ՍՏՈՒԳՈՒՄՆԵՐ՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ

Երեքշաբթի՝ 5 Յունիսին, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարութեան շէնքին մէջ տուաւ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը: Ճիշդ է, որ մինչ լրագրողներուն հետ հանդիպումը՝ նախարարը զանազան հանդիպումներ ունեցած էր հանրութեան հետ, ելոյթներ ունեցած էր հեռատեսիլով եւ ամէնօրեայ դրութեամբ իր առօրեայ գործունէութեան եւ ընելիքներուն մասին գրառումներ կը տեղադրէր իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, բայց այս ասուլիսը աւելի ընդարձակ քննարկումներու նիւթ դարձաւ, քանի որ նախարարը խօսեցաւ նախարարութեան այս տարուան ծրագիրներու ճակատագիրներուն մասին, ինչ որ կը սպասէր շատերուն:

Սփիւռքի նախարարութիւնը, ամառնային շրջանին, տասը տարիէ ի վեր կ՚իրականացնէ  «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս սփիւռքահայ պատանիներ Հայաստան կու գան, կը ճանչնան հայրենիքը, դասընթացքներու կը մասնակցին եւ այլն:

Այս տարի «Արի տուն»ը պիտի նշէր յոբելենական տասներորդ տարին եւ պիտի մեկնարկէր 17 Յունիսին, սակայն Սփիւռքի նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանի որոշումով յետաձգուած է անոր մեկնարկը, աւելին՝ նախարարը կասկածի տակ դրած է նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան եւս երկու մեծ՝ «Ամառնային դպրոց» եւ «Իմ Հայաստանը» ծրագիրներու իրականացումները, մինչեւ անոնց հետ կապուած դրամական ստուգումները աւարտին հասցուին: Նախարարը նշեց, որ ի սկզբանէ ցանկութիւն չէ ունեցած այդ ծրագիրները կասեցնելու, քանի որ մինչեւ իր նշանակումը արդէն որոշ աշխատանք մը կատարուած էր, դուրսէն եկող մասնակիցները նոյնիսկ Հայաստան ժամանելու ժամկէտեր ճշդած էին, սակայն ուսումնասիրելով այդ ծրագիրներուն նախահաշիւները, չարաշահումներու եւ աւելորդ գումարներ մսխելու հոտ առած է եւ որոշած է ստուգումներ կատարել: Ստուգումներ կատարելու նպատակով ալ ծրագիրները դադար առած են:

Մխիթար Հայրապետան այս առումով դիմած է կառավարութեան ուրիշ նորանշանակ անդամի մը՝ Պետական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանին՝ խնդրելով վերաստուգում մը կատարել նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն անխտիր։ Ան նաեւ նշեց, որ բոլոր արդիւնքներուն մասին կը յայտնէ հանրութեան, ոչ միայն Հայաստանի, այլ՝ Սփիւռքի տարածքին ապրող հայութեան:

Նախարար Մխիթար Հայրապետեան ըսաւ, որ նախարարութեան ծրագիրները շատ են, բայց այս պահուն իրենք թիրախաւորած են մեծերը, որոնց համար պետական պիւտճէէն միլիոններ գրուած են, ինչ որ նախարարին ահռելի թուած է:

«Արի տուն» ծրագրին համար, օրինակ, այս տարի պետական պիւտճէէն նախատեսուած է ծախսել 92 միլիոն հայկական դրամ, որ հաւասար է մօտաւորապէս 191 հազար ամերիկեան տոլարի, «Ամառնային դպրոց»ին համար՝ աւելի քան 113 միլիոն դրամ, որ հաւասարազօր է շուրջ 235 հազար ամերիկեան տոլարի, իսկ «Իմ Հայաստանը» ծրագրին համար նախարարութիւնը պիւտճէին մէջ հաստատած էր 85 միլիոն դրամ, որ կ՚ընէ 177 հազար ամերիկեան տոլար: Նախորդ տարիներուն նոյնպէս, այս թիւերուն շուրջ հաստատուած են նշուած ծրագիրներուն գումարները, եւ նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր մտահոգութիւնը յայտնելով ըսաւ.

«Ես չեմ եկած միայն փոփոխութիւններ բերելու, ես եկած եմ նաեւ շարունակելու նախարարութեան գործունէութեան բնականոն ընթացքը: Սակայն ծրագիրներուն մանրամասն ծանօթութիւնը եւ անոնց առընչուող տարատեսակ նիւթական ծախսերը մտահոգութիւններ յառաջացուցին։ Այդ պատճառով հարցականի տակ դրի այս ծրագիրներուն իրականացումը մօտ օրերուն: Մենք պատասխանատու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան հարկատուներուն, քաղաքացիներուն առջեւ, որոնց վճարած հարկերով կը գոյանայ մեր պետական պիւտճէն, եւ կը կարծեմ, որ մեր գործունէութեան առաջին իսկ օրէն սկսեալ մենք պարտաւոր ենք ըլլալ հաշուետու, բաց ու թափանցիկ: Այս պարագային՝ բաց, թափանցիկ եւ հաշուետու պէտք է ըլլանք ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին, այլ նաեւ՝ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ: Մենք այս կամ այն ծրագրին հետ կապուած հարց չունինք, մեր մտահոգութիւնները կը վերաբերին աշխատելու ոճին»:

Մխիթար Հայրապետեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ տարիներ շարունակ նախարարութեան յայտարարած մրցոյթները, այս կամ այն ծրագիրը իրականացնելու համար, միշտ շահած են նոյն ընկերութիւնները:

«Յամենայնդէպս, այդպէս եղած են առնուազն վերջին երեք տարիներուն, քանի մենք խոշորացոյցի տակ դրինք մանաւանդ վերջին երեք տարիները, նաեւ այս տար-ւան առաջին եռամսեակը, եւ արձանագրեցինք այդ մէկը: Ատիկա հաւասար մրցակցային դաշտին մասին չի կրնար վկայել, երբ ընկերութիւն մը քանի մը տարուան ընթացքին բոլոր մրցոյթները կը շահի: Լուրեր ունինք նաեւ, որ նախարարութեան ծրագիրները իրանակացնելու մրցոյթներ շահած ընկերութիւններուն ղեկավարները պատահական մարդիկ չէին, անոնք կապեր ունէին պետական պաշտօնեաներուն հետ: Եւ այդ մրցոյթներուն հետեւանքով անոնք ներկայացուցած են այս կամ այն ծախսի առաւելագոյն չափը: Օրինակ՝ եթէ ներկայացուած է «Արի տուն» ծրագրին մասնակից ամէն մէկ երեխայի համար մինչեւ 8 հազար դրամ օրական երկու անգամ սնունդի ծախս, ապա շահած է այն ընկերութիւնը, որ ստոյգ 8 հազար թիւը ներկայացուցած է, այսինքն՝ առաւելագոյն չափը… Մինչդեռ մէկ երեխայի մէկ անգամուան սնունդը կարելի է նաեւ աւելի մատչելի գիներով կազմակերպել, քան՝ 4 հազար: Կամ՝ տարիներ շարունակ միայն նոյն պանդոկը ընդունած է նախարարութեան հիւրերը: Պանդոկէն Երեւանի Պետական համալսարան հեռաւորութիւնը 1 քիլօմեթր ալ չէ, բայց թաքսիի գումարը՝ երթուդարձով, աւելի է. նոյն թաքսիին մէջ գոնէ չորս երեխայ կրնար նստիլ, բայց ամէն մէկ երեխայի համար մէկ թաքսի վերցուցած են եւ այլն: Հիմա կրնաք ըսել, լաւ, 1300 դրամ է եղածը, բայց հարցը չափը չէ, այլ սկզբունքը, որ կիրարկուած է: Փիլիսոփայութեան, արժեհամակարգի մասին է խօսքը, նաեւ՝ ոչ-արդիւնաւէտ կառավարումի մասին: Թերեւս նաեւ՝ գումարներ մսխուած են, այդ մէկը առայժմ չեմ բարձրաձայներ, բայց այդ ալ չի բացառուիր: Ատոր համար է, որ մենք ժամ առաջ կ՚ուզենք ստուգումներ իրականացնել: Քանի մը ամիս պէտք է՝ այդ ծրագիրներուն յաւուր պատշաճի պատրաստուելու, ուստի տակաւին պարզ չէ, թէ կասեցուած ծրագիրները ե՛րբ կը մեկնարկուին: Կը յայտարարենք ժամկէտներուն մասին եւ կը կարծեմ, որ սփիւռքահայերը ըմբռնումով կը մօտենան այս յետաձգումին:

«Կը հասկնամ, որ որոշ մարդիկ արդէն օդանաւի տոմսեր գնած են եւ այլն, բայց հոգ չէ, եթէ անոնք այդ կերպով պիտի կրեն որեւէ նեղութիւն, ապա վստահ պիտի ըլլան, որ աւելի ուշ հպարտ եւ բաց ճակատով պիտի գան եւ մասնակցին յառաջիկայ ծրագիրներուն՝ վստահ ըլլալով, որ ամէն մէկ դրամը, զոր մենք ծախսած ենք, ծախսած ենք արդիւնաւէտ, առանց չարաշահումներու, առանց ուռճացուած թիւերու: Մենք ամէն մէկ դրամը պիտի ծախսենք նպատակաուղղուած եւ թափանցիկ կերպով եւ կը յայտարարեմ, որ մեր գործունէութեամբ պիտի բացառենք բոլոր չարաշահումները եւ այս պահէն սկսեալ արդէն կը բացառենք բոլոր տեսակի շռայլութիւնները:

«Ես կը հասկնամ այն մարդիկը, որոնց երեխաները արդէն ճամբայ ելած են մասնակցելու առաջին ծրագրին՝ 17 Յունիսին տեղի ունենալիք «Արի տուն»ին, բայց վստահ եմ, որ անոնք ալ մեզ կը հասկնան, որ մենք սկզբունք մը որդեգրած ենք եւ առաջ պիտի տանինք զայն:

«Ըսեմ նաեւ, որ ծրագիրները, որոնք կը յետաձգուին, անոնք ոչ միայն նիւթական ծախսերու առումով կը վերանայուին, այլեւ առիթ է նաեւ զանոնք բովանդակային առումով բարելաւելու: Արդէն ստեղծուած են աշխատանքային խումբեր, ինչպէս նախարարութեան ներսը, այնպէս ալ՝ մասնաւոր հատուածի լաւագոյն մասնագէտները ներգրաւուած են՝ բովանդակային նոր լիցք հաղորդելու ծրագիրներուն», յայտարարեց Մխիթար Հայրապետեան:

Նախարարը նաեւ յայտարարեց երկու մեծ ծրագիրը մէկ անունի տակ միաւորելու մասին։ «Այսպիսի փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ՝ այս տարի երկու մեծ ծրագիր տեղի պիտի ունենայ, առաջինը՝ «Արի տուն» եւ «Ամառնային դպրոց» ծրագիրներու սկզբունքները կը համատեղուին եւ մէկ ծրագիրով կ՚իրականացուին: Իսկ երկրորդին մասին տակաւին չեմ ուզեր յայտարարել, բայց գալիք օրերուն այդ մասին ալ կը յայտարարենք, փակագիծերը կը բանանք: Նաեւ կը յայտարարենք այդ ծրագիրներուն համար նոր ու թափանցիկ մրցոյթներ իրականացնելու ժամկէտները: Այն կազմակերպութիւնները, որոնք զանազան ծառայութիւններով կարող են մասնակցիլ այդ ծրագիրներուն, կրնան դիմումներ ներկայացնել: Մրցոյթները բաց պիտի ըլլան, ամէն ընկերութիւն կրնայ մասնակցիլ:

«Արատները, որ մինչեւ մեր պաշտօնավարումը եղած են, միայն Սփիւռքի նախարարութեան մէջ չեն եղած, այլ պետական կառավարման համակարգին մէջ, եւ այդ արատները բացառելու ճամբով պիտի յառաջանանք», ներկայ լրագրողներուն վստահեցուց Մխիթար Հայրապետեան:

ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ

Ասուլիսին նաեւ սփիւռքահայ լրագրողներ ներկայ էին եւ անոնք հարցում մը ուղղեցին, թէ ինչո՞ւ նախարարը չէ ընդունած Համահայկական լրագրական համաժողովին մասնակից սփիւռքահայ լրատուամիջոցներուն ղեկավարները, տրուած ըլլալով, որ այդ մէկը աւանդոյթ եղած է նախորդ տարիներուն։ Սփիւռքահայ լրագրողը ըսաւ, որ կարգ մը խմբագիրներ այս պատճառով նեղացած վերադարձած են իրենց երկիրները:

Նախարարը այս առումով ըսաւ. «Իմ նշանակումով բան մը նաեւ միանշանակ պէտք է փոխուի՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը անձի նախարարութիւն չէ: Չեմ գիտեր նախկինին ատիկա ինչպէս եղած է, բայց Սփիւռքի նախարարութիւնը իննսուն աշխատակիցներու նախարարութիւն է: Սփիւռքի փոխ-նախարարները իրենց կարգին որոշում կայացնողներ են: Այսինքն, պարտադիր միայն սփիւռքի նախարարին հետ որեւէ հարց քննարկելը, ինծի համար որպէս աշխատանքի ոճ ընդունելի չէ: Նախարարը մէկ հոգի է եւ թերեւս ֆիզիքապէս չկրնայ բոլորին հետ հանդիպիլ: Այնպէս որ յստակ սահմանենք, թէ սփիւռքի փոխ-նախարարները նոյնպէս որոշում կայացնողներ են եւ անոնց դիրքը, իմ նախարար նշանակուելու օրով, աւելի պիտի զօրանայ, եւ առհասարակ, այսուհետեւ նախարարութիւններու վարչութիւններուն դերը աւելի մեծ պիտի ըլլայ:

«Միւս կողմէ ալ կարելի էր ճշդել, թէ ո՞ւր եղած եմ այդ օրերուն։ Ես Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութեան կազմին մէջ Վրաստան կը գտնուէի այդ օրերուն։ 1 Յունիսին, առտու կանուխ վերադարձայ, երկու ժամ քնանալէ ետք ներկայ գտնուեցայ կառավարութեան նիստին, որմէ ետք Ազգային ժողովէն ներս ներկայ էի 2017 թուականի պիւտճէի կատարողականի ներկայացումին:

«Ես չէի կրնար կառավարութեան որոշման դէմ երթալ, հանդիպումներ ունենալ խմբագիրներուն հետ եւ չերթալ Ազգային ժողով»։

Նախարար Մխիթար Հայրապետեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցաւ նաեւ մամլոյ մէջ յայտնուած այն հրապարակումին մասին, թէ ինք ծածուկ պահած է իր կենսագրութեան այն դրուագը, որ 2012 թուականին եղած է «Ժողովրդավարական Հայաստան երիտասարդական կուսակցութիւն»ի հիմնադիրներէն մին, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցութեան փոխ-նախագահը:

Լրագրողները յիշեցուցին, որ կառավարութեան կայքէջին մէջ, ուր ներկայացուած է նախարարին կենսագրութիւնը, այդ մէկը չէ նշուած:

Լրագրողին դիտարկման, թէ՝ այն ժամանակ Մխիթար Հայրապետեան նաեւ չէ բացառած, որ ընտրութիւններուն կը սատարէ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը՝ Մխիթար Հայրապետեան սապէս արձագանգեց. «Ցոյց տուէք իմ յայտարարութիւնը, ուր ես նշած եմ Սերժ Սարգսեանի անունը, եւ ցոյց տուէք, որ նման կուսակցութիւն Հայաստանի նորագոյն պատմութեան ընթացքին երբեւէ արձանագրուած է: Եղած է ընդամէնը մէկ մամլոյ ասուլիս, ուր յայտարարուած է մեր մտադրութիւններուն մասին, որ խումբ մը 21 տարեկան երիտասարդներ կը փափաքին կուսակցութիւն հիմնել»։

Նախարարը նշեց, որ իրենց մէջ շատ արագ խնդիրներ յառաջացած են, քանի որ ինք եւ իր ընկերը՝ Վաղարշակ Յակոբեան, ընդդիմադիր հայեացքներ ունէին, իսկ խումբին մեծամասնութիւնը՝ կեդրոնամէտ կամ իշխանամէտ էին: Ան ըսաւ, որ իրենք նոյնիսկ փաստաթուղթեր չեն ներկայացուցած Արդարադատութեան նախարարութեան որպէս կուսակցութիւն արձանագրուելու համար։

Ան խօսեցաւ այն ժամանակուան իր գործընկեր Վաղարշակ Յակոբեանի մասին, որ այսօր նշանակուած է իր խորհրդականը: Լրագրողները հարցում ուղղեցին, թէ արդեօք օրինակա՞ն է խորհրդականի նշանակումը եւ Վաղարշակ Յակոբեան իր անցած ճանապարհով կը համապատասխանէ՞ Հանրային ծառայութեան մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8-րդ յօդուածի 5-րդ կէտով սահմանուած պահանջներուն, ըստ որուն, խորհրդականի պաշտօն կարող են զբաղեցնել բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող, հանրային ծառայութեան առնուազն երեք տարուան կամ պաշտօնի համար պահանջուող աշխատանքի բնագաւառին մէջ առնուազն հինգ տարուան աշխատանքային փորձ ունեցող եւ 30 տարին լրացուցած անձինք։

Մխիթար Հայրապետեան, յղում կատարելով նոյն օրէնքէն ուրիշ մասի մը, ըսաւ, որ ամէն ինչ օրինական է:

ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Նշենք նաեւ, որ սփիւռքի նախարարի մամլոյ ասուլիսին անմիջապէս հետեւած է Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի նախկին ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի յայտարարութիւնը: Վերջինս յայտարարած է, թէ սփիւռքահայ երեխաներու սնունդի ծախսերուն մասին նախարարին սխալ թուղթեր ներկայացուած են, եւ նախարարը նախ պէտք է ստուգէր, վերստին հաշուէր, ապա յայտարարէր անոնց մասին: Ֆիրտուս Զաքարեան ցաւով ընդունած է նախարարին այն յայտարարութիւնը, թէ որոշ ծրագիրներ կարելի է, որ կասեցուին։ «Պէտք է աշխատանքները շարունակուին: Մարդիկ սովոր են Սփիւռքի նախարարութեան այս ծրագիրներուն, եւ կարելի էր մեծ թիւով մասնակիցներու հարցնել՝ արդեօք «Արի տուն»ը չէ կայացա՞ծ եւ ապա որոշում ընդունիլ: Աւելին՝ անիկա դարձած էր ապրանքանիշի պէս բան մը եւ այսօր զայն կասեցնելը, իմ կարծիքով, չի բխիր Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան շահերէն: Այդ ծրագիրները մեզի համար զաւակներու պէս եղած են: Մենք անոնց համար երեխաներու ծնունդի պէս ուրախացած ենք, փայփայած ենք, ջանք, ուժ ու եռանդ ներդրած ենք, ինչու ոչ նաեւ՝ առողջութիւն վատնած ենք», ըսած է Ֆիրտուս Զաքարեան:

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքահայ երեխաներու սնունդի համար ծախսուած գումարներուն, Ֆիրտուս Զաքարեան ըսած է, թէ նախարարի ներկայացուցած 8 հազարը՝ երկու անգամուայ ուտելու համար, իրական չէ, աւելի քիչ գումար ծախսուած է: Նախկին պաշտօնեան ըսած է նաեւ, որ եթէ բան մըն ալ աւելի դրուած է սեղանին վրայ, ապա այդ մէկը եղած է՝ աւելի հիւրընկալ երեւելու, սփիւռքահայը Հայաստանով աւելի տպաւորելու համար:

Միակ կէտը, որ Սփիւռքի նախարարութեան ինն տարուայ աշխատակազմի ղեկավարը համաձայն է այսօրուայ նախարարի հետ, այն է, որ նախարարը կրճատած է «Հայկական սփիւռք» տարեգիրքի հրատարակութեան համար պետական պիւտճէէն ամէն տարի յատկացուող 4 միլիոն դրամը: Ճիշդ է Ֆիրտուս Զաքարեան կը կարծէ, որ այդ գիրքը սփիւռքի կառոյցներու աշխատանքի ամփոփումը կը ներկայացնէր, սակայն վստահ է, որ հնարաւոր էր այդ մէկը նաեւ թուային տարբերակով ընել, քանի որ արդէն վերջին տարիներուն իրենք դժուարութիւններ ունեցած են այդ գիրքը սփիւռք առաքելու առումով: Ֆիրտուս Զաքարեան, հակառակ որ նախարարի եւ փոխ-նախարարներու հետ հեռացած է նախարարութենէն, սակայն կը գնահատէ նոր նախարարի այն քաղաքականութիւնը, որով ան պահած է նախարարութեան միւս աշխատողները, զանոնք չէ հեռացուցած աշխատանքէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018