Թարմ ուժեր
Քուէատուփէն դուրս եկած արդիւնքը իսկապէս յատկանշական է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Երկրի ժողովրդավարական ճանապարհորդութեան տեսակէտէ երէկուան ընտրութիւնները անկիւնադարձ մը սահմանած են։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի արձանագրած նուաճումը անանտեսելի է եւ անվիճելի։ Թուրքիոյ նման երկիրներուն մէջ իշխանութիւնը մաշեցուցիչ է։ Հանրապետական շրջանի պատմութիւնը լեցուն է նման բազում վկայութիւններով։ Ուստի, տասնվեց տարի իշխանութեան գլուխ մնալէ վերջ, երէկուան արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքով այնպիսի համայնապատկեր մը ստեղծուած է, որ Էրտողանի խորհրդանշած ղեկավարի կերպարը նոյնիսկ պատմութեան մէջ ապահոված է իր ամուր տեղը։ Այսպիսի քաղաքական հեղինակութիւնով մը ղեկավարուիլը, անշուշտ, առաւելութիւններ կ՚ապահովէ երկրին համար։ Ցայսօր Էրտողան երբեք յուսախաբ չէ ըրած իր ընտրազանգուածը եւ արդարացուցած՝ իր վրայ դրուած յոյսերը։
Մետայլի միւս երեսակին, ժողովրդական այսքան բարձր աջակցութիւն վայելող ղեկավար մը ունենալով հանդերձ, Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապի լուրջ բեւեռացումներէ։ Այս խնդիրը իսկական մարտահրաւէրի մը վերածուած է Թուրքիոյ մէջ։ Հասկնալի է, որ քաղաքական տիրական կերպարներու դէմ պայքարն ալ կ՚ըլլայ մեծ։ Այդպիսի կերպարներու դէմ կը կազմուին մեծ դաշինքներ։ Մնաց, որ Թուրքիոյ մէջ ներքին քաղաքական խմորումները երկիրը հետզհետէ կ՚առաջնորդեն՝ երկու հիմնական, առանցքային թեւերու շուրջ համախմբուելու։ Այս առումով բեւեռացումը կը համարուի անխուսափելի, սակայն երկրի այժմու վիճակը, դըժ-բախտաբար, հասկնալի սահմաններէ դուրս է։
Ուստի, ներքին քաղաքական լարուածութեան մեղմացումը յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններէն մին պիտի ըլլան՝ որպէսզի վերընտրեալ նախագահի տեսլականով երկրի բոլոր քաղաքացիները ցուցաբերեն թարմ եռանդ եւ ամրապնդուին միասնականութեան, համակեցութեան մթնոլորտը։