ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Կը տեղեկանանք, որ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ ներկայիս յառաջ կը տարուին մեծածախս ու կարեւոր վերանորոգութեան նախագծեր։ Այսպէս, թաղային խորհուրդի ջանքերով եկեղեցապատկան երկու շէնքերու պարագային սկսած են բարենորոգման աշխատանքներ։ Այս երկու շէնքերու ամրապնդման համար նախատեսուած պիւտճէն կը կազմէ աւելի քան 1 միլիոն թրքական լիրա։ Այդ շէնքերէն մէկուն տանիքի վերանորոգութիւնը արդէն սկսած է՝ պատկան իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ապահովուած ըլլալով։

Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան մեզի յայտնեց, որ նորոգութեան ծրագրերը կ՚ընթանան՝ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի հսկողութեան տակ։ Առաջին փուլին սկսած է թաղի երբեմնի Լուսաւորիչեան երկսեռ վարժարանի շէնքի տանիքին նորոգութիւնը։ Սա 200 տարուան շինութիւն մըն է։ Այս դպրոցը անցեալի մէջ դադրեցուցած էր իր առաքելութիւնը՝ երբ աշակերտութեան թիւը իջած էր հազիւ երկու տասնեակի սահմանը։

Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը ամբողջութեամբ իր միջոցներով, առանց որեւէ աջակցութեան կեանքի կը կոչէ նորոգութեան այս կարեւոր ծրագրերը։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018