ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՆՔԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԻՆ

ԳԱՅԻԱՆԷԻ ՎԱՆՔԸ

Խորհրդային Միութեան երկրորդ տասնամեակին, Երեւանի եկեղեցիներու բռնագրաւումէն եւ անոնցմէ երկուքին, Ս. Պօղոս Պետրոս եւ Ս. Կաթողիկէ եկեղեցիներու, քանդումէն անմիջապէս ետք զոհ գացին նաեւ Հայաստանի բազմաթիւ միջնադարեան վանքերը, որոնք եւս գրաւուեցան, փակուեցան եւ ծառայեցին պետական աշխարհիկ նպատակներու։ 1929 Սեպտեմբեր 20-ին Վաղարշապատի հնադարեան Գայիանէի վանքը թիրախ դարձաւ համայնավար պետութեան։ Մայր Աթոռոյ տեղակալ Խորէն Արքեպիսկոպոս, յանուն Տ.Տ. Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բողոքագիր ղրկեց Հայաստանի Ներքին գործոց նախարար Սեդրակ Մարգարեանին, Էջմիածնի եւ Գայիանէի վանքերուն վրայ դրուած տուրքերուն առընչութեամբ։ Կը պահանջուէր, որ պարտադրուած գումարները պետական դրամատուն յանձնուէին մինչեւ Սեպտեմբեր 30։

Տեղակալ Արքեպիսկոպոսը կը բացատրէր պետական իշխանութեանց, որ «Էջմիածինը ծխական եկեղեցի չէ», այլ սրբավայր աշխարհի չորս կողմ ցրուած հայութեան համար եւ նստավայրը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Գայիանէի եկեղեցին եւս ծխական եկեղեցի չըլլալուն ենթակայ կը մնար Ս. Էջմիածնի, որուն հովանաւորութեան եւ խնամքին յանձնուած է, աւելցնելով թէ՝ «Գայիանէի վանքը ոչ մի եկամուտ չբերելով դեռ որոշ նորոգութիւնների համար ծախքեր է պահանջում Էջմիածնից»։ Նամակը կը խնդրէր պետութենէն, որ Վաղարշապատի հարկային յանձնաժողովը «անպահանջ թողնէ» յիշեալ տուրքերը։

ՍԵՒԱՆԱՅ ՎԱՆՔԸ

Սեւանայ վանքը՝ լուծարքի ենթարկուեցաւ 1930 թուի Փետրուարին, որուն համար վանահօր տեղակալ Եղիշէ Վարդապետ Շահումեան Հայաստանի պետութեան յատուկ արձանագրութիւն յանձնած է Մայր Աթոռին, որուն համաձայն պետութեան ղեկավարներէն Ա. Եղիազարեանի կարգադրութեամբ Սեւանայ վանքը «ամբողջովին լուծարքի ենթարկուեցաւ Փետրուար ամսուն»։ Որպէս հետեւանք վանքի գրաւումին, պաշտամունքի յատուկ իրերը Եղիշէ Վարդապետին յանձնուեցան, զանոնք Էջմիածին փոխադրելու համար, իսկ հնագիտական արժէք ունեցող իրերը յատուկ ցուցակով յանձնուեցան Հայաստանի հնութիւններու յանձնախումբին։ Վանքապատկան մնացեալ գոյքերը վանահայրն ու երկու պետական անձինք՝ Ա. Խաչատրեան եւ Ա. Գրիգորեան տեղաւորեցին վանքի տարբեր շէնքերու մէջ, դռները կնքեցին, բանալիներն ալ յանձնեցին կոմիտէին։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ

1930 Յուլիսին Մայր Աթոռի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին (ԳՀԽ) կողմէ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Յովսէփեան, յետագային Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, դիմում կատարեց Հայաստանի կառավարութեան՝ Սեւանայ վանքին զոյգ եկեղեցիները Էջմիածնին վերադարձնելու, արդարօրէն դիտել տալով, որ անոնց լուծարքի ենթարկը-ւիլն ու եկեղեցական բոլոր շարժական գոյքը պետութեան անցնիլը բոլորովին ոտնակոխ կ՚ընէր Ս. Էջմիածնի վարկը եւ համազգային չափով կը վնասէր Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան։ Գարեգին Արքեպիսկոպոս որպէս գիտնական կը յիշեցնէր, որ պատմական, գեղարուեստական եւ կրթական յայտնի անցեալ ունեցող մենաստան մը եղած է իր Առաքելոց եկեղեցիի դրան փայտեայ քանդակով, գաւիթի սիւնով եւ հռչակաւոր դռներով, որոնք կու գային 12-16-րդ դարերէն։ Զանոնք իրենց հարազատ վայրէն եւ սրբարանէն կոպտօրէն վերցնելով ու Երեւանի Պետական թանգարան բերելով «զրկած եղաք պատմական վայրը իր հրապուրիչ հնութիւններից»։ Գարեգին Արքեպիսկոպոս կը շեշտէր, որ Սեւանայ վանքը «դարերի ընթացքում եղել է կրօնական նշանաւոր կեդրոն հաւատացեալ ժողովրդի համար»։

ԳՐԱՒՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Ամենէն յատկանշականն ու վտանգաւորը այս բոլորին մէջ Սեւանայ վանքին պետականացման նպատակն էր, ուր «յոգնած եւ կազդուրման կարօտ աշխատաւորների սանատորիում հաստատել», զոր բացայայտօրէն Գարեգին Արք. Յովսէփեան կը նշէր, եւ զայն նոյնիսկ «բարի նպատակ» յորջորջելով, անոր արգելք չըլլալու միտքով, կը շեշտէր նաեւ յարգել հաւատացեալ ժողովուրդի կրօնական եւ պատմական վայր մը եղած ըլլալու հանգամանքը։ Սրբազանի խնդրանքը յանուն ԳՀԽ-ի կ՚ըլլար՝ «թոյլ տալ վանահօրը կրկին վերադառնալ իր տեղը» եկեղեցին իրեն յանձնելով ժամապաշտութեան կիրարկումի համար, արտօնելով իրեն բնակիլ էջմիածնապատկան վանատան մէջ, «ուր ապրում են վանահայրն ու Էջմիածնից Սեւան գնացող հանգիստի եւ կազդուրման կարիք ունեցող միաբանները»։ Սակայն այս բոլոր բարեհաճ եւ փոխադարձ օգնութեան իղձերը գտան իրենց կոպիտ մէկ բառը՝ «մերժել» պետութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի նախագահ Սարգիս Կասեանի կողմէ։

ՀԱՐԻՃԻ, ՍԱՆԱՀԻՆԻ, ԵՒ ԳԵՂԱՐԴԻ ՎԱՆՔԵՐ

Միեւնոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուէին երեք այս վանքերը եւս։ 1930 թուի Օգոստոս 4-ի տեղեկագրով Շիրակի թեմի թեմական խորհուրդի անունով ԳՀԽ-ին կը գրէին Հարիճի վանքի կողոպուտի մասին անուններով յայտնի խորհուրդին հինգ անդամները, թէ նոյն տարւոյ Յուլիս 24-ի գիշերը «կողոպտուած էր Հարիճայ վանքը», տանելով 34 հատ եկեղեցական անօթներ, որոնց ցուցակն ալ կցած էին տեղեկագրին։ Յետ քննութեան, հարցը պետական գրասենեակ հասած է յանձնարարելով, որ Մեծ Երթիկի քահանայ Տ. Եղիշէ Քերովբեան մասնակցի քննութեանց, որպէսզի «հնարաւոր լինի ծանօթանալու կազմուած քննական արձանագրութեանց»։ Սակայն նպաստաւոր պատասխան չէր եւ Հարիճայ վանքը միւսներուն նման կը դառնար պետական շէնք, եւ լաւագոյն պարագային «պատմական յուշարձան», ինչպէս եղան Հայաստանի բոլոր վանքերը Սովետական շրջանի առաջին կիսուն, խզուելով Մայր Աթոռէն եւ հաւատացեալներէն։

Կողոպտած են նաեւ Սուրբ Սանահինի վանքը, որուն համար Զաքարիա Վարդապետ Լալայեան Հոկտեմբեր 18-ին Շիրակի թեմական խորհուրդին կը հաղորդէր լուրը, թէ վանքէն կողոպտած են «մէջի եղած ամբողջ արծաթեայ անօթներն ու սրբութիւնները», մասնաւորաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը, Յովհաննէս Օձնեցիի Աջը, սկիհներ եւ խաչեր, բոլորն ալ «պահապան Սուրբ Սանահին վանքի» արձանագրութեամբ։

Ամենէն սրտաճմլիկը Սուրբ Գեղարդայ վանքին գրաւումը եղած է 1933 թուականին։ Վանահայր Յովհաննէս Վարդապետ Հիւսեան իր 31 Օգոստոս թուակիր յայտարարութեամբ կը հաղորդէր նորընտիր Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Գեղարդայ վանքին վերաբերմամբ եղած «կառավարական կտրուկ կարգադրութիւններու» մասին։ Հիւսեան կ՚ափսոսար, որ «ահաւասիկ ցամքեցաւ» այն միակ աղբիւրը որ կ՚արբեցուցանէր հաւատացեալներու հոգեկան ու կրօնական ծարաւը»։ Գեղարդայ վանքը եւս «լռեց որ միակն էր մնացած Հայաստանի մէջ՝ փակուած յայտարարուելով»։

Ըստ Յովհաննէս Վրդ. Հիւսեանի գրութեան, Օգոստոս 30-ին գիշերանց վանք եկան գործադիր մարմնի նախագահ Մարտիկեանը, Հայաստանի հնութեանց պահպանութեան նախագահ Զօրայեանը, ընդհանուր ոստիկանապետը, իրենց հետ ունենալով եօթ-ութ պետական պաշտօնեաներ, եւ առաւօտուն յանձնեցին գրաւոր վճիռը, որուն պատճէնը պահուած է «Վաւերագիրներ» հատորին մէջ, էջ 266։ Վճռագիրի յանձնումին ներկայ եղած է Գարեգին Արք. Յովսէփեան, որ անձամբ պիտի տեղեկացնէր դժբախտ պարագան Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։

ՎՃՌԱԳԻՐԸ

Վճռագիրը ստորագրած է ներքին նախարարութեան գործադիր Դաշոյեան, որ երեք ուղղութեամբ առնուած որոշումը կը ճշդէր. (ա) Այրիվանքը (Գեղարդայ վանքը) եւ շրջանը յայտարարել հնագիտական փակ վայր, (բ) Զայն դնել Խորհրդային Հայաստանի մշակութային եւ պատմական հետազօտութեանց կեդրոնի իրաւասութեան տակ, (գ) Առաջարկել, որ Գեղարդայ վանքը օգտագործուի որպէս զբօսաշրջիկներու եւ գիտական հետազօտութեանց վայր։ Իր 1934 Ապրիլ 14-ի տեղեկագրով վանահայր Հիւսեան Վարդապետ կ՚իմացնէր Վեհափառ Հայրապետին, որ պետական ներկայացուցիչներ եկան վանք ու բաժանում կատարեցին վանքի գոյքերուն, անասուններուն եւ սրբազան անօթներուն։ Վանքի արտաքին յուշարձաններն ու խաչքարերը ամբողջութեամբ գրաւուեցան։ Հիւսեան Էջմիածին տարած է անձամբ «ըստ պետութեան որոշած ցուցակին եկեղեցական մասունքները, խաչերը, զգեստները լրիւ եւ անկորուստ»։

ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ

Երբ կը գրենք վերեւի հինգ վանքերու դժբախտ կացութեան մասին, գրած կ՚ըլլանք նաեւ տասնեակներով յայտնի մեծանուն միւս վանքերու մասին եւս, որոնց ճակատագիրը կ՚ըլլար միեւնոյնը։ Այսուհանդերձ ժամանակը պիտի գար եւ յիշեալ վանական հաստատութիւնները, մէջն ըլլալով Սիւնեաց Տաթեւն ու Նորավանքը, Հաղարծինն ու Հաղբատը, Գօշավանքն ու Խոր Վիրապը, պիտի ստանային իրենց «նորափետուր զարդարանքն ու գեղեցկատեսիլ վայելչութիւնը» նոյն դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Տ.Տ. Վազգէն Ա. երախտաշատ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի երկարատեւ գահակալութեան ընթացքին։

ՏՔԹ. ԶԱ­ՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

Կլէնտէյլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018