ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ

Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Հարաւային կազի միջանցք»ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այսպէսով, «Շահտենիզ 2»ի պաշարներէն արդիւնահանուած բնական կազը դէպի Եւրոպա փոխադրելու համար նոր խողովակաշար մը մտաւ շրջանառութեան մէջ։

Երէկուան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, OPEC-ի ընդհանուր քարտուղար Մուհամմէտ Պարքինտօ եւ այս ծրագրի գործընկեր երկիրներու եւ մասնակից ընկերութիւններու ներկայացուցիչները։ Հաւաքոյթի ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պատգամը ընթերցուեցաւ Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էրքան Էօզօրալի կողմէ։

«Հարաւային կազի միջանցք»ը  կը բաղկանայ՝ Հարաւային Կովկասի խողովակաշարէն, Անդրանադոլեան բնական կազի գիծէն (TANAP) եւ Անդրադրիական խողովակաշարէն (TAP)։

Երէկուան հանդիսութեան ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան երկիրներուն, որոնք լուրջ դերակատարութիւն ունեցած են այս ծրագրի իրականացման ուղղութեամբ։ Ալիեւի խօսքով՝ այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է տարածքաշրջանային լայն համագործակցութեան մը շնորհիւ։ Ատրպէյճան, Վրաստան, Թուրքիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Ալպանիա եւ Իտալիա եղած են գործընկեր այս ծրագրին համար։ Յառաջիկային ծրագրին պիտի մասնակցին նաեւ Պոսնա Հերսէք, Խրվաթիա եւ Քարատաղ։ «Մենք կ՚ուզենք աւելի շատ բնական կազ արտածել դէպի Եւրոպա, որ ամենաարդիւնաւէտ շուկան է մեզի համար։ Այս խողովակաշարը կը վերաձեւաւորէ Եւրոպայի ուժանիւթի քարտէսը», ըսաւ Ալիեւ։

Ելոյթներէն վերջ Ալիեւ բացաւ խորհրդանշական ծորակը։ «Հարաւային կազի միջանցք»ի միջոցաւ այսպէսով սկսաւ դէպի Թուրքիա եւ Եւրոպա հոսիլ «Շահտենիզ 2»ի բնական կազը։ Այդ մէկը Ատրպէյճանի մեծագոյն պաշարն է։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018