ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ՄԵՂՔԻ ՏԻՂՄԻՆ ՄԷՋ ԹԱՒԱԼՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱԶԱՏԱՐԱՐԸ
«Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ Զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու» (Ես 6.1-2։ Ղկ 5.18-19)։
Բառե՜ր, աղօթաձայն ու մեղեդիաբարբառ բառեր, որոնք կարկամած հոգիին համար բալասան էին, պապակ հոգիին համար՝ ջուր, խարխափող մտքին համար՝ անստուեր լոյս, շուարած կամքին համար՝ հաւատք, մթագնած հոգիին համար՝ յոյս, չարախինդ մոլութեանց համար՝ առաքինութիւն, սրտակեղէք թշուառականներու համար՝ առկայծող լոյս, յուսալքուած անհատին համար՝ ամոքիչ սպեղանի, աստ-ւածահաճ կեանքէ պարպուած մարդոց համար՝ «առաւել կեանք»ով հարստանալու սրտբաց հրաւէր։
Քրիստոս էր եկած աշխարհ, մարդիկը մահուան սպառնալիքէն ու մղձաւանջէն ձերբազատելով՝ անոնց անվախճան կեանք ու անմահութիւն շնորհելու, մարդոց վիշտն ու ցաւը, սուգն ու տառապանքը բաժնեկցելով՝ յաւիտենական ուրախութեան եւ երջանկութեան փոխակերպելու, մարդոց մեղքերուն ախտը մաքրելով ու սրբելով՝ զանոնք լոյսի եւ սրբութեան որդիներ դարձնելու։ Աստուածորդին մարմին էր զգեցած, որպէսզի երաշտացած մարդուն մէջ վերստին ցանէր աստուածութեան ցօղը եւ վերանորոգէր մարդուն կեանքը՝ զայն դարձեալ դնելով Աստուծոյ հաղորդութեան հետ ու միաժամանակ զինք իր նախկին աստուածաստեղծ վիճակին վերադարձնելու։ «Գառն Աստուծոյ»ն երկնքէն երկիր իջած էր՝ մարդիկը երկրէն երկինք բարձրացնելու եւ նիւթական խորհողութենէն աննիւթականին վերափոխելու։
Աստուած Եսայի մարգարէին բերնով կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ» (Ես 51.12)։ Աստուած Ի՛նքն է, որ «սրտով կոտորածները կը բժշկէ» (Սղ 147.3)։ Ի՛նքն է, «որ բոլոր իյնալու վրայ եղողները կը կանգնեցնէ» (Սղ 145.14)։ Ի՛նքն է, «որ կը մխիթարէ սրտաբեկները» (Բ.Կր 7.6)։ Ի՛նքն է, «որ կ՚ազատէ չարին քմայքներուն մէջ խրած Իր ձեռակերտները» (Հմմտ. Սղ 50.15։ Բ.Օր 20.4։ Կղ 1.13)։
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Մարդը ինքզինք բացարձակացնելու եւ աստ-ւածացնելու ձգտումով՝ ինքն իր անկումը բերաւ, եւ դեռ կը շարունակէ ամբարտաւանութեան նոյն ճամբով ընթանալ՝ իր ճակատագիրն ու փրկութիւնը ի՛նք տնօրինելու յամառ ու կործանարար յաւակնութեամբ, սակայն առանց երբեք ինքզինք փրկել կարենալու։ Եւ ահա՛, Աստուած մարդուն ուզեց տալ փրկութեան Ի՛ր ճամբան՝ մարդկային ամէն մտածողութենէ տարբեր։ Եւ այդ անոր կերպը՝ նոյնինքն Աստուածորդիին աշխարհ գալուստը, մարդեղանալը եւ մարդկային պայմաններուն մէջ մեղքը յաղթահարելը պիտի ըլլար։ Իսկ որպէսզի մեղքին եւ մահուան վրայ յաղթանակը բոլո՛ր մարդոց տրուած յաղթանակ ըլլայ, Աստուած տնօրինած էր, որ Իր Որդին բոլոր մարդոց փոխարէն մահը ճաշակէ իբրեւ մեղքին դատապարտութեան անհրաժեշտ գինը՝ Իր մահուամբ վճարուած, «Իր սեփական արիւնով մեզի համար յաւիտենական փրկութիւն ապահովելով» (Եբր 9.12), որպէսզի ատով նաեւ կեանքի եւ անմահութեան Իր կտակին ժառանգորդները դառնանք»։
«Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ Զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու» (Ես 6.1-2։ Ղկ 5.18-19)։
Երկնքէն երկիր փոխանցուած կանխատեսիլ մարգարէին բերնով փոխանցուած այս խօսքը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ երեք հիմնական կէտեր.
Ա) Աստուծոյ Օծեալը՝ Քրիստոս ճշմարիտ աւետաբերն ու արձակիչը. Դարեր առաջ արտաբերուած ու կանխագուշակուած «անդառնալի ու անսուտ» մարգարէութիւնները իրականացած էին Քրիստոսով։ Օծեալը եկած էր աշխարհ՝ փրկութեան աւետիսը փոխանցելու եւ Աստուծոյ արքայութեան դռները բանալու աստուածատուր շնորհքէն պարպուած մարդուն առջեւ։ Բոլոր անոնց՝ որոնք զազիր մեղքին պատճառով իրենց մարդկային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան մէջ խորտակուած էին, որոնք մեղքին գերին դարձած՝ անոր կապանքներուն մէջ կը տուայտէին ու աղեկէզ կը հեծծէին, որոնց հոգեւոր տեսողութիւնը կորսուած էր եւ կոյրերու պէս կը խարխափէին փրկութեան ելքին ի խնդիր՝ իրենց վիրաւոր հոգիին մէջ ամէն օր ապրելով Աստուծոյ որդիութենէն իրենց զրկուածութեան դառն հետեւանքները։
Արդարեւ, Իր ժողովուրդը Եգիպտոսի տաժանակիր ստրկութենէն արձակող նոյն Տէրն է, որ հիմա կու գար մեղքով կուրցած Իր ժողովուրդը մեղքին եւ անմարմին փարաւոնին՝ չարին ստրկութենէն արձակելու եւ անոնց ծառայութեան լուծը խորտակելու։ Ճշմարիտ Արձակիչն է Ան, որ «մեզ սիրեց եւ Իր արիւնով մեր մեղքերուն շղթաները փշրեց» (Յյտ 1.5), որպէսզի Սատանային կողմէ գերեվարուած եւ մեղքով կարկամեալ հոգիներուն ու մարմիններուն ազատութիւն տայ՝ անոնց պարանոցէն չարին լուծը հանելով եւ Իր սիրոյ լուծը անցընելով։
Բ) Քրիստոս՝ մեղքի տիղմին մէջ թաւալող մարդուն ազատարարը. Իր աստուածային փառքէն մերկացած Աստուածորդին, Իր գալուստով ու հրաշափառ յարութեամբ կորուսեալներս ազատագրեց մեղքի տիրապետութենէն եւ առաջնորդեց դէպի արդարութիւն։ Մեզ արձակեց մահուան ահալի սարսափէն եւ առաջնորդեց դէպի յաւիտենական կեանք։ Մեզ դուրս բերաւ Սատանայի չարահաւան ծառայութենէն եւ դարձուց Աստուծոյ կամքին կատարիչները։ Մեզ ազատեց խաւարի ստապատիր թագաւորութենէն եւ առաջնորդեց լոյսի թագաւորութեան։ Մեզ հեռացուց յաւիտենական ահագնադղորդ դատապարտութենէն եւ մօտեցուց յաւերժ երջանկութեան։
Ճշմարիտ ազատարարը՝ Քրիստոս եկաւ աւետելու, թէ հասած է ազատութեան ժամը, որովհետեւ արդէն իսկ հասած է երկինքի արքայութիւնը, հո՛ս է Օծեալ Թագաւորը, երկնքի Տէրը, որուն ձեռքն է փրկութեան դուռը փակելու եւ բանալու բացարձակ իշխանութիւնը (Հմմտ. Յյտ 3.7), փակելու երկրաւոր կեանքի դժուարութեանց եւ դժբախտութեանց ժամանակաշրջանը, եւ բանալու աստուածամերձ կեանքի մը երանութեան անվախճան ժամանակը. վերջ դնելու Աստուծմէ հեռու ապրուած երկրաւոր պանդխտութեան կարօտամաշ օրերուն եւ սկզբնաւորելու հոգիին սպասող տունդարձի երջանիկ օրը, բուժելու մեղքով երկիր ինկած հոգիին կոտրած թեւերը, եւ զայն վերստին սլացնելու դէպի բարձունքը յաւիտենութեան, «անմատոյց լոյս»ին հաղորդութեան մէջ վերստին ապրելու։
Գ) Քրիստոսի յարութիւնը՝ աղբիւր կեանքի եւ վերանորոգման. Քրիստոնէութեան ջատագով ու բանիբուն քարոզիչ, յարութեան գաղափարին եւ իրողութեան մեծագոյն պերճաբան եւ հզօրաշեշտ ախոյեան՝ Պօղոս Առաքեալ եղաւ յարաշարժ, անխոնջ, անընկճելի այն անձը, որ իր կեանքի ու վկայութեան իմաստը խտացուց սա աներկբայ խօսքին մէջ, որ դարձաւ քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան շարժիչ գաղափարաբանութիւնը. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14)։
Պօղոս Առաքեալի կեանքին ու մտածողութեան մէջ լայն եւ որոշադրիչ տեղ ունէր Քրիստոսի յարութիւնը։ Անոր համար Քրիստոսի յարութիւնը տեսական հաւատք, յղացքային գաղափար եւ կամ սոսկ պատմական դրուագի մը զուտ յիշատակային ոգեկոչումը չէր, այլ մանաւանդ ուղղիչ, արիացուցիչ, հրաշագործ ազդակ մըն էր՝ մարդկային տկարութիւնը աստուածային զօրութեամբ փոխարինելու աստիճան։ Արդարեւ, Քրիստոսի յարութիւնը տրամաբանութեամբ, բանական խորհողութեան յատուկ առարկայապաշտ ու փորձառապաշտ մօտեցումով կարելի չէ պարագրել ու սահմանել։ Ընդհակառակը, հաւատալ Քրիստոսի յարութեան՝ կը նշանակէ յոյսի, անմահութեան գաղափարի ներգործութեամբ ապրիլ ու արժեւորել մեր երկրային կեանքը, արարքներու եւ գործերու այնպիսի ընթացքով, որոնց մէջէն կը ցոլայ պայծառութիւնը Քրիստոսի յարութեան։
Քրիստոս Իր յարութեամբ մեզի՝ երկրաւորներուս պատգամեց մեր կեանքը այնպէս ընել, որ ան դառնայ նախաճաշակ անմահութեան, անմահական արժէքներու յաւերժակենդան ներկայութեամբ ու ներգործութեամբ մեր ապրումներուն եւ գործերուն մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ քրիստոսնէական Եկեղեցւոյ համար, Քրիստոսի յարութիւնը՝ սի՛րտն է քրիստոնէութեան, բանալին՝ քրիստոնէական հաւատքի հասկացողութեան, գաղտնի եւ անյաղթահարելի ուժը՝ կեանքի յաղթութեան։
Սիրելի՛ ընթերցող, աշխարհայնացած կեանքիդ մէջ ինչպիսի՞ ազատութիւն կ՚ուզես։ Եթէ քու փնտռածդ ճշմարիտ ազատութիւնն է, զանիկա Քրիստոսի անձէն զատ ուրիշ անձի մօտ մի՛ փնտռեր։ Մի՛ խաբուիր այն լորձնաշուրթն ու դատարկապորտ մարդոցմէ եւ անոնց խաբեպատիր ուսուցումներէն, որոնք կ՚ըսեն. «Մենք ազատ ենք մեր ուզած կեանքը ապրելու»։ Ի՞նչ է այդ «ուզուած կեանքը»։ Մեղքի՞ կեանքը, դէպի յաւիտենական կորուստ առաջնորդո՞ղ կեանքը։ Ի՜նչ մեծ դժբախտութիւն է, որ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած մարդուն ուզած կեանքը ըլլայ մեղքի կեանքը, պարտութեան կեանքը, մահաբեր կեանքը։ Քու կամեցածդ չէ որ ի գործ պէտք է դնես կեանքիդ մէջ, այլ Աստուծոյ կամեցածը։ Իսկ ի՞նչ է Աստուծոյ կամեցածը, եթէ ոչ՝ քու փրկութիւնդ։
Ս. Զատկուայ այս օրը առիթ է վերանորոգուելու, մեղքի պատմուճանը առյաւէտ քու վրայէդ հանելու եւ Յարուցեալ Քրիստոսով վերստին ծնունդ առնելու՝ հին մարդու սովորութիւնները եւ արատները սրտէդ ամբողջապէս արմատախլելով եւ զայն Ս. Հոգիի տաճարը դարձնելով։ Յարուցեալ Քրիստոսը քեզի՛ համար խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ։ Առ այդ, հին մարդու աշխարհապատկան հագուստը Քրիստոսի յարութեան լոյսո՛վ փոխարինէ եւ մեղքով ցեխաթաթաւ կեանքդ վերափոխէ՛…
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ