Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (ԺԵ.)

- «Լցաք ի բարութեանց» երգէն ետք սարկաւագը ի՞նչ կը կատարէ, իսկ դպիրներ ի՞նչ կ՚երգեն։

- «Լցաք ի բարութեանց» երգէն ետք սարկաւագը կը հրաւիրէ ժողովուրդը Տիրոջմէ խաղաղութիւն խնդրելու։ Դպիրներն ու ժողովուրդը կ՚եղանակեն՝ «Տէ՜ր, ողորմեա»։ Սարկաւագը դարձեալ կ՚ըսէ. «Եւ եւս հաւատով ընկալեալք յաստուածային, սուրբ, երկնային, անմահ, անարատ եւ անապական խորհրդոյս, զՏեառնէ գոհացարուք» (Մանաւանդ դուք՝ որ հաւատքով ճաշակեցիք աստուածային, սուրբ, երկնային, անմահ, անարատ եւ անապական Խորհուրդէն, շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք Տիրոջ)։ Դպիրները կը պատասխանեն՝ երգելով. «Գոհանամք զՔէն, Տէր, որ կերակրեցեր զմեզ յանմահական սեղանոյ Քո: Բաշխելով զՄարմինդ եւ զԱրիւնդ ի փրկութիւն աշխարհի եւ կեանք անձանց մերոց» (Շնորհակալութի՜ւն կը յայտնենք Քեզի, Տէ՜ր, որ մեզ կերակրեցիր անմահական Քու Սեղանէդ, Մարմինդ եւ Արիւնդ բաշխելով աշխարհի փրկութեան եւ մեր հոգիներու կենդանութեան համար)։

- Դպիրներու «Գոհանամք զՔէն» երգեցողութեան ընթացքին քահանան ի ծածուկ ի՞նչ կ՚աղօթէ։

- Դպիրներու գոհաբանական երգեցողութեան ընթացքին, քահանան իր կարգին ծածկաբար կ՚աղօթէ եւ գոհութիւն կը մատուցանէ Աստուծոյ։ Ապա սաղաւարտը կը դնէ գլուխը, կը հագնի հողաթափերը ու ձեռքը Ատենի Աւետարանը կ՚առնէ։

Մինչ այդ կը բացուի վարագոյրը եւ կը սկսի կարդալ օրհնութեան վերջին աղօթքները՝ ըսելով. «Որ օրհնես զայնոսիկ՝ որք օրհնեն զՔեզ Տէ՜ր, եւ սուրբ առնես զյուսացեալս ի Քեզ: Կեցո զժողովուրդս Քո եւ օրհնեա՛ զժառանգութիւն Քո, զլրումն Եկեղեցւոյ Քո պահեա: Սրբեա զսոսա որք ողջունեցին սիրով զվայելչութիւն տան Քո: Դու զմեզ փառաւորեա աստուածային զօրութեամբ Քով, եւ մի՛ թողուր զյուսացեալս ի Քեզ: Զխաղաղութիւն պարգեւեա՛ ամենայն աշխարհի, եկեղեցեաց, քահանայից, թագաւորաց քրիստոնէից, (Հայրապետութեան եւ Հանրապետութեան Ազգիս Հայոց) եւ զինուորեալ մանկանց մերոց եւ ամենայն ժողովրդեանս: Զի ամենայն տուրք բարիք եւ ամենայն պարգեւք կատարեալք ի վերուստ են իջեալք առ ի Քէն. որ ես Հայր լուսոյ, եւ Քեզ վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն» (Դուն, որ կ՚օրհնես Քեզ օրհնաբանողները, Տէ՜ր, եւ կը սրբես Քեզի վստահողները։ Փրկէ Քու ժողովուրդդ, օրհնէ Քու ժառանգութիւնդ, Քու ամբո՛ղջ Եկեղեցիդ պահէ։ Սրբէ ասոնք, որոնք սիրով յօժարեցան Քու Տունդ վայելուչ պահել։ Փառաւորէ՛ մեզ աստուածային Քու զօրութեամբդ, եւ մի՛ լքեր Քեզի ապաւինողներս։ Քու խաղաղութիւնդ պարգեւէ ամբողջ աշխարհին.- Եկեղեցիներուն, քահանաներուն, քրիստոնեայ թագաւորներուն, հայոց ազգի Հայրապետութեան ու Հանրապետութեան, մեր բանակին եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին։ Որովհետեւ բոլոր բարի բաները եւ բոլոր կատարեալ պարգեւները երկիքէն՝ Քեզմէ կու գան, ո՜վ Հայր, որ լոյսի արարիչն ես։ Եւ Քեզի՛ կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն)։

- Պատարագիչը օրհնութեան աղօթքը արտասանելէ ետք ի՞նչ կը կատարէ։

- Պատարագիչ քահանան աւարտելէ ետք օրհնութեան աղօթքը, կը խոնարհի, կը համբուրէ Ս. Սեղանը եւ ձախակողմեան աստիճաններէն վար կ՚իջնէ, մինչ դպիրներ երիցս կը գովերգեն Տիրոջ անունը՝ ըսելով. «Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան» (Տիրոջ անունը թող օրհնեալ ըլլայ, այժմէն մինչեւ յաւիտեան)։

Քրիստոսի տնօրինական կեանքը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը, բոլոր օրէնքներուն եւ մարգարէութիւններուն լրումն էր. պատարագեալ Աստուածորդին Իր լոյս անձին ընդմէջէն կը մարմնացնէ վերոյիշեալ կատարելութիւնը, եւ ահաւասիկ որպէս կնքում Պատարագի հանճարահրաշ խորհուրդին՝ քահանան իր վերջին աղօթքը կը մատուցանէ՝ ըսելով. «Կատարումն օրինաց եւ մարգարէից՝ Դո՛ւ ես Քրիստոս Աստուած Փրկիչ մեր, որ լցեր զամենայն հայրակամ տնօրէնութիւնս Քո, լից եւ զմեզ Հոգւովդ Քով սրբով» (Դուն, որ Օրէնքին եւ Մարգարէութեանց լրումն ես, ո՜վ մեր Աստուածն ու Փրկիչը՝ Քրիստոս, եւ Հօրը կամքով իրենց կատարումին հասցուցիր բոլոր տնօրինութիւնները։ Սուրբ Հոգիո՛վդ լեցուր մեզ)։

- Նախքան Ս. Պատարագի աւարտը քահանան ի՞նչ կը կարդայ։

- Նախքան Ս. Պատարագի աւարտը քահանան կը կարդայ արձակման Աւետարանը, որ ընդհանրապէս քաղուած կ՚ըլլայ Յովհաննու Աւետարանի 1.1-14 կամ 6.49-52 հատուածներէն։ Ապա «Պահպանիչ» աղօթքը կ՚արտասանէ՝ ըսելով. «Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց Քրիստոս Աստուած մեր, պահեա՛, պահպանեա՛ եւ օրհնեա՛, զազգս Հայոց, զԵկեղեցիս Հայաստանեայց եւ համախմբեալ հաւատացեալ զժողովուրդս Քո ընդ հովանեաւ սուրբ եւ պատուական խաչիւդ Քո ի խաղաղութեան. փրկեա՛, ազատեա՛, յերեւելի եւ յաներեւոյթ թշնամւոյն, արժանաւորեա՛ գոհութեամբ փառաւորել զՔեզ ընդ Հօր եւ ընդ Սրբոյ Հոգւոյդ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն» (Ո՜վ Քրիստոս, մեր Աստուածը, Քու սուրբ եւ պատուական խաչիդ հովանիին տակ խաղաղութեան մէջ պահէ՛ մեզ։ Փրկէ՛ մեզ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէն։ Արժանի՛ ըրէ գոհութեամբ փառաւորել Քեզ՝ Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, հիմա եւ միշտ եւ յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան. ամէն)։

Պատարագիչին օրհնութեամբ լիացած՝ դպիրներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը կ՚օրհներգեն՝ ըսելով. «Օրհնեցից զՏէր յամենայն ժամ, յամենայն ժամ օրհնութիւն Նորա ի բերան իմ» (Տէրը պիտի օրհնենք ամէն ժամ, Անոր օրհնութիւնը ամէն ժամ մեր բերնին մէջ պիտի մնայ)։ Իսկ քահանան ի լուր հաւատացեալներու այս ջերմեռանդ օրհներգութեան, կ՚օրհնէ զանոնք եւ խաղաղութեամբ կ՚արձակէ՝ ըսելով. «Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց Սրբոյ Հոգւոյն, երթայք խաղաղութեամբ, եւ Տէր Յիսուս եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն» (Օրհնեալ ըլլաք Սուրբ Հոգիին շնորհքներով։ Խաղաղութեամբ գացէք եւ Տէրը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն)։

Այս արձակման աղօթքէն ետք հաւատացեալները երկիւղածութեամբ կը մօտենան ու կը համբուրեն պատարագիչին բռնած Ս. Աւետարանը եւ գոհունակ սրտով կը մեկնին։ Եկեղեցիէն դուրս ելլելու ատեն ժողովուրդին մաս կը բաշխուի։

- Պատարագի աւարտին Աւետարան ընթերցելու սովորութիւնը ո՞ր դարէն սկսած է կիրառուիլ մեր Եկեղեցւոյ մէջ։

- Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ. «Ներկայ ժամանակներուն մենք կը տեսնենք, որ ամէն Պատարագ կ՚աւարտի Աւետարանի ընթերցումով: Ասիկա շատ ուշ յաւելում մըն է, 17-րդ դարուն որդեգրուած, Լատին Եկեղեցւոյ ազդեցութեամբ, որ Պատարագի խորհուրդին վրայ որեւէ բան չ՚աւելցներ, եւ անհարկիօրէն կ՚երկարէ Արձակման կարճ ու գեղեցիկ կերպը»:

- Պատարագի աւարտին կատարուող Հոգեհանգստեան պաշտօնը որեւէ մէկ կապ ունի՞ Պատարագին հետ։

- Պատարագի արարողութեան հետ անմիջական կապ մը չունի Հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ կը կատարենք Պատարագէն ետք, ըստ հաւատացեալներու փափաքին:

Ինչպէս մեր նախորդ ուսումնասիրութեանց մէջ ըսած էինք, թէ Պատարագը արդէն կը մատուցուի «վասն կենդանեաց եւ ննջեցելոց», եւ ննջեցեալները յատուկ աղօթքներով կը յիշատակենք: Բայց արգելք մը չկայ, անշուշտ, որ Հոգեհանգիստը աւելցնենք ըստ փափաքի: Պէտք է գիտնալ, սակայն, որ հոգեհանգիստը կրնանք կատարել որեւէ օր, որեւէ ժամանակ: Կիրակի օրերուն եւ Պատարագէն ետք կատարումը պայմանական է պարզապէս, որովհետեւ ներկայիս միայն այդ օրը ազատ են եւ կրնան ընտանեօք կամ ազգականական պարագաներով Եկեղեցի գալ՝ իրենց սիրոյ պարտականութիւնը կատարել:

- Հոգեհանգստեան արարողութեան աղօթքները ի՞նչ բովանդակութիւն ունին։

- Հոգեհանգստեան արարողութեան կ՚երգուին հետեւեալ շարականները, զորս թարգմանաբար կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.

«Որ յանէից ստեղծող Քոյից արարչակից Հօր Բանդ Աստուած, թողութիւն շնորհեա ննջեցելոց Քոց ծառայից, յորժամ գաս դատել զոր անարատ ձեռօք ստեղծեր» (Դուն՝ որ ոչինչէն ամէն ինչի ստեղծողը եղար, ո՜վ Որդի Աստուած՝ Հօր արարչակիցը, թողութի՛ւն շնորհէ ննջեցեալ ծառաներուդ, երբ զանոնք դատելու գաս, անոնց, որոնք Քու անարատ ձեռքովդ ստեղծեցիր)։

«Քահանայք եւ ժողովուրդք հայցեմք ի Քէն Տէր բարեգութ, ընդ ննջեցեալսն հաւատով ընկալ ըզմեզ նովին յուսով, յԵրուսաղէմ քաղաք վերին յորում արդարքն ժողովին, փառս վերերգել միշտ ընդ նոսին Երրորդութեանդ Երրեակ Անձին» (Ո՜վ բարեգութ Տէր, մենք՝ քահանաներս եւ ժողովուրդս Քեզմէ կ՚աղաչենք, որ հաւատաւոր ննջեցեալներու հետ միասին նոյն յոյսով մեզ ալ ընդունէ՛ երկնային Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, ուր արդարները կը հաւաքուին, որպէսզի անոնց հետ անդադար փառք վերառաքենք Երրորդութեանդ Երրեակ Անձնաւորութեան)։

«Ի վերին Երուսաղէմ ի բնակարանս հրեշտակաց, ուր Ենովք եւ Եղիաս կան ծերացեալ աղաւնակերպ, ի դրախտին եդեմական պայծառացեալ արժանապէս, ողորմած Տէր, ողորմեա՛ հոգւոցն մեր ննջեցելոց» (Ո՜վ ողորմած Տէր, ողորմէ՛ մեր ննջեցեալներու հոգիներուն երկնային Երուսաղէմի հրեշտակներու բնակարանին մէջ, ուր Ենովքը եւ Եղիասը եդեմական դրախտին մէջ արժանապէս պայծառացած ու աղաւնակերպ ծերացած վիճակի մէջ կը գտնուին)։

- Շարականներու երգեցողութենէն ետք, քահանան ի՞նչ աղօթք կ՚արտասանէ։

- Երբ շարականներու երգեցողութիւնը կ՚աւարտի, քահանան կ՚ըսէ. «Հոգւոցն հանգուցելոց, Քրիստոս Աստուած, արա հանգիստ եւ ողորմութիւն, եւ մեզ մեղաւորացս՝ շնորհեա զթողութիւն յանցանաց» (Քրիստոս Աստուած, հանգուցեալ հոգիներուն հանգստութի՛ւն պարգեւէ եւ ողորմէ՛ անոնց, եւ մեզի՝ մեղաւորներուս մեղքերու թողութի՛ւն շնորհէ)։ Իսկ սարկաւագը հետեւեալ մաղթանքը կ՚արտասանէ. «Եւ եւս խաղաղութեան զՏէր աղաչեսցուք: Վասն հանգուցեալ հոգւոցն աղաչեսցուք զՓրկիչն մեր Քրիստոս՝ զի զնոսա ընդ արդարսն դասեսցէ, եւ զմեզ կեցուսցէ շնորհիւ ողորմութեան իւրոյ: Ամենակալ Տէր Աստուած մեր, կեցո՛ եւ ողորմեա՛» (Դարձեալ Տիրոջմէ խաղաղութիւն աղերսենք։ Հանգուցեալ հոգիներուն համար մեր Փրկչէն՝ Քրիստոսէն խնդրենք, որպէսզի զանոնք արդարներուն հետ դասէ եւ Իր ողորմութեան շնորհիւ մեզ փրկէ։ Ո՜վ մեր Տէրը՝ ամենակալ Աստուած, փրկէ՛ մեզ եւ ողորմէ՛ մեզի)։

Քահանան ի պատասխան սարկաւագին մաղթանքին՝ կ՚ըսէ. «Քրիստոս Որդի Աստուծոյ, անոխակալ եւ բարեգութ, գթա Քո արարչական սիրովդ ի հոգիս հանգուցեալ ծառայից Քոց: Յիշեա յաւուր մեծի գալստեան արքայութեան Քո: Արա արժանի ողորմութեան, քաւութեան եւ թողութեան մեղաց: Դասաւորեալ պայծառացո ընդ սուրբս Քո յաջակողմեան դասուն: Զի Դու ես Տէր եւ արարիչ ամենեցուն, դատաւոր կենդանեաց եւ մեռելոց: Եւ Քեզ վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն» (Ողորմէ՛, Տէ՜ր, ողորմէ՛, Տէ՜ր, ողորմէ՛, Տէ՜ր։ Ո՜վ Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդի, Դուն՝ որ անոխակալ ես եւ բարեգութ, Քու արարչական սիրովդ գթա՛ Քու հանգուցեալ ծառաներուդ հոգիներուն։ Յիշէ՛ զանոնք Քու արքայութեանդ գալուստի մեծ օրը։ Արժանացո՛ւր ողորմութեան, մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան։ Աջակողմեան դասու սուրբերուդ հետ դասելով՝ լուսաւորէ՛ զանոնք։ Որովհետեւ Դուն ես Տէրն ու Արարիչը բոլորին, դատաւորը՝ ողջերուն եւ մեռելներուն։ Եւ Քեզի կը վայելեն փառքը, իշխանութիւնը եւ պատիւը, հիմա եւ միշտ եւ յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան. ամէն)։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018