ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, «Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Աւանդական դարձած այս տօնավաճառը կազմակերպուեցաւ Եւրոմիութեան գան-ձատրումով, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Քարիթաս Աւստրիա»ի աջակցութեամբ։ Երեւանի Օփերայի շրջակայքին տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Բացօթեայ երկօրեայ ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ աշխուժութեան։ Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն այս բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը դարձած է աւանդական։
Տօնավաճառի բացման ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, ինչպէս նաեւ ծրագրին ներգրաւուած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Այս առթիւ Սերժ Սրապիոնեան կարեւորեց այս ցուցահանդէսի կազմակերպումը ու մատնանշեց, որ ամէն տարի մասնակիցներու թիւը կ՚աւելնայ, տեսականին կը հարստանայ։ Ըստ փոխ-նախարարին, նման տօնավաճառները միեւնոյն ժամանակ կը հանդիսանան խորհրդանշաններ՝ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու համարկման տեսակէտէ։