ԱԶԳԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՆԵՐ
Հայ իրականութեան մէջ լոյս տեսած են ազգագրութեան նուիրուած քանի մը պարբերականներ եւ թերթեր: Անոնցմէ առաջինը «Ազգագրական հանդէս»ն է՝ հայ ազգագրական առաջին պարբերականը, որ հրատարակուած է 26 հատորով եւ որուն բոլոր հատորները թուայնացման ալիքին հետ, համացանցի մէջ են՝ թուայնացուած տարբերակով: Կարելի է առցանց թերթել եւ ընթերցել 122 տարի առաջ լոյս տեսած «Ազգագրական հանդէս»ին մէջ տպագրուած յօդուածները եւ ծանօթանալ հայ ազգագրութեան նուիրուած կարեւոր ուսումնասիրութիւններուն, որոնք նախանցեալ դարավերջէն գիտնականներուն ուշադրութեան կեդրոնին էին: Առհասարակ, ազգագրութիւնը՝ որպէս ինքնուրոյն գիտութիւն, Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է 19-րդ դարուն, թէեւ հայոց մէջ ազգագրական գիտելիքներ կուտակուած են տակաւին հնագոյն ժամանակներէն: 19-րդ դարու երկրորդ կէսին Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթի կեդրոններու (Վաղարշապատ, Շուշի, Ալեքսանդրապոլ, Թիֆլիզ, Մոսկուա, Պոլիս եւ այլն) պարբերականներու մէջ, այդ կարգին՝ ռուսերէն, հրատարակուած են հայ ազգագրութեան նուիրուած նիւթեր։ Բայց առաջին մասնագիտական, արհեստավարժ հանդէսը, այդ ուղղութեամբ, եղաւ «Ազգագրական հանդէս»ը:
Հանդէսին առաջին թիւը լոյս տեսած է Շուշի, միւս թիւերը լոյս տեսած են Թիֆլիզի մէջ, հանդէսը պարբերաբար հրատարակուած է շուրջ քսան տարի՝ մինչեւ 1916 թուականը: Հիմնելով ազգագրական հանդէս՝ բանահաւաք, ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեան նոր խօսք բերած է հայ գիտական միտքէն ներս:
Լալայեան մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր բանահաւաքչական գործի մէջ մտաւորականութեան մեծ խաւերու ներգրաւումին: Ան մամուլի էջերուն հրատարակած յայտարարութիւններով, ազգագրական ընկերութեան կազմակերպած դասախօսութիւններով եւ բազմաթիւ այլ միջոցներով կը յորդորէր նուիրուիլ ազգային մշակոյթի պահպանման, գիտական սերունդներուն զայն յանձնելու մեծ գործին: Այդ մասին Լալայեան կը գրէր.
«Դե՛հ, ուրեմն, հայ ժողովուրդ, բա՛ց սիրով մեր առաջ քու սիրտդ ու հոգիդ, թո՛ղ որ մենք թափանցենք քու ներքին կեանքին մէջ եւ պատկերացնենք քեզ ինչպէս որ ես. Քու ախտերուդ նկարը նոյնիսկ կարող է բարիք բերել քեզ: Եւ դեռ քանի քաղաքակրթութեան հուրը կը լափէ անցեալի բոլոր յիշատակներն ու մենք պէտք է շտապենք հաւաքելու ինչ որ տակաւին մնացած է, եւ դեռ քանի մենք մասնագէտ ազգագրագէտներ չունինք, հրաւէր կը կարդանք հայոց գրականութեան Մշակներուդ եւ Ձեզ, Հայ Ուսուցչուհիներ եւ Ուսուցիչներ, որ սիրով յանձն կ՚առնեք Հայ ժողո-վըրդի կրթութեան գործը, Ձեր իսկ գործի յաջողութեան եւ ազգային ինքնուրոյնութիւնն ապահովելու փափաքով՝ իւրաքանչիւրդ ձեր միջավայրը ներկայացնելու նեղութիւնն յանձն առէք…»:
Եւ գիտնականի այդ կոչը ապարդիւն չէ անցած: Ինչպէս պէտք էր սպասել, Հայաստանի երկու հատուածներէն անոր շուրջը համախմբուեցան բազմաթիւ բանահաւաքներ եւ գիտնականներ:
Լալայեանին հանդէսը հիմնելու գործին մէջ աջակցած է ժամանակի լաւագոյն գիտական ուժը, որուն ներկայացուցիչները յետագային յօդուածներով հանդէս եկած են ամսագրի էջերուն մէջ: Անոնցմէ էին Մանուկ Աբեղեան, Ստեփան Լիսիցեան, Հրաչեայ Աճառեան, Լէօ եւ այլք: Մասնագիտութիւն չունեցող մարդիկ նոյնպէս իրենց ապրած բնակավայրերու մասին նիւթեր եւ տեղեկութիւններ կ՚առաքէին խըմ-բագրութեան:
«Ազգագրական հանդէս»ը տպագրած է հայ ազգագրութեան, բանահիւսութեան, հնագիտութեան, վիմագրութեան, պատմութեան, իրաւունքի, արուեստի վերաբերող նիւթեր ու ուսումնասիրութիւններ։ Իր գոյութեան տարիներուն «Ազգագրական հանդէս»ը արժէքաւոր յօդուածներ հրատարակած է նաեւ Ջաւախքի, Զանգեզուրի, Արցախի, Գողթնի, Գեղարքունիքի, Վասպուրականի, Պուլանըխի եւ այլ շրջաններու մասին, տպագրած է Ալաշկերտի, Պոլսոյ, Ղափանի բանահիւսական հաւաքածոները, «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգութեան տարբերակները, «Ռոստոմ Զալ» վէպի հայկական պատումները եւ Մանուկ Աբեղեանի «Հայ ժողովրդական վէպը» ուսումնասիրութիւնը։ Հանդէսի էջերուն մէջ գիտական, ուսումնասիրական յօդուածներով հանդէս եկած են Խաչիկ Սամուէլեան, Թորոս Թորամանեան, Գարեգին Յովսէփեան, Գարեգին Լեւոնեան եւ այլ գիտնականներ, ազգագրագէտներ ու հայագէտներ: Լալայեան իրաւացիօրէն վստահ էր, որ հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներու՝ ազգագրական, բանահիւսական եւ հոգեւոր մշակոյթի այլեւայլ նիւթերու յայտնաբերումն ու հաւաքումը անհատական գործ չէ, այլ պէտք է դառնայ համազգային, համաժողովրդական խնդիր: Ուսումնասիրելով հայկական գաւառներու կեանքը եւ զայն ներկայացնելով յօդուածներու տեսքով, յօդուածագիրները անդրադարձած են նաեւ այդ տարածքներուն մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններու կեանքին: Հայկական բնակավայրերու մէջ բնակած բոշաներու, քիւրտերու, ասորիներու, պարսիկներու, ռուս աւանդաւորներու, ուտիներու, վրացիներու, յոյներու եւ այլոց ազգագրութեան վերաբերեալ հարուստ նիւթ կայ ամսագրին մէջ:
Երուանդ Լալայեանի խմբագրած հանդէսն է, որ նպաստած է Հայոց ազգագրական ընկերութեան ստեղծման:
Լալայեան 1900 թուականին Թիֆլիզի մէջ կազմակերպած է Ազգագրական հրատարակչական ընկերութիւնը, որուն անդամներուն թիւը, 1905 թուականին, կը հասնէր 80-ի, իսկ 1906 թուականին ան հիմնած է Հայոց ազգագրական ընկերութիւնը։ Յետագային՝ 1921 թուականին, Հայոց ազգագրական ընկերութեան կազմակերպած թանգարանը Լալայեանի ջանքերով Թիֆլիզէն փոխադրուած է Երեւան, որու հիման վրայ ձեւաւորուած է Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարանը, ինք՝ Լալայեան, դարձած է թանգարանի առաջին ղեկավարը՝ մեծ նպաստ բերելով նաեւ թանգարանագիտական գործին: «Ազգագրական հանդէս»ին մէջ պարբերաբար լոյս տեսած են Լալայեանի «Ջաւախք», «Վարանդա», «Սիսեան», «Ղափան», «Գանձակի գաւառ», «Պորչալուի գաւառ», «Վասպուրական», «Գողթան գաւառ», «Վայոց ձոր», «Նախիջեւան կամ Նախճաւանի ոստիկանական շրջան», «Զանգեզուր», «Նոր Պայազէտի գաւառ կամ Գեղարքունիք», «Ծիսական կարգերը հայոց մէջ» (1901-1916) աշխատութիւններն ու բազմաթիւ յօդուածներ։ Լալայեան կը նկատուի հայ ազգագրութեան հիմնասիւնը եւ շատ արժէքաւոր բանահիւսական նիւթեր առաջին անգամ ինք հաւաքած եւ հրատարակած է, գրի առած է հազարաւոր հէքեաթներ, առակներ, առածներ։ Լայնածաւալ պեղումներ կատարած է Շարուր-Դարալագեազի, Նախիջեւանի, Նոր Պայազէտի գաւառներէն ներս, Շրէշ բլուրին վրայ, Նուխի գաւառի Նիժ եւ Վարդաշէն գիւղերուն մէջ, Էլար (Աբովեան) եւ այլ վայրերու մէջ:
Մասնագէտներ Երուանդ Լալայեանի պեղումներէն կ՚առանձնացնեն Ատըեաման գիւղի Տեմեր կոչուող հանդամասին մէջ պեղուած դամբարանը (ուրկէ հանուած է բարձրարուեստ փորագրութեամբ զարդարուած դիակառք մը), արամէական արձանագրութիւնը եւ այլն։ Անոր հնագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփ-ւած են «Դամբարաններու պեղումները Խորհրդային Հայաստանի մէջ» (1931թ.) գիրքին մէջ։ Հայկական նիւթական մշակոյթը հասարակութեան ներկայացնելու նպատակով Լալայեան հրատարակած է Վայոց ձորի, Վասպուրականի եւ Նոր Պայազէտի յուշարձաններուն նուիրուած երեք նկարազարդ, ստուարածաւալ ալպոմներ՝ հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն բացատրութիւններով։ Նկարներուն տակ բացատրութիւնները տպագրուած են հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Արշակ Չօպանեան բարձր գնահատած է Երուանդ Լալայեանի հրատարակած ալպոմը եւ ընթերցողներուն առաջարկած է ձեռք բերել զայն։ Իսկ կազմողին մասին ըսած է հետեւեալը.
«...Մեր տոհմային ինքնաճանաչման տեսակէտով այս ձեռնարկին մէջ ի յայտ բերած է իր վարպետ գործիչին բոլոր թանկագին յատկութիւնները»:
Դրուատանքի խօսքեր ըսած են Երուանդ Լալայեանի այդ ձեռնարկման մասին Պոլսոյ «Արեւելք» թերթը եւ միւս ամսագրերը:
Լալայեան իր գործունէութեան ժամանակ մեծ տեղ յատկացուցած է արձանագրութիւններուն՝ հաւաքելով եւ հրատարակելով բազում արձանագրութիւններ։ Անոր գրեթէ բոլոր աշխատութիւններուն մէջ տպագրուած են մեծ քանակութեամբ վիմագիր արձանագրութիւններ։ Բացի այդ, ան փափաքած է հրատարակել արձանագրութիւններու դիւան. այդ մասին կը վկայէ անոր յայտարարութիւնը «Ազգագրական հանդէս»ին մէջ, ուր կ՚ըսուի. «Տաս տարիէ ի վեր կը կազմեմ Հայկական արձանագրութիւններու ժողովածոյ, զարդարուած արձանագրութիւններու բազմաթիւ լուսանկարներով։ Ուստի կը խնդրեմ ինծի ուղարկել արձանագրութիւններու լուսանկարներ»:
Ակադեմիկոս Նիկողայոս Մառին գրած նամակին մէջ ան բազմիցս կը յիշատակէ, որ կը հաւաքէ արձանագրութիւններ. «Պատրաստած եմ Էջմիածինի ամբողջ գաւառին, Մխիթար Գօշի, Հաղարծինի եւ Սանահինի գրեթէ բոլոր արձանագրութիւններուն լուսանկարները 13/18 սմ. մեծութեամբ 100 հատ։ Արդեօք չէի՞ք բարեհաճեր մէկ անգամով կամ մաս-մաս հրատարակել»:
Անոր կազմած հայերէն արձանագրութիւններու ժողովածոն արժանացած է Լազարեան ճեմարանի Քանանեանի անուան մրցանակին։ Ֆրանսերէնէն եւ ռուսերէնէն հայերէնի թարգմանած է օտար գիտնականներու աշխատութիւնները եւ գրողներու գեղարուեստական գործերը:
Իր հիմնած եւ խմբագրած «Ազգագրական հանդէս»ի առաջին թիւին մէջ Եր-ւանդ Լալայեան գրած է. «Րոպէական ազդեցութեան տակ չենք վճռած այսպիսի հանդէսի մը հրատարակութեան ձեռնամուխ ըլլալ, ոչ ալ պատահմամբ ընտրած ենք զայն: Եւ մեզ ճանչցողները գիտեն, թէ որքան ժամանակէ ի վեր փայփայած ենք այս միտքը եւ որքան արգելքներ յաղթահարած ենք փոքր ի շատէ նախապատրաստուելու այս գործին։ Այսօր մենք հանդէս կու գանք ոչ միայն մեր ուժերուն վրայ վստահելով, այլ՝ ազգին ինքնաճանաչողութեան զգացումին։ Թերթերուն մէջ սփռուած եւ առանձին լոյս տեսնող ազգագրական յօդուածները արդէն կ՚ապացուցեն, որ հայոց ազգը ալ վերջապէս զարթնած է խոր քունէն եւ կը փափաքի կա-տարել գիտութեան ամենիմաստ խօսքը»:
Ըստ ամսագիրը ուսումնասիրող մասնագէտներուն՝ հանդէսին մատչելի եւ ուրոյն ոճը զայն սիրելի դարձուցած է հասարակութեան խաւերուն:
«Ազգագրական հանդէս»ը այսօր հարուստ շտեմարան մը կը նկատուի ուսումնասիրողներուն համար, ինչպէս ժամանակին անիկա եղած է Լալայեանին յաջորդող գիտնականներուն համար: Հայոց կենցաղին մէջ կորսուող եւ վերացող բարքերը ի սպառ անյայտ կը մնային, եթէ չըլլար Եր-ւանդ Լալայեանի այդ հրաշալի նախաձեռնութիւնը: Իր խօսքին մէջ ան գրած է, որ ազգային յատկութիւններուն եւ արժէքներուն վրայ հիմնուած է ազգային զարգացումը եւ միշտ կոչ ըրած է հայ մտաւորականութեան՝ հաւատարիմ մնալ բանահաւաքութեան: Դժբախտաբար, նիւթական միջոցներ չըլլալու պատճառաւ հանդէսը դադրած է լոյս տեսնելէ, սակայն քսանվեց տարիներ, զայն, նիւթական սուղ միջոցներով հրատարակելը արդէն իսկ հերոսութեան նման գործ մըն էր:
«Ազգագրական հանդէս»էն զատ Եր-ւանդ Լալայեան աշխատակցած է նաեւ «Տարազ», «Մշակ», «Մուրճ», «Նոր Դար» եւ այլ պարբերականներու: Բազմաբեղուն գիտնականին գրիչին կը պատկանին աւելի քան եօթանասուն արժէքաւոր աշխատութիւններ, գրեթէ նոյնքան անտիպ գործեր:
Հայագիտութիւնը քարոզելու եւ մարդիկը այդ բնագաւառին ծանօթացնելու համար Երուանդ Լալայեան 1909 թուականին «Մշակ»ի մէջ հանդէս կու գայ «Առաջարկ մը Վենետիկի Մխիթարեան ուխտին» յօդ-ւածով, խնդրելով անոնցմէ, որ հայ եւ օտար ուսանողներուն համար հայագիտական ամառնային դասընթացքներ բաց-ւին: Այդ առաջարկէն ետք Մխիթարեանները բացած են ամառնային դասընթացքներ։ Լալայեան կ՚որոշէ նման դասընթացքներ բանալ նաեւ Թիֆլիզ, ուր պէտք է աւանդուէին Կովկասի եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, Կովկասի, մասնաւորապէս Հայաստանի, հնագիտութիւն, հայոց պատմութիւն, կրօններու պատմութիւն, հայ ազգագրութիւն եւ այլն։ Դասընթացքները բացուած են 1917 թուականին եւ այնտեղ դասախօսելու հրաւիրուած են լաւագոյն ուժերը: Երուանդ Լալայեան դասախօսած է Անդրկովկասի եւ Հայաստանի հնագիտութիւն առարկաները: Այս դասընթացքին մէջ ընդգրկուած է եօթանասուն հոգի։ Ան նման դասընթացքներ կազմակերպած է նաեւ 1920-21 թուականներուն:
Վաստակաշատ եւ երախտաւոր գիտնականը՝ Երուանդ Լալայեան, իր մահկանացուն կնքած է 24 Փետրուար 1931 թուականին, Երեւանի մէջ՝ հիւծած անդադար աշխատանքէն: Ինչպէս նշած է անոր սերըն-դակից եւ գործընկեր Խաչիկ Սամուէլեան՝ Լալայեանին նուիրուած մահախօսականին մէջ, թէ՛ արտասահմանի, թէ՛ Ռուսաստանի մէջ Լալայեանի կատարած աշխատանքը կարող էին կատարել միայն հսկայ ընկերութիւններ, գիտական մեծ հաստատութիւններ, մինչդեռ ականաւոր նուիրեալը գրեթէ առանձին հիմքը դրած է հայ ազգագրութեան: Յուղարկաւորուած է Երեւանի Հայոց Մեծերու պանթէոնին մէջ:
Երուանդ Լալայեան. Մուշ-Տարօն, Ազգագրութիւն
Հայոց Ազգագրական ընկերութիւնը 1915 թուի Սեպտեմբերին կազմեց արշաւախումբ մը տաճկա-հայ փախստականներէն՝ հայ բանահիւսութեան վերաբերեալ նիւթեր հաւաքելու։ Այդ արշաւախմբի ղեկավարութիւնը ես ստանձնած էի եւ այս առիթով չորս ամսէ աւելի շրջելով այն վայրերը, ուր ապաստան գտած էին հայ փախստա-կանները՝ մենք գրի առանք 874 հեքիաթ եւ բազմաթիւ երգեր։ Անկախ ասկէ՝ ես առանձնապէս հաւաքեցի փախստական մշեցիներէ անոնց ազգագրութեան վերաբերեալ նիւթեր, որոնք յոյս ունէի լրացնելու խմբարշաւ մը կազմակերպելով այս ամառ դէպի Մուշ, սակայն նիւթականի սղութիւնը հնարաւորութիւն չտուաւ։ Վերստուգելու յոյսով իմ հաւաքած նիւթերու հարազատութիւնը՝ ես այս աշխատութիւնը կարդացի հետեւեալ երեք գիտակ անձնաւորութիւններու առաջ. 1) Եղիշէ Քահանայ Տէր Բարսամեանի, որ Մուշ քաղաքի ծխատէր քահանան եղած է եւ քանի մը տարի շարունակ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօն վարելով՝ շրջած է Մշի գիւղերը. 2) Մուշեղ Քահանայ Տօնապետեանի, որ Մշի Արտօնք գիւղին մէջ երկար տարիներ քահանայութիւն ըրած է եւ 3) Նազարէթ Մարտիրոսեանի, որ երկար տարիներ վարած է Մշի առաջնորդարանի քարտուղարի պաշտօնը, քանի մը տարի ուսուցչութիւն ըրած է Մշի գիւղերուն մէջ եւ կազմած է Մշի գաւառաբարբառի բառարանը, որ արժանացած է Իզմիրլեան մըր-ցանակաբաշխութեան։ Հաւատացած ըլլալով, որ գրի առնուած նիւթերը միանգամայն ճիշդ են, մենք տպագրութեան կը յանձնենք, ապագային ձգելով լրացումներ ընել, մանաւանդ ասոր Հաւատքի բաժնի վերաբերմամբ, որ չափազանց հետաքրքրական է։
ՄՇՈՒ ԱՇԽԱՐՀ
Մշու աշխարհ անուշ է.
Սարն ու ձոր մշուշ է.
Հիւսիս քամին քշէ զիս՝
Ուր ծոցի մէջ թաղէ զիս։
Երուանդ Լալայեան
Երուանդ Լալայեան հիմնաւոր մասնագիտական կրթութիւն ստացած է Ժընեւի եւ Լոզանի համալսարաններուն մէջ, աշխատած է Վիեննայի Մխիթարեաններուն մօտ եւ Փարիզի Մարդաբանական դպրոցին մէջ: Քաջատեղեակ էր ժամանակի ազգագրական եւ մարդաբանական գիտութիւններու հիմունքներուն: Անոր գործունէութեան ընդգրկման ժամանակաշրջանը եղած է 1880-1920 թուականները: Ծնած է 13 Մարտ 1864 թուականին, Ալեքսանդրապոլ: 1885 թուականին աւարտած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցը եւ յետագայ ուսման համար նիւթական միջոցներ չունենալով, իբրեւ ուսուցիչ աշխատած է Ախալցխա, Ախալքալաք, Ալեքսանդրապոլ:
1890 թուականին Երուանդ Լալայեան իր կնոջ՝ Հայկանոյշ Լալայանի հետ մեկնած է Ժընեւ, ուր ուսանած է համալսարանի հասարակագիտական բաժնին մէջ, իսկ կինը՝ բնագիտական։ Անոնց ուսումնառութիւնը կ՚ընթանայ նիւթական ծանր դժուարութիւններու պատճառով։ Ուսումնառութեան տարիներուն՝ 1890-1894 թուականներուն, գիտական եւ մանկավարժական աշխատանքի լուրջ փորձ ձեռք բերելով՝ Երուանդ Լալայեան կը վերադառնայ Անդրկովկաս եւ երկու տարի՝ 1895-1897 թուականներուն, կը դասաւանդէ Շուշիի թեմական դպրոցը: Անոր գիտագործնական բազմաբեղուն ու բազմաբնոյթ գործունէութիւնը առ այսօր ամբողջական ուսումնասիրութեան չէ արժանացած: Միայն քանի մը լրագրային յօդուած եւ գիտական ուսումնասիրութիւն կայ առ այսօր Լալայեանի մասին, մինչդեռ, ան ձգած է հարուստ ժառանգութիւն, ապրած է գիտնականի նուիրեալ կեանք եւ հաւատացած է, որ ժողովուրդն է հարստութեան այն անսպառ աղբիւրը, որմէ պէտք է անվերջ սորվիլ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ