«ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱ՞Ծ, ԿԱՄ ՈՐՔԱՆՈՎ ՃԻՇԴ Է «ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՍՈՎ» ՁԵՒԱԿԵՐՊՈՒՄԸ
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խօսնակ Եդուարդ Շարմազանով, որ օրեր առաջ հարցազրոյց մը տուաւ հայրենի «Շանթ» հեռուստաընկերութեան՝ բացառեց, որ յառաջիկայ օրերուն կուսակցութիւնը դէմ յանդիման պիտի ըլլայ «առնէտավազք» կոչուած երեւոյթին։ Շարմազանովի այս «հաստատում»ը տեղի կ՚ունենար այն պահուն, երբ մէկէ աւելի պատգամաւորներ կը լքէին ցարդ ալ խորհրդարանին մէջ մեծամասնական ուժ հանդիսացող ՀՀԿ-ն։ Անշուշտ այս հեռացումներուն կ՚ընկերանար ժողովրդային մակարդակի խօսակցութիւն մը, այն մասին, թէ ինչ ապագայ պիտի ունենայ «Հանրապետական»ը։
Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցած եւ ունեցող կուսակցութիւններուն մեծ տոկոսը կը համարուի «մարդ-կուսակցութիւն»։ Այն իմաստով, որ ազդեցիկ գործիչներու առաջնորդութեամբ գործ տանող կուսակցութիւնները կ՚առաջնորդուին ու կը ղեկավարուին բացառապէս անհատներով։
«Հանրապետական»ին մասին եթէ խօսելու ըլլանք, ապա յստակ է, որ հոն կեդրոնական դեր ստանձնած նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հեռացած է քաղաքական հրապարակէն ու չի բացառուիր նաեւ, որ յառաջիկայ փուլին ալ Սարգսեան ընդհանրապէս հրաժարի իր առաջնորդած կուսակցութեան «Գործադիր խորհուրդ»ի նախագահի պաշտօնէն։
Ու այդ պարագային է նաեւ, որ էական հարցադրումը պիտի հնչէ։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ «Հանրապետական»ին ճակատագիրը, կամ ալ պիտի «գտնուի՞» մէկը, որ ստանձնէ Սերժ Սարգսեանին դերը։ Ու գաղտնիք ալ չէ, որ ով ալ յայտնուի «Հանրապետական»ը ղեկավարելու դերին մէջ, ան պիտի չկարողանայ պահպանել Սարգսեանի առհասարակ «քաղաքական խաղ»ը իր ձեռքերուն մէջ պահելու նախկին վիճակը։ Ու ըսէք խնդրեմ, ի՞նչ կ՚ըլլայ ճակատագիրը կուսակցութեան մը, որ պիտի մտնէ մայրամուտի փուլ մը եւ անոր մէջ ներգրաւուած ու «ոչ-կուսակցականացուած» խմբակները սկսին դանդաղ քայլերով լքել անոր շարքերը։ Ու այս պարագային է նաեւ, որ զարմանալի կը թուին Եդուարդ Շարմազանովի հնչեցուցած հաւաստիացումները։
Այսօրուան Հայաստանի քաղաքական ընդհանուր տեսարանը նաեւ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի հասարակութիւնը շատ ալ «կուսակցականացուած» հասարակութիւն մը չէ ու հակառակ «Հան-րապետական»ի համեմատաբար երկար տարիներու գործունէութեան (Ի դէպ Հայաստանի Երրորդ հանրապետութեան կերտումէն ասդին «Հանրապետական»ը կը համարուի իշխանութեան վրայ եղած ամենէն երկարակեաց կուսակցութիւնը), կուսակցութիւնը չէ կարողացած ստեղծել համակիրներու եւ հաւատաւորներու այնպիսի ցանց մը, որուն անդամները պատրաստ ըլլային ամէն գնով եւ մինչեւ վերջ պաշտպանել իրենց դաւանած կուսակցութեան գաղափարական «շէնք»ը։
Հայաստանի մէջ այսօր գոյութիւն ունի՞ գաղափարական տագնապ։ Այո՛, գոյութիւն ունի, ու ամենամտահոգիչը այն է, որ Հայաստանի հասարակութեան ջախջախիչ շերտը արդէն հաւատք ալ չունի կուսակցութիւններուն հանդէպ։ Այս մօտեցումը անշուշտ ունի ընկերաբանական եւ իրաւական պատճառաբանութիւններ, սակայն մտահոգիչը է նաեւ, որ առանց կուսակցական-գաղափարական գործօններու՝ ի՛նչ հիմքերով եւ ի՛նչ գործիքներով պիտի ղեկավարուի երկրի ազգային-քաղաքական կեանքը։
ԴԷՊԻ ՎԱՂԱՀԱՍ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵ՞Ր
Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները նոր իրավիճակ ստեղծեցին։ Եթէ Հայաստանի ժողովուրդին հարց տանք վերջին դէպքերուն ու յատկապէս «Թաւշեայ յեղափոխութեան» մասին, ապա հասարակութեան ջախջախիչ տոկոսը կը յայտարարէ, թէ՝ «երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամն է, որ Հայաստանցի ժողովուրդը կ՚ունենայ իր կամքը արտայայտող առաջնորդ մը»։
Թէեւ կան տուեալներ, որ հայրենի ժողովուրդը նոյն (թերեւս նուազ չափերով) ուսերու վրայ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, որուն հանդէպ առկայ յոյսերուն ի դերեւ ելլելով էր, որ Հայաստանի լայն հասարակութիւնը այս անգամ փողոց իջաւ եւ պոռթկաց՝ «Լեւոն հեռացի՛ր»։
Այս հանգամանքները հաշուի առնելէ ետք բոլորին համար ալ սկսած է պարզ դառնալ, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը։ Ներկայ պահու դրութեամբ այդ իրավիճակը անդառնալի է եւ որեւէ կերպով անհնար է, որ անցեալ տասն տարիներուն Հայաստանի իշխանական ղեկը ստանձնած իշխող «Հանրապետական» կուսակցութիւնը ետ իր «փառքի օրեր»ուն վերադառնայ։
Երբ Նիկոլ Փաշինեան երկրի ղեկը ստանձնեց եւ զինք շաբաթ մը առաջ «մերժած» խորհրդարանին մէջ ընտրըուեցաւ «համաժողովրդային վարչապետ», եղան խօսակցութիւնները, թէ՝ «Հեսա Հանրապետականը հակայեղափոխութիւն կը սարքի» եւ տարբեր լծակներու ճամբով դարձեալ երկրին ղեկը իր ձեռքը կ՚առնէ ու կը տապալէ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ» երկրին ղեկը ստանձնած վարչապետ Փաշինեանն ու անոր աջակիցները։
Անշուշտ այս խօսակցութիւնները միայն Հայաստանի «դեղին մամուլ»ին մէջ չէ, որ երեւցան, այլ նոյնքան լսելի դարձան երկրի տարբեր շրջանակներուն մէջ։
Սակայն իրողապէս այդպէս չեղաւ։
«Հանրապետական»ը, ինչպէս նաեւ անոր Գործադիր խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանը «ծանր ու թեթեւ» ընելէ ետք որոշում առած էին դուրս գալ քաղաքական հրապարակէն։
Չենք կրնար պնդել, որ այդ «հեռացում»ը յաւիտենական էր, այնուամենայնիւ պէտք է շեշտադրենք, որ առնուած քայլը բոլոր առումներով ալ ողջունելի էր։
Այսօրուան դրութեամբ ուրեմն արդէն անցեալին կը պատկանին բոլոր այն բեմագրութիւնները, որոնց համաձայն «Հանրապետական» կուսակցութիւնը ետ իշխանութեան գալու որեւէ փորձ պիտի չընէ ու այս մէկը անշուշտ պիտի օգնէ, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը մտնէ կայունացման նոր փուլ մը, որ պիտի նշանաւորուի խորհրդարանական նոր ընտրութիւններով, որմէ ետք ալ գործող իշխանութիւնները բնականաբար պիտի ունենան ո՛չ միայն գործադիր իշխանութեան ամբողջական լծակները, այլ նոյնպէս պիտի հաստատուին, որպէս երկրի օրէնսդրական հիմնական ուժ՝ վերցնելով երկրի խորհրդարանի մեծամասնական աթոռները։
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն անմիջապէս ետք մէկէ աւելի առիթներով խօսակցութիւններ ծաւալեցան երկրին մէջ վաղահաս ընտրութիւններ կայացնելու մասին։
Այդ առաջարկ-ծրագիրը ամենէն շատ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ճամբայ ելած ուժերուն մանաւանդ «Ելք» խմբակցութեան անդամներուն կողմէ։ Դրուած «պահանջ»ը տրամաբանական էր, որովհետեւ ցայսօր ալ մտավախութիւն կայ, թէ ինչ մօտեցումներով պիտի ղեկավարուի երկիր մը, որուն գործադիր մարմինը կը ղեկավարուի քաղաքական խմբակի մը կողմէ, որ սակայն մեծամասնական ուժ չի ներկայացներ երկրի խորհրդարանէն ներս։ Ու այս մօտեցումներու (բայց ոչ միայն) հիման վրայ Փաշինեանի «ոլորտ»ին մէջ գործող իրաւապաշտպան Դանիէլ Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ իրենք կ՚աշխատին նոր ընտրական օրէնքի մը վրայ, որ պատրաստ պիտի ըլլայ յառաջիկայ Յունիսի վերջերուն։ Ներկայացուելիք օրէնքին մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր, սակայն աւելի քան յստակ է, որ նոր օրինագիծը զերծ պիտի ըլլայ «ռէյթինկային» (վարկանշային) ընտրակարգէ, բան մը, որուն կողմ է վարչապետ Փաշինեան։
Տակաւին յստակ ալ չէ, թէ ինչ ընթացակարգերու հիման վրայ այդ նոր օրինագիծը պիտի ներկայացուի խորհրդարանին մէջ, սակայն յայտնի սկսած է դառնալ, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցած կարգ մը զարգացումներուն հիմամբ «Հանրապետական»ը առաջուան «ուժեղ եւ կուռ» շարքերը չունի։
Օրինակներ տալու համար հարկ է յիշեցնել, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի երկու պատգամաւորներ՝ Արթուր Գէորգեանն ու Շիրակ Թորոսեանը դուրս գալով կը լքէին «Հանրապետական» խմբակցութիւնը եւ այս ինքնակամ հեռացումները շատ հաւանաբար «նախերգանք»ն են ՀՀԿ-էն հեռացումներու նոր ալիքի մը, որ կրնայ շատ ծանր ազդել ներկայիս մեծամասնական ուժ համարուող կուսակցութեան վրայ։
Բաւական «անկիւնադարձային» եւ նոյնիսկ անսպասելի պայմաններու տակ իշխանութեան գլուխ հասած «Ելք» խմբակցութեան համար ամենէն կարեւոր օրակարգը նոր խորհրդարանի մը կազմութիւնն է։ Վարչապետ Փաշինեան ցայսօր ալ իր գրաւը դրած է ժողովուրդէն իրեն տրուած վստահութեան վրայ ու այդ առումով է նաեւ, որ ոչ մէկ կերպով «մտահոգ» է նոր ընտրութիւններ կայացնելով։ Նոյնը կարելի չէ ըսել մանաւանդ «Հանրապետական»ին մասին, որուն խմբակցութիւնը այսօր կը բաղկանայ 55 անդամներէ (երեքը հրաժարած), իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը, որ նաեւ յայտնի է նիւթական ճանապարհներով իր հարցերը լուծելու եղանակներով, նոյնպէս կրնայ նոր տագնապ մը ապրիլ, եթէ անշուշտ հաշուի առնենք, որ վարչապետ Փաշինեան եւ անոր աջակիցները «խոստացած են» ամէն գնով կազմակերպել արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ։
Ամէն պարագայի տակ բացայայտ է, որ Հայաստանը տասը եւ աւելի տարիներ իր ձեռքին մէջ պահած «Հանրապետական»ը կ՚ապրի խոր ճգնաժամ մը եւ գալիք փուլին դժուար թէ, այդ կուսակցութիւնը յաջողի դուրս գալ իր տագնապի «սենեակ»էն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան