Երաշխիք

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շուրջ պատահած դէպքը ստեղծած է լայն արձագանգ։ Մասնաւորապէս՝ եկեղեցւոյ պատին վրայ գրի առնուած ազգայնական լոզունգները պատճառ դարձան, որպէսզի քաղաքական երանգ մը վերագրուի այս դէպքին։ Մասնաւորապէս արտասահմանի հայկական լրատուամիջոցները նման ձեւով ընկալեցին այս դէպքը, ինչ որ բնականաբար ունի իր տրամաբանութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, անշուշտ ամէն ինչ միշտ արտաքնապէս երեւցածին նման չ՚ըլլար։ Գատըգիւղի պարագան նման օրինակ մըն է։

Երէկ առաւօտ եկեղեցւոյ մուտքին ստեղծուած տգեղ տեսարանի ֆոնին վրայ՝ պատկան մարմինները անմիջապէս պարզած էին մանրամասնութիւնները եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ պաշտօնապէս արձագանգ հանդիսացած էր այդ բոլորին։ Յամենայնդէպս այդ բոլորը արգելք չեղան վերոյիշեալ լուրերու կամ տպաւորութիւններու տարածման։ Աւելի վերջ, պետական աւագանին օրուան տեւողութեան անտարբերութիւն չցուցաբերեց այս հարցին նկատմամբ։ Հեռախօսազրոյցներու երթեւեկէ մը սկսեալ, մինչեւ գաւառապետին կողմէ եկեղեցի տրուած այցելութիւնը՝ ամէն անկեղծ ջանք գործադրուեցաւ, բոլոր հաւաստի տուեալները ընդգծուեցան՝ ի վերջոյ հանրային կարծիքն ալ համոզուեցաւ, թէ քաղաքական դրդապատճառներ ունենալէ բոլորովին հեռու է այս պատահարը։ Պատկան մարմիններու տարած աշխատանքը բոլոր երաշխիքները կու տայ այս ուղղութեամբ։

Սա ուրախառիթ հանգամանք մըն է ուրիշ տեսանկիւնէ մը եւս։ Արդարեւ, Թուրքիա բեւեռացեալ ժամանակաշրջանէ մը կ՚անցնի եւ այս իրավիճակով պայմանաւորուած բարոյահոգեբանական մթնոլորտը զանազան մեկնաբանութիւններու տեղի կու տայ փոքրամասնութիւններու, հայ համայնքի տեսակէտէ։ Այս դէպքը նաեւ եկած է շօշափելի օրինակ մը հանդիսանալ այն առումով, որ պատկան մարմինները ձեռք կ՚առնեն բոլոր միջոցները՝ երաշխաւորելու համար փոքրամասնութիւնները։

Ուստի, երեւոյթները կաղապարներու մէջ, կանխակալ կարծիքներու դիտանկիւնէն ընկալելու մակերեսայնութենէն պէտք է հեռու մնալ։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 1, 2018