ԱԼԻՆԱ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ. «ԵՍ ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՄ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԳԻՏԵՄ ԿԵԱՆՔԻՍ ՆՊԱՏԱԿԸ»

Ամերիկա հիմնուած FLY բարեսիրական միութեան երիտասարդական մարմնի պատասխանատու Ալինա Սամուէլեան FLY-ի գործունէութեան ծիրէն ներս վերջերս այցելեց Երեւան, ուր պատասխանեց մեր հարցումներուն։

-Ալինա, գիտեմ որ աշխոյժ կերպով կը մասնակցիս FLY-ի աշխատանքներուն եւ ինծի համար, որպէս լրագրող շատ հետաքրքրական է լսել եւ իմանալ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած անձնաւորութիւն մը այսքան «բուռն» հետաքրքրութիւն ունի Հայաստանի մէջ դժուար եւ ծանր պայմաններու տակ ապրող մանուկներուն եւ երեխաներուն հանդէպ եւ կը փորձէ տարբեր միջոցներով օժանդակել եւ օգտակար ըլլալ անոնց:

-Ճիշդ է, որ ես ԱՄՆ ծնած ու մեծցած եմ, բայց այն ինչին որ առաջին անգամ ականատես եղայ Հայաստանի մէջ, շատ ծանր տպաւորութիւն ձգեց վրաս, այն իմաստով, որ Հայաստանի մէջ առկայ աղքատութիւնը ինծի համար իրապէս զարմանալի էր, ես երբեք չէի պատկերացներ, որ Հայաստանի մէջ այդքան ծանր մակարդակի աղքատութիւն կայ եւ կան ընտանիքներ, որոնք իրապէս շատ գէշ պայմաններու տակ կ՚ապրին: Ամերիկայի մէջ ալ աղքատութիւն կայ, բայց Հայաստանի մէջ իմ տեսածս տարբեր բան մըն էր:

Մենք առաջին անգամ Հայաստան եկանք 2016-ի ապրիլեան դէպքերէն յետոյ եւ կարծես կ՚ուզէինք մօտէն տեսնել, թէ ինչ վիճակի մէջ կ՚ապրին Երեւանէն հեռու եղող քաղաքներու մեր հայրենակիցները: Կարծես Աստուծոյ կարգադրութեամբ էր, որ մենք յայտնուեցանք Կիւմրիի մէջ եւ այն տեսարանները, որոնք տեսանք, շատ ցաւալի էին, խօսքս անշուշտ «տոմիկներ»ու, թիթեղեայ այդ տուներուն մասին է, ուր 1988-ի երկրաշարժէն ետք մեծ թիւով կիւմրեցիներ ապաստանած են: Ճիշդ է, Ամերիկա ալ աղքատութիւն կայ, բայց Ամերիկայի մէջ եղող ոեւէ աղքատ մարդ առնուազն կրնայ ամենօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ մը ուտելու հնարաւորութիւնը ունենալ, տասնեակ պատսպարաններ կան ԱՄՆ-ի մէջ, այն մարդիկ, որոնք ճանչցուած են ոպրէս «հոմլես» անտունի, իրենք են, որ ընտրած են այդ ճանապարհը եւ ոչ թէ հակառակը եւ այդ առումով է, որ դարձեալ կը շեշտեմ, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի իրավիճակներու միջեւ համեմատական ընելը սխալ է, որովհետեւ ԱՄՆ որպէս երկիր ամէն տեսակի դրութիւն տուած է այն մարդոց, որոնք չքաւոր են, իսկ Հայաստանի մէջ վիճակը կը շարունաէ մնալ ծանր եւ Կիւմրիի մէջ մեր տեսածները իմ ըսածիս ամենամեծ վկայութիւնն են:

Երբ աղքատութեան մասին կը խօսինք, միայն Հայաստանի կամ Ամերիկայի մէջ չէ որ աղքատութիւն կայ, Ափրիկէ ալ ծանր ցամաքամաս մըն է եւ բոլորս գիտենք, լուրերով կը հետեւինք, թէ ինչ թշուռ վիճակներու մէջ կ՚ապրին ափրիկեան կարգ մը երկիրներու բնակիչները:

-Նշեցիք Ափրիկէն, եթէ ձեզի առիթ տրուէր Ափրիկէի մէջ նոյնպէս մարդասիրական օժանդակութիւններ կատարելու, պիտի ընէի՞ք այդ մէկը: Կամ եկէք այսպէս ձեւակերպեմ հարցումը՝ ինչո՞ւ ընտերցիք Հայաստանը, ինչո՞ւ նպատակայարմար եւ առաջնային համարեցիք ձեր մարդասիրական օժանդակութիւնները Հայաստան բերել: Այս հարցումը կ՚ուղղեմ տրուած ըլլալով, որ դուք «օրկանիք» կապ մը չունիք Հայաստանի հետ, Ձեր մայրը Հալէպէն է, իսկ հայրը՝ Լիբանանէն եւ Հայաստանի հետ ուղղակի կապ մը չունենալը նաեւ պատճառ է, որ դուք շատ ալ չհետաքրքրուիք Հայաստանի բնակչութեան վիճակով:

-Շատ դիպուկ է ձեր հարցումը, ուրիշներ ալ այս նիւթը բարձրացուցած են: Նախ կ՚ուզեմ ըսել, որ ես ամէն բանէ առաջ իմ դաստիարակութիւնս, իմ մտածելակերպս կը պարտիմ ծնողներուս եւ շնորհակալ եմ իրենց ատոր համար, յետոյ ինծի համար ոչ մէկ օր Ամերիկայի մէջ ծնած ու ապրած ըլլալս զգացուցած են, որ ես ամերիկեան հոգեբանութիւն կրող մէկն եմ, ես ինչքան որ ամերիկացի եմ, որպէս քաղաքացի, նոյնքան ալ հայ եմ եւ այնտեղ՝ Ամերիկայի մէջ ապրիլը բան մը չի նշանակեր ու ատոր համար է, որ մտածած եւ ընդունած եմ, որ մեզի համար որպէս հայեր ամենէն առաջ մեր հայրենակիցներուն վիճակն է, որ կը հետաքրքրէ. անոնց վիճակին բարելաւումը, օգնութեան ձեռք երկարելը նաեւ կը բխին հայուն հանդէպ ունեցած նախանձա-խընդրութենէս, եւ ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այդ նախանձա-խընդրութիւնը, այդ մօտեցումը ինծի տրուած է իմ ծնողներէս, որուն համար ես միշտ երախտապարտ պիտի մնամ:

Ասիկա ըսել չէ, որ ես ցեղապաշտ եմ եւ ինծի համար ինչպէս հայ մանուկները, նոյնպէս օտար մանուկներն ալ բոլորը Աստուծոյ պարգեւն են, եւ անոր մէջ փնտռելով մարդկային բոլոր այն բարձր արժէքները, որոնք ինծի համար անշուշտ մեծ իմաստներ ունին:

Յաճախ երբ ես ինծի մտածեմ, կը տըխ-րիմ եւ ցաւ կը զգամ, որ ինչու մեր ազգի խաւերուն մէջ ատելութիւն կայ, չկամեցողութիւն կայ, բայց մեր հիմնած կազմակերպութեան շնորհիւ մենք կը փորձենք հակառակը փաստել եւ կը փորձենք յոյս մը տալ բոլոր անոնց, որոնք կարիքն ունին այդ օգնութեան։ Ինծի համար ալ ոսկի օրէնք է՝ երբեք զատողութիւն չդնել հայերու միջեւ, ինծի համար ոչ մէկ գաղափարական կամ դաւանական պատկանելիութիւն արգելք կրնայ հանդիսանալ, որ ես այդ հայը չյարգեմ, չսիրեմ, չօգնեմ, չպատուեմ. ինծի համար այս է գլխաւոր սկզբունքը եւ բոլոր մնացեալը մանրամասնութիւններ են: Անշուշտ այս բոլորին մէջ ես նաեւ տեսնելով մեր երեխաներուն վիճակը, յաճախ ես մեզ՝ բոլորս կը քննադատեմ, նկատելով, որ այս վիճակին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մեղքը ունի եւ եթէ մենք իրարու հանդէպ հանդուրժող ըլլայինք, զիրար իրապէս սիրող ըլլայինք, ապա մեր երեխաները շատ աւելի լաւ վիճակի մը մէջ պիտի ըլլային:

-Կ՚ուզէի հարցնել, թէ ինչպէ՞ս որոշեցիք որպէս FLY, ձեր գործունէութեան ծիրը նաեւ ընդարձակել եւ Հայաստան հասնիլ:

-Նախ ըսեմ, որ FLY-ը երբ հիմնուեցաւ, Սուրիոյ երեխաներուն օգնելու նպատակով էր, որ հիմնուեցաւ։ Այն ատեն ոչ մէկ ծրագիր կար Հայաստանի մէջ մեր գործունէութիւնը ծաւալելու, բայց երեւի Աստուծոյ միջնորդութիւնն էր եւ Աստուծոյ կամքն էր, որ մենք, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, 2016-ի Ապրիլի դէպքերէն ետք Հայաստան այցելենք եւ հոն էր, որ մեզի համար նոր գործելադաշտ մը բացուեցաւ եւ առնուազն ինծի եւ իմ սերնդակիցներուս համար անհաւատալի էր տեսնել այն երեխաներուն վիճակը եւ առօրեան, որոնք թիթեղեայ տուներու մէջ կ՚ապրին, որոնք ամէն տեսակի օգնութեան կարիք ունին եւ ամենակարեւորը, սիրոյ եւ գուրգուրանքի առարկայ պէտք է դառնան իւրաքանչիւր հայորդիի համար, որ կարողութիւնը ունի այդ օժանդակութիւնը տալ:

-Իսկ որեւէ զգացական դժուարութիւններու հանդիպեցա՞ք այդ երեխաներուն հետ շփուելու, անոնց հետ մօտէն ծանօթանալու կամ ժամանակ անցընելու ընթացքին:

-Նախ ըսեմ, որ ես շատ զգացական անձ եմ, թերեւս այդ մասին քիչերը գիտեն, բայց զարմանալի է, որ տարբեր տեսակի մէկը կը դառնաս այդ երեխաներուն հետ շփուելէ ետք, չեմ գիտեր արդեօք աստուածային ո՞ւժն է, որ քեզի կը տրուի՝ անոնց հետ մօտէն խօսելու, շփուելու, ժամանակ անցընելու: Երբ ես անցեալ Նոյեմբերին Հայաստան եկայ ծառայելու նպատակով՝ ինծի համար բաւական դժուարին պահեր էին այդ պահերը, սակայն հետզհետէ իմ մէջ ուժ մը գտայ, որպէսզի կարողանամ այդ դժուար եւ զգացմունքային պահերը թօթափել։ Արդեօք ի՞նչ է այդ ուժը, որ մարդուս մէջ կայ, որ կրնայ յաղթահարել այդ դժուարութիւնները՝ ես չեմ կրնար բացատրել, սակայն ես ապրած եմ այդ բոլորը եւ անկախ պատկերներով կամ տեսաերիզներով քու հայրենակիցներու մասին տեսնելը, դիտեը, իրենց հետ անձնական շփում ունենալը բոլորովին այլ մակարդակի յարաբերութիւն մը կը ստեղծէ մէկ կողմէ իրենց եւ միւս կողմէ քու միջեւդ եւ յաճախ կը զգաս, որ անոնք, որոնք պէտք ունին քեզի, դուն ալ անոնց պէտք ունիս, անոնցմէ դրական ներուժ մը եւ ջերմութիւն մը ստանալու համար: Ի վերջոյ պէտք է ապրիս, որպէսզի կարենաս ճիշդ վկայել եւ որպէսզի այդ ապրածդ քեզի համար նոր պատուհան մը ըլլայ նայելու դէպի բարին, դէպի լուսաւորը: Անշուշտ այս փորձառութենէն ետք ալ ուրիշ գիծ մըն է, որ կը սկսի զարգանալ մէջդ։ Երբ կը զգաս, որ այդ կարիքաւորները քու օգնութեանդ պէտք ունին, կը սկսիս տարբեր հայեացքով նայիլ հարցերուն եւ կը սկսիս մտածել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել օգնելու եւ հնարաւորինս լուծելու համար անոնց ունեցած խնդիրները եւ երբ զգաս, որ դուն պիտի կարողանաս ինչ որ չափով օգնել այդ անկարին, աղքատին եւ չքաւորին, արդէն այն ատեն այդ բոլոր տխրութիւններդ կը վերանան եւ իրապէս կը զգաս Աստուծոյ ներկայութիւնը քու կեանքիդ մէջ:

-Ձեր շրջապատը ինչպէ՞ս կ՚ընկալէ այս մօտեցումը, Ալինա:

-Տարբեր առիթներով այս թեման խօսակցութեան նիւթ դարձած է եւ զգացած եմ, որ շատեր, երբ իրենց հարց կու տամ՝ արդեօք տեսա՞ծ էք այն տեսաերիզները կամ պատկերները, որոնք մենք կը տեղադրենք ընկերային ցանցերուն վրայ, ներկայացնելու համար մեր երեխաներուն այսօրուայ վիճակը Հայաստանի մէջ, անոնցմէ շատ շատեր ինծի պատասխանած են, որ իրենք չեն ուզեր, պատրաստ չեն եւ չեն փափաքիր այլոց դժուարութիւնները կամ ապրած վիճակը տեսնել. անոնք նաեւ կը պատրուակեն, որ իրենք ստիպուած չեն այլոց ցաւը տեսնելով՝ իրենք եւս ցաւ ապրելու: Ճիշդ անոնց համար է որ ես կ՚ըսեմ, թէ ամէն բանէ առաջ պէտք է տեսնել, թէ ինչ իրականութիւն կայ այսօր Հայաստանի մէջ։ Երբ այդ իրականութիւններուն ականատես դառնան, հետեւին, լսեն, այն ատեն պիտի փոխուի իրենց հայեացքը, որովհետեւ մարդուս կեանքը միայն ուրախութեան պահերով լեցուն կենաք մը պիտի չըլլայ, բոլորս ալ գիտենք, որ տարբեր տեսակի դժուարութիւններ կան, տարբեր տեսակի պայքար կայ եւ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ ալ տարբեր փուլեր կան, հետեւաբար, եթէ տուեալ անձը որեւէ ձեւով պատրաստ ըլլայ ծանօթանալու այն չքաւորներու վիճակին, ապա ինք նաեւ պատրաստ կ՚ըլլայ, որպէսզի գոնէ չափով մը օժանդակէ եւ մասնակցի մեր կատարած գործին: Ի վերջոյ, եթէ այդ մարդկային ցաւը չզգաս, քու ունեցածդ չես կրնար արժեւորել: Եւ ըսեմ, որ կենաքը միշտ ուրախութիւն չէ, պիտի զգաս այդ ցաւը, որպէսզի կեանքը արժեւորես եւ ունեցածդ արժեւորես:

-Որպէս վերջին խօսք, ի՞նչ կ՚ուզէիք փոխանցել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն:

-Ինծի համար FLY-ը իմ կեանքիս մէջ կարեւոր տեղ եւ դեր ունեցող միութիւն մը դարձաւ: Անշուշտ ամէն անգամ, որ Հայաստան կ՚ըլլամ եւ միասնաբար զանազան աշխատանքներ կը կատարենք եւ օրը կու գայ հեռանալուն, շատ կը տխրիմ եւ չուզելով կը վերադառնամ Հայաստանէն, որովհետեւ ամէն անգամ, որ վերադառնամ իմ ապրած տեղս, տեսակ մը պարապութիւն կը զգամ, եւ սակայն յետոյ կը հասկնամ, որ պէտք է վերստին ուժ հաւաքեմ եւ գործի անցնիմ, որպէսզի դարձեալ Հայաստան վերադառնամ եւ FLY կազմակերպութեան ճիգերով կարելի եղածին չափ օժանդակեմ Հայաստանի կարիքաւոր երեխաներուն:

Նաեւ կ՚ուզեմ ըսել, թէ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ ինծի այս առիթը տուաւ FLY-ին միջոցաւ, յանուն իրեն այս բարեգործութիւնը կատարել, ինծի համար մեր ըրածը պարզապէս փոքր ծառայութիւն մըն է եւ այդ չի նշանակեր, որ ամէն մարդ ստիպուած է նման բարեսիրական միութիւն բանալ, որպէսզի ծառայէ. ամէն մարդ իր ճանապարհը ունի, իր ընելիքը ունի եւ վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր ոք, եթէ փնտռէ այդ լոյսը, ճանապարհը, պիտի գտնէ իր կեանքին մէջ: Եւ շատ ուրախ եմ, որ 18 տարեկանիս ես արդէն յաջողած եմ գտնել այդ ճամբան եւ գիտնալ իմ գոյութեանս պատճառը եւ իմաստը։ Կան մարդիկ, որոնք ամբողջ կեանք մը կ՚ապրին եւ չեն կրնար գիտնալ իրենց աշխարհ գալու պատճառը կամ իմաստը:

Կը փափաքիմ ու կ՚աղօթեմ, որ մեզի ընկերակից եղողներուն թիւը աւելի ստուարանայ, շատնան մեր բարերարները, որպէսզի կարողանանք այս առաքելութիւնը իր աւարտին հասցնել:

Մեր նպատակը ի վերջոյ միայն սովորական օժանդակութիւն մը տալը չէ, այլ կեանքի հանդէպ նոր մօտեցում մը ցոյց տալն է, մեր երեխաները դժուար իրավիճակներէն դուրս հանելն է եւ դէպի փայլուն ապագայ ճամբայ մը ցոյց տալն է:

*

Ալինա Սամուէլեան, որ դուստրն է Վազգէն Սամուէլեանի եւ Գարօլին Սամուէլեան Գուզուեանի, հասակ առած է Միջին Արեւելքէն Ամերիկա հաստատուած ընտանիքի մը մէջ: Հակառակ «ամերիկեան կեանք»ի որոշ սահմանափակումներուն, Ալինան ստացած է այնպիսի դաստիարակութիւն մը, որ կը տարբերի իր շրջապատէն:

Անշուշտ դաստիարակութիւնը այս պարագային միայն սեփական կեանքի յաջողութեան հասնելու, լաւ կրթութիւն եւ ուսում ստանալու կամ բարձր դիրքերու հասնելու մէջ չէ, այլ շրջապատէն տարբերուելու, տարբեր մօտեցումներ ունենալու եւ կեանքին այլ հայեացքով նայելու առաքինութիւն մը:

Ալինա Սամուէլեան FLY (Freedom Loving Youth) կազմակերպութեան երիտասարդական խմբակի հիմնումին նախաձեռնողն է:

Ան ծնած է Լոս Անճելըս, անոր մեծագոյն երազներէն մէկն է ամէն կերպով օգնութեան հասնիլ Հայաստանի կարիքաւոր մանուկներուն: Երիտասարդուհին, որ ներկայիս համալսարանական իր ուսումը կը կատարելագործէ Լոս Անճելըսի մէջ, նաեւ մաս կը կազմէ իրենց՝ Սամուէլեաններու տղամարդկանց հագուստի արտադրութեան ընկերութեան։ Ան կը հաւատայ, որ կարեւոր ներդրում ունի ընելիք այդ ընկերութենէն ներս, ինչպէս նաեւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ FLY կազմակերպութեան, որուն հիմնական նպատակն է օժանդակութիւններ հասցնել Հայաստանի եւ Սուրիոյ կարիքաւոր երեխաներուն:

Ալինա Սամուէլեան, որպէս FLY կազմակերպութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու, իր շուրջ բոլորած է տասնեակ ամերիկահայ երիտասարդներ, որոնք նոյնպէս կարեւոր աշխատանք կը ծաւալեն Հայաստանի փոքրիկներուն օժանդակութիւններ տրամադրելով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018