ԹԷՈՓԻԼՈՍ ՍԱՐԿԱՒԱԳ՝ ՄԵՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

​Հօր Բանն Աստուածը եւ Սուրբ Հոգիին համագոյակիցը, հայրական ծոցէն խոնարհեցաւ եւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն մարմին առաւ, Կոյսէն ծնաւ սակայն (կոյսին) կուսութիւնը չի՛ խախտեցաւ։ (Իր) մօր կաթով սնանեցաւ եւ (սակայն) անգոսնելի կիրքեր չունեցաւ։ Տղայաբար սնանեցաւ եւ մարդկաբար չափահաս եղաւ։ Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ եւ Հօրմէն՝ վկայուեցաւ։ Լեռը (անապատը) պահեցողութիւն ըրաւ եւ փորձողին յաղթեց։ Գալիլիա վերադարձաւ եւ Եսայի (մարգարէին մարգարէութիւնը) կարդաց։ Ապա, ճշմարիտ Հոգիին զօրութեամբ, սկսաւ աստուածային հրաշքներ ցոյց տալ։ Դեւերը հալածեց եւ ցաւերը փարատեցուց։ Հիւանդները բժշկեց եւ բորոտները մաքրեց։ Կոյսը լուսաւորեց եւ ինկածները կանգնեցուց։ Կաղերը քալեցուց, մեռելները կենդանացուց եւ փրկագործական տնտեսութեան աւարտին, հրեայ ապերախտ ազգէն խաչի եւ մահուան մատնուեցաւ։ Երբ մեզ Ստեղծողին ձեռքերն ու ոտքերը կը գամէին խաչին վրայ, այդ պահուն դժոխքին մէջ նախաստեղծ Ադամին կապանքները կը քակուէին։ Մինչ Յովսէփ (Արիմաթացի) Արարիչին ձեռքերէն ու ոտքերէն գամերը կը քակէր, այդ պահուն մեր հակառակորդին ձեռքերն ու ոտքերը կը կապուէին։ Մինչ խաչին վրայ Տէրը կը մեռնէր, այդ պահուն դժոխքին խորերը ծառաները կը կենդանանային։ Երբ Տէրը խաչէն կ՚իջնէր, այդ պահուն ընդդիմամարտը կը խորտակուէր պատերազմին մէջ. երբ Տէրը գերեզման կ՚իջնէր, այդ պահուն ծառան դրախտի փափկութեան կը վերնար։ Երբ Տէրը աստուածային փառքով յարութիւն առաւ, այդ պահուն թշնամին անդունդին խորերը ինկաւ։ Երբ մեր Տէրը մարմնով՝ գերեզման իջաւ եւ հոգիով՝ սանդարամետականին խորերը, Ադամին ուրախութեան աւետիս կու տար ու կ՚ըսէր. Քեզի համար, որ ուզեցիր ինծի նմանիլ, Ես քեզի նմանեցայ, որպէսզի քեզ ինծի նմանեցնեմ։ Ստեղծագործութեանս հրաշք, (սակայն) կործանած մարդուդ համար՝ մարդ եղայ, թզենիի (տերեւներով) ծածկուելուդ պատճառով՝ խանձարուրի մէջ փաթթուեցայ, բարձրագոյն փառքէն կործանելուդ պատճառով՝ անբաններու մսուրին մէջ դրուեցայ։ Դրախտէն աքսորուելուդ պատճառով՝ Եգիպտոս փախչեցայ։ Աշխատութիւններուդ համար՝ վաստակեցայ։ (Կրած) անէծքներուդ պատճառով՝ անէծք կոչուեցայ։ Մերկութեանդ պատճառով՝ մերկացայ։ Փայտի (պատճառով) շնորհքներէն մեկուսանալուդ պատճառով, մերկ (վիճակով), փայտին (Խաչին) վրայ տարածուեցայ։ Յանցանքներուդ պատճառով՝ անօրէններուն հետ դասուեցայ (Հմմտ. Ես 53.12)։ Պտուղը ճաշակելուդ պատճառով՝ լեղիով դառնացայ։ Մահուանդ պատճառով՝ մահով գրաւուեցայ։ Դժոխք իջնելուդ պատճառով՝ գերեզման դրուեցայ։

Արդ, չարչարանքներովս լուսաւորուէ՛՝ խաւարա՛ծ. (դուն որ) մեռած (ես)՝ կենդանացի՛ր անշնչութեամբս. մահացածդ՝ անմահացի՛ր մահուամբս. մերկացածդ՝ հագուէ՛ մերկանալովս։ Ահաւասիկ, այս ձեռքերով՝ որոնցմով քեզ ստեղծեցի, ձեռքերէդ բռնեցի եւ վերցուցի քեզ. եւ դուն, կանչէ՛ բոլոր անոնք, որոնք քեզմէ եւ քեզմէ վերջ ծնան, եւ ամէնքդ ուրախութեամբ եկէ՛ք եւ արքայութեանս մէջ վայելեցէք՝ փառաւորելով փառակից Հայրը եւ էակից Սուրբ Հոգին, որոնց կամքով եւ հաճութեամբ ձեզի համար (իբր) պատարագ մատուցուեցայ։

Ապա, Ադամ բացաւ իր բերանը, օրհնեց զԱստուած եւ ըսաւ. Օրհնեալ (է) մեր Տէր Աստուածը, (որ) իր ծառաներուն այցելութեան եկաւ եւ անոնց փրկութիւն տուաւ։ Տրտմութեամբ՝ մեր տրտմութիւնը վերցուց. չարչարանքներով՝ մեր տանջանքները. ապտակուելով՝ մեր ամօթը. թուքով՝ մեր նախատինքները։ Օրհնեալ, օրհնեալ եւ դարձեալ օրհնեալ (է) մարդասիրութիւնդ, Տէր, որ այս ամէնը ըրիր քու մեղուցեալ ու դատապար-տըւած ծառաներուդ համար։

Այս (մէկը) Ադամն ու Եւան ըսին, իսկ արդարներն ու նահապետները անոնց հետ աղաղակելով ըսին. Օրհնեալ, օրհնեալ եւ դարձեալ օրհնեալ (ես) միածին Որդի, որ Հօր կամքով եւ Սուրբ Հոգիին հաճութեամբ, ադամական ազգին գթացիր։ Մարգարէները, իրենց քահանաներուն միանալով բարձրաձայն փառաբանութեամբ կ՚ըսէին. Օրհնեալ, օրհնեալ եւ դարձեալ օրհնեալ (է) Սուրբ Հոգին՝ Ճշմարիտն Աստուած, որուն ամենազօր շնորհքներուն միջոցաւ դժոխքի դառնագոյն տանջանքներէն ազատելով ու փրկուելով ապրեցանք։

Այս բոլորը դժոխքին մէջ կատարուեցան, իսկ գերեզմանին մէջ արդեօք ի՞նչ մեծ ու ահաւոր խորհուրդ կ՚ըլլար։ «Գերեզմանը զօրականներով պահեցին» կ՚ըսէ։ Գիշերը զգուշութեամբ պահակութիւն կ՚ընէին. մեռելին սպասաւորները (անմարմին զօրութիւնները), հրաշալի ահաւորութեամբ փայլեցան, (եւ պահակները) կրակի փայլատակումի նման կը տեսնէին այս մէկը, որ գերեզմանի մէջ դրուած մեռելին սպասաւորները հրակերպ կ՚երեւէին, (իսկ իրենք)՝ պահապանները վախնալով, անշնչացած գետին կ՚ինային։ Զօրականները տեսնելով գերեզմանին մօտ երկնայիններու բազմութիւնը՝ կ՚ըսէին. Այս ի՞նչ է, որ այս գերեզմանին (շուրջը) կը տեսնենք։ Անարգ մահով մեռած մարդու մը պահակութիւն կ՚ընենք, որպէսզի անոր աշակերտները չգողնան իր մարմինը, (սակայն, երկինքէն) իջած սպասաւորներու հրեղէն ու բոցափայլ խումբեր կը տեսնենք։ Գերեզմանին մէջ եղողը սպաննուած մարմին է եւ սպասաւորները՝ Աստուծոյ (սպասաւորներուն) նման են, այնքան որ անոնց տեսքը ողջերը անշունչ մեռելներու կը վերածէ։ Մենք զայն սպաննող զօրականներն ենք եւ ասոր զօրականները՝ անմարմին զօրութիւններն են։ Մենք մեռած մարմինի պահապաններ՝ եւ ասոր սպասաւորները՝ անմարմին հրեղէն զօրութիւններն (են)։ Արդ, ասկէ իմացանք, որ այս մեռած մարդուն համար լեռներուն բլուրները դողացին եւ վէմերը ճեղքուեցան։ Ինք՝ գերեզմանին մէջ եւ երկիրը շարժեցաւ։ Ինք՝ գերեզմանին մէջ եւ պահապաններս մեռելներու նման եղանք։

Գերեզմանին պահապանները զարհուրելով մեծապէս կը տարակուսէին եւ հրեաները կը պարծենային, թէ Մարիամի Որդիին յաղթեցինք, որ անձնահաճոյ կամքով աստուածանալ ուզեց։ Իսկ սատանան եւ իր զօրքերը, ամօթահար կ՚ըսէին. Վա՜յ մեզի Աստուծոյ մեռնելովը, (հիմա) ի՞նչ պէտք է ընենք, չենք գիտեր։ Աշակերտները, դատապարտուած գլխաւոր վարդապետին (մահանալով, սարսափած էին) եւ ահաբեկուած՝ հրեաներու սաստիկ երկիւղէն։ (Իսկ) անոնց վարդապետին (անմարմին) սպասաւորները, պահապաններն ու զօրականները կը սարսափեցնէին (գերեզմանին պահապանները)։ Իսկ Ադամն ու դժոխքին մէջ եղող ամէն հոգիները ուրախանալով կը ցնծային։ Ո՜հ սքանչելիքներուն. համարձակ եւ տեսանելի աշակերտները կը պահուըտէին իսկ անտեսանելի անմարմին աշակերտները մարմնապէս կ՚երեւէին։ Տեսանելի եւ համարձակ աշակերտը՝ Պետրոս, կենդանութեան ժամանակ կ՚ուրանար զԻնք եւ Անդրէաս փախստական կ՚ըլլար։ Իսկ Յովսէփը կը համարձակէր մեռնողը Խաչէն իջեցնել եւ սուրբ կտաւներով փաթթել։ (Ան)՝ որ քահանաներն ու դատաւորները դատապարտելով սպաննեցին, Յովսէփն ու Նիկոդիմոսը յայտնապէս կը պատուէին ու չէի՛ն վախնար։ Անոնք՝ (զԱյն) որպէս մարդ սպաննեցին եւ ասոնք՝ որպէս Աստուած պատուեցին։ Երանի՜ ձեզի, Յովսէփ եւ Նիկոդիմոս, ո՜վ երիցս երանուած Քրիստոսի աշակերտներ։ Դո՛ւք երկրային՝ նման առաքեալներուն, եւ երկնային՝ նման զուարթուններուն։ Առաքեալները որպէս մարմնաւորներ փախան եւ դուք որպէս անմարմիններ համարձակեցաք (մօտենալ)։ Անոնք մահը ատեցին եւ մարմնաւոր կեանքը սիրեցին, եւ դուք, մարմինին մահը սիրեցիք ու հետեւաբար հոգիի անմահ կենդանութիւնը շահեցաք։ Այդ պատճառով համարձակեցայ կոչել ձեզ, ո՛վ Յովսէփ եւ Նիկոդիմոս՝ բազմաչեայ քերովբէ եւ վեցթեւեան սերովբէ. պատիւին բաժնեկից դարձնելով, որովհետեւ հրեշտակներէն գերիվեր պատիւ ստացան։ Որովհետեւ անոնք այն բարձրութեան հասան, որ երկինքէն բարձրագոյն է, որուն չեն կրնար հպիլ լուսեղէն հրեշտակները։ Յովսէփին բերանը, երկնաւորներու օրհնաբանող բերաններէն աւելի երանացուցի, որովհետեւ ան՝ այն բերանը համբուրեց, որ Խաչին վրայ խօսեցաւ եւ աւազակին ըսաւ. «Այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43)։ Յովսէփին թիկունքը աւելի երանացուցի՝ որովհետեւ փառքով զարդարուած սերովբէական թեւ (իբրեւ), աս՝ իր ուսերուն վրայ վերցուց Ան՝ զոր չենք կրնար վերցնել։ Յովսէփին աչքերը աւելի երանացուցի, որովհետեւ տեսաւ Ան, որ բազմաչեանները չեն կրնար նշմարել։ Նիկոդիմոսին թեւը, սերովբէներու թեւերէն աւելի երանացուցի, որովհետեւ Տէրը շօշափելու արժանացաւ, որուն փառքի երկիւղէն, անմարմինները իրենց թեւերով իրենց դէմքերը կը ծածկէին անոր Աստուածութեան լոյսէն։ Մարմնաւորներուն ձեռքերը արժանի եղան մօտենալու անոր եւ ո՛չ միայն հասնիլ ու հպիլ, այլ՝ շօշափել, կտաւով փաթթել եւ խունկով զմռսել։ Ինչպէ՞ս չերանացնեմ զանոնք, որոնք արժանաւորեցան այն մարմինին մօտենալ, որ իբրեւ մեռել գերեզմանի մէջ դրուեցաւ, (սակայն) որպէս ճշմարիտ Աստուած մեռելները կենդանացուց։ Մեծ իշխանութեամբ արեգակը խաւարեցուց եւ պայծառ ծագումով խաւարածները լուսաւորեց։ Անոր խօսքով երկինքը կ՚որոտայ եւ երկիրը Անոր նայուածքով կը դողայ։ Դժոխքը սարսռաց Անոր ահէն եւ մեռելները յարութիւն առին Անոր ձայնով։ Անոր ձայնով գերեզմանները բացուեցան եւ (Անոր) հրամանով բազմաթիւ տարիներ առաջ մահացածները յարութիւն առին։ Վէմերը ճեղքեց եւ տաճարին վարագոյրը պատռեց։ Անէծքը վերցուց եւ ապականած Ադամը վերստին նորոգեց։ Մահուան կապանքը լուծեց եւ աշխարհի տրտմութիւնը ուրախութեան վերածեց։ Յովսէփն ու Նիկոդիմոս զԱյն՝ խնկելով, զմռսելով ու պատանքելով գերեզման դրին։

Արդ, երբ ասոնք այսպիսի երանութեամբ երանացուցինք, սուրբ գերեզմանը ինչպիսի՜ գովութեամբ փառաւորենք, որ յայտնապէս Սինա լեռնէն աւելի գերագոյն կ՚երեւի։ Որովհետեւ Բանն Աստուած կ՚իջնէր հոն եւ մշուշով, մութով, ամպով եւ մէգով կը ծածկուէր. (Ան որ) կրակէ սիւնով առաջնորդելով դաժան փառաւոնի ծառայութենէն ազատեց Իսրայէլը, (իսկ) հոս՝ Աստուածային միացեալ մարմինով (գերեզման) իջնելով բազմաթիւ տարիներ առաջ ննջողները դժոխքի դառն տանջանքներէն ազատեց։ Հոն, Մովսէս, ժողովուրդը Եգիպտոսէն գաւազանով հանեց եւ Կարմիր ծովէն անցուց եւ անապատ առաջնորդեց, (իսկ) հոս, Քրիստոս, խաչին միջոցաւ դժոխքէն գերուածները հանեց եւ աղջամղջային խաւարէն անցուց ու իր հետ իր անհետք ոտքերով արքայութիւն տարաւ։ Հոն, մանանան երկինքէն կ՚իջնէր եւ կերակրուողները կերակրողը մոռցան եւ կուռքերուն արձաններ կանգեցուցին, (իսկ) հոս մանանան ուտողներուն որդիները, զիրենք Բարեգործ խաչի մահուան մատնեցին եւ սպաննեցին։ Հոն, մանանայ եւ լորամարգի կերան ու տրտնջացին, ինչպէս Պօղոս (առաքեալ) կ՚ըսէ. «Ժողովուրդը նստաւ, կերաւ ու խմեց եւ ելաւ պարեց կուռքին առջեւ» (Ելք 17.6: Թւ 20.11: Ա.Կր 10.7), իսկ հոս աշխարհին կենաց հացը պարգեւուեցաւ եւ անով կերակրուողները կռապաշտութեան մոլորութիւնը մոռցան եւ չարչարուողն ու խաչին վրայ մեռնողը՝ Աստուած խոստովանեցան։ Հոն, ժայռէն ջուր բղխեցաւ եւ ծարաւցածները խմեցին ու յագեցան, (սակայն) արբուցանողը մոռցան, իսկ հոս, խմողներուն որդիները, սպաննելով թաղեցին զԻնք անջրդի գուբի մը մէջ եւ անոր (մուտքին) ժայռ մը գլորեցին։ Հոն, ժայռէն ջուր բղխեցաւ եւ վէմը, Ինք՝ Քրիստոսն էր, իսկ հոս կողէն ջուր ելաւ եւ այդ ջուրը Ինք՝ Քրիստոսն էր (դարձեալ)։ Այն (ջուրէն) խմողները մեռան եւ այս (ջուրէն) խմողներն ու մկրտուածները՝ կենդանացան։

Գերեզման՝ եւ Կենդանիին բնակարան։

Գերեզման՝ եւ դժոխքը աւերող։

Գերեզման՝ եւ սգաւորներուն մխիթարութիւն։

Գերեզման՝ եւ ուրախացողներուն տաճար։

Գերեզման՝ եւ երկնաւոր հարսանիքի հաւաքավայր։

Գերեզման՝ եւ զարդարուած առագաստ։

Գերեզման՝ եւ արդարութեան արեգակին արեւմուտք։

Գերեզման՝ եւ անմուտ Լոյսին արեւելք։

Գերեզման՝ եւ անծայրածիր երկինք։

Գերեզման՝ եւ անվայրափակ հաստատութիւն։

Գերեզման՝ եւ անմատոյց Լոյսի բնակարան։

Գերեզման՝ եւ նորոգող աշխարհի։

Գերեզման՝ եւ մեղաւորներու քաւարան։

Գերեզման՝ եւ արդարներու հանգստարան։

Գերեզման՝ եւ հրեշտակներու բնակարան։

Գերեզման՝ եւ ծաղկաւէտ բուրաստան։

Գերեզման՝ եւ ծաղկազարդ դրախտ։

Գերեզման՝ եւ Եդեմէն աւելի պայծառ։

Գերեզման՝ եւ երկինքէն աւելի բարձր։

 

Ապաշխարողներուն ապաւէն է Ան։

Մեղաւորներուն ապաշխարութիւն է Ան։

Երկրի (վրայ) Աստուծոյ բնակարան է Ան։

Եկեղեցւոյ գլուխն է Ան։

Հաւատքի հիմն է Ան։

Յոյսի սիւնն է Ան։

Սիրոյ հաստատութիւնն է Ան։

Քրիստոնեաներուն պարծանքն է Ան։

Հաւատացեալներուն պարիսպն է Ան։

 

Հրեշտակները ասոր կ՚երկրպագեն եւ քահանաները զԱյն կը պաշտեն։

Ամբողջ տիեզերքը ասով կ՚ընթանայ եւ ամէն երկնաւորները կ՚իջնեն զԱ՛յս պաշտելու։

Անով կը հալածուին դեւերու բանակները եւ Անով կը զօրանան հրեշտակներուն զօրքերը։

Ասոր (մէջ) մտաւ արդարութեան արեգակը եւ անկէ ծագեցաւ անմատոյց Լոյսը՝ դժոխքի խաւարին (վրայ)։

 

Թագաւորներուն զօրութիւնն է Ան։

Զօրքերու պահապանն է Ան։

Երկինքն է Ան, որուն կը հասնին արարածները։

Երկրի վրայ տաճար է Ան, եւ հրեշտակները ասո՛ր մէջ կ՚իջնեն։

Սուգի պատճառ եղաւ Ան, եւ անկէ ուրախութեան աւետիս տրուեցաւ ամէնուն։

Վիշտերու պատճառ եղաւ Ան, եւ իրմէ ցնծալից ուրախութիւն բխեցաւ։

Խաւարաբորբոք դժոխք եղաւ Ան, եւ Անոր (միջոցաւ) մեզի ցոյց տրուեցաւ արքայութեան ճանապարհը։

Մեռելներու բնակարան եղաւ Ան, եւ կենդանութեան պատսպարան։

Իրմէ՛ ստեղծուեցաւ առաջին մարդը, ոչինչէն կենդանանալով, եւ իր մէջ թաղուեցաւ երկրորդ մարդը, որ ամէնուն Տէրն էր։

Իրեն դարձաւ՝ առաջին մարդը որմէ ստեղծուեցաւ, եւ իր մէջէն յարութիւն առաւ երկրորդ մարդը եւ առաջինը կենդանացուց։

Ասոր մէջ ապականեցաւ առաջին մարդը եւ անով նորոգուեցաւ առաջինը՝ երկրորդին միջոցաւ։

Մարդոց անառաւօտ գիշերն է ան, իսկ այս՝ աներեկոյ ցերեկ, որմէ խաւարեալները լուսաւորուեցան։

Ամպ եւ մառախուղ է ան, որով արդարութեան արեգակը ծագեցաւ, իսկ այս՝ լուսափայլ առաւօտ, որով ամէն արարածները պայծառացան։

Ասոր մէջ թաղեցին մահացած մարդը՝ Յովսէփն ու Նիկոդիմոսը, եւ նոյն մեռելը՝ Ինք, անկէ յարութիւն առաւ, որ աստուածապէս սերովբէներէն, քերովբէներէն եւ անմարմին զօրութիւններէն (աւելի) ահաւոր էր։

Արդ, մենք, որ այսօր երանացուցինք Յովսէփն ու Նիկոդիմոսը եւ երէկ նախատեցինք Յուդա Իսկարիովտացին, փութանք փախչիլ Յուդայի նախատինքներէն եւ (փորձենք) հասնիլ Յովսէփի եւ Նիկոդիմոսի երանութեան, անհրաժեշտ է ինքնակամ յօժարութեամբ գործել. ինչպէ՞ս կամ որո՞ւ օրինակով։ Ամբողջովին դուն քեզ արժանի ըրէ ճաշակելու Աստուծոյ Որդիին՝ մեռած կենդանիին, Յիսուսի անարատ մարմինէն եւ արիւնէն։ (Այդ ընելովդ) ո՛չ թէ Յովսէփին նման միայն անոր աստուածացեալ մարմինը կը վերցնես, այլ՝ ամբողջութեամբ մէջդ կ՚ընդունիս (զՔրիստոս) եւ առաւել փառքով կը փառաւորուիս, քան՝ զՅովսէփ։

Եւ թէ ինչպիսի՞ օրինակով առաքինապէս արժանի կրնաս ըլլալ այդ ճաշակումին, մտի՛կ ըրէ, որովհետեւ եթէ ամէն առաքինութիւններով զարդարուած ես (այսինքն)՝ չե՛ս շնացած, չե՛ս սպաննած, չե՛ս պոռնկացած եւ (սուտ) վկայութիւն չե՛ս ըրած, այս բոլորին վրայ, օրէնքին համաձայն յաճախակիօրէն պահեցողութիւն ըրած ես, միշտ աղօթած ես եւ դարձեալ օրէնքին համաձայն սուտ երդում ընելէ զգուշացած ես, եւ անիծելէ ու բամբասելէ փախուստ տուած ես, եւ ասոնց վրայ համբերութեամբ առատ ողորմութիւնդ կ՚աւելցնես՝ մտքով եւ ուրախ սիրտով։ Զգուշացի՛ր եւ ներէ՛ քեզի դէմ յանցանք գործողներուն, որպէսզի երկնաւոր Հայրն ալ յանցանքներուդ ներէ։ (Այս բոլորէն) ետք փառաւոր ճաշակումին կ՚արժանանաս։ Իսկ եթէ այդ բոլորով զարդարուած ես, մեծ յօժարութեամբ ջանա՛ ընկերոջդ հանդէպ ունեցած ոխակալութիւնդ սրտէդ արմատախիլ ընել, այնքան որ ընկերոջդ յաջողութեան՝ ուրախակից ըլլաս եւ տրտմութեան՝ տրտմակից։ Այն ատեն մօտեցի՛ր եւ Յովսէփէն ու Նիկոդիմոսէն աւելի կը փառաւորուիս։ Իսկ եթէ ընկերոջդ հանդէպ ունեցած ոխդ արմատախիլ չընես, թէեւ այս բոլոր առաքինութիւնները լաւապէս գործադրես եւ համարձակիս ոխակալութեամբ ճաշակել, պարտական կ՚ըլլաս Տիրոջ մարմինին եւ արիւնին՝ պիղծ եւ անիծեալ Յուդային նման, որ մատնեց զինք։ Դարձեալ, եթէ բազմաթիւ յանցագործութիւններով մեղսալից ըլլաս, եւ խոստովանիս ու ընկերոջդ հանդէպ ունեցած ոխդ սիրտէդ արմատախիլ ընես եւ ընկերդ սիրես այնքան որ անոր լացած ատեն՝ լաս եւ խնդացած ատեն՝ խնդաս, ինչպէս Պօղոս (Առաքեալ) կ՚ըսէ՝ «Արդ, համարձակօրէն մօտեցի՛ր եւ ճաշակէ՛, որովհետեւ ներեցիր եւ ներուեցար» (Հմմտ. Եբր 4.16)։ Որովհետեւ, ըստ (դարձեալ) Պօղոս (Առաքեալին)՝ «Եթէ մէկը ամէն առաքինութիւնները գործադրէ, սակայն ընկերոջ նկատմամբ սէր չունենայ, ոչինչով կ՚օգտուինք» (Հմմտ. Ա. Կր 13.1-3)։ Եւ եթէ (մէկը) բազմաթիւ յանցանքներ գործած է եւ ընկերոջ նկատմամբ սէր ունի, մեծապէս կ՚օգտուի, ինչպէս Պետրոս (Առաքեալ) կ՚ըսէ, թէ՝ «Սէրը պատճառ կ՚ըլլայ, որ ձեր բազմաթիւ մեղքերը ներուին» (Առ 10.12, Տբ 12.9, Ա. Պտ 4.8), իսկ Պօղոս (Առաքեալ) կ՚ըսէ. «Օրէնքին լրումը սէրն է» (Հմմտ. Հռ 10.4)։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ եթէ մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի» (Մտ 6.14)։ Եւ թէ՝ «Օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն» (Մտ 5.44: Ղկ 6.27-28)։ Երբ այսպէս ընէք, ո՛չ թէ Յովսէփին եւ Նիկոդիմոսին նման երանելի կ՚ըլլաք, այլ՝ մեր կարողութեան ներած չափով՝ Աստուծոյ կը նմանինք, ինչպէս որ Տէրը ըսաւ. «Ձեր Հօր նման եղէք, որ երկինքին մէջն է» (Հմմտ. Ղկ 6.36)։ Իսկ եթէ չներենք մեզի դէմ յանցանք գործողներուն, մեղքերուն պարտական ենք եւ մեր երկնաւոր Հայրը չի՛ ներեր մեր յանցանքներուն։ Արդ, զգոյշ ըլլանք մեր անձերուն նկատմամբ եւ նենգութեամբ, խորամանկութեամբ, ատելութեամբ եւ ոխալից սիրտով չհաղորդուինք երկնաւոր ճաշակումով, որպէսզի Յուդային եւ խաչահաններուն հետ չի՛ դատապարտուինք, այլ՝ ինչպէս որ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն թող ուտէ եւ բաժակէն խմէ, որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապատութեան կ՚ենթարկէ» (Ա.Կր 11.28-29)։ Եւ (ան) որ սուրբ սիրտով, բարի գործով, ուղիղ հաւատքով եւ ճշմարիտ խոստովանութեամբ կը հաղորդուի, սուրբերուն հետ կը դասուի եւ արդարներուն հետ կը պսակուի՝ մեր Քրիստոս Աստուծմէն։

Մատենագիրք Հայոց Թ. Հատոր Թ. Դար Էջ 895-901

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 26, 2018