ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

«Պայծառակերպութիւն» նո՛յնն է «Այլակերպութեան» տօնին եւ անունին։ Աւետարանը կը գործածէ միայն «Այլակերպութիւն» բառը, սակայն «Պայծառակերպութիւն» բառն ալ ընդհանրացած է իբր աւելի յատուկ եւ աւելի փառաւոր բացատրութիւն։ Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներէն մին է՝ տաղաւար տօներէն։ Ուստի հինգ մեծ տէրունի տօներ՝ որոնք շաբաթապահք, նաւակատիք, մեռելոց եւ քանի մը օր շարունակութիւն ունին «տաղաւար տօն» կը կոչուին։ Ահաւասիկ այս տօներէն է «Այլակերպութիւն»ը՝ որ երեք օր տեւականութիւն ունի։ Ինչպէս իւրաքանչիւր տաղաւար տօն, Այլակերպութիւնն ալ տարւոյ մէջ որոշ միջոցի մը սկզբնաւորութեան խորհրդանիշն է։ Սակայն վճռական կերպով յայտնի չէ, թէ ինչո՞ւ «տաղաւար տօն» կոչուած են այս հինգ մեծ տէրունի տօները։

«Վարդավառ»ը հին հեթանոսական շրջաններէն մնացած մեծ տօնի մը անունն է՝ որ «վարդերով զարդարուելու օր»ն է, եւ «վառ» բառն ալ փայլունի եւ զարդարունի իմաստով գործածուած է։ Շատ հի՜ն հեթանոսական տօներ իրենց նպատակը եւ յիշատակը փոխելով՝ իրենց անունը պահած են Հայ-քրիստոնէութեան մէջ, որոնցմէ է նաեւ «Վարդավառ»ը։ Այս կերպով հին «Վարդավառ»ի տօնն ալ փոխուած է Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան։

Հին Վարդավառի յիշատակներն են՝ վարդով զարդարուիլ, աղաւնի թռցնել եւ ջուր սրսկել՝ որ հիմա ալ Այլակերպութեան տօնի առթիւ կը գործածուին։ (Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեան՝ «Ծիսական բառարան»)։

«Այլակերպութիւն»ը Հայ Եկեղեցւոյ տաղաւար տօներուն երրորդն է եւ կը նշուի Հոգեգալուստէն եօթը շաբաթ յետոյ կիրակի օր։ Այս տարի՝ 8 յուլիս կիրակի։

Քրիստոսի այլակերպութեան մասին երեք Աւետարաններ՝ (ՄԱՏԹ. ԺԷ 1-9), (ՄԱՐԿ. Թ 2-9) եւ (ՂՈՒԿ. Թ 28-36) կը վկայեն։ Ուստի Յիսուս, Իր հետ ունենալով Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները՝ անոնց հետ կը բարձրանայ Թաբոր լեռը եւ անոնց ներկայութեան «կը կերպարանափոխուի»։ Ըստ աւետարանական վկայութեան՝ Անոր դէմքը փայլո՛ւն է արեգակի նման, իսկ զգեստները կը դառնան սպիտակ՝ լոյսի նման։

Այդ պահուն Յիսուսի երկու կողմերը, երկնային լոյսի մէջ պարուրուած կը յայտնուին Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները եւ կը սկսին խօսիլ Տիրոջ հետ՝ Անոր վերահաս տառապանքներուն եւ խաչելութեամբ մահուան մասին։ Մովսէս՝ հրեայ ժողովուրդի մարգարէն եւ օրէնսդիր, որ ապրած էր Քրիստոսի Ծնունդէն 1500 տարի առաջ, եւ դարձեալ մարգարէներէն Եղիան, որ Ն. Ք. 1000 տարի առաջ էր ապրած եւ հրեղէն կառքով եւ հրեղէն ձիերով երկինք բարձրացաւ, իրենց երեւումով վկայեցի՛ն, որ Քրիստոսն է մարգարէներու կողմէ հինէն ի վեր կանխատեսուած Ճշմարիտ Մեսիան՝ համայն աշխարհի Փրկի՛չը։

Յիսուս, Մովսէսը բերաւ «մեռեալներու աշխարհ»էն, իսկ Եղիան՝ «ողջերու աշխարհ»էն, քանի որ Դ. Թագաւորութիւններու Գիրքին մէջ կը պատմուի, թէ Եղիան՝ անապատին մէջ երկնային կառքով երկինք փոխադրուեցաւ՝ ուր ո՛ղջ է մարմնով։ Եւ ուրեմն, ըստ Եկեղեցւոյ հայրերու՝ Եղիան եւ Մովսէսը Պայծառակերպութեան խորհուրդի մէջ համապատասխանաբար կը ներկայացնեն «Երկինք»ը եւ «Երկիր»ը, «կենդանի»ն եւ «մահացած»ը, կանգնելով Յիսուսի կողքին, կը վկայեն, թէ Ա՛ն է Տէրը «կենդանիներու եւ մեռելոց», եւ Աստուածը՝ «երկնի եւ երկրի», Արարիչը՝ «Նոր Կեանք»ի, միաւորողը եւ մաքրագործողը՝ «տեսանելի եւ անտեսանելի աշխարհ»ի։

Արդարեւ, Մովսէս կը խորհրդանշէ Օրէ՛նքը, իսկ Եղիան՝ մարգարէութիւնները։ Եւ Յիսուս անոնք բերաւ ցոյց տալու համար, որ Ի՛նքն է լրումը Օրէնքին եւ մարգարէութիւններուն։

Այս սքանչելի՜ տեսարանէն զմայլած եւ արբեցած՝ Պետրոս առաքեալ կը բացագանչէ. «Տէ՛ր, լաւ է, որ մենք այստեղ ենք, եթէ կամենաս, երեք տաղաւար շինենք, մէկը՝ Քեզ համար, մէկը Մովսէսի, մէկն ալ՝ Եղիայի համար», (ՄԱՐԿ. Թ 5)։

Ապա լուսաւոր ամպ մը եկաւ, որուն մէջէն հնչող Հայր Աստուծոյ ձայնը, ինչպէս Մկրտութեան ժամանակ, ըսաւ. «Դա՛ է Իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւնեցայ, Անոր լսեցէ՛ք», (ՄԱՐԿ. Թ 7)։

Այդ ձայնը լսեցին նաեւ աշակերտները եւ սաստիկ վախցան եւ երեսի վրայ գետին ինկան։

Այնուհետեւ Յիսուս մօտենալով անոնց՝ կ՚ըսէ.

«Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք», (ՄԱՏԹ. ԺԷ 7)։

Երբ առաքեալները բացին իրենց աչքերը, Յիսուսէ զատ ուրիշ ոչ մէկը տեսան։ Լերան բարձունքէն իջնալու ատեն Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդոց ոչ մէկ բան ըսեն՝ մինչեւ մեռելներէն Իր յարութիւն առնելը։

Հին շրջաններուն, Պայծառակերպութեան տօնը, հայեր մէկ օրուայ ընթացքին կը տօնէին։ Սակայն աւելի վերջ, տօնը ո՛չ միայն երեք օր դարձաւ, այլ կցուեցաւ անոր նաեւ շաբաթական պահք եւ նախատօնակ։

Այլակերպութեան իրադարձութիւնը գովերգող գեղեցիկ եւ հոգեզմայլ շարականը գրուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի կողմէ՝ նուիրուած Վարդավառ տօնին։

Ճի՛շդ է Քրիստոս պայծառակերպուեցաւ յարութենէն եւ համբարձումէն առաջ, ժամանակագրական կերպով անոնցմէ առաջ, սակայն Վարդավառը կը տօնենք Յարութեան եւ Համբարձման տօներէն յետոյ, քանի որ Քրիստոս Ի՛նք ըսաւ, որ Իր մասին չպատմենք մինչեւ Իր՝ մեռելներէն յարութիւն առնելը, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. (ՄԱՏԹ. ԺԷ 9)։

Տօնը «Վարդավառ» կը կոչուի, Տէրը վարդի հետ համեմատելու պատճառով։ Ինչպէս վարդը կոկոնի մէջ ծածկուած կ՚ըլլայ՝ նախքան բացուիլը եւ բացուելով յայտնապէս կ՚երեւի բոլորին, այդպէս ալ Տէրը նախքան Իր պայծառակերպուիլը կը պահէ Իր մէջ Աստուածութեան պայծառութիւնը, իսկ պայծառակերպուելով կը յայտնէ իր Աստուածութի՛ւնը։

Ինչպէս նաեւ վարդը փուշերու մէջ կ՚աճի, այդպէս ալ Յիսուս հրեաներու մէջ երեւեցաւ՝ որ խաչեցին զԻնք։

Թաբոր լերան վրայ Քրիստոս պայծառակերպուելով՝ աշակերտներուն ցոյց տուաւ Իր զօրութիւնը եւ փառքը մինչ Իր խաչուիլը, որպէսզի անոնք հասկնան, որ Իր տկարութեան եւ անկարողութեան պատճառով չխաչուեցաւ, այլ կամո՛վին՝ որպէսզի աշխարհը փրկուի։

Ինչպէս Վարդավառի, այսինքն Պայծառակերպութեան, այնպէս ալ միւս չորս տաղաւար տօներուն յաջորդող օրը «Մեռելոց օր» է՝ մեռեալներու յիշատակի օր, երբ նըն-ջեցեալներու հոգիներուն համար կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն, որպէսզի անո՛նք ալ մասնակից ըլլան տօնախմբութեան ուրախութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 28, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018