ՈՒԽՏԸ ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ (Ե.)

ԱՆԷԾՔ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՆԵՐՈՒՆ (Հմմտ. 28.15-68)

Անէծքներուն ցանկը աւելի երկար է, քան՝ օրհնութեանց։ Բոլոր անոնք, որոնք կը խոտորին Տիրոջ ճանապարհէն՝ «Անոր գործերուն մէջ անէծք, տառապանք եւ յանդիմանութիւն պիտի ղրկէ՝ իր չար գործերուն եւ Տէրը ձգելուն համար, մինչեւ որ շուտով բնաջինջ ըլլայ ու կորսուի» (Բ. Օր 28.20)։ Տակաւին կ՚աւելցնէ. «Տէրը երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ քեզ ու հոն ծառայութիւն պիտի ընես օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, որոնք ո՛չ դուն ճանչցեր էիր, ո՛չ ալ քու հայրերդ» (Բ. Օր 28.64)։

Փօլ Ռիչըրտ կ՚ըսէ. «Մարդ ի՛նքն է որ կ՚ընտրէ իր արարքները, բայց չի կրնար անոնց հետեւանքները ընտրել»։ Հետեւանքը գործէն յառաջ կու գայ եւ սխալ ընտրութեան պարագային՝ անձը կ՚առաջնորդուի դէպի կործանում։

Աստուծոյ սպառնացած անէծքները կրնան խիստ թուիլ, բայց անոնք սահմանուած են՝

1- Որպէսզի ժողովուրդը զգաստանայ։

2- Որպէսզի պատիժը ստանալու պարագային՝ չար ճամբայէն ետ դառնայ։

3- Աստուծոյ նպատակն է մարդոց սիրտը շահիլ եւ զանոնք մեղքերէ մաքրել եւ Իր ներկայութեամբ «յարդարել»։

Սակայն Հին կտակարանի պատմութենէն գիտենք, թէ ինչպէ՛ս հրեայ ազգը Աստուծոյ օրէնքներուն չհետեւեցաւ եւ որուն իրբեւ հետեւեանք՝ մեծաւ մասամբ Տիրոջ սահմանած անէծքները ստացան։

ՄՈՎՍԷՍԻ ԵՒ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՈՒԽՏԵՐՈՒՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

1- Օրէնքի ուխտը չփոխարինեց Աբրահամի ուխտը։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Կտակը որ Աստուած կատարեց Քրիստոսը նկատի ունենալով՝ շատ աւելի կանուխ է քան Օրէնքը, որ չորս հարիւր երեսուն տարիներ ետք տրուեցաւ. եւ ուստի, Օրէնքը անվաւեր չի դարձներ կտակը եւ չի ջնջեր խոստումը» (Գղ 3.17)։ Այսինքն՝ Օրէնքը բացարձակապէս ազդեցութիւն չունեցաւ Աբրահամի տրուած խոստումներուն վրայ։

Աբրահամի ուխտը վախ-ճանաբանական է, այսինքն՝ սահմանուած ժամուն Աստուած իր գործը կը կատարէ։ Նոյնիսկ երբ Իսրայէլի ժողովուրդէն շատեր երբ կռապաշտութեան դարձան, Աստուած Աբրահամին ըրած խոստումներուն հաւատարիմ մնաց։ Ժողովուրդին անհաւատութիւնը պատճառ մը չէր, որ Աստուած Իր խոստումները չկատարէր։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝ Ինք հաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ չի կրնար Ինքզինքին հակասել» (Բ.Տմ 2.13)։

2- Օրէնքի ուխտը փրկութեան միջոց չէր։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Արդ, թէ ոեւէ մէկը Օրէնքի գործադրութեամբ չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ՝ շատ յստակ է, որովհետեւ մարգարէն կ՚ըսէ. «Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի»։ Մինչդեռ Օրէնքը կախում չունի հաւատքէն, այլ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ «Ով որ կանոնները կատարէ՝ անոնցմով պիտի փրկուի» (Գղ. 3.11-12)։ Աբրահամ, նախքան Օրէնքին տուչութիւնը, իր հաւատքով արդարացաւ։ Այլուր Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ Օրէնքը մեր խնամակալ դաստիարակը եղաւ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի գալը։ Սակայն Օրէնքը չէ որ մարդս կը փրկէ, այլ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքով արդարացած ըլլալը։

3- Օրէնքի ուխտը սահմանափակ էր, այսինքն՝ ժամանակաւոր, մինչ Աբրահամինը՝ յաւիտենական։

Ի՞ՆՉ Է ՕՐԷՆՔԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐԱԱՈՒԹԻՒՆԸ

Օրէնքը հիմնական երեք նպատակներ կը հետապնդէ.

1- Ի յայտ կը բերէ Աստուծոյ նկարարագիրը։

Աստուած կ՚ըսէ. «Մի՛ սպաններ»։ Որովհետեւ Աստուծոյ աչքին իւրաքանչիւր արարած թանկագին է եւ իւրաքանչիւրին կեանքը անգնահատելի արժէք ունի։

Աստուած կ՚ըսէ. «Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չպաշտես»։ Որովհետեւ Աստուած հաւատարիմ է Իր յանձնառութեանց մէջ եւ մարդոց մէջ գտնուող հաւատարմութիւնը կ՚արժեւորէ։ Մեր անհաւատարմութիւնը կը վշտացնէ զԻնք, որովհետեւ Ինք ամբողջութեանմբ հաւատարիմ է բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն զԻնք։ Ուստի, Աստուծոյ պատուիրանները կը յայտնեն նոյնինքն Իր էութիւնը, հաւատարմութիւնը եւ արդարութիւնը։

2- Ի յայտ կը բերէ մեղքը։

Նոր կտակարանի հեղինակները կը շեշտեն այս կէտը։ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Գիտենք որ Օրէնքը ինչ որ կ՚ըսէ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդոց է որ կ՚ըսէ, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհ Աստուծոյ հանդէպ իր յանցաւոր ըլլալը ճանչնայ։ Ահա թէ ինչու՝ «Աստուծոյ առջեւ ոեւէ մէկը պիտի չարդարանայ» Օրէնքին գործադրութեամբ, որովհետեւ Օրէնքով է որ կը գիտնանք թէ ի՛նչ է մեղքը» (Հռ 3.19-20)։ Եթէ Օրէնքը առաջին հերթին հայելի մըն է, միջոց մըն է, որուն ընդմէջէն զԱստուած կը ճանչնանք, սակայն միաժամանակ ինքնաճանաչողութեան միջոց է։

Դարձեալ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է՝ երբ պէտք եղած ձեւով գործադրուի։ Սակայն գիտենք նաեւ, թէ Օրէնքը արդարներուն համար դրուած չէ, այլ՝ անօրէններուն եւ անհնազանդներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, սրբութիւն ոտնակոխ ընողներուն ու պիղծերուն, հայր ու մայր անարգողներուն, մարդասպաններուն, պոռնկութիւն ընողներուն, արուագէտներուն, մարդ առեւանգողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն, եւ բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք հակառակ են իմ փոխանցած առողջ ուսուցումներուս» (Ա. Տմ 1.8-10)։ Կը տեսնենք, ուրեմն, թէ Օրէնքը մեղքին «մեղքութիւնը» կը բացայայտէ, եւ թէ Օրէնքը տրուեցաւ մեղաւորներուն, որպէսզի իրենց մեղաւոր ըլլալը գիտնան։

3- Հաւատացեալը սուրբ կեանքի կ՚առաջնորդէ։

Աւելի ճիշդ է ըսել հաւատացեալը կ՚առաջնորդէ ո՛չ թէ սուրբ կեանքի, այլ՝ դէպի սրբութիւն առաջնորդող Կեանքին՝ Քրիստոսի։

Հռոմայեցիներուն նամակը կը սորվեցնէ, թէ հաւատացեալները Քրիստոսով մեռան Օրէնքին համար (Հմմտ. Հռ 7.1-4), եւ հետեւաբար, այլեւս Սուրբ Հոգիին բերած նորոգութեամբ կը ծառայենք Աստուծոյ (Հմմտ. Հռ 7.6), եւ Քրիստոս «Կատարումն է Օրինաց» (Հմմտ. Հռ 10.4)։ Նոյնիսկ Երուսաղէմի Եկեղեցին նկատի առաւ, թէ Մովսէսի Օրէնքը ծանր լուծ մըն է, «որ ո՛չ մեր հայրերը կրցան շալկել եւ ո՛չ ալ մենք» (Գրծ 15.10)։ Ուստի, հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաներուն պէտք չէ պարտադրել զայն։

Օրէնքը զօրութիւն չունի ներքին մարդը փոխելու։ Ան պարզապէս կ՚աղաղակէ «ըրէ՛», «մի՛ ըներ», եւ չի կրնար մարդուն մէջ զԱստուած սիրելու եւ Անոր հնազանդելու փափաքը արթնցնել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ԴԱՒԻԹԻ ՀԵՏ

Աստուծոյ Օրէնքը ստացող ժողովուրդը, որ Սինայի լերան մօտ Աստուծոյ ձայնը լսեց, 38 տարի թափառելէ ետք մեռաւ, մինչ իրեն յաջորդող սերունդները Քանաանը նուաճեցին եւ խոստացեալ երկիրը մտան։

Դատաւորներու դարաշրջանին թագաւորներու շրջանը յաջորդեց։ Առաջին թագաւորը եղաւ Սաւուղ (1050 Ն.Ք.), որուն յաջորդեց Դաւիթ մարգարէ։

Դաւիթ գահ բազմեցաւ հազար թուին, հանճարեղ եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մէկը։ Ան Երուսաղէմը հաստատեց որպէս քաղաքական եւ կրօնական կեդրոն, վերակազմակերպեց պաշտամունքը եւ յօրինեց պաշտամունքային երգեր։ Ան հաստատեց կանոնաւոր բանակ եւ երկիրը ամէն կողմէ ամրացուց։ Երբ ան ծերացաւ, բուռն փափաք ունէր Տիրոջ համար տաճար մը կառուցելու։ Բայց Աստուած Նաթան մարգարէին միջոցաւ Դաւիթի փափաքը մերժեց եւ տաճար կառուցելու պատիւը Սողոմոնին տուաւ։ Մինչ Աստուած Դաւիթի միջոցաւ խոստացաւ յաւիտենական թագաւորութիւն հաստատել։

Բ. Թագաւորաց 7.8-16-ին մէջ Աստուած Դաւիթի շարք մը խոստումներ կը կատարէ։ Իսկ Սաղմոսագիրքը կ՚ըսէ. «Ես Իմ ընտրեալիս հետ ուխտ ըրի, Իմ Դաւիթ ծառայիս հետ երդում ըրի, ըսելով. Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ» (Սղ 49.3)։ Ահաւասիկ Աստուած Աբրահամի հետ կատարած ուխտին նման ոճով մը՝ «Պիտի» հաստատումով այստեղ եւս նոյնը կը հաստատէ։

ԴԱՒԻԹԻ ՈՒԽՏԸ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԵՐԵՒՈՅԹ ԿԸ ՊԱՐԶԷ

1- Կայ անմիջական երեւոյթ մը, որ Դաւիթի որդիին՝ Սողոմոնի գահ բարձրացումով տեղի կ՚ունենայ։

2- Կայ միջանկեալ երեւոյթ մը, պատմութեան մէջ իրականացուած, այն որ Յուդան Դաւիթի սերունդով պիտի ղեկավարուի։

3- Եւ վերջապէս, կայ վախճանաբանական երեւոյթ մը, իրականացուած Դաւիթի շառաւիղէն՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով։

1- Անմիջական եւ միջանկեալ իրականացումները

Աստուծոյ անմիջականօրէն կատարելիք խոստումներէն մէկը իրականացաւ քանի մը տարի ետք։ «Երբ քու օրերդ լեցուին ու դուն քու հայրերուդ հետ քնանաս, քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ» (Բ. Թգ 7.12)։ Այս խոստումը պատահեցաւ նոյնիսկ Դաւիթի մահէն առաջ։ Դաւիթ իր որդւոյն թագադրութիւնը տեսաւ (970 Ն.Ք.)։ Սողոմոն անմիջապէս իր հօր գծած ուրուագծով տաճարը 7 տարուայ ընթացքին կառուցեց։

Սողոմոն 31 խաղաղ տարիներ ապրեցաւ եւ խոր ծերութեան օտարազգի կիները մլորեցուցին զինք դէպի կռապաշտութիւն։ Իսկ իր մահէն ետք թագաւորութիւնը երկուքի (930 Ն.Ք.) բաժնուեցաւ։

Աստուած մարգարէի մը միջոցաւ յայտնեց Իսրայէլի ցեղերուն երկուքի բաժանումը (Տե՛ս Գ. Թգ 11.31-33)։ Ահաւասիկ երկրորդ՝ միջանկեալ խոստումին իրականացման նախաքայլը։

Սողոմոնի երէց որդին, Ռոբովամ ժառանգեց հօր գահը եւ ինքն ալ կռապաշտութեամբ ապրեցաւ։ Այսպիսով, Աստուծոյ խոստումը իրականացաւ, որովհետեւ Յուդայի թագաւորութիւնը 350 տարի գոյատեւեց, որ Դաւիթի շառաւիղով ղեկավարուեցաւ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2018