ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Է.)

Ժ) ԴՈՒԻՆԻ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎ

Ժողովը գումարուած է 720 թուին, Յովհաննէս Գ. Օձնեցի Կաթողիկոսի օրով ու նախագահութեամբ։ Հիմնական երկու նպատակ հետապնդած է.

Նախ վերջնական ձեւ տուած է եւ վաւերացնելով ընդունած է Յովհաննէս Կաթողիկոսի կազմած «Կանոնագիրք»ը։

Երկրրորդ, ըստ սովորութեան, դաւանաբանական ու աղանդաւորական նոր յառաջ եկած շարժումներու առաջքը առնուած է, որոնցմէ էին պաւղիկեաններն ու մծղնեականները։

Դուինի վեցերորրդ ժողովը 32 յօդուածներէ բաղկացած կանոնախումբ սահմանած է, որ ծանօթ է «Կանոնք Տեառն Յովհաննիսի Իմաստասիրի Հայոց Կաթողիկոսի» անունով։

Ը) ՊԱՐՏԱՒԻ ԺՈՂՈՎ

Սիոն Կաթողիկոս ոստիկանի պաշտպանութեամբ պաշտօնի կոչուած է եւ հեշտութեամբ կրցած երկրին հանդարտութիւնը օգտագործել ու Յովհաննէս Օձնեցիի օրերէն ասդին եկեղեցական կանոնները վերանորոգել։

Սիոն Կաթողիկոս ժողով գումարել տուած է 768 թուին, Մեծ Հայքի Ուտիք նահանգի Պարտաւ քաղաքին մէջ, որ այդ ժամանակ Աղուանից կաթողիկանիստ վայրն էր։ Ժողովին մասնակցած են եպիսկոպոսներ, երէցներ, ինչպէս նաեւ նախարարներ՝ Սահակ Բագրատունի իշխանի գլխաւորութեամբ։ Այն հոգեւորականները, որոնք չեն կրցած ներկայ գտնուիլ, գիրով իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են ժողովին կայացնելիք որոշումներուն մասին։ Աղուանից Դաւիթ Կաթողիկոսը եւ այդ շրջանէն զանազան իշխաններ նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերած են։ 24 կանոններ հաստատուած են, որոնք «Կանոնագիրք Հայոց» գրքին մէջ յայտնի են «Սիոն Կաթողիկոսի Կանոնախումբ» անունով։ Կանոնները ընդհանրապէս կը վերաբերին Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներու պարտաւորութեան ու պարտականութեան։

Թ) ԵՐՆՋԱԿԻ ԺՈՂՈՎ

Յովհաննէս Ովայեցի Կաթողիկոս գահ բարձրանալէն ութ տարի ետք, Բագարատ Բագրատունի Սասունի իշխանը, որ համաձայն չէր եղած Յովհաննէսի ընտրութեան, նոր դիրքի տէր անձ էր դարձած, եւ այս առիթէն օգտուելով՝ կ՚ուզէ Յովհաննէսի դէմ հակառակութիւնը զրպարտանքներով գլուխ հանել։ Ուրիշներ եւս այդ զրպարտութեանց մասնակից կը դառնան, որոնք Կաթողիկոսին դիմաց ելլելով՝ անոր դէմ կը չարախօսեն։ Իշխանը այս բոլորին համաձայն գտնուելով (որոնց դրդապատճառն էր ինք, քանի նպատակ ունէր Յովհաննէսի փոխարէն իր ուզած եպիսկոպոսը նստեցնել հայրապետական աթոռին վրայ), հրովարտակով մը ժողովուրդին կը հրամայէ, որ Կաթողիկոսէն հեռու մնան եւ անոր գահակալութիւնը մերժեն։ Յովհաննէս Կաթողիկոս այս բոլորին առաջքը առնելու համար, կաթողիկոսարանը ձեւով մը կը թողու եւ Այրից վանքին մէջ կ՚առանձնանայ։ Այդ վանքը նաեւ կոչուած է Այրեվանքի Ս. Գեղարդ։ Կաթողիկոսը, իր հերթին, ինքն ալ հրովարտակով կը նզովէ Բագարատ իշխանը։ Բոլոր ժողովուրդը համաձայն կը գտնուի եւ կը սկսին Բագարատ իշխանը քննադատել իր յանդուգն արարքին համար։ Բոլոր նախարարները, մեծամեծ իշխաններն ու եպիսկոպոսները ոտքի կ՚ելլեն ու կ՚որոշեն այս հարցը ժողովով մը քննարկել։

Ուստի, 842 թուին, Երնջակի մէջ ժողով կը գումարուի եւ Բագարատ իշխանին արարքը խստիւ կը դատապարտուի։ Ասոր առընթեր, կաթողիկոսական ընտրութեան շուրջ քանի մը իրաւաբանական կէտեր ալ կը քննարկուին եւ յստակ որոշումներ կ՚առնուին.

- Առաջին, այսպիսի դէպքերու ժամանակ առանց կաթողիկոսի նախագահութեան ու հրաւէրին, կարելի է ժողով գումարել՝ կաթողիկոսին գործերը քննելու համար։

- Երկրորդ, ժողովականները միայն կաթողիկոսը կ՚ընտրեն, եւ անոնք պէտք է ըլլան կաթողիկոսը միակ ամբաստանողը, արդարացնողը եւ մեղաւոր համարողը։

- Երրորդ, երկրի իշխանը առանց ժողովին որոշումին չի կրնար կաթողիկոսը գահէն հեռացնել։

Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ երբեմն հայոց կամ պարսից թագաւորները գահընկէց ըրած են հայոց կաթողիկոսը։ Սակայն այդ եղած է ոչ իրաւացի սահմաններու մէջ, այլ ուժ բանեցնելով, պարտադրաբար։

Ժ) ԱՆԻԻ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎ

Ժողովը գումարուած է 970 թուին, որուն ընթացքին նոյնպէս կանոններ չեն սահմանուած, այլ պարզապէս քաղկեդոնիկ Վահան Կաթողիկոսը գահընկէց ընելու հարցը քննարկուած է։

Վահան Կաթողիկոսի ընտրութենէն տարի մը իսկ չանցած (968), իր մասին զանազան լուրեր կը տարածուին, թէ վրացիներուն եւ յոյներուն հետ գաղտնի յարաբերութեանց մէջ մտած է, անոնց կողմը միտած է եւ կ՚աշխատի Հայ Եկեղեցին ալ անոնց միացնել։ Այլ խօսքով, Կաթողիկոսը քաղկեդոնականութեան յարած էր։ Ուստի, կ՚որոշեն ժողով մը գումարել՝ հարցը քննելու համար։ Սակայն Վահան Կաթողիկոս չ՚ընդունիր եւ փախուստ կու տայ։ Ժողովականները առանց Վահան Կաթողիկոսին կարծիքը առնելու, կը գումարեն ժողովը, եւ փասատացի տուեալներով Վահան Կաթողիկոսը իբրեւ քաղկեդոնիկ գահընկէց կ՚ընեն։ Օրմանեան Պատրիարքը կը բացատրէ՝ ըսելով. «Կարելի չէ պարզապէս քաղկեդոնականութեան իբրեւ համակիր անձ գահընկէց հռչակուի, այլ անոր ետին ծածուկ քօղարկուած է քաղաքական հարց մը, որ սակայն ծածուկ կը մնայ, եւ նոյնիսկ կը թուի թէ Վահան Կաթողիկոսը հարց ունեցած ըլլար Աշոտ թագաւորի հետ, որուն պատճառով ապահով չի զգար, ուստի փախուստի կը դիմէ»։

Այս ժողովի ընթացքին կաթողիկոսական խնդիրներու շուրջ զանազան որոշումներ կ՚առնուին.

- Առաջին՝ միայն ժողովը կաթողիկոսը դատի կանչելու է եւ ո՛չ թագաւորը։

- Երկրորդ՝ ժողոովը փաստերու հիման վրայ պէտք է կաթողիկոսը դատապարտէ։

- Երրորդ՝ կաթողիկոսը իբրեւ ամբաստանեալ դատի պէտք չէ կանչուի, այլ պարզապէս հարցերը եղած փաստաթուղթերով պէտք է քննուին։

- Չորրորդ՝ ուխտադրուժ կաթողիկոսը եւ թագաւորը բանադրանքի պէտք է ենթարկել։

ԺԱ) ՀԱՐՔԻ ԺՈՂՈՎԸ

Ժողովը գումարուած է 1002 թուին, Սարգիս Սեւանցի Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հարքի մէջ։ Այս ժողովի ընթացքին դարձեալ եկեղեցական կանոններ չեն սահմանուած, այլ միայն թոնդրակեցիներու աղանդը նզովուած ու բանադրուած է։

Թոնդրակեցիներուն աղանդը կը սկսի Սմբատ անունով մէկու մը կողմէ, որ Ծաղկոտն գաւառի Զարեհաւան գիւղէն էր։ Սմբատ պաւղիկեաններու աղանդին ծանօթանալով, աստղագէտ պարսիկ բժիշկէ մը զանազան հնարքներ, կախարդութիւններ եւ բժշկական գիտելիքներ կը սորվի։ Անկէ ետք կու գայ Թոնդրակ աւանը եւ կը սկսի քարոզութեանց։ Անիկա կը մերժէր Աստուծոյ նախախնամութիւնը, յարութիւնը, Ս. Հոգիին շնորհքները, ձեռնադրութիւնը, Եկեղեցւոյ խորհուրդները, մեղքը պատիժը եւ այլն։ Սմբատ բազմաթիւ հետեւորդներ կը գտնէ եւ այսպիսով Թոնդրակը ամբողջապէս աղանդաւորական գիւղի կը վերածուի։

Թոնդրակեցիներ շրջան մը լուռ մնալէ ետք, իրենց գործունէութիւնը կը վերսկսին եւ նոյնիսկ կը կարողանան հայ բարձրաստիճան հոգեւորականներէն՝ Յակոբ անունով եպիսկոպոս մը իրենց խումբին միացնել եւ իրենց խումբին ղեկը անոր յանձնել։

Կը յիշուի նաեւ, թէ այդ շրջանին, թոնդրակեցիներուն մէկ խումբը կը բնակէր Կաշէ եւ Աղիւս գիւղերուն մէջ։ Նոյն այս գիւղին մէջ կը բնակէին նաեւ հայեր, ուր բազմաղբիւրի խաչը կը գտնուէր։ Հայեր մեծ ակնածանք կը տածէին այդ խաչին նկատմամբ, նոյնիսկ սովորութիւն ունէին Հոգեգալուստի օրը այնտեղ պաշտօնական Պատարագ մատուցանելու։ Թոնդրակեցիները այդ սովորութիւնը անարգելու համար՝ խաչը կը կոտորեն եւ այդ շրջանը կ՚աւերեն։ Հայեր այս տեսնելով, տեղւոյն եպիսկսպոսին՝ Սամուէլի գլխաւորութեամբ կը հալածեն զանոնք ու շրջանէն դուրս կը վռնտեն։ Եւ այսպիսի բազմաթիւ դէպքեր թոնդրակեցիներու պատճառաւ կը սկսին ծագիլ։ Սարգիս Սեւանցի Կաթողիկոսը այս բոլորին առաջքը առնելու համար, ժողով մը գումարել կու տայ։ Հայ Եկեղեցին անոնց հետ իր կապերը կը խզէ եւ նոյնիսկ կը նզովէ զանոնք, ինչպէս նաեւ կարգալոյծ կը հռչակէ ու կը բանադրէ անոնց առաջնորդը՝ Յակոբոս Եպիսկոպոսը։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018