ՃԵՐՄԱԿ ՄԱԶԵՐՈՒ ՄՏԱԲԵՐԱԾԸ
Չեմ գիտեր, թէ ուրիշներ ի՜նչ բաներ կը մտաբերեն, երբ հայելիին նային եւ նշմարեն իրենց ճերմակ մազերը։
Անշուշտ կարելի չէ բոլորովին անտարբեր մնալ ճերմակ մազերուն այն երեւոյթին՝ որ կը յայտնուի հայելիին մէջ, եւ կարծես կը գոչէ եւ կ՚ազդարարէ. «Ահաւասի՛կ, դուն այս մարդն ես. տարիներու ծանրութեան տակ ընկճուած ճերմակ մազերով մա՛րդը»։ Արդարեւ, կեանքին սեւ տարիներն են որ ճերմկցուցած են մազերը։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս «ճերմակ»ին խորհրդանշած «անմեղութիւն»ը յայտնելու համար, թէ՝ մարդ բոլորովին անմեղ եւ անբիծ է կեանքի սեւ տարիներուն խաւարին մէջ։
Կը խորհի մարդ, թէ մազերու ճերմակ թելերուն ամէն մէկը, արդեօք կեանքի իւրաքանչիւր սեւ տարին կը խորհրդանշե՞ն։ Եթէ այդպէս է, աւա՜ղ, ճերմակ մազերով մէկը ո՛րքան սեւ տարիներ պէտք է ապրած ըլլայ իր կեանքին մէջ։ Եւ եթէ նոյնիսկ այդպէս չէ, սա իրականութիւն է, թէ մարդկային կեանքին մէջ «սեւ տարի»ները ընդհանրապէս աւելի են քան «ճերմակ տարի»ները։ Այս հաշուով պէտք է սեւ թելեր ալ գտնուէին ճերմակ մազերու մէջ։ Ի՞նչ կը մտածեն այս մասին մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամները, կարելի չէ գիտնալ, բայց կ՚արժէ այս նիւթը խորհրդածութեան առարկայ ընել, քանի որ «սեւ»ը եւ «ճերմակ»ը, բնական եւ ներքին կապ մը ունեցած, զիրար ամբողջացուցած են միշտ։ Եւ ի՛նչ որ է «պատճառ» եւ «արդիւնք» յարաբերութիւնը՝ նոյնը կարելի է նշմարել «սեւ»ի եւ «ճերմակ»ի միջեւ։
Արդարեւ, սեւին մէջ է որ մարդ կարօտը կը զգայ ճերմակին, ինչպէս՝ խաւարին մէջ կարօտը կը զգայ լոյսին։ Եւ այս իմաստով՝ սե՛ւն է որ հետզհետէ կը ճերմկնայ եւ խաւա՛րն է որ հետզհետէ կը լուսաւորուի։ Թերեւս կենցաղագէտ եւ նրբանկատ բարեկամներ չեն յիշեցներ ենթակային իր ճերմակ մազերը, բայց իրականութիւնը երբեք չի՛ փոխուիր՝ սեւը «սե՛ւ» է, եւ ճերմակը՝ «ճերմա՛կ»։ Կեանքին ամենէն անխուսափելի երեւոյթներէն մէկն է այս իրողութիւնը։
Այս հարցին մէջ, այնպէս կ՚երեւի, թէ ամենէն անկեղծ, ամենէն անաչառ, ամենէն արդար եւ ճշմարտախօս «բարեկամ»ը հայելի՛ն է։
Հայելի՜ն՝ թէեւ ո՛չ այնքան փափկանկատ եւ ոչ ալ կենցաղագէտ, բայց միշտ անկեղծ, միշտ ճշգրիտ, միշտ հաւաստի եւ ստոյգ է։ Բարեկամը կրնայ երբեմն փոքր փոփոխութիւններ ցոյց տալ, բայց հայելին՝ միշտ նո՛յնն է. անկեղծ եւ ճշմարտախօս։ Ան ցոյց կու տայ միշտ իրականութիւնը՝ իր ամբողջ ճշդութեամբ։ Հայելին չի՛ խօսիր, չի՛ բամբասեր, չի՛ չարախօսեր, չի՛ մեղադրեր. կեղծաւոր եւ փոփոխամիտ չէ՛, միշտ նոյնն է, համեստ, անձայն առարկայ մը՝ հայելի՛ն։
Հայելին հաւատարիմ է. չի շեղիր իր նպատակակէտին մէջ։ Ինչ որ ցոյց տաս իրեն, ան նոյնը կը ցոլացնէ։ Անշուշտ «խոշորացոյց հայելի»ներ ալ կան, որ տարբեր ցոյց կու տան, տարբեր կերպով կը ցոլացնեն մարդուն պատկերը, եւ կը նմանին՝ փոփոխամիտ, անվստահելի, յեղյեղուկ՝ դիւրափոփոխ նկարագրի տէր մարդոց։ Ուստի, մարդ պէտք է հմտութիւնը ունենայ եւ զատելու կարողութիւնը՝ իրական հայելին խոշորացոյց հայելիներէն։ Մարդ պէտք է խոհեմ ըլլայ զատելու բարեկամը եւ կարծեցեալ բարեկամը։ Այլապէս՝ անկեղծը եւ կեղծը, իրաւը եւ սուտը…։
Մարդուս ուրիշ մէկ անկեղծ եւ մանաւա՛նդ հաւատարիմ բարեկամն է՝ գիրքը։ Օրե՜ր, շաբա՜թներ գրադարանին մէկ անկիւը մոռցուած գիրք մը՝ երբեք տեսնուած է որ վշտանայ, գանգատի, անարգէ, նախատէ, վարկաբեկէ իր տէրը. ան միշտ պատրա՛ստ է ծառայելու՝ օգտակար ըլլալու իր սեփականատիրոջ։ Գիրքը, ահաւասիկ, իր այս նկարագրով, մարդուս ամենէն հաւատարիմ, ամենէն անկեղծ, ամենէն մտերիմ բարեկա՛մն է։
Եւ եթէ մարդիկ ալ իրենց բարեկամական փոխյարաբերութիւններուն մէջ հայելիի մը կամ գիրքի մը չափ հաւատարիմ եւ անկեղծ, հաստատամիտ եւ հաստատակամ ըլլային, ո՜րքան երջանիկ պիտի ըլլային… Բայց մարդիկ, դժբախտաբար միշտ կը նախընտրեն հակառակը՝ կեղծաւորութինը, փոփոխամտութիւնը, անհաւատարմութիւնը. մէկ խօսքով՝ կը նախընտրէ խռովութիւնը փոխանակ խաղաղութեան, ատելութիւնը՝ փոխանակ սիրոյ, խաւարը՝ փոխանակ լոյսի եւ չարը՝ փոխանակ բարիի։
Խաղաղասիրութիւնը պէտք է ըլլայ մարդ էակին նկարագիրը, բայց ընդհակառակը ան կը նախընտրէ խռովասիրութիւնը եւ կը սնանի ստեղծուած անհիմն խռովութիւններով։
Եւ ահաւասիկ, մազերու ճերմակ թելերը, ընդհանրապէս կը յիշեցնեն այն խաւարամիտ, խռովասէր եւ խռովարար մարդոց պատճառած հոգեկան աւերները, որոնք մաշեցուցած են բարեմիտ եւ խաղաղասէր մարդը…։
Եւ մաշած խեղճ մարդուն մազերը ճերմըկ-ցած են որպէս հակազդեցութեան կամ բողոքի նշան՝ իր գլուխով, անձա՛յն։ Ճերմակը, արդարեւ, գեղեցկութիւն, սրբութիւն, անբծութիւն, անմեղութիւն կը նշանակէ. ապա ուրեմն ճերմակ մազերով կը յայտարարուի անմեղութեան յաղթանակը՝ խռովասէր եւ խռովարարներուն հանդէպ։
Եւ ո՜րքան ցաւալի է որ երբեմն մարդ՝ այս բանականութեամբ օժտուած էակը չի կըր-նար ըլլալ անբան, անկենդան հայելիի մը կամ գիրքի մը չափ։ Մարդ իր յեղյեղուկ նկարագրով ընդհանրապէս կը դաւաճանէ իր բարձր կոչումին, իր արժէքին եւ կը շեղի իր արարչութեամբը ծրագրուած նպատակէն։ Ընդհակառակը՝ հայելին եւ գիրքը միշտ հաւատարիմ կը մնան իրենց էական պարտականութեան, իրենց վստահուած գործին եւ կ՚երեւին այնպէս՝ ի՛նչպէս որ են, անայլայլելի եւ ամրացած իրենց նկարագրին մէջ։
Ահաւասիկ, շատ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մազերու ճերմակ թել մը իսկ մեզ կը տանի խորհելու եւ խորհրդածելու մարդուս փոխյարաբերութիւններուն վրայ՝ անոնց նկարագրին եւ թողած ազդեցութիւններուն վրայ, որուն համեմատ կը կազմուի, կը կազմաւորուի եւ կ՚ընթանայ ընկերային հասարակական մարդկային կեանքը ամբողջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 4, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024