ԴԱՐՁԵԱԼ ԵՐԵՔՈՎ

Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան հերթական անգամ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը քննարկեն Սուրիոյ ճգնաժամը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին՝ անդրադառնալու համար տարածքաշրջանի հրատապ հարցերուն։ Անգարա-Մոսկուա-Թեհ-րան առանցքին վրայ, Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ ընդհանուր կացութիւնը կ՚ենթարկուի արժեւորման՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երեք նախագահներու մասնակցութեամբ այսպիսի ժողով մը նախապէս տեղի ունեցած էր Սոչիի մէջ։ Հիմա այս նոյն ձեւաչափով երկրորդ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Անգարայի մէջ։ Դարձեալ երեքով կը դիտարկուին տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները։

Այսօր, Էրտողան եւ Փութին կը գլխաւորեն Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի եօթներորդ ժողովը։ Այս առթիւ մանրամասնօրէն աչքէ կ՚անցուի երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։ Տնտեսական գետնի վրայ կողմերուն տեսակէտէ առաջնահերթ է Թրքական հոսք խողովակաշարի շինութիւնն ու Աքքույուի հիւլէակայանի կառուցուիլը։ Գիւղատնտեսութեան բնագաւառն ալ առարկայ կը դառնայ ուշադրութեան՝ յատկապէս Թուրքիայէն Ռուսաստան արտածուող լոլիկի խմբաքանակին բերումով։ Ռազմաարդիւնաբերական գետնի վրայ ալ կողմերու համագործակցութիւնը կը զարգանայ եւ այս շրջանին առանցքային կը համարուի C-400 հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուիլը։ Էրտողան եւ Փութին այսօր Աքքույուի մէջ մասնակցութիւն կը բերեն նոր կառուցուելիք հիւլէակայանի պաշտօնական արարողութեան։

Ի շարունակութիւն, վաղը Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ եռակողմանի գագաթաժողովը՝ Էրտողանի, Փութինի եւ Ռուհանիի մասնակցութեամբ։ Սուրիոյ մէջ երաշխաւորի դեր ստանձնած են Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան, որոնց ղեկավարները խոշորացոյցի տակ պիտի առնեն Սուրիոյ վերջին վիճակը՝ շեշտը դնելով երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման վրայ։ Աստանայի գործընթացին զուգահեռ հաստատուած՝ լարուածութենէ զերծ գօտիներ ստեղծելու ուղղեալ ջանքերը պիտի ամփոփուին, պիտի քննարկուին Սուրիոյ ճգնաժամի պարագային յառաջիկայ շրջանին առնուելիք քայլերը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ համատեղ պայքարի վերաբերեալ խնդիրներ։

Էրտողան այս գագաթաժողովին մասնակցութիւն կը բերէ՝ վերջին շուրջ տասն օրուան ընթացքին երկու անգամ հեռաձայնով զրուցած ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Թէեւ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Իրաքի խնդիրներուն շուրջ գոյութիւն ունին որոշ տարակարծութիւններ, սակայն կողմերը կը շարունակեն մնալ սերտ շփման մէջ։ Եռակողմանի ձեւաչափով ներկայ խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ Անգարա կը յստակացնէ իր դիրքորոշումը զանազան հարցերու շուրջ։ Ի շարունակութիւն Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցներուն՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Իւմիտ Եալչընն ալ վերջերս այցելեց Ուաշինկթըն, ուր կարեւոր բանակցութիւններ վարեց ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ճոն Սուլիվանի հետ։ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ տարակարծութեան գլխաւոր նիւթը այս փուլին Մենպիչն է։ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններով Սուրիոյ հիւսիսի Աֆրին քաղաքը եւ շրջակայքը անցած է Թուրք զինեալ ուժերու հակա-կըշռին տակ։ Ներկայիս Թուրքիոյ նոր թիրախն է Մենպիչը եւ հաւանականութիւն կայ, որ ԱՄՆ-ի հետ համատեղ ընթացք մը ըլլայ այս պարագային։

Փութինի Թուրքիա այցելութեան կապակցութեամբ Քրեմլինի աղբիւրներն ալ հանդէս եկան պաշտօնական յայտարարութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ռուս ղեկավարի արտաքին քաղաքականութեան գծով խորհրդականը՝ Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Էրտողան եւ Փութին Անգարայի մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու հիմնական նիւթերուն առընթեր ձեռք կ՚առնեն տարածքաշրջանային ու միջազգային բնոյթով հարցեր, ներառեալ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Ըստ իրեն, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան արդիւնաբերութեան, հաղորդակցութեան եւ շինարարութեան բնագաւառներէն ներս գործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ուշաքով մատնանշեց, որ Թուրքիա վերստին դարձած է ռուս զբօսաշրջիկներու տեսակէտէ ամենահրապուրիչ այցելութեան վայրը։ Անցեալ տարի 4.7 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Թուրքիա։ Սա նոր մրցանիշ մըն է՝ 2014-ի 4.5 միլիոն զբօսաշրջիկէն վերջ։ Ըստ Ուշաքովի, Էրտողան-Փութին հանդիպումէն վերջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ կը ստորագրուին շարք մը երկկողմանի փաստաթուղթեր, որոնց նպատակն է զարգացնել յարաբերութիւնները զանազան բնագաւառներէ ներս։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքն ալ յայտնեց, որ Աքքույուի հիւլէակայանի կառուցումը կը շարունակուի նախատեսուած ժամանակացոյցով։ Աթոմակայանի շինութիւնը աւարտած պիտի ըլլայ 2023 թուականին։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2018