ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԼԵԶՈՒ ՍՈՐՎԵԼՈՒ

Այսօրուան պատանիներն ու երիտասարդները նախորդ սերունդներէն աւելի լեզուներ գիտեն եւ բոլոր ժամանակներէ աւելի հաղորդակցելու արհեստագիտական միջոցներու կը տիրապետեն: Արդեօք անոնց օգտագործած արհեստագիտութեան շնորհիւ  կրնա՞յ  յառաջանալ համաշխարհային բանակ մը՝ բազմալեզու անձերու, որոնք հաշտ եւ համերաշխ ըլլան, զերծ՝ իրարու հանդէպ նախապաշարումներէ եւ այլամերժութենէ:

*

Հիլըրի Իփ 13-ամեայ աշակերտուհի մըն է Հոնկ Քոնկէն: Ան նոյնպէս համակարգչային յաւելուածներ մշակող է: Անոր սմարթֆոնը՝ Minor Mynas, որ մանուկներու կողմէ նախագծուած է մանուկներու համար, հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ աշխարհի բոլոր կողմերէն մանուկներ՝ յատուկ նպատակով մը. սորվիլ իրարու մայրենի լեզուն:

Հիլըրի Իփ կը մարմնաւորէ համաշխարհայնացած, թուայնացման միջոցով իրարու կապուած այսօրուան  ամենէն երիտասարդ սերունդը, որ մեծցած է 21-րդ դարու իւրայատուկ պայմաններով. արհեստագիտութիւն, որ կը կապէ մարդիկ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ, հետզհետէ աւելցող բազմամշակոյթ բնակչութիւն եւ բազմացող անհատականացած կրթական համակարգչային յաւելուածներ եւ խաղեր:

Այս գործօնները արդեօք կրնա՞ն միացնել բազմալեզու սերունդը:

ԱՒԵԼԻ ԲԱԶՄԱԶԱՆ ԱՇԽԱՐՀ

Ամենէն փոքր սերունդը կը մեծնայ պատմութեան ժամանակամիջոցի մը մէջ, որ մեծ կարելիութիւններ կ՚ընձեռէ:

«Մշակութային բազմազանութիւնը կ՚աճի ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս՝ աւելցող միջազգային ներգաղթի միջոցով», կ՚ըսէ Գերմանիոյ Կութինկէն քաղաքին մէջ կրօնական եւ ցեղային բազմազանութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի տնօրէն Փրոֆ. Սթիվըն Վրթովէք: Ան կը նշէ համաշխարհային ներգաղթի մասին ՄԱԿ-ի վերջին զեկոյցը, որ յայտնաբերած է, թէ 258 միլիոն մարդ կապրի իր ծննդավայրէն այլ երկրի մէջ:

«Աւելի բազմաթիւ մարդիկ, աւելի բազմազան ծագումով իրարու հետ կը հաղորդակցին աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ: Ասիկա կրկին պիտի շարունակուի», կ՚ըսէ Փրոֆ. Սթիվըն Վրթովէք:

Այս աճող ներգաղթը, յատկապէս՝ քաղաքներուն մէջ, բազմազան մշակութային եւ լեզուական ծագումով մարդիկը սերտ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ: Աւելի բազմամշակութային աշխարհը կրնայ յանգեցնել աւելի բազմալեզու սերունդի մը:

«Ատիկա վստահաբար կը նպաստէ լեզու սորվելու աւելի մեծ կարելիութիւններու ստեղծման, որ ե՛ւ ընկերային, ե՛ւ լեզուական տարբերութիւններուն դրական արեւելում կ՚ունենայ. այնպէս որ, մարդիկ աւելի ստեղծագործ եւ աւելի հետաքրքրուած պիտի ըլլան այլ լեզուներով», կ՚ըսէ Անգլիոյ Պրմինկհամ  համալսարանի լեզուաբանութեան դասախօս Անժելա Կրեսըն: Ան կ՚աւելցնէ. «Անոնց համար մատչելի են հաղորդակցութեանց միջոցները՝ լեզուական աղբիւրներու, որոնց դէմ անոնք պիտի չպայքարին, ինչպէս է պարագան միակողմանի, միալեզու միջավայրի մը մէջ, ուր մարդիկ քիչ մը աւելի ջղային են տարբեր լեզուներու հանդէպ»:

ԱՒԵԼԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է, ՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԽՕՍԻ ՕՏԱՐ ԼԵԶՈՒ

«Կը կարծեմ, որ առնուազն Եւրոպայի մէջ  երիտասարդները այժմ օտար լեզուներ աւելի կը նախընտրեն, քան անցեալին», կ՚ըսէ Էտինպորօ համալսարանի լեզուաբանութեան դասախօս Անթոնելլա Սորէյս:

Ան կը նշէ 2011 թուականի ուսումնասիրութիւնը, ըստ որուն, Եւրոպական Միութեան երիտասարդներուն 77 առ հարիւրը կը խօսի մէկէ աւելի լեզուներ:

«Ամենէն ցած համամասնութիւնը արձանագրուած  է 55-64 տարեկաններու շրջանակին մէջ», կ՚ըսէ ան:

Այս թիւերը բարձր են կրթութեան բարձր մակարդակ ունեցող երիտասարդ մասնագէտներու մօտ, նշելով, որ առնուազն որոշ ընկերութիւններ իրենց աշխատանքային կազմին մէջ օտար լեզուներու ուսուցումը առաջնահերթ կը նկատեն: Ատիկա նոյնպէս կը հաստատէ, որ այն պահուն, երբ համաշխարհայնացումը նուազ բարգաւաճ երկիրներու մէջ հրահրած է տնտեսական աճ, նոյնպէս ճամբորդութիւն՝ ե՛ւ հաճոյքի, ե՛ւ առեւտուրի համար, բազմաթիւ մարդիկ աւելի լեզուներ կը խօսին, յատկապէս՝ անգլերէն:

Միացեալ Նահանգներու բնակիչներէն 65.5 միլիոն անձեր տան մէջ այլ լեզու մըն ալ կը խօսին, եւ այս թիւը, որ մրցանիշ մըն է, կրկնապատկուած է 1990  թուականէն ի վեր: Այս օտար լեզուներ խօսողներէն  շատերը ներգաղթեալներ չեն:

Ըստ ուսումնասիրութեան, օտար լեզուներ խօսողներուն 50 առ հարիւրը 2010 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած է: Աւելի՛ն. ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ամերիկացի չորս աշակերտներէն մէկը օտար լեզու կը գրէ (աւելի մեծ համեմատութիւն, քան՝ միջին տարիքի բոլոր տարիքային խումբերու համար):

Նման միտում տեղի կ՚ունենայ Գանատայի մէջ, ուր 2011 թուականէն ի վեր, անգլերէնէն կամ ֆրանսերէնէն բացի, այլ լեզուներ խօսողներու թիւը աւելցած է 14.5 առ հարիւրով:

Ամերիկայի Մասաչուսեցի համալսարանի լեզուաբան Թոմ Ռեփէր կ՚ըսէ, որ աշխարհի մէջ դասարանները շուտով պիտի լեցուին այնպիսի երեխաներով, որոնք ամբողջ դասարանին մէջ  կրնան խօսիլ միասնաբար վեց եւ աւելի լեզուներ: Ան կը մատնանշէ «անդրլեզուական, թարգմանական դասարանի» գաղափարը, ուր զանազան լեզուներով խօսող աշակերտները կրնան իրենց դասընկերներուն լեզուներէն բառեր եւ նախադասութիւններ առնել՝ հետզհետէ աւելի բազմազան եղող դասարանին մէջ:

«Ուսուցիչները պէտք է գտնեն միջոց մը՝ ատիկա դասին մէջ ներառելու: Ի՞նչ կ՚ընէ  ուսուցիչը, երբ ան կը հանդիպի ափրիկեցի երեխաներու կամ ասիացի երեխաներու: Ուսուցիչներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէր մըն է, թէ ասիկա ինչպէ՛ս դասին մէկ մասը պէտք է ըլլայ», կ՚ըսէ  Մասաչուսեցի համալսարանի լեզուաբան Թոմ Ռեփէր:

ԵՐԿՎԱՅՐԿԵԱՆԻ ՄԸ ՄԷՋ
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԿԱՊՈՒԻԼ

Այսօր բազմալեզու սերունդ մը ունենալու այլ  գործօն մըն է տեղեկատուական յառաջացած արհեստագիտութիւնը: Ոեւէ պատանի սմարթֆոնով եւ համացանցային կապով կրնայ ունենալ տեսահոլովակային զրոյցներ՝ ովկիանոսներէն անդին գտնուող իր բազմալեզու տարեկիցներուն հետ:

Քսան տարի առաջ նման բան մը անհասկնալի երազ մըն էր:

Ուսումնասիրողներ կ՚ըսեն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ պատանիներուն 57 առ հարիւրը  առցանց նոր ընկերներ ունեցած են ընկերային ցանցերու եւ խաղերու միջոցով, որոնք ընկերներու հետ հանդիպման ամենէն տարածուած թուայնացած վայրերն են:

Զարմանալի չէ, որ Հիլըրի Իփի ծրագիրը այդ միտումի հունին մէջ կը հոսի:

«Տասնամեակ մը առաջ այլ լեզուով ընկերներ ունենալը քիչ մը դժուար էր: Պէտք էր երթայիր այլ երկիր, ուր որոշ ժամանակ մը անցընէիր, ծնողքդ ասիկա պէտք էր կազմակերպէր: Հիմա շատ աւելի անմիջական է արհեստագիտական այս բոլոր միջոցներով», կ՚ըսէ Անթոնելլա Սորէյս:

ԽԱՂԵՐ՝ ԼԵԶՈՒԻ ՍԱՀՈՒՆՈՒԹԵԱՆ

Ուսումնական հաճելի ժամանցը՝ որպէս սորվելու գործիք, նորութիւն մը չէ: Տեսերիզային խաղերը տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունին: Սակայն համացանցի եւ շարժական խելացի սարքերով այսպիսի արհեստագիտութիւններու յառաջընթացը կրթութիւնը նոր բարձունքներու հասցուցած է:

Հարիւրաւոր լեզուական յաւելուածներ (էփփս), որոնք խաղերու վերածուած են, լեզու մը սորվեցնելը աւելի աժան, մատչելի եւ հաճելի կը դարձնեն: Ատոնցմէ ամենէն ժողովրդականը Duolingo-ն է, որ աշխարհի մէջ ունի 200 միլիոն գործածող: Երկրորդը՝ busuu, աւելի քան՝ 80 միլիոն:

Սորվիլը հաճելի, զուարճալի դարձնող աժան կամ անվճար յաւելուածներու բազմացումը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ այն երեխաներուն վրայ, որոնք, ի տարբերութիւն չափահասներու, յաճախ չեն գիտակցիր, որ բան մը կը սորվին:

Մասնագէտները կը նշեն, որ երեխաները աւելի ատակ են խաղերու միջոցով սորվելու, քան ֆիզիքական ներկայութեամբ՝ դասարաններու մէջ, ուր ուսուցիչը կառուցուած միջավայրի մը մէջ անոնց կը սորվեցնէ:  «Այդ պատճառով ալ այս արհեստագիտութիւնը կ՚օգնէ: Անոնք կը կապուին բանի մը եւ իրականութեան մէջ այլ լեզու մը կը սորվին», կ՚ըսէ Սորէյս:

Երբ երեխաները կը դառնան պատանի, անոնք աւելի հաւանական է, որ գիտակից ըլլան եւ զգուշանան ուրիշներու առջեւ սխալներ ընելէ: Այսինքն արհեստագիտութիւնը նոյնպէս կրնայ օգնել, կ՚ըսէ Մեթիւ Մաքլաչլանը՝ երկրորդ լեզու սորվելու մղող բրիտանական Լըրնլայթ միջմշակութային հմտութիւններու հիմնարկի ղեկավարը:

Ան կ՚աւելցնէ. «Ես 29  պատանիներով լեցուն դասարանի մը մէջ չեմ կանգնիր լեզու դասաւանդելու: Ես ատիկա կ՚ընեմ առցանց միջավայրի մէջ, ուր ես ակնթարթային արձագանգ կը ստանամ եւ կրնամ փորձարկել: Ես աւելի կը գուշակեմ, որովհետեւ ատիկա համակարգիչ է: Երբ դուք իսկական անձի հետ էք, չէք գուշակեր, պարզապէս կ՚ըսէք՝ չեմ գիտեր»:

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

Հակառակ այն բազմաթիւ նոր ուղիներուն, որոնց միջոցով արհեստագիտութիւնը կրնայ օգնել այս ուշիմ, սրամիտ երեխաներուն, որոնք կ՚աճին աւելի բազմազան եւ փոխկապակցուած աշխարհի մէջ, մասնագէտները կը նշեն, որ ատիկա աւելի լաւ կ՚աշխատի որպէս լրացուցիչ, քան՝ իսկական կեանքի մէջ, անհատական ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ:

«Եւ երբ դուք լեզուին յատկապէս նայիք, յաւելւածները սորվիլը տակաւին պէտք է նկատի առնել որպէս լրացուցիչ, օժանդակ գործիքներ: Duolingo գործածողները կրնան լաւ նիշեր ստանալ ֆրանսերէն, հունգարերէն եւ այլ լեզուներու մէջ,  բայց եթէ իսկապէս կ՚ուզէք բարելաւուիլ, կու գայ պահ մը, երբ դուք պէտք է սկսիք խօսելու վարժութիւն ընել անոնց հետ, որոնց մայրենին է այդ լեզուն: Սքայփով ուղղակի Մեքսիքայի մայրաքաղաքէն կրնաք ունենալ ուսուցիչ մը, որուն հետ անոր մայրենի լեզուով իսկական զրոյց կ՚ունենաք: Այս ձեւով դուք կ՚ունենաք լաւագոյն ուսուցիչը եւ ոչ թէ, օրինակ, ձեր անգլիական գիւղին մէջ սպանախօս լաւագոյն ուսուցիչը», կ՚ըսէ Մեթիւ Մաքլաչլան:

Այսօրուան երեխաները սմարթֆոներէն եւ պլանշեթներէն արդէն տեղափոխուած են ձայնային տարբերակներ՝ Cortana կամ Alexa, որոնք  AI-ն նման, ըստ Մեթիւ Մաքլաչլանի, աւելի եւ աւելի բարդ հաղորդակցութիւններով 12-18 ամիսէն  լեզու սորվելու նոր  գործիքներ կրնան ըլլալ:

ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Բազմաթիւ լեզուներ խօսելու օգուտները շատ լաւ փաստագրուած են. ուղեղի գործունէութիւնը կը բարելաւէ, կեդրոնացումը կը սրէ, խնդիրներ լուծելու հմտութիւնները կ՚աւելցնէ եւ կրնաս աւելի դրամ շահիլ:

Ըստ Հիլըրի Իփի, այսօրուան երիտասարդութեան միջեւ աւելի շատ հաղորդակցութիւնն ու աւելի փոխըմբռնումը, երբ անոնք կը մեծնան, կրնան օգնել խուսափելու հանրութիւնը շրջապատող խոչընդոտներէ, նոյնիսկ եթէ անոնք տարբեր ցամաքամասերէ իրարու կապուելու համար յաւելուածներ կը գործածեն:

«Չափահասներու աշխարհին մէջ կան թոներով բաներ՝ խտրական, ցեղային, կրօնական եւ այլ կարծրատիպերու մասին: Սակայն երեխաներուն համար բոլորը պարզապէս երեխաներ են», կ՚ըսէ Հիլըրի Իփ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018