ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայերէնի աշխատանոցը հասաւ իր աւարտին։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած այս աշխատանոցը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ մեր կրթական մշակներու շրջանակէն ներս։ Հայերէնի ուսուցիչներ մասնակցութիւն բերին այս աշխատանոցի զանազան փուլերուն։

Աշխատանոցի եզրափակիչ փուլը տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Նախկին աշխատանքային փուլերուն մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած կրթական մշակները ներկայացուցին իրենց տեսած գործին արդիւնքը։ Իր կարգին, Զեքիեան Գերապայծառն ալ անդրադարձաւ մեթոտաբանական ընդհանուր սկզբունքներու՝ յատկապէս ուսուցման վերաբերեալ։

Ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան աշխատանոցի աւարտին Զեքիեան Գերապայծառին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ բերած նպաստին ու մասնակցութեան համար։

Հարկ է նշել, որ Ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը յառաջիկայ կրթական տարիին եւս կը նախատեսէ կեանքի կոչել նման ծրագիր մը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018