90-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Երեւանի մէջ, Գրողներու տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ երէց սերունդէ յայտնի գրող Թորոս Թորանեանի։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Գրողներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձօնուած էր Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90-ամեակի յոբելեանին։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Ըլլալով սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական՝ Թորոս Թորանեան նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն մեծ անուն կը վայելէր Հայաստանի մէջ, ընդունուած ու սիրուած էր։ Ուրախ եմ, որ երբեմնի դրախտային Հալէպը պատկերացուցած եմ Թորոս Թորանեանի իսկ կերպարով։ Հալէպի մէջ ծնաւ, եկաւ Հայաստան բժշկական կրթութիւն ստանալու, սակայն իր յետագայ կեանքն ու գործունէութիւնը ուղղեց մարդոց հոգիներու բուժման, նուիրուեցաւ հայ համայնքին»։ Խօսքի աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան Թորոս Թորանեանին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յուշամետայլը։

Հրանոյշ Յակոբեանէն վերջ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի ներկայացուցչութեան փոխ-տնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան։ Թորոս Թորանեանը շնորհաւորեցին նաեւ «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան, յայտնի գրականագէտներ եւ արձակագիրներ։ Ընթերցուեցան իր ստեղծագործութիւններէն հատուածներ։

Վերջաւորութեան Թորոս Թորանեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Ան ըսաւ, որ եթէ հնարաւորութիւն ունենար դարձեալ լոյս աշխարհ գալու, կը փափաքէր ծնիլ ու ապրիլ միայն Հայաստանի մէջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018