Երջանկութեան Ձգտումը
Բոլորս պիտի ուզէինք երջանիկ ըլլալ: Սակայն լաւ չենք գիտեր այդ երջանկութեան հասնելու միջոցը: Բազմաթիւ են վեր-լուծումներն ու բացատրութիւնները այդ երեւոյթին մասին: Կարդանք զանազան կայ-քերէ առընչուած հատուածներ՝ յիշելով անգլիացի փիլիսոփայի մը նշանաւոր խօսքը. «Կարելիի՛ն ձգտումը մարդս երջանիկ կը դարձնէ»:
*
ՀՈԳԻՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՒՆ ՉԻ ԶԳԱՐ, ԵԹԷ ԱՉՔԵՐԸ ԱՐՑՈՒՆՔ ՉԵՆ ՏԵՍԱԾ
Բնութիւնը հնդիկներուն սորվեցուցած է ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ զգուշութեամբ վերաբերիլ ամէն բանի, նոյնպէս՝ խօսքին: Ուրեմն զարմանալի չէ, որ անոնց շուրթերէն ելած իւրաքանչիւր խօսք նոյնքան դիպուկ է, որքան՝ անոնց ար-ձակած նետը:
- Երբ մարդ կը հեռանայ բնութենէն, անոր սիրտը կը վերածուի քարի:
- Լուսինը չի վախնար շան հաջոցէն:
- Իւրաքանչիւր մարդու մէջ կը պայքարին չար ու բարի գայլերը: Վերջաւորութեան կը յաղթէ ան, որ դուք կը կերակրէք:
- Մի՛ դատէք մարդը, քանի տակաւին անոր կօշիկներով ճանբայ չէք անցած:
- «Պէտք է»ն միայն մեռնելու համար է:
- Կապ չունի, թէ ինչպէ՛ս կ՚անուանես Աստուած, եթէ Անոր անուան տակ նկատի ունիս Սէրը:
- Այս կեանքին մէջ ամէն բան իրարու կապուած է եւ կը միացնէ բոլորս: Մարդը չի հիւսեր կեանքի սարդոստայնը, այլ միա-հիւսուած է ատոր հետ: Ուրեմն, ինչ ալ ան ընէ այդ սարդոստայնին, կ՚ընէ ինքն իրեն:
- Ինչո՞ւ ուժով կը վերցնէք այն, որ կարելի չէ վերցնել սիրով:
- Հոգին երջանկութիւն չի զգար, եթէ աչքերը արցունք չեն տեսած:
- Պէտք չէ ձին կապել սիւնին եւ ակըն-կալել, որ ան ուժեղանայ:
- Հնդիկին գիր պէտք չէ: Ճշմարիտ խօսքերը կը մխրճուին անոր սրտին մէջ եւ կը մնան այնտեղ: Ան երբեք ատոնք չի մոռնար:
- Ճշմարտութիւնը ըսելու համար շատ բառեր պէտք չեն:
- Երեխան քու տանդ հիւրն է. կերակրէ, սորվեցուր եւ ազատ ձգէ:
- Ըսէ՛ ինծի, եւ ես կը մոռնամ, պատմէ՛, եւ ես չեմ յիշեր, բայց թո՛յլ տուր ինծի մասնակցիլ, եւ ես ամէն ինչ կը հասկնամ:
ՉԿԱՅ ՃԱՄԲԱՅ ԴԷՊԻ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ, ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՔ ՃԱՄԲԱՅ Է
Պուտտայականութիւնը համաշխարհային կրօններէն մէկն է, որուն միլիառաւոր մարդիկ կը հետեւին աշխարհի զանազան այրերու մէջ: Պուտտայականութիւնը կ՚առանձնանայ իր իմաստութեամբ եւ փիլիսոփայութեամբ:
- Սորվեցէ՛ք տալ, եթէ նոյնիսկ դուք ալ քիչ ունիք:
- Եթէ մէկու մը համար լապտեր վառէք, ատիկա նոյնպէս ձեր ճամբան կը լուսաւորէ:
- Ոչ մէկ թանկարժէք քար աշխարհի մէջ կրնայ համեմատուիլ Զարթօնքի իսկական զգացումի հետ:
- Ցաւը ինքն իրեն կու գայ, տառապանքը մե՛նք կ՚ընտրենք:
- Բոլոր տառապանքներու արմատը կիրքն է:
- Բոլոր նիւթական իրերը յաւերժական չեն. ով հասկցած է այդ իմաստութիւնը, աւելի քիչ կը տառապի:
- Նայեցէ՛ք դուք ձեր մէջը՝ պատասխաններ ստանալու համար:
- Ոչ ոք մեզ չի փրկեր մեզմէ: Մենք այդ ճամբան առանձի՛ն պէտք է անցնինք:
- Կայ միայն երկու սխալ, որ կրնանք ընել ճշմարտութեան հասնելու ճամբուն վրայ. կանգնիլ կէս ճամբան եւ չսկսիլ ճամ-բորդութիւնը:
- Գտէ՛ք ներդաշնակութեան ձե՛ր ուղին:
- Պատկերացուցէ՛ք, որ աշխարհի մէջ ամէն ոք իմաստուն է. անոնցմէ իւրաքանչիւրը բան մը կրնայ սորվեցնել ձեզի:
- Չկայ ճամբայ դէպի երջանկութիւն: Երջանկութիւնը ինք ճամբայ է:
- Մոռցէ՛ք ատելութեան, վիրաւորանքի եւ վախի զգացումները:
- Դուք չէք պատժուիր չարութեան համար, դուք կը պատժուիք ձեր իսկ չարութեամբ:
- Եթէ խնդիրը լուծում ունի, անհանգըս-տանալ պէտք չէ, եթէ խնդիրը լուծում չունի, անհանգստանալը իմաստ չունի:
- Եթէ կարենանք հրաշք նկատել չնչին բաներու մէջ, կեանքը կը փոխուի:
- Դուք անձամբ կը գրէք ձեր ճակատագիրը:
- Իւրաքանչիւր մարդ ինք կը կառուցէ իր առողջութիւնը կամ հիւանդութիւնը:
ԿՐՆԱ՞Ք ԳՈՒՇԱԿԵԼ, ՈՐ ԵՐՋԱՆԻԿ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՔ
Ի՞նչ է երջանկութեան հասնելու լաւագոյն միջոցը:
Երջանի՞կ էք: Քանի մը ամիս ետք ինչպէ՞ս պիտի ըլլաք, ի՞նչ պիտի զգաք:
Գուշակելը, թէ մենք ապագային երջանիկ պիտի ըլլա՞նք, թէ՞ ոչ, բան մըն է, որ մեզմէ շատեր կ՚ուզեն աւելի լաւ հասկնալ: Ի վերջոյ, եթէ մենք այսօր փոփոխութիւններ ընենք՝ գիտնալով, որ ատոնք վաղը մեզ կ՚երջանկացնեն, մենք անմիջապէս կը գործենք:
Բազմաթիւ անձերու համար երջանկութեան նուաճումը կը կայանայ կեանքի ժխտական մասէն ձերբազատելով: Եթէ միայն կարենայինք զերծ մնալ պրկումէ, ճնշումէ, ընկճուածութենէ, ձանձրոյթէ, հիւանդութենէ, առանձնութենէ կամ դրամական դժուարութենէ, այն ատեն մենք աւելի գոհ եւ բաւարարուած պիտի ըլլայինք:
Բայց… եթէ ատկէ աւելի՛ն կայ: Երջանկութիւնը խնդիրներու բացակայութի՞ւնն է, թէ՞ ատկէ աւելին:
«Մենք չենք գիտեր, թէ մարդիկ երջանիկ են, որովհետեւ ձերբազատած են իրենց կեանքին մէջ բոլոր ժխտական գործօններէն, թէ՞ անոնք աւելի դրական, գործուն պէտք է ըլլան կերտելու համար երջանկութիւնը», կ՚ըսէ Լիվըրփուլի համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս Փիթըր Քինտըրման:
«Պի.Պի.Սի»ին հետ գործակցելով՝ ան կազ-մակերպած է առցանց փորձարկութիւն մը, որ կը կոչուի «Երջանկութեան գաղտնիքները»: Մասնակցողներուն կը հարցուի, թէ ինչպէ՞ս կ՚արձագանգեն դժուար պարագաներու եւ կը քննեն ազդեցութիւնը մը-տային առողջութեան վրայ:
«Կը խորհիմ, որ երջանկութեան գաղտնիքը հասկնալն է բարդ ցանցը մեր զգացումներու, ժխտական եւ դրական, եւ ատկէ ետք իւրաքանչիւրս պէտք է ունենայ իր ճամբու քարտէսը՝ դիմակալելու ժխտականութիւն պատճառող գործօնները եւ աւելցնելու երջանկութեան առաջնորդող գործօնները», կ՚ըսէ Փիթըր Քինտըրման:
ՀԻՆԳ ՔԱՅԼՈՎ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆՔ ՄԵՐ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՆՔ Կ՚ՈՒՇԱՆԱՆՔ
Մեզմէ ոմանք շատ կը խօսին, բայց չեն գործեր, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի անձնական նպատակներուն, եւ՝ այն բանին, թէ մենք կեանքէն ի՛նչ կ՚ուզենք: Մենք կ՚ուշանանք, քանի որ կը կարծենք, թէ տակաւին ժամանակ ունինք: Բայց օր մը կ՚արթննանք՝ հասկնալով, որ արդէն 50-ի մօտ ենք, եւ շատ ժամանակ չէ մնացած: Երջանկութիւնը գործողութիւններ կը պահանջէ:
ՄԵՆՔ ԿԸ ՄՆԱՆՔ ՆԵՐՍԸ
Մենք կը մնանք տան մէջ, երբ դուրսը հրաշալի գեղեցկութիւն կայ: Դուրս գալու համար ձեզի առիթ պէտք չէ: Շրջապատը այնպէս գեղեցիկ է, որ դուք ձեզ դիւրաւ ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ կը լեցնէք. այնպէս որ, կը բաւէ նստիլ համակարգիչին առջեւ: Դո՛ւրս եկէք:
ՄԵՆՔ ԹՈՅԼ ԿՈՒ ՏԱՆՔ, ՈՐ ԱՆՊԷՏՔ ԻՐԵՐԸ ԿՈՒՏԱԿՈՒԻՆ
Ի՞նչ բանի համար պէտք են այդքան շատ իրերը: Մեր տան մէջ եւ մեր գլուխներուն մէջ տիրող թափթփածութիւնը կը ծանրացնէ մեր ուղեղը: Երբ մենք կը մաքրենք սեփական տարածքը, մենք կը բանանք դէպի երջանկութիւն տանող դուռը:
ՄԵՆՔ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՇԱՏ ԿԸ ԴԻՏԵՆՔ «ՌԻԱԼԻԹԻ ՇՈՈՒ»
Մենք կը հետեւինք ուրիշներու կեանքին, խնդիրներուն եւ գործունէութեան՝ մոռնալով մեր գործերու մասին: Երբ մենք մեզ կորսնցնենք ոեւէ անձի իրականութեան մէջ, չենք տեսներ սեփականը: Ատիկա արգիլուած վայելք է, ինչպէս՝ քաղցրեղէնը, ֆեսթ ֆուտը, թմրեցուցիչն ու ոգելից ըմպելին:
ՄԵՆՔ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ ԱՊԱԳԱՅՈՎ ԿԱՄ ԱՆՑԵԱԼՈՎ
Մենք կը կարօտնանք անցեալի օրերը կամ կը կարծենք, որ վաղը ուրիշ պիտի ըլլայ՝ մոռնալով այն, որ պէտք է ապրիլ ա՛յս օրով: Մենք չենք կրնար փոխել անցեալը: Միաժամանակ, ապագան ծրագրելը լաւ է այն առումով, որ ատիկա սովորութիւն ունի ծաւալիլ այնպէս, ինչպէս մենք կը պատ-կերացնենք հիմա:
ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԶԳԱՆ ԱՂՔԱՏՆԵՐՆ ՈՒ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐԸ
Ունեւոր մարդիկ իրենց միտքերուն մէջ իրենց անձին մասին աւելի շատ դրական զգացումներ կ՚ունենան: Մինչ քիչ եկամուտ ունեցողները աւելի շատ հաճոյք կը ստանան այլ մարդոց հետ հաղորդակցելու, յարաբերելու կարելիութենէն: Այս մասին կը նշէ Գալիֆորնիոյ համալսարանի ուսումնասիրութիւնը, որ հրապարակած է Ա-մերիկեան հոգեբանական ընկերակցութիւնը (American Psychological Association):
Ուսումնասիրութեան մասնակցած են 1519 անձեր:
Բացի եկամուտներու մասին տուեալներէն՝ գիտնականները մասնակիցներուն տեղեկացուցած են, թէ անոնք որքա՛ն ուժգին զգացումներ կ՚ունենան, որոնք սովորաբար կը կապեն երջանկութեան:
Պարզուած է, որ բարձր եկամուտներ ունեցողներու դրական զգացումներու աղբիւրը հպարտութիւնն է եւ՝ ինքն իրմով բաւարարուած ըլլալը: Նուազ հարուստներու համար երջանկութիւնը կը դրսեւորուի սիրոյ եւ կարեկցանքի մէջ:
«Այս ուսումնասիրութիւնը կ՚ապացուցէ, որ դրամը երջանկութեան երաշխիք չէ, սակայն կրնայ ազդել ատոր արտայայտութեան վրայ», կ՚ըսէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն Փոլ Փիֆը:
Նախապէս ամերիկացի կենսաբան Մորան Սերֆ յայտարարած էր, որ մարդոց երջանկութեան զգացումը կախեալ է մարդու շրջապատէն եւ ոչ մէկ ընդհանուր բան ունի նիւթական վիճակի, անձնական փիլիսոփայութեան կամ կենսափորձի հետ:
ԻՐԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՏՈՒՆ
ՊԱՅՏ
Ըստ ժողովրդական հաւատալիքներու, պայտը յաջողութիւն ու առողջութիւն կը բերէ: Կը համարուի, որ յաջողութիւնը միշտ ձիու վրայ է, իսկ ձիուն անհրաժեշտ է պայտ: Ատիկա յաջողութեան ճամբայ ցոյց կու տայ դէպի ձեր տուն: Պայտը ճիշդ տեղադրելը շատ կարեւոր է: Տան մէջ ատոր ճիշդ տեղակայումը երջանկութիւն եւ բարեկեցութիւն կը բերէ, իսկ տառապանքն ու հիւանդութիւնը ձեզ կը շրջանցեն:
ՍԽՏՈՐ
Աններդաշնակութեան ամենէն հաւանական պատճառը չար ոգին է: Շատեր հանդիպած են այն բանին, որ տնային գործերը անվերջ եւ անկանոն են՝ ափսէները ձեռ-քէն կ՚իյնան, վէճեր կամ տրամադրութեան անկում կ՚ըլլայ: Չար ոգիի սանձահարման եւ չար աչքէ խուսափելու համար, ըստ նախանշաններու, սխտոր կը կիրարկուի:
ԽՆՁՈՐ
Տան մէջ խնձոր պահելը լիառատութեան նշան է, կ՚ըսեն ժողովրդական հաւատալիքները: Իրենց թարմութեամբ խնձորները կ՚ապահովեն ձեր բարձր տրամադրութիւնն ու թոյլ չեն տար ձեզի տխրիլ: Դրական նե-րուժը, որով խնձորները լեցուցած են ձեր տունը ամբողջ ամառը, կը տարածուի եւ կը մաքրէ ուժական բոլոր մակարդակները:
ԶԱՆԳ
Զանգի մեղեդային ղօղանջը ի զօրու է վերադարձնել տան բարձր տրամադրութիւնը, կը չէզոքացնէ չար աչքը եւ կ՚ընդդիմանայ չար ուժերուն: Աւելի լաւ է ընտրել արծաթէ կամ երկաթէ զանգ: Ատիկա պէտք է ունենայ մաքուր ու զրնգուն ձայն:
ՕՃԱՌ
Կտոր մը սովորական օճառը մաքրութեան եւ առողջութեան խորհրդանիշ է: Անոր հետ բազմաթիւ նախանշաններ կապուած են, թէեւ այդ մասին շատերը չեն գիտեր: Լոգանքի սեփական սենեակը անաղարտութեան եւ մաքուր ներուժի աղբիւր կարելի է դարձնել ժապաւէնով կապուած գեղեցիկ տուփով օճառի փոքրիկ կտոր մը տեղադրելով:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Օգտագործուած աղբիւրներ՝ «Պի.Պի.Սի»,
«Տէյլիհորօ», «Էտմի», «Քրիւ»