Դրա­մա­հա­ւաք Եւ Մա­սամբ Նո­րին

Եթէ Յակոբ Պարոնեանի Պաղտասար աղբարը ողջ ըլլար, հաւանաբար պիտի ըսէր.

«Ոտքը կոտրէր այդ նամակաբերին եւ այդ նամակը մեզի բերած չըլլար»:

Միտքս պարզեմ: Տարիներ առաջ էր: Յստակ չեմ յիշեր: Միայն այն գիտեմ, որ օր մը մեր նամակաբերը նահանգի մանուկներու հիւանդանոցէն, մեր հասցէին ուղարկը-ւած, բոլորովին անսովոր նամակ մը բերաւ: Անսովոր՝ այն իմաստով, որ հինգ-վեց էջերու նկարներու կողքին, կար նաեւ նիւթական օժանդակութիւն խնդրող բացիկ մըն ալ՝ վերադարձնելու պահարանով միատեղ, եւ որուն վրայ նուիրատուութեան չափն ալ ճշդուած էր:

Նամակի էջերէն մեկնած, ինծի համար ամէն բան տեսանելի էր՝ իրենց հասկնալի նպատակով: Գալով նկարներուն՝ պէտք է աւելցնեմ, որ նոյնիսկ պարզ դիտողն իսկ կրնար «զինաթափ» ընել, որովհետեւ հոն յոյսի ակնկալութեան գաղափարը ոչ միայն քեզ կը մղէր, այլ ձեւով մըն ալ կը ստիպէր, որ անպայման ընդառաջէիր:

Անկեղծօրէն, մեր գաղութի հայկական մարդասիրական միութիւններէն՝ ՀՕՄ, Հայ դատ, «Հայաստան» հիմնադրամ, ՀԲԸՄ, «Արարատ» տուն, տարին նման քանի մը պարզ նամակներ կը ստանայինք, եւ որոնց էականութեան եւ անհրաժեշտութեան քաջատեղեակ ըլլալով՝ երբեմն համեստօրէն կ՚ընդառաջէինք: Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց էր:

Իսկ հիմա, «աջ ձեռքին տուածը, ձախը չիմանայ…» առածին հետեւելով, մեր «շատով», կարծեմ՝ իրենց շատ «քիչով», այդ նամակին անսացինք:

-Հէյ վա՜խ, տմպօ՛ չըլլաս, դո՛ւն էիր այդ մէկը ղրկողը.- պիտի ըսէր ողորմած մեծ մայրս. հապը կլլեցիր… նայէ՛՝ ըրած խէրդ ինչի՛ վերածուեցաւ…

Այսպէս, այդ թուականէն հազիւ շաբաթ մը անցած էր, իրարու ետեւէ նոյնանման նամակներ սկսանք ստանալ: Տեսակաւոր: Ծաղկաւոր: Գունաւոր եւ մանաւանդ՝ «մեծապատիւ մուրացկանները» յիշեցնող բովանդակութեամբ, կարծես մենք ալ «Բերա, Ծաղիկ փողոց, թիւ 2 բնակարանը կ՚ապրէինք»:

Մէկը՝ կոյրերու կազմակերպութենէն, միւսը՝ քաղցկեղի հաստատութենէն, ուրիշ մը՝ շաքարախտի յատուկ հիւանդանոցէն, այս մէկը՝ Ընտանի կենդանիներու պաշտպան միութենէն, այն մէկը՝ միասեռականներէն,  «վեթերաններէն», «Սելվէյշըն արմիէն», Հանրապետականէն եւ դեմոկրատներէն, պետական բարձր պաշտօններու «վազող» թեկնածուներէն, նոյնիսկ Սպիտակ տունէն եւ տակաւին՝ բոյսերու պաշտպաններէն եւ այլն, ու շարքը կ՚երկարի:

Եւ այսպէս, քանի մը օրը անգամ մը, նիւթական «օգնութիւն» խնդրող նոր բացիկ մը, նոր նամակ մը, քանի մը էջերու խաբկանքով կազմուած տետրակով եւ կամ չոր ու ցամաք գրիչով նամակներ հասան: Այս բոլորը, որովհետեւ անխտիր բոլորն ալ մեր այդ նիւթական փոքր ներդրումով մեր մէջ տեսած էին «բարեգութ» քաղաքացին եւ ազնիւ նուիրատուն:

Եւ երբ այս «խեղճերը» մեզմէ յուսահատեցան, այս անգամ, տետրակ-մատիտի փոխարէն, սկսանք մեր տան յատուկ տպուած հասցէներ ստանալ: Մեծաքանակ, միօրինակ եւ գունաւոր, զարդարուն եւ կազմ ու պատրաստ՝ յաջորդ նամակիդ վրայ փակցուելու:

Ի՜նչ լաւ բան, մարդիկ մտածած են մեզի օգտակար դառնալ… կ՚ըսէի մտովի: Ու ինչ մեղքս պահեմ, մէկ տարուան ընթացքին այդ հասցէներուն թիւը անցած էր հազարը:

Է՜հ, ի՞նչ պիտի ընէինք այսքան պատրաստ հասցէներ…

Այլեւս ամէն բան ո՛չ համ ունէր եւ ո՛չ ալ հոտ: Ու ինծի համար զարմանալին այն էր, որ Ամերիկայի նման երկրի մէջ, ուր կարելի էր նոյնիսկ համակարգիչով կամ կայքէջով վճարումներդ կատարել, ալ ի՛նչ բանի պիտի ծառայէին այս հասցէները: Աստուա՛ծ իմ: Արդեօք այս մարդիկը այսքան տարրական «բաներ» չէին հասկնա՞ր: Չեմ գիտեր: Կ՚երեւի…

Այո՛, նուիրելը, օգնելը, անսանձ սիրոյ մը ժառանգութեանը արդիւնքն էին, սակայն ամէն ինչ չափ ունէր, ե՛ւ սահման, ե՛ւ կշիռ: Տակաւին կարգ մը «յանդուգն»ներ վերադարձի պահարանին վրայ ալ պէտք եղած դրոշմաթուղթը փակցուցած կը ղրկէին:

Որպէսզի թէ՛ զիս եւ թէ՛ զիրենք ժամավաճառութենէ եւ կամ նամակատան ծախսերէ փրկէի, քանի մը անգամ անմեղօրէն եւ միամիտ փորձեցի երկտողով մը իրենց «յոյսը» կտրել տալ մեր հասցէէն, մեր վիզէն:

Չեղա՛ւ: Յամառ էին, չեմ գիտեր՝ որո՛ւ նման: Կարծես բոլորն ալ կոյրերու ներկայութեան նոյն պարն էր, որ կը պարէին, եւ կամ ալ խուլերու դիմաց՝ նոյն երգն էր, որ կ՚երգէին: Ասիական համերգի նման՝ տխուր, երկար եւ միանուագ: Նոյնքան ալ՝ ձանձրալի: Եւ ի տես այս անհամ իրողութեան՝ նուիրատուի զգացումներս իրապէս որ չորցած էին: Այս երեւոյթները արդէն մէջս ամէն տեսակի գութ եւ սէր ոչնչացուցած էին՝ իրենց հետ չորցնելով նաեւ մեղքի եւ կամ մեղքնալու զգացումս ալ: Ինծի համար իսկապէս չոր քարերուն իրենց գլուխը միեւնոյն քարերուն զարնող խենթերու կը նմանէին: Մէկ խօսքով, կը նմանէին պրկուած կոկորդներու, ուրկէ միայն միօրինակ եւ անզուսպ կանչեր կը լսես:

Յոյսը չկորսնցնող այս մարդիկը իսկապէս չափանիշները խախտած էին: Ի՞նչ կրնայի ընել: Անօգուտ: Մէկ տարուան ընթացքին արդէն ստացած էինք հազարաւոր մեր հասցէներու կտրօններ, որոնք յաճախ զարդարուած կ՚ըլլային տեսակաւոր ծաղիկներու, շնիկներու, թռչուններու, կատուներու եւ կամ ալ ամերիկեան դրօշակի զանազան գունաւոր նկարներով:

Իմ կարգիս, ճարահատ, սկսած էի անունիս բաժինը անջատել նկարներէն, իսկ մնացեալ գունաւոր եւ սիրուն նկարներու բաժինները՝ թոռներուս տետրակներու էջերուն եւ կամ թուղթերուն վրայ իբրեւ բարենիշ փակցնել, երբ անոնք ամէն անգամ «լաւ» բան մը ըրած ըլլային եւ, մանաւանդ, հայերէնով պատասխանած՝ հարցումներուս:

Բայց եւ այնպէս, անկախ այս բոլորէն, միշտ մտքիս մէջ տակաւին մնացած է միեւնոյն հարցումը:

-Հապա՞ մենք: Հապա՞ մերինները:

Գաղտնիք մը չէ, որ այլեւս աշխարհը բաց գիրքի մը վերածուած էր: Աւելի՛ն. նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլայի, եթէ նաեւ աւելցնէի, որ մեր կարգին, իբրեւ գաղութ, միութիւն կամ կազմակերպութիւն եւ կամ հայրենիք, ունէինք մեր բազմազան ակնկալութիւնները: Այսինքն, մէկ խօսքով, դրամահաւաք եւ սակայն իրենց սովորական ու դասական ձեւերով եւ մեթոտներով, բայց մէկ տարբերութեամբ, որ է՝ այս «մարդոց» անկրկնելի եւ անյուսահատ յամառութիւնը:

Այս բոլորը կ՚ուզեմ պարզօրէն արձանագրել, որովհետեւ էական կը նկատեմ կեանքի ու հասարակութեան ճշգրիտ ըմբռնումը: Օրուան կարիքներն ու նպատակին ընկալումն ու անոնց պարզաբանումը: Այլ խօսքով, մեր գաղութին մէջ ինչպէ՞ս համակրանք ստեղծել: Ինչպէ՞ս կանուխէն պատրաստել գաղութը անսակարկ նուիրաբերելու եւ ամենէն կարեւորը՝ վստահութիւն ըսուածը ներշնչելու:

Մտքիս մէջ տակաւին լուսաւոր եւ կենսախինդ վաղը ունենալու նպատակն ալ կայ, առկայ է:

Հրահրենք էականը: Կեանքի կոչենք ճիշդ բառերը, ճիշդ մարդոցմով: Գաղութի մտքերուն մէջ կանուխէն վերստին բանանք կենսականը, էականը եւ գերագոյն նպատակը: Այս մէկը, կը կարծեմ, կը պահանջէ յաւելեալ նուիրում, լրջութիւն եւ լրջախոհութիւն, զգաստութիւն՝ հանդէպ մեր կառոյցներուն:

Որովհետեւ կը կարծեմ, որ մեր աշխատանքը սովորականէն եւ որոշ սահմաններէն անդին ցարդ չէ անցած:

Կարեւորը այս պարագային նպատակն է, նոյնքան ալ՝ կապն ու մեր աշխատանքի հաւատքը:

Վերջապէս, ե՞րբ պիտի կարենանք գիտնալ եւ կամ տիրանալ իսկապէս Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքին տիրանալու բանալիին: Պէտք է ընդունինք, որ հոս հազարաձայն հեւքով երկիր մըն է: Ձեւերն ու որդեգրումները՝ շատ: Նոյնքան ալ՝ ակնկալութիւնները: Թէեւ մեզի համար նաեւ անտարբեր աշխարհ մըն է, ուր կ՚ապրինք երկու կեանք, եւ երկուքն ալ՝ հակասական, սակայն արդէն ժամանակն է, որ զգացումներու խաբկանքէն դուրս գանք:

Մեր մտքերը պէտք չէ որ կանգ առնեն կամ՝ հրաժարին կանգ առնելէ: Պէտք է նոր ձեւով որդեգրումներ եւ կամ աշխատանքներ ծրագրել եւ կատարել: Կարծես ներքին հաշտութիւն մը ունինք, հինցած ծամոնի նման: Կարեւորը իսկապէս ու ժամանակէն առաջ թափանցելն է մարդոց խճողուած ժամանակներուն մէջ ու զանոնք ներգրաւել: Այլեւս նամակներու տողերը եւ կամ վերջին ժամու կոչերը կորսնցուցած են իրենց խորհրդաւորութիւնն ու լիարժէք իմաստը: Փաստ, տարիներու հանգանակուած մեր գումարներու արդիւնքները:

Պէտք է տեսնել իրականութիւնը: Վստահութեան պակասէն մեկնած՝ կարծես դրամահաւաքի սէրն ու նպատակը յաճախ փշուր-փշուր եղած ըլլայ: ժամանակէն առաջ պայման է զայն վերականգնել՝ հաւատքով եւ հասկնալի մտածումներով, հեռու՝ հին եւ հինցած մեթոտներէն:

Այս մէկը «դեղատոմս» մըն է՝ մտահոգ հայորդիէ մը: Մեղքը ձեր վիզը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երեքշաբթի, Մայիս 22, 2018