ՄԵԿՆԱՐԿԱՅԻՆ ԿԷՏԸ…
Լուսինէ Յովհաննիսեան լրագրող, հրապարակախօս է: Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն, աշխոյժ լրագրողական գործունէութիւն ունեցած է այդ տարիներուն լոյս տեսած «Անկախութիւն», «ԱՐ», «Շրջան», «Այժմ» շաբաթաթերթերուն մէջ: Այսօր եւս ծանօթ կայքէջերու մէջ լոյս կը տեսնեն անոր յօդուածներն ու հրապարակախօսական նիւթերը, որոնք սպասուած են ընթերցողներուն եւ լրագրողական համայնքին կողմէ:
Լուսինէ Յովհաննիսեան իր յօդուածներով կը քննէ հասարակական, ընկերային, մշակութային հարցեր, որոնք մեզի կ՚ուղեկցին 1988 թուականէն ի վեր եւ նոր ժամանակներու լոյսին տակ այլ անդրադարձներ կ՚ունենան: Ինքը՝ լրագրողը, այդ տարիներէն ի վեր, եղած է հայաստանեան իրադարձութիւններուն կեդրոնը, մասնակցած է թէ՛ 1988 թուականի շարժումին, թէ՛ ատոր յաջորդած իրադարձութիւններուն, թէ՛ ալ թաշւեայ յեղափոխութեան:
Լուսինէ Յովհաննիսեան նոր յարափոփոխ դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն մասին իր մտորումները սիրով կիսեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն հետ.
-Սիրելի Լուսինէ՛, Ձեր դիտարկումով, թէ ի՞նչ տեղի ունեցաւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ, արդեօք կրնա՞նք ըսել, որ յաղթեց այն սերունդը, որ խորհրդային կարգեր չէ տեսած:
-Քիչ մը կը դժուարանամ յստակ ձեւակերպելու, թէ ո՞վ, որո՞ւն յաղթեց: Բայց կրնամ ըսել, որ այս անգամ զիս փողոց հանած են եւ յուսահատութենէն հեռացուցած՝ իմ երեխաները: Ես չէի հաւատար, իրենք հաւատացուցին: Երբ առաջին օրերուն, ցոյցերուն առաջին իրազեկման փորձերը կ՚ընէին համալսարանին մէջ, շուրջ 13 հոգի էին: Ես շատ փոփոխութիւններ տեսածի դիրքէն, իմ աղջկաս հաղորդագրութիւն մը ղրկեցի եւ ըսի՝ 13 հոգիով յեղափոխութիւն չեն ըներ եւ ժպիտ մը դրի: Ան շատ կարճ եւ յստակ պատասխան մը ղրկեց. «Կ՚ընեն»: Այդ երկխօսութիւնը հետաքրքրական կերպով յիշողութեանս մէջ մնաց միւս օրերուն:
Այո, իմ երեխաները խորհրդային տարիները չտեսած սերունդէն են: Անոնք ամէն ինչին տարբեր կը նայէին եւ ես ուշադիր կը հետեւէի, թէ ինչ կայ անոնց հաւատքին կամ պայքարին մէջ, որ մեր պայքարէն տարբեր էր, որովհետեւ 1988 թուականին մենք ալ համարձակ էինք, փողոց ելած էինք, նստացոյցեր կ՚ընէինք: Կը յիշեմ, որ կը կենայինք ինքնաձիգով զինուորներուն դիմաց եւ բաներ մը կ՚ըսէինք, բայց մեր համարձակութիւնը հիմնուած էր մեր երկար տարիներու զսպուածութեան, սեղմը-ւածութեան եւ անկէ ետք մէկ անգամէն ազատ արձակման վրայ:
Այս նոր պայքարը շատ տարբեր էր, որովհետեւ շատ կարեւոր է մեկնարկային կէտը: Մենք խորհրդային կարգերուն մէջ մեծցած երեխաներ, աշակերտներ էինք: Այս սերունդը ազատ է, անոնք չեն տեսած «կարելի չէ»ները, «այսպէս ընդունուած չէ» եւ նման կարծրատիպերը: Այս սերունդը թուային տարածքին սերունդն է, որոնց համար աշխարհը սահմաններ չունի, անոնք տունէն կրնան անսահման, անվերջ կապեր ունենալ: Անոնց կեանքի մասին պատկերացումները բոլորովին տարբեր են եւ պատահական չէ, որ համացանցային սերունդ կը կոչուի:
Մեր սերունդի պատկերացումները աշխարհի մասին, շատ փոքր էր, իսկ այսօր-ւան երիտասարդութեան պատկերացումները՝ շատ մեծ: Մենք ունէինք Խորհրդային Միութեան մէջ փոքր Հայաստան մը, մեծցած էինք սարսափազդու քերթողութեամբ, որ եաթաղանի, մաքառումի եւ նման բաներու մասին էր… Այսօրուան սերունդը զերծ է նման կաշկանդումներէ, արագ գործող, ամէն նորութիւն ընդունող է… Այս է տարբերութիւնը, թէ ի՛նչ մեկնարկային կէտ ունեցած էինք մենք՝ 1988 թուականին եւ ինչ մեկնարկային կէտ ունեցած են իրենք:
Այսօրուան սերունդին համարձակութիւնը հիմնուած է իրենց իրաւագիտակից քաղաքացիի վիճակին վրայ: Անշուշտ, ես այս պահուն կը խօսիմ ուսանողութեան մասին, բայց յետագային անհնազանդութեան շարժումին միացաւ ամբողջ երիտասարդութիւնը: Շարժումին սկսաւ ուսանողութիւնը, որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ամէնօրեայ ծանր գործերը կը կատարէր եւ վտանգաւոր փուլեր անցած էր այն պահերուն, երբ պարզ չէր, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերջանար:
Յեղափոխութեան սկիզբը դնող ուսանողները իրաւագիտակից մարդիկ էին, եւ իրենց մէջ եղած այդ իրաւագիտակցութիւնը մեծ համարձակութիւն կու տար, որովհետեւ իրենց պատկերացումով ոչ ոք իրաւունք ունի իրենց իրաւունքը ոտնահարելու: Այդ վստահութիւնը համարձակութիւն կը ծնէր:
-Այդ առումով, այսօրուան մեր ունեցած յեղափոխութիւնը ամո՞ւր է, թէ՞ երերուն: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք:
-Ոչ, ի հարկէ, ամուր չէ: Քանի որ ասոր նախորդած ժամանակը այնքան ահռելի բացասականութիւն ունէր իր մէջ, այնքան այլասերած երեւոյթներ կան նախորդ ժամանակէն եկող, որ հիմա այդ բացասականը կը փոխակերպուի, տեղերով փոխուած են եւ հիմա պիտի սպառէ ինքզինք այդ բացասականը: Կը նայիմ, թէ նախորդ ժամանակներուն մէջ ի՛նչ լաւ բաներ ըրած են, փորձած եմ ճշմարտացի կերպով փընտ-ռել այդ լաւ բաները, բայց չեմ գտած, փոխարէնը ունիմ մեծ ցանկ մը, թէ ինչ վատ բաներ եղած են այդ ընթացքին: Այդ մարդիկը մնացած են անցկալի միւս կողմը: Պատնէշին մէկ կողմը անոնք են, միւս կողմը՝ անոնք, որոնք յաղթեցին:
-Իսկ երիտասարդները, ուսանողները, որոնց մէջ էին նաեւ Ձեր զաւակները, ի՞նչ կը զգան այսօր, ի՞նչ է անոնց հոգեվիճակը:
-Անոնք շատ անհանգիստ են, քանի իրենք մասնակիցն են եւ իրենց սիրելի արտադրանքն է այս բոլորը: Երբ ես իմ տարիքով կամ պատկերացմամբ կ՚ըսեմ, թէ այսինչ կամ այնինչ բանը աւելորդ էր, անհրաժեշտ չէր, անոնք անմիջապէս կը գտնեն փաստարկներուն թղթապանակը եւ կը պատասխանեն:
Հիմա սպասողական են, կ՚ուզեն, որ լաւ ըլլայ: Ես այս պահուն չեմ պատկերացներ, թէ նախորդ իշխանութեան կողմնակիցները արդեօք կ՚ուզէի՞ն, որ ամէն ինչ լաւ ըլլար: Անոնց կեանքը հիմնուած էր բացարձակապէս բարեկեցութիւն լուծելու հարցին վրայ:
-Ասիկա Ձեր կեանքին երկրորդ յեղափոխութիւնն էր 1988 թուականէն ետք: Ո՞ր մէկը աւելի հոգեհարազատ է, արդեօք առաջի՞նը:
-Մինչեւ վերջին օրերը այդպէս էր՝ թերեւս առաջինը աւելի հոգեհարազատ էր: Չեմ գիտեր, որ անիկա ազգային շարժումի 30-ամեակին հետ կապուա՞ծ էր, թէ՞ չէ, բայց մնաց հեռու: Մինչեւ վերջին օրերը շատ կարօտով կը յիշէի, շատ թանկագին էր ամէն ինչ, կը սիրէի պատմել. բայց հիմա հասկցայ, որ այդ մասին արդէն չի խօսուիր, այս մէկը զիս աւելի կը ոգեւորէ, քանի որ ես Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութիւն տեսայ, որ մինչ այդ չէի տեսած:
Մենք տեսած ենք տարբեր բաներ, 1996 թուականին ալ պայքար կար նախագահական կեղծուած ընտրութեան դէմ, բայց այդ պայքարածները քաղաքացիական հասարակութիւն չես անուաներ, իսկ հիմա քաղաքացիական հասարակութիւն ձեւաւորուած է, ինչ որ շատ ուրախալի է:
Այն շարժումը տեսակ մը ֆետայական շարժման կը նմանէր: Չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ կ՚ընէինք, ինչո՛վ պիտի աւարտի... եւ աւարտեցաւ պատերազմով: Շատ արիւնալի, ցաւոտ շարունակութիւն մը ունեցաւ, եւ հիմա, տարիներու հեռաւորութենէն, ոչ թէ մեր ուրախ հանրահաւաքները կը յիշեմ, այլ՝ կորսնցուցած ընկերները:
-Այս շարժումին շատ խօսուեցաւ այն մասին, որ դուրսէն հայեր պիտի գան Հայաստան եւ բնակին: Կը հաւատա՞ք:
-Այո, կը հաւատամ, որովհետեւ ես տեսայ, որ մարդիկ, իմ կարգ մը ընկերներս, այդ օրերուն եկան, որպէսզի մասնակցին շարժումին: Ես այդպիսի բան չէի պատկերացներ, որ մասնակցելու համար հայ մարդը տոմս մը կտրէ եւ գայ: Բայց եղան այդպիսի դէպքեր, եկան, մասնակցեցան գացին եւ վստահ եմ, որ եթէ ամէն բան լաւ ըլլայ, անպայման պիտի գան եւ հոս մնան:
-Փոփոխութիւնները որքա՞ն ժամանակէն տեղի կ՚ունենան:
-Դժուար է ըսել, բայց գոնէ կարեւոր բաները մէկ տարիէն պէտք է տեսնենք:
-Այս շարժումին նաեւ Սփիւռքէն արձագանգներ եղան. մարդիկ հեռակայ կարգով միացան, իրենց քաղաքներուն մէջ ցոյցեր կազմակերպեցին: Ի՞նչ կ՚ըսէք այդ մասին:
-Անկեղծ ըսեմ՝ Սփիւռքի մասին իմ պատկերացումներս քիչ մը հին են, բայց վստահ եմ, որ հոն ալ փոփոխութիւններ եղած կ՚ըլլան: Ես կը հաղորդակցիմ այն սփիւռքահայերուն հետ, որոնք իմ միտքերուն համակարծիք են, յառաջադէմ հայեացքներ ունին, բայց վստահ տարբեր սփիւռք մըն ալ կայ, որուն ծանօթ չեմ: Ընդհանուր առմամբ, սփիւռքը միշտ կողմնակից եղած է, որ Հայաստանը լաւ ըլլայ, հանգիստ ըլլայ, խժդժումներ չըլլան… Այս ալիքը այնքան հզօր էր, որ հոն ալ հասաւ, այստեղի ուժգին վիճակէն էր, որ հոն ալ անտարբեր չմնացին...
Ես աւելի լաւ տեղեակ եմ, թէ ինչպիսի արձագանգներ եղան Արցախի մէջ: Հոն սկիզբը շատ լարուած էին նաեւ որոշ չափով՝ յարձակողական, քանի որ իրենց պզտիկ տարածքին վրայ քարոզչութիւնը այնպէս կ՚աշխատի, որ Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները Արցախի հարցին երաշխիքն են, նոր եկողները այդ հարցին հանդէպ ունին բացասական վերաբերմունք եւ անյայտ ճակատագիր մը կը սպասէ Արցախին: Այդ մէկը լաւ, ամրապնդը-ւած էր բոլորին քով: Երբ Նիկոլ Փաշինեան իր խումբով գնաց Արցախ եւ մարդկային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ, բան մը փոխուեցաւ այդ մօտեցումներուն մէջ, արցախեան արձագանգներուն մէջ, այնպէս որ շատ կարեւոր էր ընտրուելէն ետք Արցախ երթալուն հանգամանքը: Ինչ կը վերաբերի Արցախի հարցին, ապա անձամբ ես այդ հարցին հանդէպ ունիմ վախ, որքան որ ունէի մինչեւ այս դէպքերը:
-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այն դիտողութիւնները, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան նոր նշանակումներուն՝ երիտասարդ եւ փորձառութիւն չունեցող նախարարներուն:
-Անշուշտ, կը խորհիմ այդ մասին: Բոլորը կրթուած, լաւ տղաք են. շատ հաճելի երեւոյթ է: Բայց ես չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէս կ՚ընեն տնտեսական կառավարումը, եւ ատոր համար չեմ գիտեր՝ անոնք կըր-նա՞ն կամ ոչ: Յուսամ, որ կարենան եւ այս պահուն այդ մէկը ամենէն մտահոգիչն է:
Այժմ ես ցաւող կողմ եմ եւ ամէն ինչ ցաւոտ կը տեսնեմ, պատասխանատուութեան մեծ զգացում ունիմ եւ կ՚ուզեմ, որ ամէն մարդ ունենայ այդ պատասխանատուութիւնը… Զգացած եմ, որ ամենէն կրքոտ քննադատները իրենց քննադատութիւններուն հիմքին մէջ անձնական գործօնը դրած են, կը տեսնեմ նաեւ անձնական վիրաւորանքներ, ասոնք արդէն առարկայականութեան մեծ հարուած են: Մենք քանի որ փոքր քաղաքի մէջ ենք, ամէն ինչ գիտենք: Գիտենք, թէ ո՞վ, որո՞ւն հետ ի՞նչ հարց ունի կամ ունեցած է: Առողջ քննադատներ ալ կան, բայց՝ քիչ են: Փաշինեանի խմբակին մասին կ՚ըսեն, որ անփորձ տղաք են, բայց երբ ետ նայինք, կը հարցնենք, թէ 1988 թուականին շատ փորձառո՞ւ էին՝ պատմուածք գրող, ուսողութեան, բնագիտութեան դասախօս, նոյն տարիքին էին: Ամենէն մեծը թերեւս Ռաֆայէլ Ղազարեանն էր, բայց միւսները նոյն տարիքին էին, իսկ փորձառութիւն բացարձակապէս չունէին, մինչդեռ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքականութեան մէջ է արդէն տարիներէ ի վեր:
Այժմ կը սպասեմ. եթէ զգամ, որ յուսախաբ եղած եմ, ապա ոչ թէ կը գրեմ, այլ՝ կը պոռթկամ:
Ես չեմ կարծեր, թէ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր խումբին դէմ քննադատական յօդուած մը գրուի, անոնք այդ մէկուն կարեւորութիւն չեն տար, որովհետեւ կը զգամ, որ ֆէյսպուքեան արձագանգներերը նոյնպէս կարեւորութիւն ունին այսօր: Բայց սպասելը ճիշդ է, պէտք է սպասել:
-Քննադատութիւններու շարան մըն ալ ուղղուած է անոր, որ նոր վարչապետը ամէն վայրկեան հասանելի է, ընկերային ցանցերուն միջոցաւ կը խօսի, կապ կը պահէ մարդոց հետ, եւ այդ քննադատողները, հիմնականօրէն, աւանդական մտածողութեան մարդիկն են։ Դուք ինչպէ՞ս կը վերաբերիք:
-Հոգ չէ, նոյն մարդիկը ժամանակին նաեւ կ՚ըսէին, թէ կը բաւէ համացանցի, ֆէյսպուքի մէջ այդքան բան գրել, բայց չմոռնանք, որ նոյն համացանցն ու ֆէյսպուքը մեծ դեր ունեցան ամէն ինչի մէջ: Ես բնական կը տեսնեմ, թող քննադատեն, բայց ժամանակի ընթացքին կը փոխուի մօտեցումը:
Ես վստահ եմ, որ նոյնիսկ անոնք, որոնք կը ծաղրեն, կը քննադատեն, իրենք ալ կը սպասեն այդ ուղիղ եթերներուն, անմիջական խօսքերուն, շատ ալ ուշադիր կը կարդան բոլոր մեկնաբանութիւնները: Այդ մեկնաբանութիւնները կարդալով նաեւ միայն մեզի բնորոշ բաներ կրնանք տեսնել, այն, որ մարդիկ մտահոգ են վարչապետով, իրենց հայկական, գիտցած խորհուրդները կու տան… Ասիկա մեզի բնորոշ, ազգային, ժողովրդական յատկանիշ մըն է եւ միայն մեծ սիրոյ պարագային է, որ կը դրսեւորուի: Այսպիսի բան շատոնց չէինք տեսած: Մարդիկ ունին անոր կարիքը, այդ սէրը պակսած էր, չկար: Բնական է, որ դրսեւորուի եւ պարպուի այս շրջանին:
-Այս յեղափոխութիւնը զանազան անուններով կոչուեցաւ՝ «Բաց ձեռքերու յեղափոխութիւն», «Թաւշեայ, սիրոյ եւ համերաշխութեան», «Թուային»… Ըստ ձեզի, ո՞ր անունը աւելի բնորոշ է:
-Բոլորը միասին: Բոլորն ալ որեւէ ձեւով կը բնորոշեն այս յեղափոխութիւնը:
Յեղափոխութիւնը հարկաւ նաեւ անհանգստութեան, լարուածութեան, վախի օրեր պարգեւեց: Երբ մտան ձայնասփիւռի շէնքը, վախցայ, լրջացայ, չէի պատկերացներ, թէ ինչ կրնայ ըլլալ, կտրուկ քայլ մըն էր այդ մէկը: Միւս վախս ալ նռնակներու պայթումին օրը եղաւ եւ այդ ամբողջ ընթացքին կը հեռաձայնէի եւ զաւակներս կը փնտռէի՝ ո՞ւր են արդեօք, ապահո՞վ են: Կրակոցէն վախ մը կար մէջս, որ կեանքիս մէջ երկու անգամ ապրելովս գոյացած է. նախ՝ 1996 թուականին նախագահական ընտրութիւններէն ետք, որ թէեւ օդին մէջ կրակեցին, բայց այդ պահուն չես տեսներ, թէ ո՛ւր կը կրակեն. կը լսես կրակոցին ձայնը, ընկալումը նոյնն է եւ կրակոցը կը մնայ նոյնքան սարսափելի: Ապա՝ 1 Մարտ 2008 թուականին եւ այդ սարսափը, իբրեւ մայր, մէջէս դուրս չէ եկած: Ոչ միայն իմ զաւակներուս, այլ նաեւ բոլորին համար կը սարսափէի:
-Ձեր կարծիքով, նախկին իշխանութիւնները, այս բոլորէն ետք, ի՞նչ կարեւոր բան հասկցան:
-Եթէ անոնք բան մը հասկցան այս բոլորէն, բնականաբար, երբեք բարձրաձայն չեն ըսեր: Դժուար է ըսել, թէ իրենց տաքուկ անկիւններուն մէջ հիմա ինչ կ՚ըսեն, անոնց ոչ մէկ արարքը հասկցած եմ, հիմա ալ չեմ կրնար պատկերացնել, քանի որ մենք եւ անոնք ուրիշ գոյութիւններ եղած ենք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ