեր քաղաքին համար: Ճանապարհներուն մէջ զգալի է, որ երթեւեկութիւն կայ, մարդիկ սկսած են վերադառնալ իրենց սովորական կեանքին. խանութներ վերաբանալով, իրենց հաստատութիւնները վերանորոգելով, բնակարանները վերակառուցելով եւ այլն: Իսկ գալով մեր համայնքային կեանքին՝ ըսեմ, որ մեր եկեղեցիները կը գործեն բնականոն հունով, դպրոցները նոյնպէս, անոնցմէ կարեւոր մէկ մասը արդէն իսկ վերանորոգուած է, աշակերտները իրենց ուսումնական տարին կը շարունակեն, այսինքն ընդհանուր առումով կրնանք ըսել, որ Հալէպը կամաց-կամաց կը վերագտնէ իր անցեալի ռիթմը:
Խօսելով վարժարաններու մասին, հարկ է նշեմ, որ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ալ-Իյման) վարժարանը, որ պատերազմի հետեւանքով մեծ վնասներ կրած էր, անցնող վեց ամսուան ընթացքին մենք յաջողեցանք վերանորոգել եւ այսօր կը գործէ Թիլէլ շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան վարժարանը վերանորոգուելէ ետք սկսած է գործել. անշուշտ դուք ալ գիտէք, որ ազգային վարժարանները միացան Ճեմարանի յարկին տակ, որպէսզի հնարաւորինս կարելի ըլլայ ուժերու կեդրոնացում կատարելով մեր ունեցած ներուժը խնայել: Ըսեմ նաեւ, հակառակ որ մեր համայնքի անդամներու կէսէն աւելին գաղթեցին եւ հեռացան Հալէպէն, բայց այսօր Հալէպի մէջ հայութեան եւ քիստոնէութեան շունչը զգալի է:
Ըսեմ նաեւ, որ մենք որպէս հոգեւոր առաջնորդներ, յաճախ մեր պատգամներուն մէջ հալէպահայերուն վերադառնալու կոչ կ՚ընենք. ճիշդ է, գիտենք, որ անոնք, որոնք հեռու ափեր մեկնած են, դժուար թէ վերադառնան, սակայն անոնք, որոնք այսօր կը գտնուին ըսենք՝ Թար-թուս, Լաթաքիա, Պանիաս, Մաշթա Հլու, ինչպէս նաեւ մասնաւորապէս Լիբանան ու Հայաստան, անոնք սկսած են վերադառնալ եւ այդ մէկը երեւելի է: Անշուշտ մենք կը փորձենք նաեւ մեր հայրենակիցներուն, մեր հաւատացեալներուն ուժ եւ կամք, ինչպէս նաեւ կորով ներշնչել:
Կայ նաեւ աւերուած կամ վնասուած բնակարաններու վերանորոգման խնդիրը եւ այդ առումով ալ մենք մեր կարելի բոլոր միջոցները կը ծառայեցնենք, որպէսզի համայնքի զաւակները վերանորոգեն իրենց բնակարանները:
Ուրիշ մտահոգիչ հարց մըն ալ կայ՝ կապուած Սուրիոյ բանակին ծառայութեան հետ ու այդ առումով ալ մենք որպէս Հալէպի համայնքապետեր, կառավարութեան մօտ յատուկ միջնորդութիւններ կը կատարենք, որպէսզի առնուազն ընտանիք ունեցող հայ երիտասարդները, որոնք պարտաւոր են ծառայել Սուրիոյ բանակին մէջ, հեռու շրջաններ չուղարկուին, այլ մնան Հալէպ քաղաքի ծիրին մէջ եւ հոն՝ իրենց ընտանիքին մօտ կատարեն իրենց պարտականութիւնը եւ ծառայութիւնը:
-Գերապայծառ, այս առումով կ՚ուզեմ կարեւոր հարցում մը բարձրացնել, այն ալ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր բանակին մէջ զինուրագրուած հայազգի ծառայողներու հարցն է, որոնցմէ շատեր արդէն ութ տարիէ ի վեր կը շարունակեն ծառայել Սուրիոյ բանակին, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:
-Գիտէք, վերջերս Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիսի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Հալէպ ժամանեց։ Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար կառավարութեան անդամ 16 նախարարներէ ու այդ առումով ալ մենք պարոն վարչապետին այս թեման ալ բարձրացուցինք, խնդրելով Սուրիոյ պատկան մարմիններէն, որպէսզի անոնք, որոնք պահեստային զինուորներ են եւ ընտանիք ունին, զաւակներ ունին, առնուազն իրենց ծառայութիւնը հեռու շրջաններու մէջ չկատարեն, այլ մնան Հալէպի մօտակայքը, իրենց ընտանիքներուն մօտ ըլլալու համար: Սուրիացի պատասխանատուները մեծ ըմբռնումով ընկալեցին այս մտահոգութիւնը եւ յատկապէս Սուրիոյ բանակի բարձրաստիճան մի քանի զօրավարներ մեզի խոստացան, որ այս հարցը անպայման լուծում պիտի գտնէ եւ պիտի դրուի առաջնահերթ հարցերու քննարկումի ժողովներուն:
-Գերապայծառ, անցեալ Սեպտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր նախաձեռնութեամբ՝ Անթիլիասի մէջ գումարուեցաւ Սուրիոյ նուիրուած համաժողով մը, որուն հիմնական նիւթը Սուրիոյ վերականգնումի անհրաժեշտութիւնն էր։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով, յատկապէս որ այդ ժողովը ձեւով մը «որբ» մնաց:
-Ինչպէս դուք ալ նշեցիք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան վերականգնումի համար յատուկ կոչով մը հանդէս եկաւ ու նաեւ այդ մէկը յայտարարեց Հալէպի մէջ։ Կրնամ ըսել, որ մենք ալ, որպէս Հալէպի հովուապետեր՝ հետեւեցանք այդ կոչին եւ ընթացք առաւ յատկապէս Հալէպը վերականգնելու համեստ գործընթաց մը: Համեստ կ՚ըսեմ, որովհետեւ մենք մեր քայլերը անվստահ ձեւով կը կատարէինքն, քանի որ պետական մարմինները այս խնդրին վերաբերեալ վերջնական կանաչ լոյս մը չեն տուած, անոր համար ալ, ինչպէս դուք նշեցիք, այս անդրանիկ ժողովէն ետք երկրորդ ժողով մը չգումրուեցաւ: Ինչ որ հիմա կ՚ընենք Հալէպի մէջ, որոշ բնակարաններու, խանութներու, դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներն են եւ անշուշտ կը կատարենք միայն այն աշխատանքները, որոնք համայնքին համար առաջնահերթութիւն կը համարուին:
Ըսեմ նաեւ, որ այսօր Հալէպի մէջ կը շարունակէ գործել Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, ուր կը դիմեն մեր հայրենակիցները, եթէ կարիքն ունին իրենց բնակարաններու կամ խանութներու վերանորոգման: Այսօրուայ դրութեամբ՝ այնտեղ որպէս յատակցում նշանակուած է 500 հազար սուրիական ոսկի գումար մը, որ համազօր է 1000 ամերիկեան տոլարի, որ կը տրուի որպէս նուէր, իսկ ենթական եթէ կարիքը ունենայ երկրորդ 500 հազարին, ապա այդ մէկը կը տրուի փոխտուութեան սկզբունքով։ Անշուշտ այն անհատները, որոնք այդ գումարին պէտք ունին, պէտք է նաեւ երաշխաւորներ ունենան, որպէսզի Մարմինն ալ յստակօրէն գիտնայ, թէ այդ գումարը կը գործածուի վերաշինութեան նպատակներով:
Ինչպէս քիչ առաջ ալ ըսի, կ՚ուզեմ կրկնել, որ Հալէպի մէջ այսօր ամբողջական վերականգնումի գործընթացը սկիզբ չէ առած, որովհետեւ պետական մարմիններ մինչեւ այս պահը այդ մասին պաշտօնապէս չեն յայտարարած:
Այս բոլորէն անդին նաեւ Հալէպի օդակայանի վերաբացումը, ըստ իս, պիտի ըլլայ ամենամեծ եւ ամենակարեւոր ազդանշանը՝ Հալէպը դարձեալ վերականգնելու համար:
-Գերապայծառ, յաջորդ հարցումս կը վերաբերի վերջին ամիսներուն Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն եւ մասնաւորապէս Աֆրինի մէջ շղթայազերծուած պատերազմին: Արդեօք ինչքանո՞վ այդ դէպքերը վտանգ կը սպառնան Հալէպին:
-Ըսեմ, որ շատ հեռու չէ Աֆրինը Հալէպէն, սակայն ներկայ պահու դրութեամբ Հալէպի անվտանգութեան օրակարգով մենք մեծ մտահոգութիւններ չունինք: Ճիշդ է, որ պատերազմական այդ դէպքերը կ՚ազդեն ընդհանրապէս տնտեսութեան վրայ եւ իմ տեղեկութիւններով, վերջին օրերուն եղած դէպքերը պատճառ դարձած են, որ Հալէպի մէջ տնտեսական սառած վիճակ մը ստեղծուի, բայց անվտանգութեան առումով Հալէպը լաւապէս պաշտպանուած է Սուրիոյ պետական զօրքերու հովանաւորութեամբ:
Աֆրինի մասին խօսեցաք, ըսեմ, որ Աֆրինով չի վերջանար Սուրիոյ հարցը։ Աֆրինէն ետք, օրինակ, բնականաբար կայ Իտլիպի խնդիրը, որ նաեւ բաւական մտահոգիչ է: Ինչպէս դուք ալ գիտէք, Իտլիպի մէջ մեծ թիւով ահաբեկիչներ կան եւ իրօք մտահոգիչ է, թէ ո՞ւր պիտի երթան այդ ահաբեկիչները. Լիբանա՞ն պիտի երթան, Թուրքիա՞, թէ՞ դէպի Հալէպ պիտի ուղղուին… Այս հարցերը տակաւին ժամանակի կը կարօտին եւ իմ կարծիքով՝ Սուրիոյ պատերազմը կրնայ հանգուցալուծուիլ միայն այն ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան իրապէս կամք դրսեւորեն այս խնդիրը քաղաքական ճանապարհով լուծելու։ Ճիշդ է անոնք յաճախ շփումներու մէջ են, կապի մէջ են, բայց եւ այնպէս, իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ իր շահուն համար պայքարիլ եւ դիմացինին հարուածներ ուղղել եւ անշուշտ այս բոլորէն կը տուժէ սուրիացի ժողովուրդը:
Իրականութիւն է, որ ժողովներ ալ կը կատարուին, վերջերս օրինակ՝ տեղի ունեցաւ Սոչիի ժողովը, որուն սակայն չմասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգները։ Սա կը նշանակէ, որ տագնապը տակաւին հեռու է ընդհանուր լուծումի մը ճանապարհէն:
-Գերապայծառ, ամէն առիթի կը խօսուի քրիստոնեաներուն եւ այս պարագային յատկապէս սուրիահայերուն եւ հալէպահայերուն ապագային անորոշութեան մասին։ Դուք իբրեւ Հալէպի մէջ գործող հոգեւոր առաջնորդ մը, ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել այդ առումով:
-Այս հարցը տուիր, բայց նախ պէտք է աւելցնեմ, որ այսօր բնակչութեան թիւի նուազում կայ, խօսքը անշուշտ միայն հայ բնակիչներու մասին չէ, այլ քրիստոնեայ բնակիչներու մասին է եւ այդ թուաքանակի պակսելու խնդիրը մեզի լուրջ մտահոգութիւն կ՚առթէ եւ այս առումով ալ հարց կու տանք՝ «Իիրօք, ո՞վ պիտի օգնէ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն»: Այսօր Սուրիոյ պետութենէն զատ ոչ ոք տէր կը կանգնի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, իսկ արեւմտեան այն երկիրները, որոնք պատմական առաքելութիւն ունին՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն զօրավիգ եւ թիկունք կանքնելու, թերացած են իրենց պարտականութիւններուն մէջ։ Անոնք, որոնք կոչուած են քրիստոնեաներուն պաշտպան դառնալու, դժբախտաբար կ՚օգնեն ընդդիմադիր ահաբեկիչներուն, իսկ ո՞վ է մեզ պաշտպանողը, այսօր ռուսերը Սուրիա եկած են, պարսիկները Սուրիա եկած են, օգնելու համար քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն եւ այս բոլորը անշուշտ զարմանալի իրականութիւններ են մեզի համար: Ես անցեալ շաբաթ առիթը ունեցայ Ֆրանսա այցելելու եւ հանդիպումներ ունենալու ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։ Այդ հանդիպումներու ընթացքին բազմիցս արձագանգեցի եւ ըսի՝ «Ո՞ւր է Ֆրանսան: Ֆրանսան, որ իբրեւ թէ պաշտպանն էր քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, այսօր չկայ Սուրիոյ մէջ, գոյութիւն չունի եւ նեցուկ չէ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն»:
Եւ այս ամբողջը աչքի առջեւ ունենալով, կրնամ ըսել, որ ընդհանուր քրիստոնէութեան ապագան Սուրիոյ մէջ դեռ անյստակ եւ աղօտ պատկեր մը կը ներկայացնէ, սակայն այս ամբողջ տուեալները տեսնելով, մենք իրաւունք չունինք ընկրկելու, տեղի տալու: Ինչպէս տարբեր երկիրներու մէջ, ես Ֆրանսայի մէջ, այսօր Հայաստանի մէջ ալ կոչ կ՚ընեմ սուրիահայերուն՝ վերադառնալու իրենց ծննդավայրը ու նաեւ կոչս կը վերաբերի արեւմտեան երկիրներուն, որոնք պէտք է օժանդակութեան ձեռք երկարեն, որպէսզի քրիստոնեայ ժողովուրդները շարունակեն մնալ եւ ապրիլ Միջին Արեւելքի մէջ: Անշուշտ այս կոչը միայն իմ կոչս չէ, Հռոմի քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Պապն ալ նոյն կոչով հանդէս եկած է եւ տարբեր առիթներով յայտարարած է, որ Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներուն համ չունի, հոտ չունի եւ անարժէք կրնայ դառնալ:
Նորէն յիշեցնեմ, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, վերջերս առիթ եղաւ Միջին Արեւելքի հարցերով ֆրանսացի բարձրաստիճան պատասխանատուի մը հետ հանդիպելու ու այդ հանդիպման ընթացքին էր նաեւ որ ըսի, թէ Ֆրանսան պէտք է շարժի, Միջին Արեւելքի ուղղութեամբ պէտք է գործնական քայլերու դիմէ եւ Փարիզ նստելով, գեղեցիկ ճառերով չէ որ Ֆրանսան կրնայ իր դերը վերստանձնել։ Ճիշդ է, որ նախագահ Մաքրոն իր ոճը փոխած է Սուրիոյ հանդէպ, բայց այդ մէկը բաւարար չէ: Անշուշտ իրենք արձանագրեցին իմ բողոքը, իմ արտայայտութիւնները, բայց վստահ չէ, թէ անոնք գործնական հունի մը վրայ պիտի դրուին, կամ ոչ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան