ԷԼԹԸՆ ՃՈՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Անգլիացի աշխարհահռչակ երգիչ Էլթըն Ճոն այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Յայտնի արուեստագէտը Երեւանի մէջ է՝ լսողական սարքեր արտադրող Starkey ամերիկեան ընկերութեան կողմէ ձեռնարկուած բարեգործական ծրագրի մը շրջանակներէն ներս։ Ան Երեւան ժամանած է ազգային բարերար Վաչէ Մանուկեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Էլթըն Ճոն ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութիւններու մաս կը դառնայ։
Էլթըն Ճոն Երեւանի մէջ Starkey հիմնադրամի ղեկավար Ուիլիըմ Օսթինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ այցելեց «Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեան» մանկական հիւանդանոցը։ Իր այցելութեամբ խորհրդանշուած բարեգործական ձեռնարկի ծիրէն ներս մանուկներուն բաժնուեցան հարիւր լսողական սարքեր։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան Էլթըն Ճոնը հիւրընկալեց նաեւ առանձին։