ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ (4)
Երեւանեան վկայութիւններու մեր այս շարքը, որ համընկնեցաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան, կ՚եզրափակենք այսօր։ Հայաստանի մէջ պատահածը իսկապէս յեղափոխութիւն մըն է եւ անոր նշանակութիւնը սահմանափակուած չէ զուտ իշխանափոխութիւնով մը։ Երկրի երիտասարդ ժողովրդավարութեան պարագային, ինչ որ զուտ Հայաստանին բնորոշ երեւոյթ մը չէ, կուսակցութիւնները շատ յաճախ կ՚ըլլան անձնաւորուած, նոյնացած իրենց ղեկավարին, առաջին դէմքին հետ։ Սերժ Սարգսեանն ալ այդպիսի քաղաքական գործիչ մըն էր։ Տասն տարիէ ի վեր ան երկրի նախագահն էր, իսկ նախորդող երկու տասնամեակին եւս ունեցած էր առանցքային դերակատարութիւն։
Սա երիտասարդ Հայաստանի պատմութեան երկրորդ յեղափոխութիւնն է։ Առաջինը եղաւ 1988 թուականին, երբ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հրաժարեցաւ պալատական յեղափոխութիւնով մը, որու մղիչ ուժերէն մին էր Սերժ Սարգսեան։ Քսան տարի անց այս անգամ Սերժ Սարգսեան լքեց իշխանութիւնը՝ ժողովրդական յեղափոխութիւնով մը։ Այս նոր յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ գրեթէ բոլորին կողմէ իւրացուած է։ Պատճառը այն է, որ առանց մէկ մարդու քիթ արիւնելու իրականութիւն դարձած է այդ մէկը։ Արդիւնքները կամ հետեւանքները բնականաբար տակաւին պիտի յստականան։ Սակայն, սա կարեւոր փուլ մըն է նաեւ պետականաշինութեան ու ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսակէտէ։ Հայաստան անկախութիւնը վերականգնեց պատերազմի պայմաններու ներքեւ։ Նմանօրինակ բոլոր երկիրներուն համար էական նշանակութիւն ունի պատերազմի հրամանատարներու կողմէ իշխանութեան հերթին փոխանցումը։ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը նաեւ այսպիսի նշանակութիւն մը ունի։
Յեղափոխութիւնը հոգեբանական առումով ալ կարեւոր նշանակութիւն ունի երկրին տեսակէտէ։ Արդարեւ, Հայաստանի ժողովուրդը՝ բարեբախտաբար առանց տուժելու հնարաւորութիւն ունեցաւ անգամ մը եւս անդրադառնալու, թէ ինքն իսկ է երկրին ու անոր ճակատագրին տէրը։ Չէ՞, որ տարիներէ ի վեր կը պնդուէր, թէ Հայաստան կը կառավարուի Մոսկուայէն։ Այս յեղափոխութեան արժէքը պիտի բիւրեղանայ՝ եթէ հանրային կարծիքի ընկալումներուն մէջ աւելի առողջ պատկերացում մը ձեւաւորուի հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան նշանակութեան կապակցութեամբ՝ հնարաւորինս հեռանալով մակերեսայնութենէ։
Այս յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ նաեւ կը զուգորդուի սերնդափոխութեամբ։ Հիմա կու գայ նոր սերունդ մը՝ որպէսզի իր խօսքը ըսէ եւ ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը հայոց պետականութեան ճակատագրին համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ