ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՇՔԸ

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը Եկեղեցիին մեծագոյն տօներէն է, որ կ՚արտայայտէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ՝ Աստուածորդիին տնօրինական առաքելութեան եւ մարդու փրկագործութեան նախախնամ խորհուրդը։

Արդարեւ, Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի խաչի վրայ մահուամբ եւ յարութեամբ մարդը վերստին յաւիտենական կեանք ունենալու կոչումին արժանացաւ։ Ուստի Անոր Յարութիւնը աննախընթաց եւ եզական հրաշալի դէպք մըն է, եւ այդ իսկ պատճառով՝ դիւրահասկնալի չէ մարդկային մտքի կողմէ, քանի որ մարդկային միտքը սահմանափակ եւ չափաւոր կարողութեամբ է օժտուած։

Արդէն մարդ իր արարչութենէն իսկ չափաւոր եւ սահմանաւոր բանականութեամբ եւ կամքի ազատութեամբ օժտուած է, որ կը խորհրդանշուի «արգիլուած ծառի պտուղ»ով։ Ուրեմն, մարդուս գիտութեան եւ հասկացողութեան կարողութիւնը սկիզբէն իսկ չափ եւ սահմանի ենթակայ է, եւ կարգ մը խորհուրդներ ծածկուած է մարդկային իմացականութենէն։ Թերեւս ժամանակի մը համար՝ նկատի ունենալով, որ «արգելք»ը խորհրդանշուած է «ծառի պտուղ»ով, եւ երբ պտուղը հասուննայ՝ մարդուս համար կարելի պիտի ըլլայ ազատիլ եւս այդ արգելքէն եւ իր իմացականութիւնը պիտի հասնի կատարեալին։ Բայց ասիկա կը կարօտի ժամանակի, մարդուն աւելի զօրաւոր, անթերի եւ կատարեալ վիճակի հասնելու իրողութեամբ։ Չէ՞ որ մանուկներ չեն կրնար հասկնալ կարգ մը իրադարձութիւններ եւ ընդհանրապէս կը սպասուի, որ անոնք մը-տապէս հասուննան՝ բացատրելու համար անոնց եւ հասկնան ճշմարտութիւնը։

Մարդն ալ կը կարօտի մտային բարեփոխման, իմացական կատարելութեան, որպէսզի կարենայ թափանցել կարգ մը խորհուրդներու։

Եւ ասիկա բնական է եւ բանական, քանի որ ճշմարտութիւն մը յայտնելու համար պէտք է որոշ մտային, իմացական եւ զգացական մակարդակ եւ կարողութիւն։ Այդ պատճառով ահաւասիկ, կարգ մը խորհուրդներ չեն յայտնուիր, ծածուկ կը մնան՝ սպասելով որ զանոնք հասկնալու, անոնց թափանցելու մտային եւ իմացական մակարդակին հասնի մարդը՝ մարդկութի՛ւնը։

Ահաւասիկ, Յարութեան Ճշմարտութիւնն ալ կը պահանջէ հաւատք, իմացականութիւն՝ որպէսզի կարելի ըլլայ ըմբռնել զայն։ Արդարեւ, սա իրականութիւն մըն է, թէ այն բանը որ մարդ չի գիտեր, չի հասկնար, չ՚ըմբռներ, կամ իմացականութենէն վեր է, չի՛ նշանակեր որ գոյութիւն չունի։ Եւ կամ աչազուրկ մէկը երբ չի կրնար տեսնել արեւը, այդ չի նշանակեր, որ արեւը գոյութիւն չունի, եւ կամ երբ ամպամած է երկինքը եւ չի տեսնուիր արեւը, այդ ալ չի նշանակեր, որ արեւը գոյութիւն չունի։ Մնաց որ արեւը արդէն իր լոյսով եւ ջերմութեամբ միշտ կը յայտնէ ինքզինք, ինչպէս Աստուած՝ Իր բարեգործութիւններով։

Ուստի Յարութեան իրողութիւնն ալ կարելի չէ՛ ուրանալ եւ անոր էութիւնը մերժել, պարզապէս անոր համար որ աննախընթաց եւ եզական երեւոյթ մըն է եւ անըմբռնելի մարդկային սահմանաւոր իմացականութեամբ եւ չափաւոր միտքով։

Սա պարագան ալ հետաքրքրական է, մարդ կը հաւատայ ծնունդի՝ մարդ էակին աշխարհ գալու իրողութեան, կը հաւատայ նաեւ մահուան՝ մարմնապէս աշխարհէ հեռանալու դէպքին եւ հաւատալու մէջ կը տարակուսի, երկմտութեան կը մատնուի Յարութեան Ճշմարտութեան մասին։ Բանականօրէն՝ որքան իրական է մարդուս ծնունդը եւ ո՛րքան ճշմարիտ մահը, նո՛յնքան ճշմարիտ է եւ իրական Յարութիւնը։ Եւ մանաւանդ, ըստ եկեղեցւոյ հիմնական վարդապետութեան՝ «մարմնաւոր յարութի՛ւն»ը։ Այն ինչ որ պիտի իրականանայ ըստ իր մեծագոյն Տիպարին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեա՛ն։

Սիրելի՜ բարեկամներ, երբ կը հաւատանք ծնունդի եւ մահուան ճշմարտութիւններուն, ապա ուրեմն ի՞նչ պատճառով կը դժուարանանք հաւատալու յարութեան, մանաւանդ թէ աչքի առջեւ ունինք վստահելի, հաստատ փաստ մը՝ տիպար մը մեծ Ճշմարտութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան իրողութիւնը։

Ոմանք կ՚ըսեն, կը տարակուսին, թէ հանգուցեալներու ամէն մէկուն մարմինը ինչպէս պիտի նորոգուի եւ միանայ իր սեփական հոգիին հետ, մանաւանդ որ մարմինը որպէս նիւթ փտած, քայքայուած եւ փճացած է ընդհանրապէս։ Բայց ամենակարող Աստուած՝ որ ոչինչէն կը ստեղծէ մարմինը՝ նիւթը, կարող պիտի չըլլա՞յ արդէն նախապէս ստեղծուած մարմինը՝ նիւթը վերակենդանացնել, նորոգել եւ միացնել հոգիին։

Ասիկա, ահաւասիկ, մարդկայնօրէն, այսինքն մարդկային մարմնաւոր աչքով դիտելու եւ հասկնալու ջանալու եւ աստուածային՝ հոգեւոր աչքով տեսնելու եւ ըմբըռ-նելու հարց մըն է, երբ մարդկայնօրէն դիտուի հոգեւոր իրողութիւն մը՝ բնական է, որ կարելի չ՚ըլլար հասկնալ զայն, քանի որ մակարդակները նոյնը չէ՛ անոնց։ Ուստի «մահ» բառին ստուգաբանութեան համաձայն, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, անիկա «մարմին առանց հոգիի» վիճակ մըն է, եւ ուրեմն՝ երբ մարմինը միանայ դարձեալ հոգիին հետ, «կեանք»ը կը վերայայտնուի։ Եւ եթէ մահը առանց հոգիի մարմին է, ապա, հոգիով մարմինն ալ կեա՛նքն է։

Ուրեմն երբ հոգեւոր աչքով դիտուի եւ աստուածային տեսանկիւնէն տեսնուի, աւելի հասկնալի եւ դիւրութեամբ ըմբռնելի կը դառնայ ամէն հոգեւոր ճշմարտութիւն եւ մանաւա՛նդ Յարութեան իրականութիւնը՝ որ կը համապատասխանէ մարմինո՛վ յարութեան։

Քրիստոսի Յարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի եւ վարդապետութեան հիմքն է. Ան յարութիւն առնելով մեռելներէն, Իր հետ յարութիւն տուաւ նաեւ համայն մարդ-կութեան՝ մեղքերու եւ մահուան մէջ ինկած բնութեան։ Քրիստոս Իր յարութեամբ խորտակեց մահը եւ խափանեց ապականութիւնը՝ ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը։ Արդարեւ, Առաքեալը կ՚ըսէ. «Մահը կլանուեցաւ, յաղթանակը շահուեցաւ։ Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ, ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ». (Ա. ԿՈՐՆ. ԺԵ 55)։

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի համաձայն՝ հաւկիթը կը խորհրդանշէ աշխարհը, կեղեւը՝ երկինքի, բարակ մաղկը՝ թաղանթը՝ օդի, ճերմկուցը՝ ջուրի, դեղինը՝ երկրի խորհրդանիշներն են։ Իսկ ներկուած կարմիր գոյնը՝ աշխարհի Քրիստոսի արեամբ գնուած ըլլալը կը խորհրդանշէ։

Մարդ, կարմիր հաւկիթը առնելով իր ձեռքերուն մէջ, կը հռչակէ իր փրկութիւնը՝ իր յաղթանա՛կը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 16, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 20, 2018