Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Թ.)

- Քահանան ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ միջոցաւ «Ողջոյն»ը կը փոխանցէ ժողովուրդին։

- Մինչ սարկաւագը «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» կ՚ըսէ, պատարագիչ քահանան կէս մը կը բանայ Սկիհին ծածկոցը, որպէսզի Ս. Հացը երեւի մաղզմային եզերքէն, եւ թեթեւ մը դէպի ձախ կ՚երթայ, որպէսզի Ընծան ժողովուրդին կողմէ տեսնուի եւ ձեռնամած կը կանգնի։ Իսկ բուրվառակիր սարկաւագը խնկարկելէ ետք, կ՚երկրպագէ Ս. Սեղանին եւ քահանային ձեռքը համբուրելով՝ կը ստանայ ողջոյնը ու ժողովուրդին դառնալով կը հրահանգէ, որ սրբութեան համբոյրով զիրար ողջունեն։ Ապա Խորանէն վար իջնելով՝ Քրիստոսի յայտնութեան աւետիսը կը փոխանցէ Եկեղեցւոյ դասին մէջ սպասող երիցագոյն եկեղեցականին։

Մինչ այդ, դպիրները ժողովուրդին հետ միասին կ՚երգեն ծանօթ գեղեցիկ շարականը՝ «Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ, Աստուած, որ է, այստեղ բազմեցաւ։ Խաղաղութեան ձայնը հնչեց, սուրբ ողջոյնի հրաման տրուեցաւ։ Եկեղեցին մէկ անձ դարձաւ, սիրոյ համբոյրով ամրացաւ։ Թշնամութիւնը հեռացաւ, սէրը բոլորիս վրայ սփռուեցաւ։ Արդ, ո՛վ սպասաւորողներ, ձայն բարձրացնելով՝ միաբերան օրհնութիւն տանք միասնական աստուածութեան, որուն Սերովբէները կ՚օրհներգեն»։

- «Ողջոյն»ի պահուն Ս. Սկիհի շղարշին կէս բացուիլը եւ նշխարին յաչս ժողովուրդին յայտնուիլը ի՞նչ բանի նշանակ է։

- Շղարշը կը խորհրդանշէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինի արգանդը, շղարշին կէս բացուիլը կը նշանակէ Աստուածամօր արգանդին բացումը, իսկ Նշխարին երեւիլը՝ նշանակ է Քրիստոսի աշխարհ յայտնուելուն։

- Ի՞նչ է իմաստը «Ողջոյն»ին եւ անոր փոխանցումին։

- «Ողջոյն»ը Յիսուս Քրիստոսի աներեւութաբար Սեղան իջնելուն եւ յայտ-նըւելուն աւետիսն է։ Իրարու փոխանցուող ողջոյնը Քրիստոսի յայտնութեամբ հաւատացեալներուն վրայ իջնող երկնային խաղաղութեան եւ անոր առթած ուրախութեան արտայայտութիւնն է։ Այդ պահուն, Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեամբ հաւատացեալները կը դառնան մէկ սիրտ, մէկ հոգի, մէկ ամբողջութիւն եւ մէկ եղբայրութիւն, ուր կը տիրէ սէրը եւ կը սփռուի երկնային խաղաղութիւնը ներկաներուն վրայ, որոնք միաբերան կ՚օրհնեն միասնական Ս. Երրորդութիւնը։ Հետեւաբար, ողջոյն տուող իւրաքանչիւր անձ կ՚ըսէ. «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», իսկ ողջոյնը ստացողը կը պատասխանէ՝ «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»։

- Առաջին դարերուն Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ արարողակարգին մէջ «Ողջոյն»ը ինչպէ՞ս կը կատարուէր։

- Քրիստոսի դարաշրջանին զիրար համբուրելը բարեւելու ձեւ մըն էր։ Այս իմաստով Պօղոս առաքեալ կը յանձնարարէ հաւատացեալներուն, որ զիրար ողջունեն «սուրբ համբոյրով» (Հմմտ. Հռ 16.16։ Ա.Կր 16.20։ Բ.Կր 12.12)։

Նշենք, թէ անցեալին «Ողջոյն»ի բանաձեւին կ՚ընկերանար ողջագուրումը, որ ձեւական չէր, այլ՝ իրական, ինչպէս սարկաւագին հրահանգը կ՚ըսէր։ Որովհետեւ առաջին դարու քրիստոնէական փոքր համայնքները հաւատքի շատ սերտ ընտանիք մը կը կազմէին, եւ ոչ ոք անպարկեշտ բան կը տեսնէր ընտանիքի մը անդամներուն միջեւ փոխա-նակուած համբոյրին մէջ։ Որքան Եկեղեցիները մեծցան, այնքան «ողջոյն»ը ձեւափոխուեցաւ։ Սկզբնական համբոյրը փոխանակուցաւ ողջագուրումով, երբ իւրաքանչիւրը միւսին ուսը կը համբուրէր։ Յետոյ այս ալ փոխուեցաւ, եւ իրարու թեթեւ խոնարհումի մը ձեւը ստացաւ՝ աջ ձեռքը կուրծքին դրած։ Իսկ կարգ մը այլ Եկեղեցիներու մէջ անիկա վերածուեցաւ պարզ ձեռք թօթուելու արարողութեան մը, որ իր կարգին նահանջի մէջ է ներկայ ժամանակներուն։

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Պահ մը երեւակայեցէք, որ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» երգը գոյութիւն չունի, եւ կատարեալ լռութեան մէջ հաւատացեալները իրարու կը փոխանցեն ողջոյնը: Այդպէս էր Պատարագը Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն առաջ: Շնորհալի Հայրապետը ի՛նքն էր որ այս սքանչելի երգը յօրինեց, տուեալ խորհրդալից պահը դարձնելով աւելի պայծառ, եւ ողջոյնը՝ աւելի զուարթ ու յաղթական: Եւ իր աշակերտը՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի, արդէն այս երգը առած է իր Պատարագամատոյցին մէջ»:

- Տօնական օրերուն, «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» հոգեզմայլ երգէն ետք ի՞նչ կ՚երգուի։

- Տօնական օրերուն, «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»էն ետք, Ս. Սեղանին սպասարկող սարկաւագները կ՚երգեն. «Որք հաւատով կայք յանդիման սուրբ Սեղանոյս արքայական. տեսէ՛ք բազմեալ զՔրիստոս արքայն եւ շուրջ պատեալ զօրք վերնական» (Դուք՝ որ հաւատքով կանգնած էք արքայական այս Ս. Սեղանին դիմաց, տեսէ՛ք [հոն] բազմած Քրիստոս արքան եւ զԻնք շրջապատող վերնական (երկնային) զօրքերը»։ Իսկ դպիրները եւ ժողովուրդը կը պատասխանեն. «Վեր համբառնամք զաչս ունելով եւ պաղատիմք զայս ասելով: Ըզմեղս մեր մի՛ յիշեսցես. այլ գթութեամբ քո քաւեսցես: Ընդ հրեշտակացն օրհնեմք զՔեզ. եւ ընդ սրբոց քոց. Տէր. փա՜ռք Քեզ» (Մեր աչքերը բարձրացնենք եւ պաղատինք՝ այսպէ՛ս ըսելով. «Մեր մեղքերը մի՛ յիշեր, այլ գթութեամբդ քաւէ՛։ Հրեշտակներուն հետ կ՚օրհնենք Քեզ, եւ սուրբերուն հետ [կ՚ըսենք՝] փա՜ռք Քեզի»)։

Նշենք, որ այս երգը իր զոյգ բաժիններով՝ մինչեւ 13-րդ դար Պատարագամատոյցներուն մէջ գոյութիւն չունէր: Կը յայտնուի յաջորդ դարերուն:

- Նախքան Ս. Ընծային մատուցման պահը սարկաւագը ի՞նչ կը թելադրէ։

- «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» երգէն ետք սարկաւագը կը յայտնէ, թէ Քրիստոս որպէս Անարատ Գառնուկ՝ պատարագ կը մատուցուի Հօր Աստուծոյ, եւ կը հրաւիրէ հաւատաւոր ժողովուրդը, որ զգուշութեամբ եւ իմաստութեամբ իր միտքը կեդրոնացնէ արարողութեան ու բոլոր սրտով գոհանայ Տիրոջմէ։ «Ահիւ կացցուք. երկիւղիւ կացցուք. բարւոք կացցուք. եւ նայեցարո՛ւք զգուշութեամբ», որ կը նշանակէ՝ «Երկիւղով ու պատկառանքով կանգնինք, եւ ուշադրութեամբ նայինք»: Ժողովուրդը կը պատասխանէ՝ «Առ քե՛զ, Աստուած». այսինքն՝ «Ուշադրութեամբ կը նայինք քեզի՛, ո՜վ Աստուած»: Սարկաւագը կը շարունակէ. «Պատարագ Քրիստոս մատչի. անարատ Գառն Աստուծոյ». այսինքն՝ «Պատարագուողը Քրիստոս է. Աստուծոյ անարատ Գառնուկը», որ մեր Տէրը եւ մեր Աստուածն է, եւ մենք Իրե՛ն է որ կը նայինք՝ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած: Եւ ժողովուրդը կը լրացնէ՝ մտածումը ըսելով. «Ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն եւ պատարագ օրհնութեան». այսինքն՝ «Պատարագուող Աստուծոյ Գառնուկը մեզի համար աղբիւր է ողորմութեան եւ խաղաղութեան, եւ մեր գոհութեան կամ երախտագիտութեան ընծան է՝ Աստուծոյ»:

Այս բաժնին մէջ կը տեսնենք, որ Պատարագը կը զարգանայ քահանայ եւ ժողովուրդ երկխօսութեամբ, կամ քահանայ-սարկաւագ-ժողովուրդ եռախօսութեամբ: Յաճախ մէկուն կամ միւսին բաժինը ինքնիր մէջ լման չէ, եւ իր ամբողջական իմաստը կը ստանայ միայն դիտելով ամբողջ փոխասացութիւնը, ուր մէկ միտքը կը շղթայուի միւսին եւ կ՚ամբողջացնէ զայն: Ասիկա Պատարագի խօսքերը հասկնալու գաղտնիքներէն մէկն է:

- Այս երկխօսութեան ժամանակ ժողովուրդը պէտք է նստա՞ծ, կա՞մ կանգնած մնայ։

- Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Վերջին ժամանակներուն շատեր սովորութիւն դարձուցեր են Ողջոյնէն անմիջապէս ետք նստիլ: Ասիկա հաշտ չէ տուեալ պահու մեծ խորհուրդին հետ: Սարկաւագին հրահանգը (Գրաբարին մէջ) երեք անգամ կը կրկնէ՝ «կացցուք», որ կը նշանակէ՝ «կանգնինք», «ոտքի կենանք [կամ մնանք]», «կանգուն մնանք»: Ի՞նչպէս մենք կրնանք նստիլ: Նոյնը, ինչպէս տեսանք, այլ ձեւով կ՚արտայայտուի՝ երբ խորանէն կ՚երգուի. «Որք հաւատով կայք յանդիման սուրբ Սեղանոյս արքայական, տեսէ՛ք բազմեալ զՔրիստոս արքայն եւ շուրջ պատեալ զօրք վերնական» (=Դուք՝ որ հաւատքով կանգնած էք արքայական այս սուրբ Սեղանին դիմաց, տեսէ՛ք [հոն] բազմած Քրիստոս արքան եւ զԻնք շրջապատող վերնական [=երկնային] զօրքերը): Ո՛չ մէկ տրամաբանութիւն կը ներէ, որ մենք այս պահուն նստինք, եթէ անշուշտ հիւանդ չենք կամ հարկեցուցիչ ուրիշ պարագայ մը չունինք»:

- Ողջոյնի բաժինը ինչպէ՞ս կը փակուի։

- Ողջոյնի բաժինը կը փակուի օրհնութեամբ: Երբ բոլոր հաւատացեալները միասնաբար Աստուծոյ հետ իրենց հաշտութիւնը կը յայտարարեն հրճուանքով, եւ իրենց միութիւնը կը հռչակեն Քրիստոսով, պատարագիչը կը դառնայ եւ խաչակնքելով կ՚օրհնէ բոլորը Պօղոս առաքեալի գործածած (Հմմտ. Բ,Կր 13,13) օրհնութեան բանաձեւով, «Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ՝ եղիցի ընդ ձեզ, ընդ ամենեսեան» (Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքը, սէրը եւ աստուածային սրբացուցիչ զօրութիւնը ձեզի՝ բոլորիդ հետ ըլլայ):

Յետոյ դարձեալ սարկաւագին ու ժողովուրդին միջեւ փոխասացութիւն մըն է որ կը հնչէ: Սարկաւագը կը հրահանգէ. «Զդրունս, զդրունս, ամենայն իմաստութեամբ եւ զգուշութեամբ: Ի վեր ընծայեցուցէք զմիտըս ձեր աստուածային երկիւղիւ», այսինքն՝ «Դռները, դռները [փակեցէք], եւ իմաստուն զգուշաւորութեամբ՝ ձեր մտքերը վեր բարձրացուցէք՝ աստուածային այս խորհուրդին»: Որպէս արձագանգ՝ ժողովուրդը կ՚ըսէ. «Ունիմք առ քեզ, Տէր Ամենակալ» (Մեր մտքերը Քեզի՛ բարձրացուցած ենք, Ամենակա՛լ Տէր): Սարկաւագը իր կէս մնացած հրահանգը կը շարունակէ. «Եւ գոհացարուք զՏեառնէ՝ բոլորով սրտիւ» (Եւ ամբողջ սրտով գոհութիւն յայտնեցէք Տիրոջ): Որուն ժողովուրդը կը պատասխանէ. «Արժան եւ իրաւ». այսինքն՝ «Իրաւացի է եւ արդար»:

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018