Փրոֆ. Թանէր Աքչամի կողմէ Երեւանի մէջ արտայայտուած մօտեցումները (2)

Փրոֆ. Թանէր Աքչամի մատնանշած հիմնական երեք առանցքին մէջ գլխաւոր բանալին բանաձեւուած է շատ պարզ ու յստակ ձեւով. հայկական հարցը քաղաքական է։ Սա թէեւ յայտնութիւն մը չէ, սակայն թէ՛ իր մարմնաւորած կերպարը եւ թէ իր արտայայտուած այժմու միջավայրը յատուկ իմաստ մը կրնան վերագրել այդ բնորոշման։ Հայկական հարցի քաղաքական բնոյթին ընդգծումը բոլոր կողմերուն տեսակէտէ անանտեսելի հանգամանքներ կը բիւրեղացնէ։

Աքչամի բանաձեւումը կամ որակումը կը հակասէ թրքական պաշտօնական դիրքորոշման։ Արդարեւ, Թուրքիա հակուած է այս խնդիրը տեսնել պատմական չափումով։ Այլ խօսքով՝ Անգարա այս հարցի քաղաքական դրսեւորումները կը համարէ չարաշահում։ Թրքական կողմի պաշտօնական մօտեցումով՝ այս խնդիրը պատմական է եւ կարելի է գիտական ուսումնասիրութիւններու ձեռնարկել եւ յարգանք ցոյց կը տրուի բոլորի յանգած եզրակացութեան կամ նախընտրած բառապաշարի պարագային։ Այս համայնապատկերին վրայ աւելի պարզ կը դառնայ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած ճկունութիւնը՝ հասարակական երկխօսութիւն խրախուսելու, տարբեր կարծիքով կամ դիրքորոշումով մարդոց ի մի գալը քաջալերելով։ Այս բոլորը այլեւս հանդուրժելի դարձած են՝ որովհետեւ մէկ կողմէ նպաստած են հայկական հարցի թապու ըլլալու դադրելուն, իսկ միւս կողմէ քաղաքական հետեւանք մը չեն կրնար ունենալ։ Թրքական կողմը այս ձեւով նաեւ ինքնաբերաբար կը չէզոքացնէ՝ հայկական կողմի նոր փաստեր հաւաքելու, նոր հիմնաւորումներ գտնելու ուղղեալ ջանքերուն հաւանական արդիւնքները։ Թուրքիա նաեւ այս թանտեմով իր առաջնահերթութիւններուն զուգահեռ յաղթահարած է 2015-ին նշուած հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Հետեւաբար այս ընթացքը կը համարուի արդարացած։

Մետայլի միւս երեսակին Աքչամի այս վերջին մատնանշումը այս ծիրէն դուրս է։ Պատմաբանը երկրի ժողովրդավարութեան տեսակէտէ անհրաժեշտ կը նկատէ ճանաչումը։ Այսինքն խնդիրը կ՚առընչէ ներքին քաղաքականութեան։ Միջազգային գետնի դրսեւորումներն ալ պարզ է, որ կ՚ընկալուի չարաշահում։ Հետեւաբար, հայկական հարցի քաղաքական բնոյթ տրուիլը նախընտրելի չէ Թուրքիոյ տեսակէտէ, հակառակ անոր, որ իր դիրքերը ծանրակշիռ ըլլալ կը թուին։

Թրքական կողմին համար նպատակայարմար չէ այս հարցի քաղաքական բնոյթի ընդգծումը՝ նաեւ այլ պատճառով։ Արդարեւ, Թուրքիա հակուած է հասարակական ու գիտական հարթութեան վրայ պահել այս խնդիրը։ Բայց եւ այնպէս, աւելորդ է ըսել, որ քաղաքական հարցերը կը լուծուին պետական միաւորներու միջեւ, այլ ո՛չ թէ հասարակական կամ գիտական գետնի վրայ։ Պատահական չէր, որ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններն ու անոնց նախորդած բանակցութիւններն ալ ունէին համապատասխան երեսակներ։ Այսինքն, Թուրքիա չի կրնար այս խնդիրը քաղաքական տեսանկիւնէ դիտարկել, որքան ատեն, որ Հայաստանի հետ չունի բնականոն յարաբերութիւն։

Վաղը պիտի շարունակենք՝ նիւթը մեկնաբանելով հայկական կողմի տեսակէտէ։

Ա.Գ.

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018