ԵՐԻԿԱՄԸ

Մեծ մայրը կողը բռնած օրն ի բուն կ՚աղօթէ ու փառք կու տայ Բարձրեալին: Միշտ այս կեցուածքը ունի ան, գոհունակութիւն մը կայ անոր դէմքէն ցոլացող, քիչ մըն ալ թաց աչքեր կը պսպղան փայլք մը տալով դէմքին շողին: Կողը: Ի՞նչ կայ հոն:

***

Հիւանդանոցի միջանցքին մէջ կ՚երթեւեկէ Արամ իր կնոջ հետ: Հիւանդը՝ Արամին մայրը, որուն ձախ երիկամը չ՚աշխատիր, իսկ աջը շատ տկար է ու անկարող գոյութիւն մը ապահովելու: Հիւանդին կեանքին շարունակականութիւնը հարցականի տակ կը մնայ: Բայց կայ «յոյս» կոչուածը, թէեւ չնչին, անկարելի թերեւս, սակայն նշոյլ մըն է, կայծ մը մութ գիշերին պսպղացող աստղի մը նման: Յոյսի պատրոյգին բոցը միայն կարելի է վառել երիկամ մը ճարելով: Ուրկէ՞, ինչպէ՞ս... հարցումներ են, որոնք կը տանջեն Արամը եւ կինը: Առձեռն հեռաձայնը չի լռեցներ ան, ջանքեր են գործի դրուածները, որոնք հնչիւններով կը խնդրեն, կ՚աղերսեն, կը մուրան ալ երբեմն երիկամ մը աջէն ու ձախէն՝ հիւանդանոցներէն ու բժիշկներէն, զորս ծանօթ է Արամ: Նոյնիսկ ծանօթներուն միջոցով անծանօթներն ալ կը բացայայտէ ու կը խօսի անոնց հետ, կը փորձէ տեղէ մը դրական պատասխան մը քաղել ու հոն, ներսը կենաց մահու պայքար մղող իր մօր մարմնին շունչ պարգեւել, փրկութիւն, կեանք...:

Իսկոյն Ալիսիան՝ Արամին երեսնամեայ դուստրը, կ՚ընդհատէ հօրը խօսակցութիւնները ու հեռաձայնը լռած մէկ պահուն ահա կը խօսի ան հօրը հետ լալագին ու հեկեկալից ձայնով: Լսած է Ալիսիա իր մեծ մօր վտանգաւոր վիճակին մասին, իրար անցած ու գործատեղիէն դուրս նետուելով ինքնաշարժին ղեկին անցած կը խօսի ու կը քշէ: Կ՚ուղղուի հիւանդանոց, հօրը օժանդակելու յոյսի որոնումին ու մեծ մօրը կողքին գտնուելու:

«Մեծ մայրը», բառակապակցութիւն մը, որուն երկրորդ բաղադրիչին իմաստը գերմարդկային բան մը կը կրէ իր մէջ Ալիսիային համար: «Մեծ» ըլլալէ առաջ, «Մայր» է Ալիսիային «Մեծ մայր»ը, «Մայր» բառին իմաստի խորութեան բոլոր երանգներով օժտուած: Ինքնաշարժի ղեկին նստած, մտազբաղ կը վարէ ան ինքնաշարժը, մէկ կողմէն հօրը հետ խօսելով: Արամ կը հանգստացնէ աղջիկը, կը յորդորէ հանդարտիլ եւ ուշադիր վարել մեքենան:

Ալիսիա խուճապահար չի գիտեր, թէ ինչ կ՚ընէ: Ինքնաշարժին ղեկին նստած, փողոցներուն փոխարէն, կը դիտէ իր մանկութիւնը, որ անցած է մեծ մօրը գիրկը, անոր գուրգուրանքով, զոհողութեամբ: Ծնողքին աշխատանքին պատճառով բացակայութիւնը նկատել չէ տուած երբեք իրեն, ծնողք եղած է մեծ մայրը իրեն համար: Ինչերէ՜ զրկած է ինքզինք թոռնուհին գոհացնելու. անտեսած է նոյնիսկ իր առողջութիւնը, սնունդը, հանգիստը...: Հիմա, հիմա է որ պէտք ունի մեծ մայրը իրեն եւ իր ծնողաց օգնութեան, բայց ինչպէ՞ս կարելի է օգնել, ինչպէ՞ս կարելի է ճարել մարդկային մարմնի օրկան մը, որ կեանք պիտի փրկէ: Ինչպէ՞ս, ուրկէ՞...:

Այս խոհերով պարուրուած իսկոյն Ալիսիային ճիչը կը լսուի միայն, երբ անուշադիր դէմէն եկած ինքնաշարժին արագութեան, տեղի կ՚ունենայ արկածը: Ալիսիային վերջին ճիչն էր, որ կը լըս-ւէր, ճիչին մէջ «Մամի»ն շա՜տ յստակ էր...:

***

Գոյժը կը հասնի հօր ու մօր: Հիւանդանոցին մէջ անոնք կը թողուն հիւանդը ու նոր ու խոր, անդարման ցաւի տանջանքը կը դիմաւորեն. ցաւ մը, որուն ոչ մէկ ծնողք կը փափաքի ականջալուր ու ականատես ըլլալ. բայց Տիրոջ կամքն է տիրական:

Նոյն հիւանդանոցին, նոյն միջանցքներուն մէջ, ահա բժիշկը կը մօտենայ Արամին, կը ցաւակցի ու կ՚առաջարկէ Ալիսիային երիկամը օգտագործել մեծ մօրը փրկութեան համար: Ի՜նչ պահ..., ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս մտածել, երբ բանականութիւնը ամուր գոցած է իր դռները եւ յուզումը յորդառատ գետի մը պէս կ՚ալեկոծի Արամին ներսը. մեծ կորուստի այս ակնթարթին ինչպէ՞ս խորհիլ ու ինչպէ՞ս որոշում մը կայացնել. այնպիսի որոշում մը, որուն հետեւանքով ճիշդ է, որ մօրը կեանքն է որ պիտի փրկուի, սակայն իր արիւնով ու միսով գոյացած մարմնէ մըն է, որ դուրս պիտի բերուի փրկութեան օրկանը: Սթափ խորհելու անկարող Արամ մտատանջանուած ու անել վիճակի մը մէջ է, սակայն արագ պէտք է կայանայ առնուելիք որոշումը...:

Գլխով դրական ծանր շարժում մը գիտակցաբա՞ր, թէ անգիտակից պահու մը արտադրանքը կ՚ըլլայ... ու թորան երիկամը կը փրկէ մեծ մօր կեանքը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018